Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած «պանդուխտներ»

Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած «պանդուխտներ»

Ճշմարիտ պաշտամունքին մէջ միացած «պանդուխտներ»

«Օտարներուն որդիները ձեր երկրագործները եւ այգեգործները պիտի ըլլան։ Բայց դուք Տէրոջը՝ քահանաներ, մեր Աստուծոյն պաշտօնեաներ պիտի կոչուիք» (ԵՍԱ. 61։5, 6

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ոմանք օտարներու նկատմամբ ի՞նչ կարծիք ունին։ Աստուածաշունչը ասոր առնչութեամբ ի՞նչ կը սորվեցնէ։

Ամէն ազգէ մարդիկ հրաւէր կը ստանան ի՞նչ ընելու։

Եհովայի վկաներու մէջ, ի՞նչ առումով օտարներ չկան։

1. ա) Ոմանք օտարներու մասին ի՞նչ կարծիք ունին։ բ) Այսպէս մտածելը ինչո՞ւ սխալ է։

ԻՆՉՊԷՍ որ նախորդ յօդուածը նշեց, ոմանք չեն հաւնիր օտարները, կամ զանոնք որոնք ուրիշ երկիրներէ կու գան։ Անոնք թերեւս կը խորհին թէ օտարներէն աւելի լաւ են։ Բայց այդպէս մտածելը ազնուութիւն չէ, հապա անարգալից եւ անիրապաշտ բան մըն է. մէկը միւսէն աւելի լաւ չէ։ Գրքոյկ մը կ’ըսէ. «Մարդկային ցեղերը, ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, եղբայրներ են» (The Races of Mankind)։ Թէեւ եղբայրները իրարմէ կրնան շատ տարբեր ըլլալ, բայց տակաւին եղբայրներ են։

2, 3. Եհովան ինչպէ՞ս նկատեց վաղեմի Իսրայէլին մէջ ապրող օտարները։

2 Աստուածաշնչական ժամանակներուն, Եհովա Աստուած ուխտեց կամ խոստացաւ, որ իսրայէլացիները իր ընտրեալ ժողովուրդը դարձնէ։ Թէեւ անոնք Եհովա Աստուծոյ հետ մասնաւոր փոխյարաբերութեան մէջ էին, սակայն Օրէնքը անոնցմէ պահանջեց որ իսրայէլացի չեղողներու հետ իրաւունքով եւ յարգանքով վարուին։ Մենք ալ պէտք է նոյնը ընենք։ Ամէն երկրի մէջ օտարներ կան եւ քրիստոնեաները ուրիշներու հանդէպ նախապաշարում պէտք չէ ունենան։ Ինչո՞ւ։ Որովհետեւ Պետրոս առաքեալ ըսաւ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ։ Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։34, 35

3 Վաղեմի Իսրայէլին մէջ ապրող օտարները օգտուեցան։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ Եհովան օտարերկրացիները ընդունեց։ Յետագային, Պօղոս առաքեալ Եհովայի մասին ըսաւ. «Աստուած միայն Հրեաներո՞ւնն է ու հեթանոսներունը չէ՞։ Այո՛, հեթանոսներունն ալ» (Հռով. 3։29. Յվլ. 2։32

4. Ինչո՞ւ մէկը օտար չի սեպուիր «Աստուծոյ Իսրայէլ»ին մէջ։

4 Երբ Աստուած օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքին հետ նոր ուխտ մը ըրաւ, բառացի իսրայէլ ազգը այլեւս մասնաւոր փոխյարաբերութիւն չունէր իրեն հետ։ Ուստի օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքը դարձաւ «Աստուծոյ Իսրայէլ»ը (Գաղ. 6։16)։ Պօղոս առաքեալ ըսաւ, որ այս նոր ազգին մէջ, «Յոյն ու Հրեայ, թլփատութիւն ու անթլփատութիւն, Բարբարոս, Սկիւթացի, ծառայ կամ ազատ չկայ. հապա Քրիստոս է ամէնը՝ ամէն բանի մէջ» (Կող. 3։11)։ Այս պատճառով, ո՛չ մէկը օծեալ քրիստոնեաներու ժողովքին մէջ օտար պիտի սեպուէր։

5, 6. ա) Ոմանք ինչո՞ւ թերեւս Եսայի 61։5, 6–ը ցցուն ընեն։ բ) Ովքե՞ր են Եսայիի նշած «Տէրոջը քահանաներ»ը եւ «օտարներ»ը։ գ) «Տէրոջը քահանաներ»ը եւ «օտարներ»ը ի՞նչ կերպով կը համագործակցին։

5 Միւս կողմէ, ոմանք թերեւս մատնանշեն Եսայի 61–րդ գլուխը, որ կը բովանդակէ մարգարէութիւն մը որ քրիստոնէական ժողովքին կը կիրարկուի։ Այդ գլուխին 6–րդ համարը կը խօսի անհատներու մասին, որոնք պիտի ծառայեն որպէս «Տէրոջը քահանաներ»։ Բայց 5–րդ համարը կը նշէ «օտարներ», որոնք պիտի օգնեն եւ համագործակցին այդ «քահանաներ»ուն հետ։ Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի է հասկնալ։

6 Եսայի 61–րդ գլուխին մէջ նշուած «Տէրոջը քահանաներ»ը օծեալ քրիստոնեաներն են, որոնք «առաջին յարութեանը մէջ բաժին» ունին, եւ որոնք «Աստուծոյ եւ Քրիստոսին քահանաները պիտի ըլլան ու անոր հետ հազար տարի պիտի թագաւորեն» (Յայտ. 20։6)։ Բայց ասդին կան ուրիշ բազմաթիւ հաւատարիմ քրիստոնեաներ, որոնք կը յուսան դրախտային երկրի վրայ ապրիլ։ Երկրային յոյս ունեցող այս անհատները սերտօրէն կը համագործակցին անոնց հետ, որոնք երկնքի մէջ պիտի ծառայեն։ Ուստի երկրային յոյս ունեցողները օտարներու պէս են, քանի որ «Աստուծոյ Իսրայէլ»էն չեն։ Անոնք ուրախութեամբ կը համագործակցին «Տէրոջը քահանաներ»ուն հետ, հունձքին մէջ ծառայելով որպէս «երկրագործներ» եւ «այգեգործներ»։ Անոնք օծեալներուն կ’օգնեն Աստուած պատուելու, ճշմարտութիւնը ուրիշներուն քարոզելով եւ սորվեցնելով։ Թէ՛ օծեալները եւ թէ «ուրիշ ոչխարներ»ը ճշմարտութիւնը կը սորվեցնեն՝ սրտանց մարդոց օգնելով որ զայն կիրարկեն իրենց կեանքին մէջ (Յովհ. 10։16

«ՊԱՆԴՈՒԽՏՆԵՐ»՝ ԱԲՐԱՀԱՄԻՆ ՊԷՍ

7. Այժմու քրիստոնեաները ի՞նչ առումով կը նմանին Աբրահամին եւ վաղեմի ա՛յլ հաւատարիմ մարդոց։

7 Ինչպէս նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, ճշմարիտ քրիստոնեաները օտարներու կամ «պանդուխտներ»ու պէս են, քանի որ ժամանակաւորապէ՛ս կը բնակին Սատանայի չար աշխարհին մէջ։ Անոնք Աբրահամին եւ վաղեմի ա՛յլ հաւատարիմ մարդոց պէս են, որոնք չուզեցին Սատանայի աշխարհին մէկ մասը դառնալ, եւ որոնք «օտարներ ու պանդուխտներ [եղան] երկրի վրայ» (Եբ. 11։13)։ Մեր յոյսը ըլլայ երկնային թէ երկրային, կրնանք Եհովայի հետ Աբրահամի ունեցած միեւնոյն մասնաւոր փոխյարաբերութիւնը վայելել։ Աստուածաշունչը գրի առնողներէն մէկը՝ Յակոբոսը, կը բացատրէ. «Աբրահամ Աստուծոյ հաւատաց ու ան իրեն արդարութիւն սեպուեցաւ եւ ինք Աստուծոյ բարեկամ կոչուեցաւ» (Յակ. 2։23

8. ա) Եհովան ի՞նչ խոստացաւ Աբրահամին։ բ) Աբրահամ այդ խոստումին նկատմամբ ի՞նչ զգաց։

8 Աստուած խոստացաւ որ երկրի բոլոր ընտանիքները պիտի օրհնուէին՝ Աբրահամին եւ անոր սերունդին պատճառով։ Օրհնութեան այս խոստումը միայն մէկ ազգի համար չէր (կարդա՛ Ծննդոց 22։15-18Թէպէտեւ խոստումը Աբրահամի մահէն ե՛տք պիտի կատարուէր, սակայն ան վստահութի՛ւն ունէր ատոր վրայ։ Աբրահամ իր կեանքին աւելի քան կէսը անցուց՝ իր ընտանիքին հետ տեղէ տեղ փոխադրուելով, եւ բնաւ չդադրեցաւ Եհովայի բարեկամը ըլլալէ։

9, 10. ա) Ինչպէ՞ս կրնանք Աբրահամը ընդօրինակել։ բ) Մարդոց կրնանք օգնել որ ի՞նչ բան ընեն։

9 Հակառակ որ չէր գիտեր թէ ե՛րբ պիտի կատարուէր այս խոստումը, Աբրահամ շարունակեց Եհովան սիրել ու պաշտել։ Ան միշտ իր միտքը պահեց իր պանդուխտ ըլլալը եւ չորոշեց որոշ շրջանի մը մէջ հաստատուիլ ու մնայուն բնակիչ դառնալ (Եբ. 11։14, 15)։ Հարկ է որ հետեւինք Աբրահամի օրինակին՝ մեր կեանքը պարզ պահելով եւ չխորհելով որ նիւթական ստացուածքները, երեւելիութիւնը կամ գործի ասպարէզը, կեանքին մէջ կարեւորագոյն տեղը կը գրաւեն։ Ինչո՞ւ ջանանք այդպէս–կոչուած բնական կեանք մը ունենալ աշխարհի մը մէջ, որ իր վախճանին կը մօտենայ։ Ինչո՞ւ սիրենք աշխարհը, որ միայն ժամանակաւոր է։ Մեր պարագան Աբրահամին պէս է. կը յուսանք բանի մը, որ շատ աւելի աղէկ է քան այս աշխարհը, եւ պատրա՛ստ ենք համբերատարութեամբ սպասել, մինչեւ որ Աստուծոյ խոստումները կատարուին (կարդա՛ Հռովմայեցիս 8։25

10 Եհովան տակաւին ամէն ազգէ մարդիկ կը հրաւիրէ, որ օրհնուին Աբրահամի սերունդին միջոցով։ Տէրոջ օծեալ «քահանաներ»ը եւ «օտարներ»ը, կամ ուրիշ ոչխարները, համայն աշխարհի մէջ աւելի քան 600 լեզուներով կը քարոզեն, թէ Աստուած մարդիկը կը հրաւիրէ որ այս օրհնութիւններուն մասին սորվին։

ԱՄԷՆ ԱԶԳԷ ՄԱՐԴԻԿ ՍԻՐԷ

11. Սողոմոն ի՞նչ տեսակէտ արտայայտեց, որ ոչ–իսրայէլացիները կը պարփակէր։

11 Ք.Ա. 1026–ին, Եհովայի տաճարի նաւակատիքին Սողոմոն նշեց թէ օտարազգիները իսրայէլացիներուն հետ Եհովան պիտի փառաբանէին։ Ասիկա կերպ մըն էր, որով օտարականները կրնային օգտուիլ Աբրահամին տրուած Եհովայի խոստումէն։ Սողոմոն ջերմեռանդօրէն աղօթեց. «Քու ժողովուրդէդ Իսրայէլէն չեղող եւ հեռաւոր երկրէ մը քու անուանդ համար եկող օտարականն ալ (վասն զի քու մեծ անունդ պիտի լսեն ու երկնցած բազուկդ պիտի տեսնեն,) եթէ գայ ու այս տանը մէջ աղօթք ընէ, դուն երկնքէն, քու բնակութեանդ տեղէն լսէ՛ եւ օտարականին քեզի ըրած ամէն խնդրուածքը կատարէ՛, որպէս զի երկրի ամէն ժողովուրդները քու անունդ ճանչնան ու քու ժողովուրդիդ Իսրայէլի պէս քեզմէ վախնան» (Գ. Թագ. 8։41-43

12. Եհովայի վկաները ինչո՞ւ օտարներու կը նմանին՝ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ։

12 Անհատ մը օտար կը սեպուի, եթէ կ’այցելէ կամ կը բնակի երկրի մը մէջ որ իր հայրենիքը չէ։ Եհովայի վկաները օտարներու պէս են։ Անոնք միայն թիկունք կը կանգնին Աստուծոյ Թագաւորութեան եւ անոր Թագաւորին՝ Յիսուս Քրիստոսին։ Ուստի անոնք իրենց ապրած երկիրներու քաղաքականութեան միջամուխ չեն ըլլար, նոյնիսկ եթէ ոմանք խորհին թէ չէզոքութիւն պահպանելը տեղին չէ։

13. ա) Ի՞նչ կերպով կրնանք վարժուիլ՝ ուրիշները օտարներ չսեպել։ բ) Եհովան սկիզբէն ի՞նչ նպատակադրեց մարդկութեան համար։

13 Երբեմն, կրնանք օտարները զատորոշել իրենց խօսելակերպէն, սովորութիւններէն, տեսքէն կամ նոյնիսկ հագուելակերպէն։ Բայց ամէն ազգէ մարդիկը իրարու նմանցնող յատկանիշները շատ աւելի կարեւոր են քան այս տարբերութիւններէն որեւէ մէկը։ Ուստի եթէ վարժուինք ուրիշներու տարբերութիւններուն վրայ չկեդրոնանալ, շատ հաւանաբար պիտի սկսինք զանոնք օտարներ չսեպել։ Եթէ ամբողջ երկրագունդը մէկ կառավարութիւն ունենար կամ մէկ երկիր ըլլար, ո՛չ մէկը օտար պիտի սեպուէր։ Իրականութեան մէջ, Եհովան սկիզբէն նպատակադրեց որ բոլոր մարդիկը մէկ ընտանիք ըլլան, իր իշխանութեան ներքեւ։ Բայց արդեօք կարելի՞ բան է, որ այսօր ամէն ազգէ մարդիկ զիրար օտարներ չսեպեն։

14, 15. Եհովայի վկաները որպէս խումբ ի՞նչ կրցած են իրագործել։

14 Կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր շատեր անձնասէր են եւ կը խորհին թէ իրենց ազգն է լաւագոյնը։ Բայց թարմացուցիչ է գիտնալ, թէ կա՛ն ոմանք որոնք ամէն ազգէ մարդիկ կը սիրեն։ Անշուշտ, թերեւս ջանք պահանջէ, որ ուրիշներու հանդէպ մեր մտածելակերպը փոխենք։ Հեռատեսիլի հռչակաւոր մէկ կայանին հիմնադիրը աշխատեցաւ շատ մը տաղանդաւոր օտարազգիներու հետ։ Ան ըսաւ. «Ես սկսայ ա՛յլ երկիրներու բնակիչները ‘օտարներ’ չսեպել, հապա՝ երկրագունդի քաղաքացիներ»։ Ան իր պաշտօնեաներուն համար օրէնք մը հանեց, որ «օտար» բառին տեղ, «միջազգային» բառը գործածեն։

15 Եհովայի վկաները միա՛կ խումբն են աշխարհին մէջ, որոնք իսկապէս Աստուծոյ մտածելակերպը կ’որդեգրեն՝ ամէն ազգէ մարդոց առնչութեամբ։ Անոնք սորված են մարդիկը Եհովայի աչքով դիտել, եւ արդիւնքը եղած է որ ուրիշներու առնչութեամբ իրենց մտածելակերպն ու զգացումները փոխած են։ Անոնք օտարերկրացիները չեն ատեր կամ չեն խորհիր թէ օտարները անվստահելի են։ Եհովայի վկաները կը հրճուին, տեսնելով մարդոց բազմազանութիւնը եւ տարբեր կարողութիւնները։ Մտածա՞ծ ես թէ ի՛նչ մասնայատուկ բան մըն է, որ Եհովայի վկաները որպէս խումբ կրցած են այս մէկը իրագործել, եւ թէ բոլորս ի՛նչ օգուտներ քաղած ենք ուրիշներու հանդէպ մեր մտածելակերպը փոխելով։

ՕՏԱՐՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ԱՇԽԱՐՀ ՄԸ

16, 17. Քեզի համար կեանքը ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ, երբ Յայտնութիւն 16։16–ն ու Դանիէլ 2։44–ը կատարուին։

16 Շուտով, բոլոր ազգերը Աստուծոյ իշխանութեան դէմ պիտի մարտնչին, Արմագեդոն պատերազմի ընթացքին (Յայտ. 16։14, 16. 19։11-16)։ Աւելի քան 2500 տարի առաջ, Դանիէլ մարգարէն նախագուշակեց թէ ի՛նչ պիտի պատահէր մարդկային կառավարութիւններուն։ Ան գրեց. «Այն թագաւորներուն օրերը երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ Այս թագաւորութիւնը ուրիշ ժողովուրդի պիտի չթողուի։ Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ» (Դան. 2։44

17 Կրնա՞ս երեւակայել թէ այս խօսքերուն կատարումը քեզի համար ի՛նչ պիտի նշանակէ։ Հիմա, մենք ամէնքս ալ օտարներ կրնանք սեպուիլ, որովհետեւ աշխարհը բաժնուած է տարբեր ազգերով ու սահմաններով։ Բայց Արմագեդոնէն ետք, սահմանները պիտի անհետանան։ Եւ թէպէտեւ մարդիկ նորէն իրարմէ պիտի տարբերին արտաքին երեւոյթով, սակայն այս մէկը ցցուն պիտի ընէ այն հիասքանչ բազմազանութիւնը, որ Աստուած դրած է իր ստեղծագործութեան մէջ։ Ուստի, որո՛վհետեւ ուրախ ապագայ մը ունինք, հարկ է որ շարունակենք մեր լաւագոյն ջանքերով փառաբանել եւ պատուել մեր Ստեղծիչը։

18. Օրինակ մը տուր, որ ցոյց կու տայ թէ Եհովայի վկաները մէկզմէկ օտարներ չեն սեպեր։

18 Իրապէս կարելի՞ է որ աշխարհի տարածքին, մարդիկ ուրիշները օտարներ չսեպեն։ Իսկապէս կրնանք վստա՛հ ըլլալ, թէ այս մէկը պիտի կատարուի։ Այսօր իսկ, Եհովայի վկաները ուրիշները օտարներ չեն նկատեր։ Օրինակի համար, վերջերս, շարք մը պզտիկ մասնաճիւղերու գործը նշանակուեցաւ ուրիշ երկիրներու մասնաճիւղերուն։ Նպատակն էր, որ քարոզչութիւնը կարելի եղածին չափ պարզ ձեւով ընթանար (Մատ. 24։14)։ Այս որոշումները կայացնելու ատեն, ազգային արգելքները անտեսուեցան, այնքան ատեն որ օրէնք մը չէր խափանուեր։ Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոսը, Եհովայի վկաներուն կ’օգնէ որ ազգային խոչընդոտներու պատճառով իրարմէ չբաժնուին։ Շուտով, ան պիտի ջնջէ բոլոր երկիրներու սահմանագիծերը, երբ ամբողջացնէ իր յաղթանակը (Յայտ. 6։2

19. Ճշմարտութիւնը ի՞նչ բան կարելի դարձուցած է Եհովայի վկաներուն համար։

19 Բազմաթիւ ազգերէ եւ լեզուներէ Եհովայի վկաներ կան։ Բայց ճշմարտութիւնը զանոնք միացուցած է եւ անոնք բնա՛ւ իրարմէ պիտի չբաժնուին (կարդա՛ Սոփոնիա 3։9Անոնք միջազգային մէկ ընտանիք են։ Թէեւ ստիպուած են հիմակուհիմա չար աշխարհի մը մէջ ապրիլ, բայց անոնք անոր մէկ մասը չեն դառնար։ Այն իրողութիւնը, թէ այս ընտանիքը այժմ միացած է, կ’ապացուցանէ թէ նոր աշխարհին մէջ օտար անհատ մը պիտի չըլլայ։ Այդ ժամանակ, ամէն մարդ ուրախութեա՛մբ պիտի ընդունի, թէ բոլոր ցեղերէն ու ազգերէն եկած մարդիկը եղբայրներ են։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Մէջբերում՝ էջ 31]

Անձկութեամբ կը սպասե՞ս ապրիլ սահմաններէ զերծ աշխարհի մը մէջ, ուր ո՛չ մէկը «օտար» պիտի ըլլայ

[Նկար՝ էջ 28]

Պիտի շարունակե՞ս Աստուծոյ խոստումներու կատարման վրայ կեդրոնանալ, ինչպէս որ Աբրահամ ըրաւ

[Նկար՝ էջ 30]

Եհովան ո՛չ մէկը օտար կը սեպէ