ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ
Խորթ ընտանիքէդ չեղողներու հետ ինչպէ՛ս վարուիլ
ՄԱՐԿՐԷԹ *, ԱՒՍՏՐԱԼԻՈՅ ՄԷՋ ԽՈՐԹ ՄԱՅՐ ՄԸ. «Ամուսինիս առաջուան կինը զաւակներուն պատուիրեց, որ իմ խօսքս մտիկ չընեն. նոյնիսկ ‘Մի՛ մոռնար ակռաներդ վրձինելու’ նման պարզ ուղղութիւն մը»։ Մարկրէթ կը զգայ թէ այդ պառակտիչ ռազմավարութեան պատճառաւ իր ամուսնութեան մէջ խնդիրներ ծագեցան։
Խորթ ընտանիքները անզուգական եւ յաճախ դժուար փոխյարաբերութիւններ կ’ունենան իրենց ընտանիքէն չեղողներուն հետ *։ Խորթ ծնողներուն մեծամասնութիւնը պէտք է զաւակին միւս ծնողին հետ շփման մէջ գայ, երբ հարցը առնչուած է այցելութեան, կրթութեան եւ ֆինանսական աջակցութեան։ Բարեկամներն ու ազգականները եւս կրնայ ըլլալ որ դժուարութիւն ունենան յարմարելու ընտանիքի նոր անդամներուն հետ։ Նկատի առ թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի խրատը կրնայ օգնել խորթ ընտանիքիդ, որ այդ դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլէ։
ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ 1. ԶԱՒԱԿԻՆ ՄԻՒՍ ԾՆՈՂԸ
Ճուտիթ, Նամիպիոյ մէջ խորթ մայր մը, կ’ըսէ. «Խորթ զաւակներուս մայրը օր մը անոնց ըսաւ, որ ես միայն անոնց հօր նոր կինն էի, եւ եթէ զաւակ ծնանէի, ան իրենց քոյր–եղբայրը պիտի չըլլար։ Անոր խօսքերը զիս վիրաւորեցի՛ն, քանի որ խորթ զաւակներս կը սիրեմ, կարծես իմս ըլլային»։
Մասնագէտներ կը համաձայնին, թէ զաւակին միւս ծնողին հետ շփման մէջ գալը կրնայ դժուար եւ պառակտիչ հարց ըլլալ խորթ ընտանիքի մը համար։ Յաճախ մայրը եւ խորթ մայրն են որ ամէնէն մեծ դժուարութիւնը կ’ունենան։ Ի՞նչ բան կրնայ օգնական ըլլալ։
Յաջողութեան բանալի մը. տրամաբանական սահմաններ գծէ։ Եթէ թոյլ չտաս միւս ծնողին որ զաւակիդ կեանքին միջամուխ ըլլայ, զաւակդ թերեւս զգացական գետնի վրայ տառապի *։ Զաւակին ծնողները՝ որոնք իրեն ծնունդ տուած են, մասնայատուկ տեղ կը գրաւեն իր կեանքին մէջ (Առ. 23։22, 25)։ Միւս կողմէ, եթէ նախկին կողակիցիդ շատ ազատութիւն տաս որ ընտանիքի անդամներուն ազդէ, կրնաս նոր կողակիցդ ընդվզեցնել կամ նոյնիսկ բարկացնել։ Ջանա՛ հաւասարակշռուած ըլլալ՝ տրամաբանական սահմաններ դնելով, որպէսզի ամուսնութիւնդ փրկես։ Միեւնոյն ժամանակ, միւս ծնողին հետ կարելի եղածին չափ համագործակցէ։
ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
-
Երբ նախկին կողակիցիդ հետ շփման մէջ կու գաս, խօսակցութիւնը թող աւելի կեդրոնանայ զաւակներուն վրայ, քան՝ ա՛յլ հարցեր քննարկելու վրայ։ Օրինակի համար, փափկանկատօրէն կրնաս հարցնել եթէ կարելի է օրուան ընթացքին որոշ ատեններ հեռաձայնել։ Այս մօտեցումը ուշ ժամանակ կամ պատահական կերպով հեռաձայնելէն աւելի լաւ է։
-
Եթէ զաւակներուդ հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը չունիս, թերեւս կրնաս հեռաձայնի, նամակներու, կարճ հաղորդագրութիւններու կամ ել–մակներու միջոցաւ անոնց հետ կանոնաւորաբար կապի մէջ մնալ (Բ. Օրինաց 6։6, 7)։ Ոմանք նոյնիսկ կը հաղորդակցին համացանցային սարքերով, ուր կրնան զիրար տեսնել ու խօսակցիլ։ Ուստի, կրնա՛ս զաւակներուդ կարիքները եւ խնդիրները հասկնալ եւ դրական ազդեցութիւն բանեցնել անոնց վրայ։
ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԽՈՐԹ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
-
Զաւակներուն մօր հանդէպ «կարեկից» գտնուիր, յստակ դարձնելով որ դուն չես ջանար անոր տեղը գրաւել (Ա. Պետրոս 3։8)։ Անոր կանոնաւորաբար պատմէ զաւակներուն գործունէութիւններուն մասին, մեծապէս կեդրոնանալով անոնց լաւ կէտերուն վրայ (Առակաց 16։24)։ Անկէ խրատ խնդրէ, ապա՝ իր կարծիքը տալէն ետք, շնորհակալութիւն յայտնէ։
-
Զաւակներուն մօր ներկայութեան սահմանափակէ անոնց հանդէպ գուրգուրանքի արտայայտութիւններդ։ Պէվըրլի, ԱՄՆ–ի մէջ խորթ մայր մը, կ’ըսէ. «Խորթ զաւակներս ուզեցին զիս ‘մամա’ կանչել։ Անոնց հետ համաձայնեցայ որ կրնային միայն մե՛ր տան մէջ զիս այդպէս կանչել, եւ ոչ թէ երբ իրենց մօր՝ Ճէյնին կամ անոր ընտանիքին հետ ըլլային։ Ատկէ ի վեր, ես եւ Ճէյնը համամիտ գտնուեցանք։ Իրականութեան մէջ, յետագային ես եւ ան միասնաբար զաւակներուն օգնեցինք դպրոցական թատերախաղերուն եւ պտոյտներուն պատրաստուելու»։
ԽՈՐՀՈՒՐԴՆԵՐ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ԽՈՐԹ ԾՆՈՂՆԵՐՈՒՆ ՈՐ ԻՐԱՐՈՒ ՀԵՏ ԼԱՒ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՆԱՆ
-
Զաւակներուն առջեւ բացակայ ծնողը կամ խորթ ծնողը մի՛ կտրեր։ Շատ դիւրին է այսպիսի բացասական խօսակցութիւն սկսիլ, բայց ատիկա զաւակին համար ընկճիչ է։ Բնաւ չես գիտեր ինչպէ՛ս եւ ե՛րբ խօսքերդ կրնան կրկնուիլ (Ժողովող 10։20)։ Եթէ զաւակը քեզի ըսէ թէ միւս ծնողը կամ խորթ ծնողը քեզի դէմ բան մը խօսեցաւ, կեդրոնացիր զաւակին զգացումներուն վրայ։ Թերեւս հետեւեալին նման բան մը ըսես. «Նեղացայ որ ստիպուեցար այսպիսի խօսք լսել։ Ծնողդ ինձմէ նեղուած է եւ ատեններ երբ մարդիկ բարկանան, անազնիւ խօսքեր կ’ըսեն»։
-
Ջանա՛ երկու տուներուն մէջ ներդաշնակ կանոններ եւ կրթութիւն ունենալ։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, բացատրէ՛ զաւակին թէ ինչո՛ւ տարբերութիւն կայ, առանց միւս ծնողը կտրելու։ Նկատի առ հետեւեալ պարագան.
Խորթ մայր. Աշոտ, հաճիս թաց անձեռոցդ կախէ։
Աշոտ. Մամայիս տունը անձեռոցները գետինը կը ձգենք եւ ան կ’առնէ ու կը կախէ զանոնք։
Խորթ մայր (բարկացած). Ուրեմն ան քեզի ծուլութիւն կը սորվեցնէ։
Արդեօք հետեւեալ պատասխանը աւելի լաւ պիտի չը՞լլար։
Խորթ մայր (ամենայն հանդարտութեամբ). Շատ աղէկ։ Բայց հոս անձեռոց գործածո՛ղը զայն կը կախէ։
-
Զաւակներուն համար գործունէութիւններ մի՛ ծրագրեր այն ժամանակ, որ անոնք միւս ծնողին քով պիտի անցընեն (Մատթէոս 7։12)։ Եթէ չկարենաս գործունէութիւնը ճշդել, արտօնութիւն առ միւս ծնողէն առա՛ջ որ զաւակներուն իմացնես քու ծրագիրդ։
ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Յաջորդ անգամին երբ շփման մէջ գաս խորթ ծնողի մը հետ, հետեւեալ քայլերը փորձէ.
-
Մի՛ հառաչեր, ոչ ալ քիթ–բերան ծռէ կամ աչքի տակէն դիտէ։ Ընդհակառակը, աչքի հաղորդակցութիւն պահպանէ եւ ժպտէ։
-
Անհատը բարեւէ՝ անոր անունը գործածելով։ Օրինակ, ըսէ. «Բարեւ Քարոլ»։
-
Եթէ որպէս խումբ հաւաքուած էք, անհատը խօսակցութեան մէջ պարփակէ։
ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ 2. ՉԱՓԱՀԱՍ ԶԱՒԱԿՆԵՐ
Գիրք մը կը մէջբերէ կին մը, որ կը գանգատի թէ իր ամուսինը չափահաս զաւակներուն կողքին դիրք կը բռնէ եւ կը մերժէ ընդունիլ որ անոնք անազնուօրէն կը վարուին իր կնոջ հետ։ Կինը կ’ըսէ. «Բարկութիւնս շատ արագ կը սաստկանայ» (Step Wars)։ Չափահաս զաւակներուն հետ փոխյարաբերութիւններուն ինչպէ՞ս կրնաս թոյլ չտալ որ ամուսնութիւնդ քանդեն։
Յաջողութեան բանալի մը. կարեկցութիւն ցուցաբերէ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ» (Ա. Կորնթացիս 10։24)։ Ջանա՛ դիմացի անհատին զգացումները բնորոշել եւ հասկնալ։ Չափահաս խորթ զաւակները կրնան իրենց ծնողին գուրգուրանքը կորսնցնելու վախին մէջ ըլլալ. կամ կրնայ ըլլալ որ զգան, թէ խորթ ծնողը ընդունելով հարազատ ընտանիքին հանդէպ անհաւատարիմ կը գտնուին։ Իսկ ծնողները թերեւս մտահոգուին որ եթէ իրենց զաւակները քննադատեն, անոնք իրենցմէ պիտի հեռանան։
Թոյլ տուր որ խորթ զաւակներուդ հետ փոխյարաբերութիւնը բնականօրէն զարգանայ, փոխանակ ստիպելու որ քեզի հետ բարեկամանան։ Ընդհանրապէս, իմաստութիւն չէ ճնշել մէկը որ իսկական սէր զարգացնէ (Երգ Երգոց 8։4)։ Ուստի, խորթ զաւակներուդ հետ մտերմանալու առնչութեամբ, ջանա՛ տրամաբանական եւ իրապաշտ ակնկալութիւններ ունենալ։
Մի՛ արտայայտեր ամէն բան որ մտքէդ կ’անցնի կամ կը զգաս, նոյնիսկ եթէ քեզի հանդէպ գէշ վերաբերմունք ցուցաբերուի (Առակաց 29։11)։ Երբ խօսքերդ զսպելը շատ դժուար ըլլայ, Իսրայէլի Դաւիթ թագաւորին նման աղօթէ. «Ո՛վ Տէր, պահապա՛ն դիր իմ բերնիս ու իմ շրթունքներուս դուռը պահպանէ» (Սաղմոս 141։3)։
Եթէ որոշես ապրիլ այն տան մէջ՝ ուր զաւակները մեծցած են, թերեւս նկատես որ անոնք կապուած են այդ տունին։ Անոր համար ջանա՛ շատ փոփոխութիւններ չմտցնել, մա՛նաւանդ իրենց սենեակներուն
մէջ։ Կրնաս նաեւ նկատի առնել նոր տուն փոխադրուիլ։ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Եթէ չափահաս խորթ զաւակներդ շարունակ կոշտ ու կոպիտ կը գտնուին քեզի հանդէպ կամ քեզ չեն յարգեր, զգացումներդ կողակիցիդ հետ բաժնէ եւ ուշադրութեամբ անոր գաղափարները մտիկ ըրէ։ Մի՛ ճնշեր կողակիցդ որ զաւակները կրթէ։ Փոխարէն, պարզապէս ջանա՛ փոխադարձ հասկացողութիւն կերտել։ Անգամ մը որ «միաբան» էք պարագայի մը նկատմամբ, կրնաք միասնաբար աշխատիլ զայն բարելաւելու (Բ. Կորնթացիս 13։11)։
ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ 3. Ա՛ՅԼ ԱԶԳԱԿԱՆՆԵՐ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ
Մէրիոն՝ Քանատայի մէջ խորթ մայր մը՝ կ’ըսէ. «Ծնողքս յաճախ նուէրներ կու տար իմ տղուս, իսկ ամուսինիս զաւակներուն՝ ոչ։ Կը ջանայինք մե՛նք անոնց նուէրներ բերել, բայց ատեններ բաւարար գումար չէինք ունենար այդ մէկը ընելու»։
Յաջողութեան բանալի մը. նոր ընտանիքդ առաջին տեղը թող գրաւէ։ Ազգականներուդ եւ բարեկամներուդ խօսէ նոր ընտանիքիդ հանդէպ ունեցած յանձնառութեանդ մասին (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Թէեւ չես կրնար ակնկալել որ բոլոր ազգականներդ ու բարեկամներդ շուտով սիրեն նոր ընտանիքիդ անդամները, բայց կրնաս անոնցմէ խնդրել որ քաղաքավար ու արդար գտնուին։ Անոնց բացատրէ թէ զաւակները որքա՜ն պիտի վիրաւորուին, երբ զգան թէ ո՛չ ոք իրենց ուշադրութիւն կ’ընծայէ կամ իրենց հետ ազնուութեամբ կը վարուի։
Թոյլ տուր որ նախկին կողակիցիդ ծնողքը տեղ գրաւէ զաւակներուդ կեանքին մէջ։ Անգլիոյ մէջ մայր մը՝ Սուզան, կը պատմէ. «Ամուսինիս մահէն 18 ամիս ետք ամուսնացայ, եւ իր ծնողքը դժուարութիւն գտաւ նոր ամուսինս ընդունելու։ Հարցերը բարելաւուեցան երբ զանոնք մեր յայտագիրներուն մէջ պարփակեցինք, զաւակները քաջալերեցինք որ անոնց հեռաձայնեն, եւ անոնց աջակցութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցինք»։
ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Բնորոշէ այն բարեկամը կամ ազգականը, որուն հետ շատ լաւ փոխյարաբերութիւն չունիս, եւ ապա կողակիցիդ հետ քննարկէ թէ ինչպէ՛ս կրնաս այդ փոխյարաբերութիւնը բարելաւել։
Ոչ–տնեցիներու հետ փոխյարաբերութիւնները կրնան խորթ ընտանիքիդ խնդիրներ յարուցանել։ Բայց սուրբ գրային խրատները կիրարկելով, ընտանիքդ կրնայ Աստուածաշունչի խոստացած օրհնութիւնը վայելել. «Տունը իմաստութեամբ կը շինուի ու հանճարով կը հաստատուի» (Առակաց 24։3)։
^ պարբ. 3 Կարգ մը անուններ փոխուած են։
^ պարբ. 4 Ուրիշ դժուարութիւններու հետ ինչպէ՛ս գլուխ ելլելու համար, տես Զարթի՛ր պարբերաթերթի ապրիլ 2012 թիւին կողքի յօդուածաշարքը՝ «Խորթ ընտանիքներու յաջողութեան գաղտնիքը» (անգլերէնով), հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 8 Անշուշտ, եթէ նախկին կողակիցը կը սպառնայ կամ վայրագ է, թերեւս հարկ ըլլայ որ աւելի լուրջ սահմաններ դրուին՝ ընտանիքին ապահովութեան համար։
ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ
-
Ինչպէ՞ս կրնամ համերաշխ ըլլալ կողակիցիս նախկին կողակիցին հետ։
-
Ինչպէ՞ս կրնանք օգնել ազգականներուն եւ բարեկամներուն, որ նոյնիսկ անգիտակցաբար վնաս չհասցնեն մեր ընտանիքին։