Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

«Աստուած. . . ներեց ձեզի»

«Աստուած. . . ներեց ձեզի»

«Ան որ չի կրնար ներել, կը քանդէ այն կամուրջը՝ որուն վրայ ի՛նք պիտի քալէ»։ 17–րդ դարու բրիտանացի պատմաբան՝ Էտուարտ Հէրպէրթի այս խօսքը կ’ընդգծէ մէկ պատճառ, թէ ինչո՛ւ պէտք է իրարու ներենք. ուշ կամ կանուխ, մենք ուրիշներէն պիտի խնդրենք որ մեզի ներեն (Մատթէոս 7։12)։ Բայց ներող ըլլալու ա՛լ աւելի կարեւոր պատճառ մը կայ։ Նկատի առ Պօղոս առաքեալի խօսքերը Կողոսացիս 3։13–ի մէջ. «Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք, եւ ներեցէք իրարու՝ երբ մէկդ միւսին դէմ տրտունջ մը ունենաք։ Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք» (Անթիլիաս

Քանի որ բոլորս անկատար ենք, ատեններ զիրար կը զայրացնենք կամ կը վիրաւորենք (Հռովմայեցիս 3։23)։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր անկատար ընկերակիցներուն հետ խաղաղութիւն պահպանել։ Աստուծմէ ներշնչուած, Պօղոս յորդորեց որ հանդուրժող եւ ներող ըլլանք։ Այդ խրատը ներկայիս յարմար է, ճիշդ ինչպէս որ տեղին էր երբ գրուեցաւ գրեթէ 2000 տարի առաջ։ Մօտէն քննենք Պօղոսի խօսքերը։

«Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք»։ ‘Հանդուրժել’ թարգմանուած յունարէն բառը կը կրէ համբերել իմաստը։ Աշխատասիրութիւն մը կ’ըսէ, թէ քրիստոնեաները այս յատկութիւնը կը ցուցաբերեն՝ «կամենալո՛վ համբերել անոնց, որոնց թերութիւններն ու բնաւորութեան անհաճոյ գիծերը զիրենք կ’անհանգստացնեն»։ «Իրարու հանդէպ» արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ, թէ հանդուրժելը փոխադարձ պէտք է ըլլայ։ Այսինքն, երբ յիշենք թէ ունինք բնաւորութեան գիծեր, որոնք կրնան ուրիշները նեղացնել, թոյլ պիտի չտանք անոնց թերութիւններուն, որ մեր միջեւ եղած խաղաղութիւնը խանգարեն։ Լաւ, ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ ուրիշներ մեզի դէմ մեղանչեն։

«Ներեցէք իրարու»։ Ըստ ուսումնականի մը, ‘ներել’ թարգմանուած յունարէն բառը «թողութեան կամ ներումի սովորական բառը չէ. . . այլ՝ անիկա աւելի խոր իմաստ ունի, եւ կը շեշտէ ներումի մէջ առատաձեռն ըլլալու գաղափարը»։ Ուրիշ աղբիւր մը կ’ըսէ, թէ այս բառը կրնայ նշանակել՝ «գոհացուցիչ բան մը, շնորհ մը կամ օգուտ մը տալ»։ Մենք ցոյց կու տանք թէ այս մարզին մէջ բարերար ենք, կամովին ներելով նոյնիսկ երբ ‘միւսին դէմ տրտունջ մը ունինք’։ Բայց ինչո՞ւ պէտք է կամենանք այսպիսի շնորհ մը տալ։ Քանի որ շատ չանցած թերեւս մե՛նք վիրաւորենք նոյն անհատը, եւ հարկ ունենանք որ մեզի ներէ։

«Ինչպէս Աստուած Քրիստոսի միջոցաւ ներեց ձեզի, այնպէս ալ դուք իրարու ներեցէք»։ Ուրիշներուն ներելու կարեւորագոյն պատճառն այն է, թէ Եհովան մեզի կը ներէ (Միքիա 7։18)։ Պահ մը մտածէ թէ Եհովան ի՜նչ շնորհ կու տայ զղջացող մեղաւորներուն։ Մեր հակառակը, Եհովան չի մեղանչեր։ Այսուհանդերձ, ան կամովին եւ ամբողջովին կը ներէ զղջացող մեղաւորներուն, թէեւ գիտէ թէ անոնք իր ըրածին պիտի չկարենան փոխադարձել։ Իրապէս, ներելու մէջ Եհովան լաւագոյն օրինակը կը հանդիսանայ։

Եհովան զղջացող մեղաւորներուն առատօրէն կը ներէ

Եհովայի ողորմութիւնը մեզ իրեն կը քաշէ եւ կը մղէ, որ ուզենք զինք ընդօրինակել (Եփեսացիս 4։32–5։1)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի հարց տանք. ‘Քանի որ Եհովան ինծի առատօրէն կը ներէ, ինչպէ՞ս կրնամ համանման կերպով վարուիլ անկատար անհատի մը հետ, որ զիս վիրաւորած է բայց սրտանց զղջացած է’ (Ղուկաս 17։3, 4