Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Առաջին դարու հրեաները ինչպէ՞ս կը պատրաստէին մեռելները թաղման համար։

Հրեաները իրենց մեռելները անմիջապէս՝ մահանալէն ետք կը թաղէին։ Միեւնոյն օրը թաղելու համար երկու գլխաւոր պատճառ կար։ Առաջին, մեռած մարմինները արագօրէն կը փտին Միջին Արեւելքի տաք կլիմային պատճառով։ Երկրորդ, ըստ այդ ատենուան մտածելակերպին, մեռել մը օրերով չթաղելը անպատուութիւն էր թէ՛ ննջեցեալին եւ թէ անոր ընտանիքին համար։

Աւետարաններն ու Գործ գիրքը կը նշեն առնուազն չորս թաղումներ, որոնք մահուան օրը տեղի ունեցած են (Մատթէոս 27։57-60. Գործք 5։5-10. 7։59–8։2)։ Դարե՜ր առաջ, Յակոբին սիրելի կինը՝ Ռաքէլ, մահացաւ, մինչ Յակոբ իր ընտանիքով ճամբորդութեան մէջ էր։ Փոխանակ կնոջ մարմինը իրենց ընտանեկան գերեզմանատունը տանելու, Յակոբ զայն ‘Բեթլեհէմի ճամբան’ եղող գերեզմանատան մը մէջ թաղեց (Ծննդոց 35։19, 20, 27-29

Թաղման կարգադրութիւններուն վերաբերեալ Սուրբ Գիրքին արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հրեաները մեծապէս հոգ կը տանէին որ դիակները թաղման համար պատրաստէին։ Ննջեցեալին ազգականներն ու բարեկամները անոր մարմինը կը լուային, ապա զայն հոտաւէտ խոտերու եւ պատուական իւղի հետ պատանքով կը փաթթէին (Յովհաննէս 19։39, 40. Գործք 9։36-41)։ Դրացիներ եւ ուրիշներ կու գային իրենց ողբը արտայայտելու եւ ընտանիքը մխիթարելու (Մարկոս 5։38, 39

Յիսուս թաղուեցա՞ւ այնպէս ինչպէս հրեաներու մեծամասնութիւնը իրենց մեռելները կը թաղէին։

Հրեայ ընտանիքներէն շատեր իրենց մեռելները կը թաղէին քարայրներու եւ գերեզմաններու մէջ, որոնք Իսրայէլի զանազան շրջաններու փխրուն ժայռերու մէջ կը փորուէին։ Այդպէս ընելով, անոնք իրենց նախահայրերուն օրինակին հետեւած կ’ըլլային, ինչպէս՝ Աբրահամ, Սառա, Իսահակ, Յակոբ եւ ուրիշներ, որոնք թաղուեցան Քեբրոնի մօտակայքը եղող Մաքփելայի քարայրին մէջ (Ծննդոց 23։19. 25։8, 9. 49։29-31. 50։13

Յիսուս թաղուեցաւ գերեզմանի մը մէջ, որ փորուած էր ժայռի մէջ (Մարկոս 15։46)։ Ժայռի մէջ փորուած դամբարանի մը մուտքը սովորաբար նեղ կ’ըլլար։ Ներսը, քանի մը որմնախորշեր կամ յենարաններ կը փորուէին, եւ ընտանիքի մեռած անդամներու մարմինները հոն կը դրուէին։ Մարմինը տարրալուծուելէ ետք, մարդիկ կը հաւաքէին չորցած ոսկորները եւ կը դնէին քարէ արկղի մը մէջ, որ կը կոչուէր ոսկրանոց, ինչպէս սովորութիւն էր Յիսուսի օրերուն։ Այս կերպով, ընտանիքը ապագայ թաղումներու համար յաւելեալ տեղ կ’ունենար դամբարանին մէջ։

Մովսիսական օրէնքին պահանջած Շաբաթ օրուան հանգիստը թոյլ չէր տար, որ հրեաները այդ օրը թաղման կարգադրութիւններով զբաղէին։ Քանի որ Յիսուս Շաբաթը սկսելէն շուրջ երեք ժամ առաջ մեռաւ, արիմաթացի Յովսէփ եւ ուրիշներ զայն թաղեցին՝ նախքան անոր մարմինը թաղման համար լիովին պատրաստելը (Ղուկաս 23։50-56)։ Այդ էր պատճառը որ Յիսուսի բարեկամներէն ոմանք Շաբաթը լմննալէն ետք անոր գերեզմանը գացին, յուսալով որ ամբողջացնեն այդ գործը (Մարկոս 16։1. Ղուկաս 24։1