Կեանքի մէջ իսկական յաջողութիւն գտիր
Կեանքի մէջ իսկական յաջողութիւն գտիր
«Ճամբաներդ պիտի յաջողցնես, եւ. . . յառաջդիմես» (ՅԵՍ. 1։8, ԱԾ)։
ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ
Սողոմոն ինչպէ՞ս յաջող էր։
Ի՞նչ կերպով Պօղոս իսկապէս յաջող էր։
Ինչպէ՞ս կրնաս միշտ յաջող ըլլալ։
1, 2. ա) Շատեր «յաջողութիւն» բառը ինչպէ՞ս կը սահմանեն։ բ) Ինչպէ՞ս կրնաս գիտնալ թէ ի՛նչ բան յաջողութիւն կը նկատես։
ԵԹԷ մարդոց հարցնենք. «Ի՞նչ կը նշանակէ կեանքի մէջ յաջող անհատ մը ըլլալ», բազմաթիւ տարբեր պատասխաններ պիտի առնենք։ Օրինակ, շատեր կը խորհին թէ յաջող անհատը այն է՝ որ շատ դրամ ունի, բարձր պաշտօնի տէր է կամ լաւ ուսում ստացած է։ Ուրիշներ կ’ըսեն, թէ յաջող անհատ մը ըլլալու համար, մէկը պէտք է լաւ փոխյարաբերութիւններ ունենայ իր ընտանիքին, բարեկամներուն կամ գործակիցներուն հետ։ Իսկ Աստուծոյ ծառայողներէն ոմանք նոյնիսկ կրնան խորհիլ, թէ ժողովքին մէջ որոշ պատասխանատուութիւններ ունեցողը կամ դաշտին մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգողը յաջող անհատ է։
2 Լաւ, դուն ի՞նչ կ’ըսես։ Տեսակէտդ գիտնալու մէկ կերպն է՝ գրի առնել այն կարգ մը մարդոց անունները, որոնք կը խորհիս թէ յաջող են եւ հիացմունքիդ ու յարգանքիդ արժանացած են։ Անոնք ինչպիսի՞ մարդիկ են։ Հարո՞ւստ կամ համբաւաւո՞ր են։ Հեղինակութեա՞ն տէր անհատներ են։ Պատասխաններդ սրտիդ մէջինը պիտի յայտնեն, ինչ որ կրնայ խորապէս ազդել առած որոշումներուդ եւ հետապնդած նպատակակէտերուդ (Ղուկ. 6։45)։
3. ա) Յաջող ըլլալու համար, Յեսու ի՞նչ պէտք է ընէր։ բ) Ի՞նչ նկատի պիտի առնենք։
3 Կարեւորագոյն բանն է՝ թէ Եհովան մեզ յաջող անհատներ կը նկատէ՛ կամ ոչ, քանի որ մեր կեանքը իր հաճութենէն կախեալ է։ Երբ Եհովան Յեսուին կու տար՝ իսրայէլացիները դէպի Խոստացեալ երկիր առաջնորդելու ծանրակշիռ պատասխանատուութիւնը, անոր ըսաւ որ Մովսիսական օրէնքը «գիշեր–ցերեկ» կարդայ եւ գրուածներուն ուշադրութեամբ հնազանդի։ Աստուած Յեսուն հաւաստիացուց. «Ա՛յն ատեն քու ճամբաներդ պիտի յաջողցնես, եւ ա՛յն ատեն պիտի յառաջդիմես» (Յես. 1։7, 8, ԱԾ)։ Եւ գիտենք որ Յեսու իրապէս յաջողեցաւ։ Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք գիտնալ թէ արդեօք յաջողութիւնը Եհովայի տեսանկիւնէն կը դիտե՛նք։ Այս նպատակով, նկատի առնենք Աստուածաշունչի մէջ նշուած երկու տղամարդոց կեանքը։
ՍՈՂՈՄՈՆ ՅԱՋՈ՞Ղ ԿԵԱՆՔ ՎԱՐԵՑ
4. Սողոմոն ինչո՞ւ յաջող էր։
4 Շատ մը կերպերով, Սողոմոն յատկանշականօրէն յաջող մարդ էր։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ տարինե՜ր ան Եհովայէն վախցաւ ու անոր հնազանդեցաւ, եւ Եհովան զինք մեծապէս օրհնեց։ Յիշէ թէ երբ Եհովան Սողոմոնին ըսաւ որ բան մը խնդրէ, ան իմաստութիւն խնդրեց ժողովուրդը առաջնորդելու համար։ Բայց Եհովան զինք օրհնեց՝ թէ՛ իմաստութիւն եւ թէ հարստութիւն շնորհելով (կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 3։10-14)։ Իր իմաստութիւնը «բոլոր արեւելքցիներու իմաստութենէն ու Եգիպտոսի ամբողջ իմաստութենէն աւելի էր», եւ իր համբաւը հասաւ «բոլոր շրջակայ ազգերուն» (Գ. Թագ. 4։30, 31)։ Գալով հարստութեան, ոսկիի իր տարեկան եկամուտը աւելի քան 22 թոն կը կշռէր (Բ. Մն. 9։13)։ Ասկէ զատ, ան դիւանագիտութեան, շինարարութեան եւ առեւտրականութեան մէջ հոյակապ էր։ Արդարեւ, երբ Աստուծոյ առջեւ ընդունելի կեցուածք ունէր, Սողոմոն յաջողութիւն գտաւ (Բ. Մն. 9։22-24)։
5. Իսկապէս յաջող անհատներու նկատմամբ, Սողոմոն ի՞նչ գիտակցեցաւ։
5 Ժողովող գրքին մէջ Սողոմոնի գրածները ցոյց կու տան, թէ յաջողութեան նկատմամբ ճիշդ տեսակէտ ունէր։ Ան բնաւ չխորհեցաւ որ միայն հարուստները եւ հեղինակութեան տէր անհատները կրնան յաջող եւ ուրախ ըլլալ։ Ան գրեց. «Այս գիտեմ, որ ուրախ ըլլալէ ու կենդանութեան ատեն աղէկութիւն ընելէ զատ, ուրիշ աղէկ բան չկայ անոնց մէջ։ Նաեւ ամէն մարդու ուտելն ու խմելը եւ իր բոլոր աշխատութենէն բարիք վայլելը Աստուծոյ պարգեւն է» (Ժող. 3։12, 13)։ Սողոմոն նաեւ գիտակցեցաւ որ այսպիսի հաճոյքներ անհատ մը իսկապէս կ’ուրախացնեն, միայն եթէ Աստուծոյ հետ լաւ փոխյարաբերութիւն ունի։ Ան ըսաւ. «Այս բոլոր խօսքին վախճանը լսենք։ Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասն զի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է» (Ժող. 12։13)։
6. Սողոմոնի օրինակը մեզի ինչպէ՞ս կ’օգնէ հասկնալու, թէ ի՛նչ է իսկական յաջողութիւնը։
6 Տարիներ շարունակ, Սողոմոն Աստուծոյ վախով քալեց։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ ան «Տէրը կը սիրէր ու իր հօրը Դաւիթին կանոններովը կը քալէր», ինչ որ կրնանք յաջողութիւն համարել (Գ. Թագ. 3։3)։ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ, Սողոմոն ճշմարիտ պաշտամունքի համար սքանչելի տաճար կառուցանեց եւ գրեց երեք գրքեր, որոնք Աստուածաշունչին մէկ մասը դարձան։ Անշուշտ, Սողոմոնի ըրածները պիտի չկարենանք ընել, բայց եւ այնպէս անոր հանդիսացած օրինակը, երբ Աստուծոյ հաւատարիմ էր, մեզի ցոյց կու տայ թէ ի՛նչ է իսկական յաջողութիւնը եւ ի՛նչ պէտք է ընենք յաջող անհատներ ըլլալու համար։ Այս առնչութեամբ, յիշէ թէ Սողոմոն աստուածային ներշնչման ներքեւ գրեց, թէ ունայնութիւն են հարստութիւնը, աշխարհիկ իմաստութիւնը, համբաւն ու հեղինակութիւնը,– բաներ՝ որոնք ներկայիս մարդիկ յաջողութիւն կը նկատեն։ Ատոնք իրապէս պարապ բաներ են. «հոգիի տանջանք» կամ հովի համար աշխատանք։ Երբեք չե՞ս նկատած թէ հարստութեան ետեւէ եղողները կը տենչան աւելի՛ն ունենալ, եւ յաճախ իրենց ունեցածին վրայ կը մտահոգուին։ Ասկէ զատ, անոնց հարստութիւնը օր մը ուրիշներու պիտի անցնի (կարդա՛ Ժողովող 2։8-11, 17. 5։10-12)։
7, 8. Սողոմոն ինչպէ՞ս անհաւատարիմ դարձաւ, եւ արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։
7 Գիտենք նաեւ թէ Սողոմոն ի վերջոյ իր հաւատարիմ ընթացքէն շեղեցաւ։ Աստուծոյ Խօսքը կը նշէ. «Սողոմոնին ծերութեան ժամանակը անոր կիները անոր սիրտը օտար աստուածներու դարձուցին ու անոր սիրտը իր Տէր Աստուծոյն հետ իր հօրը Դաւիթին սրտին պէս կատարեալ չէր. . . Սողոմոն Տէրոջը առջեւ չարութիւն ըրաւ» (Գ. Թագ. 11։4-6)։
Գ. Թագ. 11։11)։ Թէեւ Սողոմոն շատ մը կերպերով յաջող անհատ մըն էր, բայց ժամանակի ընթացքին Եհովան յուսախաբ ըրաւ։ Սողոմոն ձախողեցաւ կեանքի ամէնէն կարեւոր երեսակին մէջ, որ է՝ Աստուծոյ հաւատարիմ ըլլալ։ Իւրաքանչիւրս կրնանք հարց տալ. ‘Սողոմոնի կեանքէն քաղած դասս ի գործ պիտի դնե՞մ, որպէսզի յաջող անհատ ըլլամ’։
8 Անշուշտ, Աստուած Սողոմոնին այս ըրածին չհաճեցաւ, եւ անհնազանդութեան ցաւալի արդիւնքը նշեց՝ ըսելով. «Քու թագաւորութիւնդ անշուշտ քեզմէ պիտի առնեմ ու զանիկա քու ծառայիդ պիտի տամ» (ՊՕՂՈՍ ԻՍԿԱՊԷՍ ՅԱՋՈՂ ԿԵԱՆՔ ՎԱՐԵՑ
9. Մարդոց տեսանկիւնէն, Պօղոս յաջո՞ղ անհատ էր. բացատրէ՛։
9 Պօղոս առաքեալի կեանքը Սողոմոն թագաւորին կեանքէն շա՜տ տարբեր էր։ Պօղոս պալատի մը մէջ հանգստաւէտ կեանք չվարեց, ոչ ալ թագաւորներու հետ կերաւ–խմեց։ Եղան ատեններ, երբ ան ուտելիք, խմելիք կամ հագուելիք չունէր (Բ. Կոր. 11։24-27)։ Յիսուսը որպէս Մեսիա ընդունելէ ետք, Պօղոս այլեւս հրեայ կրօնականներու կողմէ պատիւ չստացաւ։ Փոխարէն, անոնք զինք ատեցին։ Ան բանտարկուեցաւ, մտրակուեցաւ, ձողերով ծեծուեցաւ եւ քարկոծուեցաւ։ Պօղոս ըսաւ որ ինք եւ իր հաւատակիցները նախատուեցան, հալածուեցան եւ վարկաբեկուեցան։ Ան աւելցուց. «Իբրեւ աշխարհի աղտեղութիւնը՝ ամենէն անարգը եղանք մինչեւ հիմա» (Ա. Կոր. 4։11-13)։
10. Մարդիկ ինչո՞ւ խորհած ըլլալու էին թէ Պօղոս յաջող անհատ ըլլալու իր պատեհութիւնը կորսնցուց։
10 Շատեր՝ որոնք Սօղոսը կամ երիտասարդ Պօղոսը կը ճանչնային, խորհած ըլլալու էին որ ան շատ մը առաւելութիւններ ունէր։ Այնպէս կը թուի թէ ան երեւելի ընտանիքէ մը եկած էր, եւ մեծայարգ ուսուցիչին՝ Գամաղիէլի, ձեռքին տակ ուսանած էր։ Պօղոս յետագային գրեց. «Շատ հասակակիցներէս աւելի յառաջադէմ էի Հրէութեան մէջ» (Գաղ. 1։14)։ Ան սահուն կերպով եբրայերէն եւ յունարէն կը խօսէր։ Ինչպէս նաեւ հռոմէական քաղաքացիութիւնը ունէր եւ այսպիսով մասնայատուկ առաւելութիւններ ու իրաւունքներ կը վայելէր։ Եթէ Պօղոս ջանար աշխարհի սահմանած յաջողութեան հետամուտ ըլլալ, հաւանաբար աւելի հարուստ եւ յարգուած անհատ մը պիտի ըլլար։ Բայց ան ընտրեց տարբեր կենցաղակերպ մը, որ թերեւս ուրիշներ, նոյնիսկ իր ազգականներէն ոմանք, խորհեցան թէ յիմարութիւն էր։ Ինչո՞ւ։
11. ա) Պօղոս ի՞նչ արժեւորեց։ բ) Պօղոսի նպատակակէտը ի՞նչ էր եւ ինչո՞ւ։
11 Պօղոս Եհովան կը սիրէր եւ անոր հաճութիւնը կը փնտռէր։ Ան չուզեց հարուստ եւ համբաւաւոր անհատ ըլլալ։ Երբ Պօղոս ճշմարտութիւնը սորվեցաւ, սկսաւ արժեւորել այն ինչ որ մարդիկ չեն գիտեր, Յոբ 1։9-11. 2։3-5)։ Ուստի, իր նպատակակէտն էր՝ շարունակել Աստուած հաւատարմութեամբ պաշտել, ի՛նչ պարագայ ալ դիմագրաւէր։ Աշխարհի մէջ, շատեր՝ որոնք կ’ուզեն յաջող անհատներ դառնալ, այս նպատակակէտը չունին։
ոչ ալ ատոնցմով հետաքրքրուած են. ինչպէս՝ Քրիստոսի զոհաբերութիւնը, քարոզչութիւնը եւ երկնային կեանքի յոյսը։ Ան գիտէր մարդոց նկատմամբ Սատանայի ամբաստանութիւնը, թէ կրնար պատճառել որ ոեւէ անհատ դադարի Աստուծոյ ծառայելէ։ Պօղոս կը գիտակցէր որ կրնար Սատանան սուտ հանելուն մէջ բաժին բերել (12. Ինչո՞ւ կ’ուզես Աստուծոյ յուսալ։
12 Պօղոսի նոյն նպատակակէտը ունի՞ս։ Հաւատարմութիւնը միշտ դիւրին չէ։ Բայց եթէ Եհովային հաւատարիմ մնանք, ան մեզի պիտի հաճի եւ մեզ պիտի օրհնէ։ Ասիկա՛ է որ մեզ իսկապէս յաջող անհատներ կը դարձնէ (Առ. 10։22)։ Կրնանք այժմ ե՛ւ ապագային օրհնութիւններ ձեռք ձգել (կարդա՛ Մարկոս 10։ 29, 30)։ Ուստի, պէտք չէ մեր յոյսը դնենք «անստոյգ հարստութեան վրայ. . . հապա կենդանի Աստուծոյ վրայ, որ ամէն բան մեզի առատօրէն կու տայ վայելելու»։ Այսպէս, կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուծոյ խոստացած «յաւիտենական կեանքը» ձեռք պիտի ձգենք (Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Արդարեւ կրնա՛նք բացարձակապէս վստահ ըլլալ, որ ասկէ հարիւր տարի ետք, նոյնիսկ հազար տարի ետք կամ աւելի, ետեւ նայելով պիտի կարենանք ըսել. «Իսկապէս, յաջող կեանք վարած եմ»։
ԳԱՆՁԴ Ո՞ՒՐ Է
13. Գանձեր դիզելու մասին, Յիսուս ի՞նչ ըսաւ։
13 Յիսուս գանձերու մասին ըսաւ. «Երկրի վրայ ձեզի գանձեր մի՛ դիզէք, ուր ցեցը ու ժանգը կ’ապականեն, ուր գողերը պատ կը ծակեն ու կը գողնան. հապա ձեզի գանձեր դիզեցէք երկինքը, ուր ո՛չ ցեցը եւ ո՛չ ժանգը կ’ապականեն ու ո՛չ գողերը պատ կը ծակեն եւ կը գողնան։ Քանզի ձեր գանձը ուր որ է, սրտերնիդ ալ հոն պիտի ըլլայ» (Մատ. 6։19-21)։
14. Ինչո՞ւ անիմաստութիւն է երկրի վրայ գանձեր դիզել։
14 Դրամէն զատ, այլ բաներ ալ կրնան մարդ արարածին ‘երկրային գանձերը’ ըլլալ։ Օրինակ, մարդիկ շա՜տ կ’արժեւորեն համբաւը եւ հեղինակութիւնը, որոնց մասին Սողոմոն գրեց։ Ժողովողին նման, Յիսուս ալ նշեց թէ երկրի վրայ գանձերը մնայուն չեն։ Ինչպէս գիտենք, այսպիսի բաներ կրնան կործանուիլ եւ դիւրաւ կորսուիլ։ Փրոֆէսոր Ֆ. Տէյլ Պրունըր այսպիսի գանձերու մասին կ’ըսէ. ‘Համբաւը երկարատեւ չէ։ Այսօրուան համբաւաւոր անհատը, վա՛ղը կրնայ մոռցուիլ։ Մէկը որ այս տարի շատ դրամ կը շահի, թերեւս գալ տարի ամէնը կորսնցնէ։ Քանի որ Յիսուս մարդիկը կը սիրէ, զանոնք կը զգուշացնէ, ըսելով որ փառքը շա՜տ շուտով կրնայ անհետանալ ու զիրենք յուսահատ դարձնել։ Յիսուս չ’ուզեր որ իր աշակերտները այդ վիճակին մատնուին’։ Շատեր փրոֆէսորին հետ համամիտ պիտի ըլլային։ Բայց քանինե՞ր թոյլ պիտի տան Յիսուսի խօսքերուն որ իրենց կենցաղակերպին ազդեն։ Ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։
15. Ինչպիսի՞ յաջողութեան պէտք է հետամուտ ըլլանք։
15 Կրօնական կարգ մը առաջնորդներ քարոզած են, թէ սխալ է յաջող ըլլալու համար ջանքեր թափել։ Բայց Յիսուս այսպիսի բան չուսուցանեց։ Փոխարէն, ան իր աշակերտները յորդորեց որ ջանան ճիշդ տեսակի յաջողութեան հետամուտ ըլլալ։ Ան զանոնք քաջալերեց որ մնայուն ‘գանձեր դիզեն երկինքը’։ Գլխաւորաբար պէտք է ցանկանք Եհովայի աչքին յաջող անհատներ ըլլալ։ Յիսուսի խօսքերը մեզի կը յիշեցնեն թէ իւրաքանչիւրս ընտրութեան առջեւ ենք թէ կեանքի մէջ ի՛նչ պիտի հետապնդենք։ Իրողութիւն է, թէ մեր հետապնդած բաները կ’ըլլան մեր սրտին մէջինը կամ մեզի համար ամէնէն արժէքաւոր եղող բաները։
16. Ի՞նչ բանէ կրնանք վստահ ըլլալ։
16 Եթէ որոշենք ջանալ Եհովան հաճեցնել, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեզի հարկ եղածը պիտի տայ։ Պօղոս առաքեալի նման, թերեւս ատեններ ուտելիք–խմելիք չունենանք (Ա. Կոր. 4։11)։ Բայց պէտք է Յիսուսի սա յորդորին հետեւինք. «Հոգ մի՛ ընէք՝ ըսելով. ‘Ի՞նչ պիտի ուտենք, կամ Ի՞նչ պիտի խմենք, կամ Ի՞նչ պիտի հագնինք’։ Քանզի այդ բոլոր բաները հեթանոսները կը խնդրեն. վասն զի ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ՝ թէ այդ բոլոր բաները ձեզի պէտք են։ Բայց առաջ խնդրեցէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ անոր արդարութիւնը ու այդ բոլոր բաներն ալ ձեզի պիտի տրուին» (Մատ. 6։31-33)։
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՉՔԻ՛Ն ՅԱՋՈՂ ԱՆՀԱՏ ԵՂԻՐ
17, 18. ա) Իսկական յաջողութիւնը ի՞նչ բանէ կախեալ է։ բ) Յաջողութիւնը ի՞նչ բաներէ կախեալ չէ։
17 Յիշենք թէ իսկական յաջողութիւնը կախեալ չէ մեր իրագործումներէն կամ աշխարհի տեսանկիւնէն դիտուած մեր դիրքէն։ Նաեւ, ատիկա կախեալ չէ թէ ժողովքին մէջ որքա՛ն պատասխանատուութիւն ունինք, թէեւ այս օրհնութիւնը պարզապէս Աստուծոյ հանդէպ մեր հնազանդութեան եւ հաւատարմութեան արդիւնքն է։ Ան մեզի կ’ըսէ. «Տնտեսէն կը պահանջուի որ հաւատարիմ ըլլայ» (Ա. Կոր. 4։2)։ Եւ մենք պէտք է շարունակե՛նք հաւատարիմ ըլլալ։ Յիսուս նշեց. «Ով որ մինչեւ վերջը համբերէ, անիկա պիտի ապրի» (Մատ. 10։22)։ Երբ հաւատարիմները փրկուին, յստակ պիտի ըլլայ որ անոնք ի՛սկապէս յաջող անհատներ էին։
18 Իսկական յաջողութիւնը կախեալ է Աստուծոյ հանդէպ մեր հաւատարմութենէն, եւ իւրաքանչիւրս կրնանք իրեն հաւատարիմ մնալ ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագան։ Մեր հաւատարմութիւնը կապ չունի թէ մենք որքա՛ն համբաւաւոր ենք, որքա՛ն ուսում առած ենք կամ որքա՛ն դրամ ունինք։ Ոչ ալ կապ ունի մեր ուշիմութեան, ձիրքերուն կամ կարողութիւններուն հետ։ Առաջին դարուն, Աստուծոյ ժողովուրդէն ոմանք հարուստ էին, իսկ ուրիշներ՝ աղքատ։ Պօղոս հարուստ քրիստոնեաներուն ըսաւ որ իրենք ալ «բարիք գործեն» եւ «բարի գործերով հարստանան»։ Թէ՛ հարուստները եւ թէ աղքատները կրնային «յաւիտենական կեանքը ձեռք [ձգել]» (Ա. Տիմ. 6։17-19)։ Ասիկա այսօր ալ ճիշդ է։ Բոլորս նոյն պատեհութիւնը եւ նոյն պատասխանատուութիւնը ունինք. հաւատարիմ մնալ եւ ‘բարի գործերով հարստանալ’։ Եթէ այդպէս ընենք, մեր Ստեղծիչին աչքին յաջող անհատներ պիտի ըլլանք եւ պիտի ուրախանանք՝ գիտնալով որ զինք կը հաճեցնենք (Առ. 27։11)։
19. Յաջող ըլլալու համար, ի՞նչ պիտի ընես։
19 Չենք կրնար փոխել աշխարհին տեսակէտը մեզի հանդէպ, բայց կրնա՛նք փոխել այն կերպը՝ որով մեր պարագան կը դիտենք։ Ի՛նչ որ ալ ըլլայ պարագադ, յաջող անհատ կ’ըլլաս երբ ջանաս հաւատարիմ մնալ։ Եւ ուրախ պիտի ըլլաս որ այդ ջանքը թափեցիր։ Եհովան քեզ մեծապէս պիտի օրհնէ՝ այժմ եւ յաւիտեան։ Բնաւ մի՛ մոռնար օծեալներուն ուղղուած Յիսուսի սա խօսքը. «Մինչեւ մահ հաւատարիմ եղէ՛ք ու ձեզի կենաց պսակը պիտի տամ» (Յայտ. 2։10)։ Արդարեւ, անոնք՝ որոնք յաւիտենական կեանքը ձեռք կը ձգեն, իսկական յաջողութիւն գտած կ’ըլլան։
[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]
[Նկար՝ էջ 14]
Մարդկային տեսանկիւնէն, Սօղոս յաջողութեան ճամբուն վրայ էր
[Նկար՝ էջ 15]
Պօղոս իսկապէս յաջող անհատ էր