ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ
«Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը»
Աստուած հաճեցնելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Արդեօք հետեւելիք կանոններու անվերջ ցա՞նկ մը կայ։ Շնորհակալ ենք որ ո՛չ։ Ըստ Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի, ինչ որ Աստուած մեզմէ կը պահանջէ, կարելի է ամփոփել մէկ բառով (կարդա՛ Մարկոս 12։28-31)։
Նախ նկատի առ Յիսուսի խօսքերուն բովանդակութիւնը։ Իր մահէն քանի մը օր առաջ, նիսան 11–ին, Յիսուս տաճարին մէջ կը սորվեցնէր։ Անոր թշնամիները փորձեցին զինք ծուղակը ձգել, վիճաբանութեան դուռ բացող կարգ մը հարցումներ ուղղելով։ Բայց ամէն անգամ, Յիսուս իր պատասխաններով լռեցուց զանոնք։ Ետքը, Յիսուսին այս հարցումը տրուեցաւ. «Ո՞րն է բոլոր պատուիրանքներուն առաջինը» (28–րդ համարը)։
Այդ հարցումին պատասխանելը դժուար էր։ Կարգ մը հրեաներ կը վիճաբանէին, թէ Մովսիսական օրէնքին կազմած աւելի քան 600 օրէնքներէն ո՞ր մէկը առաջինը կամ կարեւորագոյնն էր։ Իսկ ուրիշներ, ակներեւօրէն կը պնդէին, թէ բոլոր օրէնքներն ալ հաւասարապէս կարեւոր էին, եւ թէ սխալ էր կարգ մը օրէնքներ միւսներէն աւելի կարեւոր սեպել։ Յիսուս ինչպէ՞ս պիտի պատասխանէր այս հարցումին։
Առ ի պատասխան, Յիսուս ոչ թէ մէկ՝ այլ երկո՛ւ պատուիրան նշեց։ Առաջինին մասին ըսաւ. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ» (30–րդ համարը. Բ. Օրինաց 6։5)։ «Սիրտ», «միտք», «անձ» եւ «զօրութիւն» բառերը իրարու հետ կապուած են *։ Նշանակութիւնը այս է. անհատ մը Եհովան պէտք է սիրէ իր ամբողջ էութեամբ՝ բոլոր կարողութիւններով եւ միջոցներով։ Աստուածաշունչի աշխատասիրութիւն մը այսպէս կը մեկնաբանէ. «Անհատ մը լիովին պէտք է Աստուած սիրէ»։ Արդ, եթէ Աստուած կը սիրես, լաւագոյնդ պիտի ընես, որպէսզի ապրելակերպդ ամէն օր զինք հաճեցնէ (Ա. Յովհաննէս 5։3)։
Երկրորդին մասին Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (31–րդ համարը. Ղեւտացւոց 19։18)։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ ընկերոջ հանդէպ սէրը իրապէս անբաժանելի են։ Երկրորդ պատուիրանը առաջինին արդիւնքն է (Ա. Յովհաննէս 4։20, 21)։ Եթէ մեր ընկերը մեր անձին պէս սիրենք, մարդոց հետ պիտի վարուինք ա՛յնպէս՝ ինչպէս կ’ուզենք որ իրենք մեզի հետ վարուին (Մատթէոս 7։12)։ Հետեւաբար, ցոյց կու տանք թէ կը սիրենք Աստուած, որ թէ՛ մեզ եւ թէ զիրենք իր պատկերով ստեղծեց (Ծննդոց 1։26)։
Ինչ որ Եհովան իր երկրպագուներէն կը պահանջէ, կարելի է ամփոփել մէկ բառով,– սէր
Աստուած եւ ընկերը սիրելու պատուիրանները որքա՞ն կարեւոր են։ «Ասոնցմէ մեծ ուրիշ պատուիրանք չկայ», ըսաւ Յիսուս (31–րդ համար)։ Մատթէոս Աւետարանին մէջ Յիսուս ըսաւ, թէ այս երկու պատուիրաններէն կախեալ են միւս բոլոր պատուիրանները (Մատթէոս 22։40)։
Աստուած հաճեցնելը դժուար չէ։ Ինչ որ ան մեզմէ կը պահանջէ, կարելի է ամփոփել մէկ բառով,– սէր։ Աստուած միշտ ուզած է եւ պիտի ուզէ, որ իր ծառաները զինք սիրեն։ Բայց սէրը լոկ խօսքեր կամ զգացումներ չէ. զայն պէտք է արտայայտել գործով (Ա. Յովհաննէս 3։18)։ Ինչո՞ւ չգիտնաս թէ ինչպէ՛ս կրնաս մշակել եւ դրսեւորել սէրդ Եհովայի հանդէպ՝ այն Աստուծոյն որ «սէր է» (Ա. Յովհաննէս 4։8)։
ՄԱՐՏ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ ԹԵԼԱԴՐՈՒԱԾ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ.
^ պարբ. 4 Աստուածաշունչին մէջ, «անձ» կամ «հոգի» բառը ամբողջ անհատին կ’ակնարկէ։ Հետեւաբար, «անձ»ը կամ «հոգի»ն կրնայ ընդգրկել թէ՛ «սիրտ»ը, թէ՛ «միտք»ը եւ թէ «զօրութիւն»ը։