Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ այսքան կը տառապինք

Ինչո՞ւ այսքան կը տառապինք

Որպէսզի հասկնանք թէ ինչո՛ւ այսքան կը տառապինք եւ ինչո՛ւ տառապանքը ոչնչացնելու մարդկային ջանքերը անյաջող եղած են, պէտք է բնորոշենք տառապանքին ետին գտնուող իսկական պատճառները։ Թէեւ պատճառները խրթին են, բայց երախտապարտ ենք որ Աստուածաշունչը կ’օգնէ զանոնք բնորոշելու։ Այս յօդուածին մէջ, հինգ հիմնական պատճառներ պիտի քննարկենք։ Տե՛ս թէ Աստուածաշունչը ինչպէ՛ս կ’օգնէ որ այս կարեւոր խնդիրը հասկնանք (Բ. Տիմոթէոս 3։16

ՎԱՏ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Երբ ամբարիշտը իշխանութիւն ունենայ, ժողովուրդը կը հեծէ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը (Առակաց 29։2

Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ բազմաթիւ բռնապետներ անգթօրէն իշխեցին, իրենց հպատակներուն վրայ աննկարագրելի տառապանք բերելով։ Անշուշտ, բոլոր իշխողներուն պարագան այդպէս չէ։ Ոմանք թերեւս իրենց ընկեր արարածներուն օգնելու միտում ունին։ Բայց մէյ մը որ աթոռին վրայ նստին, յաճախ կը նկատեն թէ իրենց ջանքերը ի զուր կ’երթան, բախումներու եւ հեղինակաւոր դիրքի վրայ ըլլալու մրցակցութեան առ ի արդիւնք։ Կամ ալ իրենց հեղինակութիւնը սխալ կերպով կը գործածեն՝ յօգուտ իրենց, բայց ի վնաս ժողովուրդին։ ԱՄՆ–ի արտաքին գործոց նախկին նախարար Հենրի Քիսինճըր ըսաւ, թէ «Պատմութիւնը հեքիաթ մըն է՝ մարդկային ձախողած ջանքերու եւ չիրականացած ձգտումներու մասին»։

Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23)։ Անկատար մարդիկ հարկ եղած իմաստութիւնը եւ խորատեսութիւնը չունին, որպէսզի իրենց բոլոր անձնական հարցերը յաջողութեամբ ձեռք առնեն։ Եթէ անհատներ չեն կրնար իրենց քայլերը ուղղել, ինչպէ՞ս ամբողջ ազգ մը պիտի առաջնորդեն։ Կրնա՞ս տեսնել թէ ինչո՛ւ կառավարիչները չեն կրնար տառապանքը չքացնել։ Իրականութեան մէջ, վատ կառավարութիւնը կամ իշխանութիւնը յաճախ ի՛նքն է որ տառապանք կը պատճառէ։

ՍՈՒՏ ԿՐՕՆՔԻՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

«Ասով ամէնքը պիտի գիտնան թէ իմ աշակերտներս էք, եթէ իրարու վրայ սէր ունենաք», ըսաւ Յիսուս (Յովհաննէս 13։35

Բոլո՛ր կրօնական առաջնորդները սիրոյ եւ միութեան մասին կը քարոզեն։ Բայց իրականութեան մէջ, անոնք չեն կրցած իրենց հետեւորդներուն մէջ ցանել այնպիսի սէր մը, որ կողմնապահութիւնը կը չքացնէ։ Փոխանակ մարդոց օգնելու որ սէր մշակեն, կրօնքը յաճախ ժողովուրդին ու ազգային խումբերու մէջ կը յառաջացնէ բաժանում, մոլեռանդութիւն եւ պայքար։ Իր գրքին եզրափակութեան մէջ աստուածաբան Հանս Գիւնկ գրեց. «Ամէնէն ծայրայեղ եւ անգութ քաղաքական բախումներուն ետին եղած է կրօնքը» (Christianity and the World Religions

Ասկէ զատ, կրօնականներէն շատեր բացէ ի բաց կը հանդուրժեն նախամուսնական ու արտամուսնական սեռը, ինչպէս նաեւ՝ միասեռականութիւնը։ Առ ի արդիւնք, հիւանդութիւնը, վիժումը, անփափաքելի յղութիւնը եւ քայքայուած ամուսնութիւններն ու ընտանիքները պատճառած են անպատմելի ցաւ ու վիշտ։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՆԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՁՆԱՍԷՐ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի» (Յակոբոս 1։14, 15

Ժառանգուած անկատարութեան պատճառով, բոլորս սխալներ գործելու ենթակայ ենք եւ հարկ է որ ‘մարմնին ուզածը կատարելու’ ցանկութեան դէմ մաքառինք (Եփեսացիս 2։3)։ Եւ յատկապէս դժուար է մերժել սխալ ցանկութիւն մը, երբ զայն կատարելու պատեհութիւնը ներկայանայ։ Եթէ վնասակար ցանկութեան տեղի տանք, կրնանք կործանիչ հետեւանքներ կրել։

Հեղինակ Ֆ. Տ. Մեթա գրեց. «Մեր կիրքը, անսանձօրէն հաճոյքի ետեւէ ըլլալը, ինքնահաճութիւնը, ագահութիւնը եւ փառասիրութիւնը, տառապանքին մեծ մասը կը պատճառեն»։ Տենչեր եւ ամէն տեսակի մոլութիւններ,– ալքոլ, թմրեցուցիչ, բախտախաղ, սեռ, եւ այլն,– բազմաթիւ «յարգալից քաղաքացիներու» կեանքը քանդած են եւ տառապանք պատճառած են անոնց ընտանիքներուն, բարեկամներուն եւ ուրիշներուն։ Մարդկային անկատար բնոյթին ի տես, տեղին ըլլալով Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլոր ստեղծուածները մինչեւ հիմա մէկտեղ կը հառաչեն ու ծնանելու ցաւ կը քաշեն» (Հռովմայեցիս 8։22

ՉԱՐ ՈԳԻՆԵՐՈՒ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Աստուածաշունչը կը յայտնէ, թէ Սատանան «այս աշխարհի աստուած»ն է եւ իրեն կ’ընկերակցին զօրեղ չար ոգիներ, որոնք կը կոչուին դեւեր (Բ. Կորնթացիս 4։4. Յայտնութիւն 12։9

Սատանային նման, դեւերը մարդիկը կը ղեկավարեն ու կը մոլորեցնեն։ Պօղոս առաքեալ ասիկա ուշադրութեան յանձնեց, երբ ըսաւ. «Մեր պատերազմը արիւնի ու մարմնի հետ չէ, հապա իշխանութիւններու ու պետութիւններու հետ եւ այս խաւար աշխարհին իշխաններուն հետ, երկնաւորներուն մէջ եղող չար ոգիներուն հետ» (Եփեսացիս 6։12

Թէեւ դեւերը կ’ուրախանան մարդիկը նեղելով, բայց ասիկա իրենց գլխաւոր նպատակակէտը չէ։ Անոնք կ’ուզեն մարդիկը Բարձրեալ Աստուծմէն՝ Եհովայէն հեռացնել (Սաղմոս 83։18)։ Աստղաբաշխութեան, մոգութեան, կախարդութեան եւ բախտագուշակութեան նման սովորութիւններ միայն կարգ մը մեթոտներ են, որոնք դեւերը կը գործածեն մարդիկը խաբելու եւ ղեկավարելու։ Անոր համար է որ Եհովան մեզ կը զգուշացնէ այդ վտանգներէն, եւ կը պաշտպանէ բոլոր անոնք որոնք Սատանային եւ դեւերուն կը հակառակին (Յակոբոս 4։7

«ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐ»ՈՒՆ ՄԷՋ Կ’ԱՊՐԻՆՔ

Շուրջ 2000 տարի առաջ, Աստուածաշունչը կանխագուշակեց. «Գիտցիր թէ վերջին օրերը չար ժամանակներ պիտի գան»։

Ցոյց տալով թէ ի՛նչ բան ժամանակները չար կը դարձնէ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Վասն զի մարդիկ պիտի ըլլան անձնասէր, արծաթասէր, ամբարտաւան, հպարտ. . . անգութ, անհաշտ, բանսարկու, անժուժկալ, դաժանաբարոյ, բարին չսիրող, մատնիչ, յանդուգն, գոռոզ, աւելի հեշտասէր քան թէ աստուածասէր»։ Վստահաբար, մեր ամբողջ տառապանքին գլխաւոր մէկ պատճառը այն է, թէ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք (Բ. Տիմոթէոս 3։1-4

Մեր նկատի առած ազդակները յստակ կերպով ցոյց չե՞ն տար, թէ մարդիկ ինչո՛ւ անկարող են տառապանքին վերջ դնել, հակառակ անոր որ լաւ միտումներ կ’ունենան։ Ուստի, ո՞ւր կրնանք դիմել օգնութեան համար։ Պէտք է դիմենք Ստեղծիչի՛ն, որ խոստացած է ‘Սատանային [եւ անոր հետեւորդներուն] գործերը քանդել’ (Ա. Յովհաննէս 3։8)։ Յաջորդ յօդուածը նկատի պիտի առնէ, թէ Աստուած տառապանքին բոլոր պատճառները չքացնելու համար ի՛նչ պիտի ընէ։