Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Պահպանենք մեր կեցուածքը որպէս «պանդուխտներ»

Պահպանենք մեր կեցուածքը որպէս «պանդուխտներ»

Պահպանենք մեր կեցուածքը որպէս «պանդուխտներ»

«Կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն» (Ա. ՊԵՏ. 2։11

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՊԻՏԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԵՍ

Ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ օծեալները պանդուխտներ են։

«Ուրիշ ոչխարներ»ը ի՞նչ կերպով նման են պանդուխտներու։

Ի՞նչ բան անձկալից կը սպասես տեսնել։

1, 2. ա) Պետրոս զորո՞նք «ընտրուած» կոչեց։ բ) Ան ինչո՞ւ զանոնք «պանդուխտներ» կոչեց։

ՅԻՍՈՒՍ երկինք վերադառնալէն շուրջ 30 տարի ետք, Պետրոս առաքեալ նամակ մը գրեց «օտարականներու», որոնք ցրուած էին «Պոնտոսի, Գաղատիայի, Կապադովկիայի, Ասիայի ու Բիւթանիայի մէջ»։ Ան զանոնք «ընտրուած» կոչեց (Ա. Պետ. 1։1)։ Պետրոս կը գրէր օծեալներուն, որոնք «նորէն [ծնած էին] կենդանի յոյսին համար», երկնքի մէջ Քրիստոսին հետ թագաւորելու (կարդա՛ Ա. Պետրոս 1։3, 4Բայց առաքեալը ինչո՞ւ ետքը զանոնք «պանդուխտներ» եւ «օտարականներ» կոչեց (Ա. Պետ. 2։11)։ Եւ ասիկա ինչո՞ւ բոլորս պէտք է հետաքրքրէ, եթէ համայն աշխարհի մէջ Վկաներէն քիչերը կ’ըսեն թէ օծեալ կամ ընտրուած են։

2 Տեղին էր որ առաջին դարու քրիստոնեաները «պանդուխտներ» կոչուէին։ Օծեալները երկրի վրայ յաւիտեան պիտի չապրին։ Պօղոս առաքեալ, որ «պզտիկ հօտ»ի օծեալներէն մէկն էր, բացատրեց թէ օծեալները խորքին մէջ երկնքի քաղաքացիներ են։ Ան ըսաւ. «Մեր քաղաքականութիւնը երկինքն է, ուրկէ կը սպասենք Փրկչին, Տէր Յիսուս Քրիստոսին» (Ղուկ. 12։32. Փլպ. 3։20)։ Ասիկա կը նշանակէ, որ երբ օծեալ մը կը մեռնի, Սատանայի տիրապետութեան ներքեւ եղող այս աշխարհը կը ձգէ եւ անմահութիւն կը ստանայ երկնքի մէջ (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 1։21-23Օծեալները երկրի վրայ միայն կարճ ժամանակուան մը համար կ’ապրին. ուստի անոնք «պանդուխտներ» են։

3. «Ուրիշ ոչխարներ»ու մասին ի՞նչ հարցում կը ծագի։

3 Ի՞նչ կարելի է ըսել «ուրիշ ոչխարներ»ու մասին (Յովհ. 10։16)։ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ թէ անոնք երկրագունդի մնայուն բնակիչները պիտի դառնան եւ յաւիտեան պիտի ապրին անոր վրայ։ Բայց ինչո՞ւ կրնանք ըսել, թէ իրե՛նք ալ պանդուխտներու կամ ժամանակաւոր բնակիչներու պէս են։

‘ԲՈԼՈՐ ՍՏԵՂԾՈՒԱԾՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՌԱՉԵՆ’

4. Մարդիկ ի՞նչ բան չեն կրցած կասեցնել՝ քաղաքականութեան, գիտութեան կամ դրամի միջոցով։

4 Այնքան ատեն որ Եհովան թոյլ կու տայ որ Սատանայի ամբարիշտ աշխարհը գոյատեւէ, ամէն մարդ, մէջը ըլլալով քրիստոնեաներ, պիտի շարունակէ տառապիլ՝ Եհովայի դէմ Սատանայի ըմբոստութեան պատճառով։ Հռովմայեցիս 8։22–ը կ’ըսէ. «Գիտենք թէ բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն»։ Կան ոմանք, որոնք կը փափաքին քաղաքականութիւնը, գիտութիւնը կամ դրամը գործածել՝ մարդկութեան վիճակը բարելաւելու համար։ Բայց անոնք կարող չեն մարդկային տառապանքը կասեցնել։

5. 1914–էն ի վեր, միլիոնաւորներ ի՞նչ որոշած են ընել եւ ինչո՞ւ։

5 1914–էն ի վեր, միլիոնաւորներ որոշած են հպատակիլ Յիսուս Քրիստոսին, որ թագադրուած է Աստուծոյ կողմէ։ Յիսուսի այս հպատակները չեն ուզեր Սատանայի աշխարհի մէկ մասը ըլլալ։ Անոնք Սատանայի աշխարհին թիկունք չեն կանգնիր. հապա իրենց կեանքն ու ստացուածքները Աստուծոյ Թագաւորութեա՛ն կը տրամադրեն (Հռով. 14։7, 8

6. Ինչո՞ւ բոլոր Եհովայի վկաները կարելի է կոչել օտարականներ կամ պանդուխտներ։

6 Եհովայի վկաները լաւ քաղաքացիներ են, աւելի քան 200 երկիրներու մէջ։ Բայց ո՛ւր ալ որ ապրին, անոնք օտարականներու կամ պանդուխտներու պէս են։ Անոնք բնաւ իրենց բնակած երկրին քաղաքականութեան կամ ընկերային խնդիրներուն միջամուխ չեն ըլլար։ Հի՛մա իսկ, անոնք իրենք զիրենք Աստուծոյ խոստացած աշխարհին քաղաքացիները կը սեպեն։ Անոնք ուրախ են, որ միայն կարճ ժամանակով պիտի ապրին որպէս պանդուխտներ այս անկատար աշխարհին մէջ։

7. ա) Աստուծոյ ծառաները ինչպէ՞ս մնայուն բնակիչներ պիտի ըլլան։ բ) Անոնք ո՞ւր մնայուն կերպով պիտի բնակին։

7 Յիսուս Քրիստոս շուտով պիտի կործանէ Սատանայի չար աշխարհը։ Քրիստոսի կատարեալ կառավարութիւնը մեղքն ու տառապանքը պիտի անհետացնէ. նաեւ պիտի վերացնէ ոեւէ անհատ, որ Եհովայի գերիշխանութեան դէմ կ’ըմբոստանայ։ Այն ատեն, Աստուծոյ հաւատարիմ եղողները պիտի կարենան մնայուն կերպով բնակիլ Դրախտին մէջ երկրի վրայ (կարդա՛ Յայտնութիւն 21։1-5Ա՛յն ատեն ստեղծուածները տառապանքի բոլոր պատճառներէն ամբողջովին ձերբազատուած պիտի ըլլան, եւ ամէն մարդ «Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութեանը պիտի հասնի» (Հռով. 8։21

ՃՇՄԱՐԻՏ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԻՆՉՊԻՍԻ՞ ՎԱՐՔ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱՆ

8, 9. Պետրոս ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ ըսաւ. «Մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն»։

8 Պետրոս առաքեալ բացատրեց թէ ի՛նչ վարք պէտք է ունենան քրիստոնեաները, երբ ըսաւ. «Սիրե՛լիներ, կ’աղաչեմ, պանդուխտներու եւ օտարականներու պէս մէկդի՛ կեցէք մարմնաւոր ցանկութիւններէն, որոնք հոգիին դէմ կը պատերազմին» (Ա. Պետ. 2։11)։ Ճիշդ է որ ան իր այս խօսքը օծեալներուն ուղղեց, բայց Յիսուսի ուրիշ ոչխարներն ալ պէտք է հետեւին այս խրատին։

9 Որոշ ցանկութիւններ պայման չէ որ սխալ ըլլան, այնքան ատեն որ անոնց գոհացում կու տանք՝ մեր Ստեղծիչի ուզածին պէս։ Ասիկա կեանքը աւելի հաճելի կը դարձնէ։ Օրինակի համար, լաւ ուտելու եւ խմելու փափաքը բնական բան մըն է։ Զբօսանքը եւ լաւ բարեկամներու հետ ժամանակ անցընելը զուարճալի են։ Ամուսնութեան ծիրին մէջ, կողակիցին հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալու փափաքն ալ բնական է (Ա. Կոր. 7։3-5)։ Բայց Պետրոս յստակօրէն կը խօսէր ա՛յն «մարմնաւոր ցանկութիւններ»ուն մասին, որոնք «հոգիին դէմ կը պատերազմին»։ Այս ցանկութիւնները ինքնին սխալ են։ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանութիւններ այս արտայայտութեան համար կը գործածեն «տռփանք» կամ «մեղաւոր ցանկութիւններ» բառերը։ Եհովան մեզի յայտնած է, թէ ի՛նչ կերպով պէտք է ապրինք եւ գոհացնենք մեր բնական ցանկութիւնները։ Թոյլ պէտք չէ տանք որեւէ մարդկային ցանկութեան, որ Աստուծոյ հետ մեր լաւ փոխյարաբերութեան վնաս հասցնէ։ Եթէ մեր ցանկութիւնները սխալ կերպով գոհացնենք, ասոր հետեւանքը կրնայ մահ ըլլալ։

10. Սատանան ի՞նչ կարգ մը կերպերով կը ջանայ մեզ այս աշխարհին մէկ մասը դարձնել։

10 Սատանային նպատակն է՝ տկարացնել մեր վճռականութիւնը մենք մեզ «պանդուխտներ» սեպելու այս աշխարհին մէջ։ Ան կ’ուզէ որ նիւթապաշտ ըլլանք, անբարոյութեամբ հրապուրուինք, երեւելիութիւն փնտռենք, «առաջ ես» մտայնութիւնը ունենանք եւ մեր ազգով հպարտանանք։ Բայց հարկ է որ գիտակցինք, թէ այս բոլոր ցանկութիւնները Սատանայի լարած ծուղակներն են։ Եթէ վճռենք այս սխալ ցանկութիւններուն չհետեւիլ, յստակօրէն ցոյց տուած կ’ըլլանք թէ չենք ուզեր իր չար աշխարհին մէկ մասը դառնալ։ Նաեւ, փաստած կ’ըլլանք որ «պանդուխտներ»ու պէս կ’ապրինք այս աշխարհին մէջ։ Մեր իսկական փափաքն է՝ մնայուն բնակիչներ դառնալ Աստուծոյ արդար եւ նոր աշխարհին մէջ։ Եւ անխոնջ ջանք կը թափենք այդ նպատակակէտին հասնելու։

ԲԱՐԻ ՎԱՐՔ

11, 12. ա) Ոմանք ինչպէ՞ս կը նկատեն օտարականները։ բ) Ոմանք ի՞նչ կը խորհին Եհովայի վկաներուն մասին։

11 12–րդ համարին մէջ, Պետրոս կը շարունակէ բացատրել թէ քրիստոնեաներու համար ի՛նչ կը նշանակէ «պանդուխտներ» ըլլալ։ Հոն կը կարդանք. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահելով, որպէս զի եթէ ձեզ չարագործներու պէս բամբասեն, ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած՝ այցելութեան օրը»։ Պանդուխտները օտարականներ են, որոնք իրենց հայրենիքին մէջ չեն ապրիր։ Երբեմն, օտարականները ծաղրանքի կ’ենթարկուին իրենց տարբեր ըլլալուն պատճառաւ. ոմանք զանոնք նոյնիսկ գէշ անձեր կը նկատեն։ Իրենց խօսելակերպը, վարուելակերպը, հագուելակերպը կամ նոյնիսկ տեսքը թերեւս տարբերի բնիկ ժողովուրդէն, բայց իրենց բարի վարքը կրնայ ոմանց գիտակցիլ տալ, թէ գէշ անհատներ չեն։

12 Համանման կերպով, ճշմարիտ քրիստոնեաները կրնան տարբեր ըլլալ իրենց շատ մը դրացիներէն։ Օրինակի համար, անոնք թերեւս ուրիշ տեսակ նիւթեր ընտրեն խօսակցութեան կամ ժամանցի համար։ Յաճախ, իրենց հագուելակերպը կը յայտնէ իրենց ինքնութիւնը։ Այս պատճառներով, ոմանք թերեւս զիրենք «բամբասեն»։ Բայց միւս կողմէ, կրնայ ըլլալ որ ուրիշներ Վկաներուն ի նպաստ խօսին, անոնց բարի վարքին համար։

13, 14. ա) Ի՞նչ կը նշանակէ այս խօսքը՝ «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն»։ բ) Ի՞նչ օրինակներ տեսանք։

13 Մեր բարի վարքը կրնայ ուրիշներուն օգնել, որ տեսնեն թէ մեզ ‘բամբասելու’ պատճառ մը չկայ։ Յիսուս միակ մարդն էր, որ կատարելապէս հնազանդեցաւ Աստուծոյ։ Բայց ի՛նք ալ գէշ արարքներ ընելու յանցանքով ամբաստանուեցաւ։ Ոմանք իր մասին ըսին. «Ահա ուտող եւ արբեցող մարդ մը, մաքսաւորներու ու մեղաւորներու բարեկամ»։ Բայց ան իր բարի վարքովը ցոյց տուաւ թէ այդպիսի մէկը չէր։ Յիսուս ըսաւ. «Իմաստութիւնը արդարացաւ իր որդիներէն» (Մատ. 11։19)։ Այս խօսքը ներկայիս ալ ճշմարիտ է։ Օրինակի համար, Գերմանիոյ Զելթերսին մէջ, Բեթէլին մօտակայքը ապրողներէն ոմանք կը խորհին, թէ Բեթէլի մէջ ծառայող եղբայրներու եւ քոյրերու ապրելակերպը արտառոց է։ Բայց Զելթերսի քաղաքապետը պաշտպանեց բեթէլականները, ըսելով. «Հոն ծառայող Վկաները իրենց յատուկ ապրելակերպը ունին. կենցաղ մը որ ո՛չ մէկ կերպով կը խանգարէ համայնքը»։

14 Ուրիշ օրինակ մը տեսնենք։ Ռուսիոյ մայրաքաղաքին՝ Մոսկուային մէջ, Եհովայի վկաները գէշ արարքներ ընելու յանցանքով ամբաստանուեցան։ Ոմանք ըսին, թէ Վկաները ընտանիքներ քանդած են, անձնասպանութիւն քաջալերած են եւ մերժած են բժշկական օգնութիւն ընդունիլ։ Բայց յունիս 2010–ին, Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը որոշեց, թէ Մոսկուա քաղաքը սխալ վարուած էր այդտեղի Վկաներու պաշտամունքին առնչութեամբ, եւ իրաւունք չունէր անոնց ժողովները դադրեցնելու։ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանը ըսաւ, թէ Ռուսիոյ ատեանները չապացուցանեցին Վկաներուն յանցաւոր ըլլալը, եւ Մոսկուայի խիստ օրէնքները անիրաւացի կերպով գործածեցին Եհովայի վկաներուն դէմ։

ՊԷՏՔ Է ՀՆԱԶԱՆԴԻՆՔ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

15. Բոլոր ճշմարիտ քրիստոնեաները աստուածաշնչական ո՞ր սկզբունքին կը հետեւին։

15 Համայն աշխարհի մէջ, Եհովայի վկաները ուրիշ բան մըն ալ կ’ընեն, որ քրիստոնեաներէն պահանջուած է ըստ Պետրոսի խօսքերուն։ Ան ըսաւ. «Հնազանդ եղէ՛ք ամէն մարդկային հեղինակութեան Տէրոջը համար, թէ՛ թագաւորին՝ որ բարձրագոյն հեղինակութիւնն է, թէ՛ կուսակալներուն» (Ա. Պետ. 2։13, 14)։ Ճշմարիտ քրիստոնեաները ամբարիշտ աշխարհին մէկ մասը չեն, բայց ինչպէս որ Պօղոս ըսաւ, յօժարակամօրէն կը հնազանդին կառավարական այն օրէնքներուն, որոնք չեն հակասեր Աստուծոյ օրէնքներուն (կարդա՛ Հռովմայեցիս 13։1, 5-7

16, 17. ա) Ի՞նչը կը փաստէ, թէ Եհովայի վկաները չեն ուզեր կառավարութիւններու դէմ ըմբոստանալ։ բ) Կառավարական առաջնորդներէն ոմանք ի՞նչ խոստովանած են։

16 Եհովայի վկաները ներկայիս «պանդուխտներ»ու պէս կ’ապրին. բայց ասիկա ըսել չէ, թէ կառավարութեան հակառակ են կամ ուրիշները կը քննադատեն։ Անոնք չեն խառնուիր թէ ուրիշներ քաղաքական կամ ընկերային ինչ որոշումներ կը կայացնեն. եւ ի տարբերութիւն կրօնական որոշ խումբերու, քաղաքականութեան միջամուխ չեն ըլլար։ Անոնք բնաւ չեն փորձեր քաղաքական առաջնորդները ստիպել, որ ժողովուրդը կառավարելու կերպը փոխեն։ Եհովայի վկաները բացարձակապէս չեն ցանկար կառավարութեան դէմ ըմբոստանալ կամ ուրիշները մղել դէպի ըմբոստութիւն։

17 Պետրոս ըսաւ. «Թագաւորը յարգեցէ՛ք»։ Ուստի քրիստոնեաները կը հնազանդին կառավարական առաջնորդներուն, զանոնք պատուելու եւ յարգելու համար (Ա. Պետ. 2։17)։ Կառավարական առաջնորդներէն ոմանք երբեմն խոստովանած են, որ պատճառ չկայ մտածելու թէ Եհովայի վկաները վտանգաւոր են։ Օրինակի համար, Շթեփան Ռայքը, որ Գերմանիոյ Պրանտենպուրկ նահանգի կառավարութեան մէկ նախարարն էր, եւ որ յետագային գերմանական խորհրդարանին մէկ անդամը դարձաւ, ըսաւ թէ Եհովայի վկաները բարի վարք ունեցան, երբ հալածանքի ենթարկուեցան նացիներուն կողմէ։ Վկաները հալածանքի տակ անգամ իրենց հաւատալիքները չփոխեցին, եւ բանտակիցներուն հետ ազնուութեամբ վարուեցան։ Ան ըսաւ թէ այս յատկութիւնները շատ կարեւոր էին Գերմանիոյ նման երկրի մը համար. մանաւա՛նդ որ ոմանք հետզհետէ աւելի անքաղաքավար կ’ըլլան օտարերկրացիներու հետ, կամ անոնց հետ, որոնք տարբեր հաւատալիքներ եւ քաղաքական գաղափարներ ունին։

ՄԵՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆԴԷՊ ՍԷՐ ՊԷՏՔ Է ԴՐՍԵՒՈՐԵՆՔ

18. ա) Մեզի համար ինչո՞ւ բնական է, որ սիրենք մեր բոլոր եղբայրներն ու քոյրերը։ բ) Ոմանք ի՞նչ ըսած են Եհովայի վկաներու մասին։

18 Պետրոս առաքեալ գրեց. «Եղբայրութիւնը սիրեցէ՛ք. Աստուծմէ վախցէ՛ք» (Ա. Պետ. 2։17)։ Եհովայի վկաները Աստուծմէ կը վախնան այն առումով, որ չեն ուզեր զինք տհաճեցնել։ Աստուծոյ հանդէպ այս յարգանքը զիրենք կը մղէ իր կամքը կատարելու։ Անոնք ուրախ են որ եղբայրներու եւ քոյրերու համաշխարհային բազմութեան մէկ մասն են, որոնք միասնաբար Եհովային կը ծառայեն։ Անոնք «եղբայրութիւնը» կը սիրեն։ Ներկայիս, շատ քիչ կը պատահի որ աշխարհի մարդիկ զիրար սիրեն։ Ուստի Վկայ չեղողները երբեմն կը զարմանան, երբ իրարու հանդէպ մեր սէրը կը տեսնեն։ Օրինակի համար, Ամերիկեան ճամբորդական գրասենեակի պաշտօնեայ մը, որուն գործը զբօսաշրջիկներ առաջնորդել էր, ակնապիշ մնաց, տեսնելով մեր եղբայրներուն խանդաղատանքը՝ 2009–ի Գերմանիոյ միջազգային համաժողովի մը ընթացքին։ Գերմանացի եղբայրները սէր յայտնեցին իրենց օտարազգի եղբայրներուն, եւ աջակցեցան անոնց։ Ուղեցոյցը խանդավառութեամբ ըսաւ, որ բնաւ Եհովայի վկաներու նման խումբի մը չէր հանդիպած։ Երբեք համանման արտայայտութիւն մը լսա՞ծ ես անհատներու կողմէ, որոնք Եհովայի վկաներու բազմութիւն մը դիտած են։

19. Ի՞նչ պէտք է վճռենք ընել եւ ինչո՞ւ։

19 Ինչպէս որ նկատի առինք, Եհովայի վկաները շատ մը կերպերով ցոյց կու տան, թէ իրաւ «պանդուխտներ»ու պէս կ’ապրին Սատանայի աշխարհին մէջ։ Անոնք ասիկա ուրախութեամբ կ’ընեն եւ վճռած են «պանդուխտներ» կամ ժամանակաւոր բնակիչներ մնալ։ Անոնք լաւ պատճառներ ունին ամուր յոյս ունենալու, թէ շուտով Աստուծոյ պատրաստած նոր եւ արդար աշխարհին մնայուն բնակիչները պիտի դառնան։ Անձկալից կը սպասե՞ս այդ նոր աշխարհին։

[Ուսումնասիրութեան հարցումներ]

[Նկար՝ էջ 23]

Մենք չենք աջակցիր Սատանայի աշխարհին

[Նկար՝ էջ 23]

Մենք թիկունք կը կանգնինք Աստուծոյ նոր աշխարհին

[Նկար՝ էջ 25]

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը օգնած է, որ այս ռուս ընտանիքը միանայ