Մեր ընթերցողներուն
Այս պարբերաթերթը սկսաւ հրատարակուիլ յուլիս 1879–ին։ Անկէ ի վեր ժամանակները փոխուած են,– ինչպէս նաեւ այս պարբերաթերթը (տե՛ս վերի լուսանկարները)։ Այս թիւէն սկսեալ, Դիտարան–ի ձեւաչափին մէջ յաւելեալ փոփոխութիւններ պիտի նկատես։ Ի՞նչ բան պիտի փոխուի։
Շատ մը երկիրներու մէջ, հետզհետէ աւելի անհատներ կը նախընտրեն առցանց փնտռտուք կատարել։ Մկնիկի մը կտտոցով անոնք կրնան ձեռք ձգել տեղեկութիւններ, որոնք միայն առցանց մատչելի են։ Բազմաթիւ գրքեր, պարբերաթերթեր ու լրագիրներ կրնան առցանց կարդացուիլ։
Ասիկա ի մտի ունենալով, վերջերս վերստին ծրագրեցինք մեր ցանցակայքը՝ www.pr418.com, զայն դարձնելով աւելի գրաւիչ եւ գործածելը դիւրին։ Ցանցակայքը այցելողները կրնան աւելի քան 430 լեզուներով հրատարակութիւններ կարդալ։ Սակայն այս ամսուընէ սկսեալ, մեր ցանցակայքը այցելողները կրնան նաեւ կարդալ որոշ յօդուածներ, որոնք կանոնաւորաբար լոյս կը տեսնէին մեր տպուած պարբերաթերթերուն մէջ, բայց այժմ անոնք մատչելի պիտի ըլլան միայն մեր ցանցակայքին մէջ։
Քանի որ աւելի յօդուածներ միմիայն առցանց մատչելի պիտի ըլլան, այս թիւէն սկսեալ, Դիտարան–ի հանրամատչելի հրատարակութիւնը 32 էջի փոխարէն պիտի ըլլայ 16 էջ։ Արդէն իսկ Դիտարան–ը կը հրատարակուի 204 լեզուներով. բայց այս կրճատուած ձեւաչափը, այժմ կարելի պիտի դարձնէ որ այս պարբերաթերթը աւելի՛ լեզուներով թարգմանուի։ Արեւմտահայերէնով, Դիտարան–ին մէջ հետեւեալ փոփոխութիւնները պիտի մտցուին. ամէն ամիս, հանրութեան համար 16 էջնոց թիւ մը պիտի հրատարակուի։ Իսկ ամէն ամսու 15–ին, լոյս պիտի տեսնէ 32 էջնոց թիւ մը՝ որպէս ուսումնասիրական հրատարակութիւն, որ Եհովայի վկաները պիտի գործածեն ժողովքային հանդիպումներուն ընթացքին։ Ժողովները հանրութեան առջեւ բաց են։
Կը յուսանք որ այս փոփոխութիւնները մեզի օգնեն, որ Աստուածաշունչի կենարար պատգամը աւելի շատ մարդոց հասցնենք։ Վճռած ենք շարունակել առատօրէն հայթայթել՝ լուսաբանող եւ գրաւիչ տեղեկութիւններ,– թէ՛ տպուած եւ թէ առցանց,– յօգուտ մեր բազմաթիւ ընթերցողներուն, որոնք Աստուածաշունչը կը յարգեն եւ կ’ուզեն գիտնալ թէ անիկա իրապէս ի՛նչ կը սորվեցնէ։
Հրատարակիչները