ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 2013 | Իմաստալից կեանք կրնա՛նք ունենալ

Մեր Ստեղծիչը կ’ուզէ որ իմաստալից կեանք վարենք։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել այս մարզին մէջ։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Իրապէս կրնա՞նք իմաստալից կեանք վարել

Մանաւանդ երբ տառապանք, ցաւ կամ վիշտ դիմագրաւենք, հարկ կ’ունենանք գիտնալու թէ իրապէս իմաստալից կեանք կրնա՛նք վարել կամ ոչ։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Յիսուս իմաստալից կեանք վարեց

Նկատի առ Յիսուսի կեանքէն չորս մարզեր, որոնք զայն իմաստալից դարձուցին։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Յիսուս յայտնեց ինչպէ՛ս իմաստալից կեանք ունենալ

Իրական կեանքէ առնուած օրինակներ ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս Լերան քարոզի կարգ մը խօսքերը կիրարկելը կրնայ իմաստալից կեանքի նպաստել։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

«Կոպիտ վերաբերմունք ունէի»

Թէեւ երաժշտութեան մարզին մէջ յաջող էր, բայց Էսան գիտակցեցաւ թէ իր կեանքը իմաստ մը չունէր։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս հէվի մէթըլի այս երաժիշտը իսկական ուրախութիւն գտաւ։

Գիտէի՞ր

Վաղեմի Նինուէն ինչո՞ւ կը կոչուէր «արիւններու քաղաք»։ Հրէական տուներուն տանիքը շրջապատ մը շինելու նպատակը ի՞նչ էր։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

«Խնդրեցէք եւ պիտի տրուի ձեզի»

Նկատի առ Ղուկաս 11–րդ գլուխին մէջ արձանագրուած Յիսուսի երկու առակները, որոնք ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս կրնաս վստահ ըլլալ որ Աստուած աղօթքներդ կը լսէ։

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ

Ան «Աստուծոյ հետ քալեց»

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Նոյէն, իր կնոջմէն եւ իրենց ընտանիքէն։

Աստուածաշունչին պատասխանները

Եհովա Աստուած կ’ուզէ որ ճշմարտութիւնը գիտնաս։ Ան քեզի պիտի օգնէ Սուրբ Գրութիւնները հասկնալու։

Առցանց յաւելեալ նիւթեր

Եհովայի վկաներուն առաջարկած Սուրբ Գիրքի դասընթացքը ի՞նչ է

Եհովայի վկաներուն հետ սերտած ատեն, կրնաս ուզած Սուրբ Գիրքդ գործածել։ Կրնաս ամբողջ ընտանիքիդ կամ ընկերներուդ ըսել, որ դասընթացքին ներկայ ըլլան։