Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

Եհովայի քով «աչառութիւն չկայ»

Եհովայի քով «աչառութիւն չկայ»

Երբեք խտրականութեան զոհը գացա՞ծ ես։ Մորթիդ գոյնին, էթնիքական ենթահողիդ կամ ընկերային դիրքիդ պատճառաւ, երբեք խնդրանքդ կամ պահանջած ծառայութիւնդ մերժուա՞ծ է, կամ արհամարհանքով քեզի հետ վարուա՞ծ են։ Եթէ այո՛, մինակ չես։ Բայց ուրախ լուրը այն է, թէ այսպիսի արհամարհանք թէեւ սովորական է երկրագունդի վրայ, սակայն գոյութիւն չունի երկնքի մէջ։ Պետրոս առաքեալ ամենայն համոզումով ըսաւ. «Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (կարդա՛ Գործք 10։34, 35

Պետրոս այս խօսքը ըսաւ, երբ ոչ–հրեայի մը՝ Կոռնելիոսի տունը կը գտնուէր։ Պետրոս, որ հրեայ ծնած էր, ապրեցաւ այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ հրեաները հեթանոսները անմաքուր կը նկատէին եւ հետեւաբար որեւէ կերպով անոնց հետ չէին ընկերակցեր։ Ուստի, Պետրոս ինչո՞ւ Կոռնելիոսի տունն էր։ Պարզապէս քանի որ Եհովա Աստուած այս մէկը կարգադրած էր։ Պետրոս աստուածային տեսիլք մը տեսած էր, որուն մէջ իրեն ըսուեցաւ. «Զայն որ Աստուած մաքրեց, դուն պիղծ մի՛ սեպեր»։ Այս միջադէպէն մէկ օր առաջ, Կոռնելիոս ե՛ւս տեսիլք մը տեսած էր, որուն մէջ հրեշտակ մը իրեն ըսաւ որ Պետրոսը կանչէ (Գործք 10։1-15)։ Երբ Պետրոս այս հարցին մէջ Եհովային ձեռքը զգաց, չկրցաւ լուռ մնալ։

Պետրոս ըսաւ. «Կը հասկնամ թէ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ» (Գործք 10։34)։ «Աչառութիւն» թարգմանուած յունարէն բառը բառացիօրէն կը նշանակէ «դէմքերու նայիլ» (Յունարէն Գրութիւններու Թագաւորութեան տողընդմիջեայ թարգմանութիւն)։ Այս բառին առնչութեամբ Աստուածաշունչի ուսումնական մը կը բացատրէ. «Ատիկա կ’ակնարկէ դատախազի մը, որ մարդու մը դէմքին կը նայի եւ վճիռ կ’արձակէ, ոչ թէ ըստ դատին տուեալներուն, այլ՝ ըստ անհատին մէջ իր հաւնած եւ չհաւնած կէտերուն»։ Ցեղի, ազգի, ընկերային դիրքի կամ ուրիշ արտաքին ազդակներու պատճառաւ Աստուած դէմք մը միւսէն աւելի չի նախընտրեր։

Փոխարէն, Եհովան մեր սրտին կը նայի (Ա. Թագաւորաց 16։7. Առակաց 21։2)։ Պետրոս ետքը ըսաւ. «Ոեւէ ազգէ, ոեւէ մարդ որ անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, իրեն ընդունելի է» (Գործք 10։35)։ Աստուծմէ վախնալ կը նշանակէ՝ զինք յարգել, պատուել եւ վստահիլ, խուսափելով որեւէ բանէ որ զինք կը տհաճեցնէ։ Արդարութիւն գործել կը նշանակէ՝ Աստուծոյ աչքին արդար եղող բաները կամովին գործել։ Եհովան կը հաճի այն մարդուն, որուն սրտին մէջ յարգալից երկիւղ կայ, որ զինք կը մղէ ճիշդ բաներ ընելու (Բ. Օրինաց 10։12, 13

Երբ Եհովան երկնքէն նայի, ան միայն մէկ ցեղ կը տեսնէ. մարդկային ցեղը

Եթէ խտրականութեան կամ կանխադատութեան զոհը գացած ես, վաւերական պատճառ ունիս Աստուծոյ մասին Պետրոսի խօսքերով քաջալերուելու։ Եհովան բոլոր ազգերէն մարդիկ ճշմարիտ պաշտամունքին կը քաշէ (Յովհաննէս 6։44. Գործք 17։26, 27)։ Ան իր երկրպագուներուն աղօթքները կը լսէ եւ անոնց կը պատասխանէ, ի՛նչ որ ըլլայ անոնց ցեղը, ազգութիւնը կամ ընկերային դիրքը (Գ. Թագաւորաց 8։41-43)։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ երբ Եհովան երկնքէն նայի, ան միայն մէկ ցեղ կը տեսնէ. մարդկային ցեղը։ Չե՞ս մղուիր այս անաչառ Աստուծոյ մասին աւելի՛ն սորվելու։

Յունիս ամսուան համար թելադրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

Յովհաննէս 17-21Գործք 1-10