Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

«Ուզեցին որ անձա՛մբ քննեմ, թէ ինչ է ճշմարտութիւնը»

«Ուզեցին որ անձա՛մբ քննեմ, թէ ինչ է ճշմարտութիւնը»
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1982

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ՏՈՄԻՆԻՔԵԱՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ՄՈՐՄՈՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՄԷՋ ՄԵԾՑԱԾ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Սանթօ Տոմինկօ՝ Տոմինիքեան Հանրապետութիւն։ Ծնողներս ուսեալ էին եւ կ’ուզէին որ իրենց չորս զաւակները,– որոնց մէջ ես կրտսերն էի,– ընկերային լաւ շրջանակի մը մէջ մեծնան։ Ծնելէս չորս տարի առաջ, անոնք կը ծանօթանան մորմոն միսիոնարներու։ Մորմոն երիտասարդներուն կոկիկ տեսքէն եւ լաւ վարքէն տպաւորուած՝ ծնողներս շուտով կ’որոշեն, որ մենք ըլլանք այն առաջին ընտանիքներէն, որոնք պիտի միանան՝ «Վերջին օրերու սուրբերու Յիսուս Քրիստոսի եկեղեցի»ին, կամ մորմոններու եկեղեցիին։

Երբ սկսայ մեծնալ, ինծի հաճոյք պատճառեցին եկեղեցական ընկերային գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ այն գաղափարը, թէ մորմոնները կը կեդրոնանային ընտանեկան կեանքի եւ բարոյական արժէքներու վրայ։ Ես հպարտ էի մորմոն ըլլալովս, եւ նպատակադրած էի միսիոնար մը դառնալ։

Երբ 18 տարեկան եղայ, ընտանեօք տեղափոխուեցանք Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի կարենամ համալսարան յաճախել։ Գրեթէ տարի մը ետք, մօրաքոյրս եւ իր ամուսինը, որոնք Եհովայի վկայ են, Ֆլորիտա եկան մեզի այցելելու։ Անոնք մեզ հրաւիրեցին, որ իրենց հետ Սուրբ Գիրքի վրայ հիմնուած համաժողովի մը ներկայ գտնուինք։ Մեծապէս տպաւորուեցայ, երբ տեսայ թէ բոլոր շուրջիններս համարները կը բանային եւ նոթեր կ’առնէին։ Ուստի թուղթ ու մատիտ խնդրեցի եւ ես ալ նոյնը ըրի։

Համաժողովէն ետք, մօրաքոյրս եւ իր ամուսինը ըսին, թէ քանի որ հետաքրքրուած էի միսիոնար դառնալով, կրնային ինծի օգնել Աստուածաշունչին մասին սորվելու։ Գաղափարը հաւնեցայ, որովհետեւ այդ ատեն, ինծի աւելի ծանօթ էր մորմոններո՛ւ գիրքը քան Աստուածաշունչը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Մինչ հեռաձայնի վրայ Աստուածաշունչէն նիւթեր կը քննարկէինք, մօրաքոյրս եւ իր ամուսինը միշտ կը քաջալերէին զիս, որ հաւատալիքներս բաղդատեմ Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հետ։ Անոնք ուզեցին որ անձա՛մբ քննեմ, թէ ինչ է ճշմարտութիւնը։

Մորմոններու հաւատալիքներէն շատերը ընդունած էի, բայց վստահ չէի, թէ այդ գաղափարներուն նկատմամբ Աստուածաշունչին տեսակէտը ի՛նչ է։ Մօրաքոյրս ինծի ղրկեց Զարթի՛ր պարբերաթերթի 8 նոյեմբեր 1995 թիւը, հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ, որուն մէջ կային յօդուածներ՝ մորմոններու հաւատքին վերաբերեալ։ Շատ զարմացայ, երբ անդրադարձայ թէ մորմոններու շատ մը ուսուցումներուն ծանօթ չէի։ Ասիկա զիս մղեց որ մորմոններու պաշտօնական ցանցակայքէն փնտռտուքներ ընեմ, որպէսզի հաստատեմ, թէ Զարթի՛ր–ին մէջ գրուածները ճիշդ են։ Իրաւ որ ճիշդ էին. այդ իրողութիւնները ա՛լ աւելի կրցայ հաստատել, երբ մորմոններու թանգարաններ այցելեցի Եութահի մէջ։

Ես միշտ կը խորհէի, թէ մորմոններու գիրքը եւ Աստուածաշունչը իրարու հետ ներդաշնակ են։ Բայց երբ սկսայ Աստուածաշունչը աւելի ուշադրութեամբ կարդալ, նկատեցի թէ մորմոններու ուսուցումներուն եւ Աստուածաշունչի խօսքերուն միջեւ հակասութիւններ կան։

Վարդապետական հակասութիւններու կողքին, զիս նաեւ կ’անհանգստացնէին մորմոններուն սորվեցուցած ազգայնական գաղափարները։ Օրինակի համար, մորմոնները կը սորվին, թէ Եդեմի պարտէզը Ճեքսոն մարզին մէջ էր, Միսուրի, ԱՄՆ։ Եւ իրենց եկեղեցիին մարգարէները կ’ըսեն, թէ երբ «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իշխանութեան անցնի, Միացեալ Նահանգներու անարատ դրօշակը պարծանքով պիտի ծածանի, անկախութեան եւ համահաւասար իրաւունքներու դրօշաձողին վրայ»։

Հարց կու տայի, թէ այդ պարագային մորմոնները ի՛նչ կ’ըսեն թէ պիտի պատահի ծննավայրիս,– կամ ուրիշ որեւէ երկրի։ Օր մը երեկոյեան, երբ հեռաձայն ստացայ երիտասարդ մորմոնէ մը, որ կը մարզուէր միսիոնար ըլլալու, այս նիւթը բացի։ Ուղղակի հարցուցի իրեն, որ յօժար պիտի ըլլա՞ր իր հաւատակից մորմոններուն դէմ կռուելու, եթէ իր երկրին եւ անոնց երկրին միջեւ պատերազմ ծագէր։ Զարմացած մնացի, երբ այո՛ պատասխանեց։ Աւելի մօտէն սերտեցի հաւատքիս ուսուցումները, ինչպէս նաեւ խորհրդակցեցայ մորմոններու պատասխանատու եկեղեցական առաջնորդներուն հետ։ Ինծի ըսուեցաւ, թէ հարցումներուս պատասխանները կը պարփակէին խորհուրդներ, որոնք օրին մէկը պիտի բացայայտուէին, մինչ լոյսը հետզհետէ կը լուսաւորուէր։

Անոնց բացատրութենէն յուսախաբ ըլլալով, աւելի ուշադրութեամբ քննեցի անձս եւ մտածեցի թէ ինչո՛ւ կ’ուզէի մորմոն միսիոնար մը դառնալ։ Անդրադարձայ, թէ միսիոնար մը ըլլալու մէկ պատճառս այն էր, որ կ’ուզէի ուրիշներուն օգնել։ Զիս նաեւ կը գրաւէր այն միտքը, որ եթէ միսիոնար ըլլայի, մարդոցմէ պիտի յարգուէի։ Բայց Աստուծոյ մասին շատ տեղեկութիւն չունէի։ Թէեւ անցեալին շատ անգամներ աչքէ անցուցած էի Աստուածաշունչը, բայց շատ արժէք չէի տուած անոր։ Գաղափար իսկ չունէի թէ Աստուած ի՛նչ նպատակադրած է երկրին կամ մարդկութեան համար։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Եհովայի վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելով, ուրիշ բաներու կողքին նաեւ սորվեցայ, թէ ի՛նչ է Աստուծոյ անունը, ի՛նչ կը պատահի մահէն ետք եւ Յիսուս ի՛նչ դեր կը խաղայ Աստուծոյ նպատակին իրագործման մէջ։ Վերջապէս սկսայ ծանօթանալ այս հիանալի գիրքին, եւ հաճոյքով սկսայ սորված ճշմարտութիւններս ուրիշներուն պատմել։ Սկիզբէն գիտէի թէ Աստուած գոյութիւն ունի, բայց այժմ կրնայի աղօթքով խօսիլ իրեն հետ՝ որպէս իմ լաւագոյն Բարեկամս։ 12 յուլիս 2004–ին մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ, իսկ վեց ամիս ետք, սկսայ լիաժամ աշխատիլ քրիստոնէական ծառայութեան մէջ։

Հինգ տարի աշխատեցայ Եհովայի վկաներուն գլխաւոր կեդրոնատեղին, Պրուքլին, Նիւ Եորք։ Ինծի համար ուրախութիւն էր օգնական ըլլալ Աստուածաշունչի եւ աստուածաշնչական գրականութիւններու հրատարակման մէջ, որոնք համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւորներու օգտակար կ’ըլլան. եւ կը շարունակեմ հաճոյքով ուրիշներուն օգնել Աստուծոյ մասին սորվելու։