Ա. հարցում՝ կեանքս նպատակ մը ունի՞
Ա. հարցում՝ կեանքս նպատակ մը ունի՞
ՌՈԶԱԼԻՆՏԸ, որ Անգլիա մեծցաւ, գիտութիւն ստանալու մարմաջ ունէր։ Ան նաեւ կ’ուզէր մարդոց օգնել։ Համալսարանը աւարտելէ ետք, ան պատուաբեր գործ մը գտաւ, որմով կ’օգնէր տնազուրկ անհատներուն. ան նաեւ օգնեց մտային ու ֆիզիքական անկարողութիւններ ունեցողներուն։ Գոհացուցիչ աշխատանք ունենալով եւ նիւթապէս ապահով ըլլալով հանդերձ, ան կ’ըսէ. «Տարիներէ ի վեր հարց տուած եմ, թէ ինչո՛ւ հոս ենք եւ թէ ի՛նչ է կեանքին նպատակը»։
Ինչո՞ւ այդ հարցումը ուղղել։ Մարդ արարածը չտրամաբանող անասուններու պէս չէ։ Մենք կարողութիւնը ունինք անցեալէն սորվելու, ապագային համար ծրագրելու եւ մեր կեանքին համար նպատակ մը փնտռելու։
Ոմանք ի՞նչ կը պատասխանեն։ Շատեր կը խորհին որ կեանքին գլխաւոր նպատակն է՝ հարստութիւն կամ համբաւ ձեռք ձգել, եւ այսպիսով երջանկութիւն վայելել։
Այդ պատասխանը ի՞նչ կը հասկցնէ։ Մե՛նք կ’որոշենք մեր առաջնահերթութիւնները։ Մեր ցանկութիւնները աւելի՛ կարեւոր են քան Աստուծոյ կամքը։
Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Սողոմոն թագաւոր ահագին հարստութիւն դիզեց եւ շատ հաճոյքներ վայելեց, բայց տեսաւ թէ ատոնք իր կեանքին իսկական նպատակ մը չտուին։ Ան յայտնեց թէ ի՛նչը կեանքը իմաստալից կը դարձնէ, երբ գրեց. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է» (Ժողովող 12։13)։ Աստուծոյ պատուիրանները պահելուն մէջ ի՞նչ կ’իյնայ։
Մեզի համար Աստուծոյ դրած նպատակին մէկ մասն այն է, որ կեանքը վայելենք։ Սողոմոն գրեց. «Մարդս ուտելէն ու խմելէն եւ իր աշխատանքովը իր հոգին զուարճացնելէ աւելի լաւ բան չունի։ Ես տեսայ թէ ասիկա ալ Աստուծոյ ձեռքով կ’ըլլայ» (Աստուած նաեւ կ’ուզէ որ սիրենք եւ հոգ տանինք մեր ընտանիքին։ Նշմարէ այս պարզ եւ գործնական խրատները, որոնք տրուած են ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամին։
«Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս» (Եփեսացիս 5։28)։
«Կինը իր այրէն ակնածի» (Եփեսացիս 5։33)։
«Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք» (Եփեսացիս 6։1)։
Եթէ աստուածաշնչական այս սկզբունքները կիրարկենք, որոշ չափով երջանիկ եւ գոհունակ պիտի ըլլանք։ Սակայն, կարեւորագոյն բանը որ կրնանք ընել, հետեւեալն է՝ կարելի եղածին չափ մեր Ստեղծիչին մասին սորվիլ եւ զինք մեր Բարեկամը դարձնել՝ իրեն մօտենալով։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը մեզ կը հրաւիրէ որ ‘Աստուծոյ մօտենանք’, եւ ապա այս ուշագրաւ խոստումը կու տայ. «Անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։ Եթէ այս հրաւէրը ընդունիս, կեանքդ իսկական նպատակ պիտի ունենայ։
Աւելին գիտնալու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնաս Աստուած հաճեցնող կերպով մը ապրիլ, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքին 12–րդ գլուխը։ Գիրքը կրնաս բեռնել www.pr418.com ցանցակայքէն։
[Շրջանակ՝ էջ 5]
Յիսուս ի՞նչ ըսաւ կեանքի նպատակին մասին
Յիսուս իր կեանքի նպատակին վրայ կասկած չունէր։ Ան ըսաւ. «Ես այս բանին համար ծնած եմ եւ ասոր համար աշխարհ եկած, որպէս զի ճշմարտութեան համար վկայեմ» (Յովհաննէս 18։37)։ Յիսուս իր տարիները տրամադրեց մարդոց սորվեցնելու ճշմարտութիւնը՝ Աստուծոյ եւ անոր նպատակներուն մասին։
Մեր կեանքը իմաստալից պիտի ըլլայ, եթէ հետեւինք Յիսուսի օրինակին։ Իրականութեան մէջ, Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ որ իրմէ սորվինք (Մատթէոս 11։29)։ Իրմէ սորվելու երկու կերպ նկատի առ։
Յիսուս մեզի ըսաւ որ երջանիկ ըլլալու համար, հարկ է որ ‘գիտակից ըլլանք մեր հոգեւոր կարիքներուն’ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ)։ Մենք կրնանք մեր հոգեւոր կարիքին գոհացում տալ, եթէ գիտելիքներ ստանանք ‘միմիայն ճշմարիտ Աստուծոյ մասին ու Յիսուս Քրիստոսի մասին, որ ան ղրկեց’ (Յովհաննէս 17։3)։
Յիսուս իր հետեւորդներուն պատուիրեց որ իրենց սորվածները ուրիշներուն հաղորդեն։ Ան ըսաւ. «Գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, մկրտեցէ՛ք զանոնք յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի» (Մատթէոս 28։19, 20)։
Անոնք որոնք Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով եւ իրենց սորվածները գործադրելով կը գոհացնեն իրենց հոգեւոր կարիքները, կը տեսնեն թէ իրենց կեանքը կը բարելաւուի։ Անոնք կը համոզուին որ իրենց կեանքը իսկական նպատակ ունի, երբ կը սկսին ուրիշներուն օգնել Աստուծոյ մասին սորվելու։