Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Բնական աղէտները կ’ապացուցանե՞ն թէ Աստուած անգութ է

Բնական աղէտները կ’ապացուցանե՞ն թէ Աստուած անգութ է

ԻՆՉ ՈՐ ԹԵՐԵՒՍ ԿԸ ԼՍԵՍ. «Աստուած երկրագունդի վրայ կ’իշխէ, ուստի բնական աղէտներ կը պատճառէ. ուրեմն, ան անգութ ըլլալու է»։

ԻՆՉ ՈՐ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ Կ’ԸՍԷ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։ Ո՞վ է այդ ‘չարը’։ Աստուածաշունչը զայն կը բնորոշէ որպէս՝ Սատանան (Մատթէոս 13։19. Մարկոս 4։15)։ Այս իրողութիւնը ի՞նչ դեր ունի։ Պահ մը մտածէ. Սատանան երկրագունդի վրայ իշխելու զօրութիւն ունենալով՝ մարդոց կ’ազդէ որ իրեն նման անձնասէր, ագահ եւ կարճատես ըլլան։ Արդեօք ասիկա չի՞ բացատրեր թէ ինչո՛ւ մարդ արարածը իր միջավայրին մեծապէս վնաս կը հասցնէ։ Բազմաթիւ մասնագէտներ կը զգուշացնեն, թէ միջավայրին նկատմամբ անհոգ գտնուիլը կրնայ կա՛մ բնական աղէտներ պատճառել, կա՛մ զանոնք վատթարացնել եւ կամ մարդկային ընկերութիւնը անոնց դէմ անպաշտպան վիճակի մէջ ձգել։

Լաւ, Աստուած ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ Սատանան ա՛յսքան ազդեցութիւն ունենայ։ Պատասխանը կը կայանայ մարդկութեան պատմութեան սկիզբը, երբ մեր առաջին ծնողքը Աստուծոյ դէմ ըմբոստացաւ, մերժելով զինք որպէս Իշխան ընդունիլ։ Այդ օրուընէ ի վեր մարդկութեան մեծամասնութիւնը նոյն ընթացքը բռնած է։ Եւ այդ ընտրութիւնը,– Աստուած որպէս իշխան մերժելը,– մարդկութիւնը մատնած է Աստուծոյ թշնամիին՝ Սատանային՝ ձեռքը։ Անոր համար Յիսուս Սատանան «այս աշխարհին իշխանը» կոչեց (Յովհաննէս 14։30)։ Արդեօք ան առյաւէտ պիտի իշխէ՞։ Ո՛չ։

Եհովան * Սատանայի պատճառած տառապանքներուն նկատմամբ անտարբեր չէ։ Իրականութեան մէջ, մարդոց տառապանքը Աստուծոյ խորապէս կ’ազդէ։ Օրինակի համար, երբ իսրայէլ ազգը դժուարութիւններու մատնուեցաւ, Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց» (Եսայի 63։9)։ Աստուած ողորմութեամբ կարգադրութիւններ ըրած է որ Սատանայի անգութ իշխանութեան շուտո՛վ վերջ դնէ։ Ան իր Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը՝ նշանակած է, որպէսզի արդարութեամբ թագաւորէ։

ԴՈՒՆ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԱՐՓԱԿՈՒԱԾ ԵՍ. Թէեւ Սատանային իշխանութիւնը անկարող եղած է մարդկութիւնը բնական աղէտներէն պաշտպանել, բայց Յիսուսի իշխանութիւնը այս մէկը պիտի իրագործէ։ Առիթով մը, Յիսուս իր աշակերտները պաշտպանեց հզօր փոթորիկի մը ընթացքին։ Աստուածաշունչի արձանագրութիւնը կ’ըսէ. «[Յիսուս] սաստեց հովին եւ ծովուն ըսաւ. ‘Դադարէ՛, լո՛ւռ կեցիր’։ Հովը դադարեցաւ եւ մեծ խաղաղութիւն եղաւ»։ Աշակերտները ըսին. «Արդեօք ո՞վ է ասիկա, որ հովն ու ծովը ասոր կը հնազանդին» (Մարկոս 4։37-41)։ Այդ դէպքը մեզի վստահութիւն կու տայ, թէ Յիսուս իր թագաւորական իշխանութեան ընթացքին ամբողջ հնազանդ մարդկութիւնը պիտի պաշտպանէ (Դանիէլ 7։13, 14

^ պարբ. 5 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կը յայտնէ, «Եհովա» Աստուծոյ անունն է։