ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ
«Այս բաները. . . տղոց յայտնեցիր»
Կ’ուզե՞ս Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ,– ո՞վ է ան, ի՞նչ կը սիրէ, ի՞նչ կ’ատէ եւ ի՞նչ է իր կամքը։ Իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին մէջ, Եհովա Աստուած ինքնիր մասին ամբողջ ճշմարտութիւնը կը յայտնէ։ Սակայն ոեւէ անհատ չի կրնար պարզապէս Աստուածաշունչը կարդալով այդ ճշմարտութիւնը լիովին ըմբռնել։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ այսպիսի հոգեւոր ճշմարտութիւն ըմբռնելը առանձնաշնորհում մըն է, զոր ամէն մարդ չի ստանար։ Նկատի առնենք թէ Յիսուս այս առնչութեամբ ի՛նչ ըսաւ (կարդա՛ Մատթէոս 11։25)։
Այս համարը կը սկսի սա բառերով. «Նոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ»։ Ուստի Յիսուսի ըսելիքը, թերեւս ճիշդ այդ պահուն պատահած բանի մը պատասխանն է։ Ան նոր յանդիմանած է Գալիլիոյ երեք քաղաքներու անտարբեր մարդիկը, որոնց մէջ հրաշքներ գործած էր (Մատթէոս 11։20-24)։ Թերեւս հարց տաս. ‘Ինչպէ՞ս կարելի է որ անհատ մը տեսնէ Յիսուսի հրաշքները եւ չընդառաջէ անոր սորվեցուցած ճշմարտութիւններուն’։ Ժողովուրդին անտարբերութեան պատճառը անոնց յամառութիւնն էր (Մատթէոս 13։10-15)։
Յիսուս գիտէր, թէ Աստուածաշունչի մէջ գտնուող հոգեւոր ճշմարտութիւնը ըմբռնելու համար, երկու բանի կարիքը ունինք. Աստուծոյ օգնութեան եւ սրտի պատշաճ վիճակի։ Ան կը բացատրէ. «Շնորհակալ եմ քեզմէ, ո՛վ Հայր, Տէր երկնի եւ երկրի, որ այս բաները ծածուկ պահեցիր իմաստուններէն ու գիտուններէն ու տղոց [«երախաներո՛ւն», ԱԾ] յայտնեցիր»։ Կը տեսնե՞ս թէ ինչո՛ւ Աստուածաշունչին մէջ գտնուող հոգեւոր ճշմարտութիւնը հասկնալը կրնայ առանձնաշնորհում մը նկատուիլ։ Եհովա իրաւասութիւն ունի որոշելու որո՛նց ճշմարտութիւնը յայտնել եւ որոնցմէ ծածկել, քանի որ ‘երկնի եւ երկրի Տէրն’ է։ Բայց Աստուած այս հարցին մէջ անաչառ չէ։ Ի՞նչ բանի հիման վրայ ան Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ոմանց կը յայտնէ, իսկ ուրիշներու ո՛չ։
Եհովա խոնարհներուն կը հաճի, բայց ոչ՝ ամբարտաւաններուն (Յակոբոս 4։6)։ Ան ճշմարտութիւնը կը ծածկէ «իմաստուններէն ու գիտուններէն»,– մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած՝ իմաստուն եւ ուսեալ նկատուած անհատներ,– որոնք իրենց հպարտութեան եւ չափազանց ինքնավստահութեան պատճառով անոր օգնութեան կարիքը չեն զգար (Ա. Կորնթացիս 1։19-21)։ Բայց ան ճշմարտութիւնը կը յայտնէ «տղոց»,– անոնք՝ որոնք անկեղծ սրտով իրեն կը մօտենան, մանկանման խոնարհութիւն ցուցաբերելով (Մատթէոս 18։1-4. Ա. Կորնթացիս 1։26-28)։ Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս, երկու տեսակ մարդոց ալ հանդիպեցաւ. հպարտ, բարձր ուսում ունեցող շատ մը կրօնական առաջնորդներ, որոնք Յիսուսի պատգամին իմաստը չըմբռնեցին, նաեւ խոնարհ ձկնորսներ, որոնք՝ ըմբռնեցին (Մատթէոս 4։18-22. 23։1-5. Գործք 4։13)։ Սակայն կրնանք ըսել որ կարգ մը հարուստ եւ ուսեալ անհատներ, որոնք իսկական խոնարհութիւն ցուցաբերեցին, Յիսուսի հետեւորդները դարձան (Ղուկաս 19։1, 2, 8. Գործք 22։1-3)։
Վերադառնանք սկիզբը յարուցուած հարցումին. կ’ուզե՞ս Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Եթէ այո՛, կրնաս մխիթարուիլ գիտնալով որ Աստուած չի հաճիր այն անհատներուն, որոնք մարդկային տեսանկիւնէն դիտուած՝ իրենք զիրենք իմաստուն կը նկատեն։ Ընդհակառակը, ան կը հաճի անոնց, որոնք ցած աչքով կը դիտուին այդպիսիներուն կողմէ։ Եթէ Աստուծոյ Խօսքը ուսումնասիրես մտքի ու սրտի պատշաճ վիճակով, թերեւս Եհովան քեզի ալ շնորհէ իր մասին ճշմարտութիւնը հասկնալու թանկարժէք պարգեւը։ Այս ճշմարտութիւնը ըմբռնելը այժմ կեանքդ իմաստալից պիտի դարձնէ եւ կրնայ առաջնորդել «ճշմարիտ կեանք»ի,– յաւիտենական կեանք Աստուծոյ խոստացած մօտալուտ արդար նոր աշխարհին մէջ * (Ա. Տիմոթէոս 6։12, 19. Բ. Պետրոս 3։13)։
Յունուար ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն.
^ պարբ. 5 Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի օգնելու, որ Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին ճշմարտութիւնը սորվիս։ Անոնք Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութիւններ կ’առաջարկեն, գործածելով՝ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը։