Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ

Աստուած մեր տառապանքով հետաքրքրուա՞ծ է

Աստուած մեր տառապանքով հետաքրքրուա՞ծ է

Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ մը հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Կարինէ անունով Վկայ մը կը հանդիպի Յասմիկ անունով կնոջ մը։

ԱՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԹՈՅԼ ՏՈՒԱՒ ՈՐ ԱՅՍ ՄԷԿԸ ՊԱՏԱՀԻ

ԿԱՐԻՆԷ.– Բարեւ. իմ անունս Կարինէ է։ Ձեր անունը ի՞նչ է։

ՅԱՍՄԻԿ.– Յասմիկ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Ուրախ եմ ձեզի ծանօթանալուս։ Ինծի հետ ունիմ այս թերթիկը, որուն խորագիրն է՝ Կը փափաքի՞ս ճշմարտութիւնը գիտնալ։ Ինչպէս կը նկատէք, հոս վեց հարցումներ կան։ Ասոնցմէ ո՞ր մէկը. . .

ՅԱՍՄԻԿ.– Մէկ վայրկեան, մէկ վայրկեան։ Ասիկա կրօնքի՞ մասին է։

ԿԱՐԻՆԷ.– Այո՛։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ինծի հետ ժամանակդ մի՛ վատներ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Ինչո՞ւ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Իրականութիւնը այն է՝ թէ վստահ չեմ որ Աստուծոյ կը հաւատամ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Ձեր անկեղծութիւնը կը գնահատեմ։ Բայց արդեօք մի՞շտ այդպէս զգացած էք։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ո՛չ։ Մանկութենէս ի վեր եկեղեցի կ’երթայի։ Բայց բաւական ժամանակ է որ չեմ երթար։

ԿԱՐԻՆԷ.– Կը հասկնամ. . . ։ Ես չեմ եկած իմ հաւատալիքներս պարտադրելու։ Բայց կը փափաքիմ հարցնել, թէ արդեօք մասնայատուկ բան մը կա՞յ, որուն պատճառաւ Աստուծոյ գոյութեան կը կասկածիք։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Ասկէ 17 տարի առաջ մայրս ինքնաշարժի արկած ունեցաւ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Ո՜հ։ Վիրաւորուեցա՞ւ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։ Ան անկէ ի վեր անդամալոյծ է։

ԿԱՐԻՆԷ.– Ի՜նչ ցաւալի պարագայ։ Վստահաբար ջախջախուած կը զգաք։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ճիշդ այդպէ՛ս կը զգամ։ Միշտ կը մտածեմ, որ եթէ Աստուած գոյութիւն ունի, ինչպէ՞ս թոյլ տուաւ որ այս մէկը պատահի։ Ան ինչո՞ւ թոյլ կու տայ որ մենք տառապինք։

ԱՐԴԵՕՔ ՍԽԱ՞Լ Է ՀԱՐՑՆԵԼ՝ ԻՆՉՈ՛Ւ

ԿԱՐԻՆԷ.– Բնական է որ այդպէս զգաք եւ այսպիսի հարցումներ ուղղէք։ Երբ տառապինք, շա՛տ բնական է հարցնենք՝ «ինչո՞ւ»։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչի ժամանակներուն նոյնիսկ կարգ մը հաւատարիմ տղամարդիկ ու կիներ այդպէս մտածեցին։

ՅԱՍՄԻԿ.– Իրա՞ւ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Կրնա՞մ Աստուածաշունչէն ձեզի օրինակ մը ցոյց տալ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Հաճիս։

ԿԱՐԻՆԷ.– Նկատի առէք, թէ Ամբակում 1։2, 3–ի մէջ, հաւատարիմ Ամբակում մարգարէն Աստուծոյ ի՛նչ հարցուց։ Ան ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ, ով Տէր, պիտի աղաղակեմ ու պիտի չլսես եւ զրկանքի համար քեզի պիտի կանչեմ ու պիտի չազատես։ Ինչո՞ւ անօրէնութիւնը կը ցուցնես»։ Ասոնք ձեր ուղղած հարցումներուն կը նմանի՞ն։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։

ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուած բնա՛ւ Ամբակումը չյանդիմանեց այս հարցումները ուղղելուն համար, ոչ ալ անոր ըսաւ որ աւելի հաւատքի պէտք ունէր։

ՅԱՍՄԻԿ.– Հետաքրքրական է։

ԵՀՈՎԱՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔԸ Կ’ԱՏԷ

ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ, թէ Աստուած մեր տառապանքը կը նշմարէ եւ մեզմով հետաքրքրուած է։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ի՞նչ ըսել կ’ուզես։

ԿԱՐԻՆԷ.– Կրնամ ձեզի օրինակ մը ցոյց տալ, որ Ելից 3։7–ի մէջ արձանագրուած է։ Կը փափաքի՞ք կարդալ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ինչո՞ւ չէ։ «Տէրը ըսաւ. ‘Արդարեւ Եգիպտոսի մէջ եղող ժողովուրդիս չարչարանքը տեսայ եւ գործավարներուն պատճառով անոնց բարձրացուցած աղաղակը լսեցի. վասն զի անոնց նեղութիւնները գիտեմ’»։

ԿԱՐԻՆԷ.– Շնորհակալ եմ։ Բերնիդ դալար։ Ուրեմն, ըստ այս համարին, Աստուած իր ծառաներուն տառապանքը կը նշմարէ՞։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այնպէս կը թուի թէ այո՛։

ԿԱՐԻՆԷ.– Եւ ան ոչ թէ պարզապէս չնչին տեղեկութիւն ունի մեր քաշած դժուարութիւններուն մասին։ Մէյ մըն ալ նկատի առնենք համարին վերջին մասը։ Աստուած կ’ըսէ. «Անոնց նեղութիւնները գիտեմ»։ Լաւ, կրնա՞նք ըսել թէ Աստուած անտարբեր է։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ո՛չ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Աստուած ոչ միայն մեր խնդիրները կը նշմարէ, այլեւ կը նեղանա՛յ երբ խնդիրներ դիմագրաւենք։

ՅԱՍՄԻԿ.– Ինչպէ՞ս գիտենք ասիկա։

ԿԱՐԻՆԷ.– Կարդանք ուրիշ միջադէպ մը, երբ Աստուծոյ ժողովուրդը կը տառապէր։ Անիկա Եսայի 63։9–ի մէջ արձանագրուած է։ Համարին առաջին մասը կ’ըսէ. «Անոնց բոլոր նեղութիւններուն ատենը նեղութիւն քաշեց»։ Ուրեմն կրնա՞նք ըսել, թէ Աստուծոյ ժողովուրդին տառապանքը իրեն ազդեց։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այդպէս կ’երեւի։

ԿԱՐԻՆԷ.– Իրականութիւնը այն է, թէ Աստուած մեզմով շա՜տ հետաքրքրուած է եւ կ’ատէ տեսնել թէ կը չարչարուինք։ Երբ ցաւինք, ինք մեզի հետ կը ցաւի։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆ ՍՊԱՍԱԾ Է

ԿԱՐԻՆԷ.– Մեկնելէ առաջ, կ’ուզեմ մէկ ա՛յլ գաղափար եւս բաժնել ձեզի հետ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Հրամմէ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Նկատի առէք, թէ Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ զօրութեան մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ Մտքիս մէջ կայ Երեմիա 10։12–ը։ Կը փափաքի՞ք կարդալ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Շատ աղէկ։ «Երկիրը իր զօրութիւնովը շինեց, աշխարհը իր իմաստութիւնովը հաստատեց։ Երկինքը իր խորհրդովը տարածեց»։

ԿԱՐԻՆԷ.– Շնորհակալ եմ։ Բերնիդ դալար։ Պահ մը մտածենք։ Ամբո՛ղջ տիեզերքը ստեղծելու համար, Աստուած անսահման զօրութիւն գործածեց, այնպէս չէ՞։

ՅԱՍՄԻԿ.– Վստահաբար։

ԿԱՐԻՆԷ.– Լաւ, եթէ Աստուած զօրութիւնը ունի մեր շուրջը գտնուող բոլո՛ր բաները ստեղծելու, չե՞նք ակնկալեր որ ան նաեւ զօրութիւնը ունի իր ստեղծագործութիւնը իր հակակշռին տակ պահելու։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛։

ԿԱՐԻՆԷ.– Դարձեալ մտածեցէք ձեր մօր պարագային մասին։ Ինչո՞ւ կը նեղանաք երբ իր տառապանքը կը տեսնէք։

ՅԱՍՄԻԿ.– Քանի որ զինք կը սիրեմ։ Ան մա՛յրս է։

ԿԱՐԻՆԷ.– Եւ եթէ կարողութիւն ունենայիք զինք բժշկելու, անմիջապէս գործի կը լծուէիք, այնպէս չէ՞։

ՅԱՍՄԻԿ.– Անշո՛ւշտ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Պահ մը խորհինք թէ ասիկա ի՛նչ կը նշանակէ։ Աստուած մեր տառապանքը կը նշմարէ, մեզի հետ կը ցաւի եւ անսահման զօրութիւն ունի։ Կրնա՞ք երեւակայել թէ որքա՜ն ինքնազսպում կը պահանջէ որ ան քայլ չառնէ եւ անմիջապէս մեր տառապանքին վերջ չդնէ։

ՅԱՍՄԻԿ.– Բնա՛ւ այս կերպով չէի մտածած։

ԿԱՐԻՆԷ.– Կրնա՞յ ըլլալ որ ան վաւերական պատճառ ունի չմիջամտելու եւ մեր խնդիրներուն վերջ չդնելու *։

ՅԱՍՄԻԿ.– Հը՛մ։ Կը խորհիմ թէ պատճառ մը կայ։

ԿԱՐԻՆԷ.– Ո՜հ, ձեր հեռաձայնը կը զանգէ։ Լաւ, ես ուրիշ անգամ կու գամ, որպէսզի այս նիւթը յաւելեալ կերպով արծարծենք։ Ի՞նչ կ’ըսէք։

ՅԱՍՄԻԿ.– Այո՛ կը փափաքիմ։ Շնորհակալ եմ *։

Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։

^ պարբ. 59 Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 11–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 62 Յետագային ուրիշ յօդուած մը նկատի պիտի առնէ թէ Աստուած ինչո՛ւ տառապանքը կը թոյլատրէ։