Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Աստուածաշունչի որոշ անձնաւորութիւններ ինչո՞ւ անանուն են

Աստուածաշունչի որոշ անձնաւորութիւններ ինչո՞ւ անանուն են

Աստուածաշունչի Հռութ գրքին մէջ, չէ նշուած այն տղամարդուն անունը, որ մերժեց Մովսիսական օրէնքին կողմէ պահանջուած պարտականութիւն մը կատարել (Հռութ 4։1-12)։ Պէ՞տք է եզրակացնենք թէ Աստուածաշունչին մէջ նշուած բոլոր անանուն անձնաւորութիւնները նմանապէս վատ յատկանիշներ ունէին կամ անկարեւոր անհատներ էին։

Ո՛չ։ Նկատի առ ուրիշ օրինակ մը։ Իր վերջին Պասեքի պատրաստութիւնները տեսնելու համար, Յիսուս երկու աշակերտներու ըսաւ, որ երթան «քաղաքը այս ինչ մարդուն» եւ անոր տան մէջ պէտք եղածը ընեն (Մատթէոս 26։18)։ Արդեօք պէ՞տք է ենթադրենք որ «այս ինչ մարդ»ը վատ յատկութիւններու տէր տղամարդ մըն էր կամ անկարեւոր անհատ մըն էր։ Բնաւ երբեք։ Հոս նշուած «այս ինչ մարդ»ը անկասկած Յիսուսի մէկ աշակերտն էր։ Եւ անոր անունը չնշուեցաւ, պարզապէս քանի որ արձանագրութեան բովանդակութիւնը այս բանը չպահանջեց։

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը կը նշէ բազմաթիւ չար անհատներու անունները, իսկ միւս կողմէ, չի նշեր բազմաթիւ հաւատարիմ անհատներու անունները։ Օրինակ, առաջին կնոջ՝ Եւայի անունը հանրածանօթ է։ Բայց անոր անձնասիրութիւնն ու անհնազանդութիւնը պատճառ դարձան որ Ադամ մեղանչէ եւ մենք սուղ գին վճարենք (Հռովմայեցիս 5։12)։ Առ ի հակապատկեր, Նոյի կնոջ անունը Սուրբ Գիրքին մէջ չէ նշուած, սակայն անոր ցուցաբերած անձնազոհ ու հնազանդ հոգին, երբ իր ամուսինին թիկունք կանգնեցաւ, ուշադրութեան արժանի է։ Յստակ է որ անոր անունը չնշուիլը ցոյց չի տար թէ անկարեւոր անձ մըն էր կամ Աստուծոյ հաճութիւնը չունէր։

Աստուածաշունչին մէջ կան ուրիշ անանուն անհատներ, որոնք Եհովայի նպատակին մէջ կարեւոր նոյնիսկ հերոսական դերեր խաղցան։ Պահ մը մտածէ իսրայէլացի պզտիկ աղջկան մասին, որ ասորի սպարապետին՝ Նէեմանին տան մէջ ստրուկ էր։ Ան Նէեմանին կնոջ համարձակօրէն խօսեցաւ Իսրայէլի մէջ գտնուող Եհովայի մարգարէին մասին։ Ասիկա մե՜ծ հրաշքի մը առաջնորդեց (Դ. Թագաւորաց 5։1-14)։ Ասկէ զատ, Յեփթայէ դատաւորին աղջիկը հաւատքի ընտիր օրինակ հանդիսացաւ։ Ան կամաւորաբար իր հօր ըրած ուխտը կատարեց (Դատաւորաց 11։30-40)։ Նաեւ ունինք աւելի քան 40 սաղմոսներու յօրինողներ եւ հաւատարմօրէն ուշագրաւ նշանակումներ կատարող մարգարէներ, որոնց անունները չենք գիտեր (Գ. Թագաւորաց 20։37-43

Հաւատարիմ հրեշտակներուն օրինակը աւելի՛ տպաւորիչ է։ Հարիւր միլիոնաւոր հրեշտակներ կան, բայց Սուրբ Գիրքը կը նշէ անոնցմէ միայն երկուքին անունները,– Գաբրիէլ եւ Միքայէլ (Դանիէլ 7։10. Ղուկաս 1։19. Յուդա 9)։ Օրինակ, Սամփսոնի հայրը՝ Մանուէն, հրեշտակի մը հարցուց. «Անունդ ի՞նչ է, որպէս զի երբ խօսքդ կատարուի, քեզ պատուենք»։ Հրեշտակը պատասխանեց. «Իմ անունս ինչո՞ւ կը հարցնես»։ Համեստութեամբ, հրեշտակը մերժեց ընդունիլ այն պատիւը, որ միայն Աստուծոյ կը պատկանէր (Դատաւորաց 13։17, 18

Աստուածաշունչը իւրաքանչիւր պարագայի չի բացատրեր, թէ ինչո՛ւ ոմանց անունները նշուած են, իսկ ուրիշներունը՝ ոչ։ Բայց կրնանք դասեր քաղել հաւատարիմներէ, որոնք Աստուծոյ ծառայեցին առանց համբաւ կամ երեւելիութիւն ձեռք ձգելու նպատակաւ։