Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞նչ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ինչպէ՞ս գոյացանք

Ինչպէ՞ս գոյացանք

Աստուածաշունչի առաջին գիրքը՝ Ծննդոցը՝ պարզ խօսքերով կը բացատրէ տիեզերքին ծագումը. «Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց» (Ծննդոց 1։1)։ Իսկ բոյսերն ու անասունները ստեղծելէ ետք, ան առաջին զոյգը՝ Ադամն ու Եւան ստեղծեց։ Անոնք անասուններէն տարբեր էին, քանի որ կրնային Աստուծոյ յատկութիւնները արտացոլել, ներառեալ՝ ազատ կամքը։ Այսպիսով, անոնք իրենց արարքներուն պատասխանատու էին։ Եթէ անոնք Աստուծոյ ցուցմունքներուն հնազանդէին, պիտի կարենային Անոր նպատակին մէջ բաժին բերել, առաջին ծնողները ըլլալով ամբողջ մարդկութեան, որ առյաւէտ երկրի վրայ խաղաղ ու կատարեալ կեանք պիտի վայելէր։

Բայց որոշ հրեշտակ մը, կամ հոգեղէն արարած մը, առիթը օգտագործեց իր անձնական շահերը յառաջ մղելու համար։ Այսպէս, ան դարձաւ Սատանայ, որ կը նշանակէ՝ «Հակառակորդ»։ Օձի մը միջոցաւ խօսելով, Սատանան Եւան խաբեց, անոր ըսելով, որ առանց Աստուծոյ առաջնորդութեան աւելի լաւ վիճակի մէջ պիտի ըլլար։ Ադամն ու Եւան Սատանայի հետեւեցան, իրենց Ստեղծիչին հետ իրենց կապը խզելով։ Այս սխալ ընտրութեան պատճառաւ, անոնք յաւիտենական կեանքը կորսնցուցին եւ մեր բոլորին փոխանցեցին՝ մեղք, անկատարութիւն եւ մահ։

Անմիջապէս Աստուած ցոյց տուաւ թէ կ’ուզէր վիճակը սրբագրել եւ Ադամի սերունդին առջեւ յաւիտենական կեանք ձեռք ձգելու դուռը բանալ։ Ան կանխագուշակեց թէ «սերունդ» մը,– մասնայատուկ անհատ մը,– ի վերջոյ Սատանան պիտի կործանէր եւ անոր, Ադամին ու Եւային պատճառած տառապանքը պիտի ջնջէր (Ծննդոց 3։15)։ Ո՞վ էր այդ «սերունդ»ը։ Ժամանակի ընթացքին ան պիտի յայտնուէր։

Մինչ այդ, Սատանան շարունակ ջանաց Աստուծոյ բարի նպատակը խափանել։ Մեղքն ու չարութիւնը արագօրէն տարածուեցան։ Աստուած վճռեց չարերը Ջրհեղեղով բնաջնջել։ Ան արդար Նոյին ըսաւ որ շինէ տապան մը,– հսկայ ծփացող սնտուկ մը,– ինքզինք եւ իր ընտանիքը փրկելու համար։ Աստուած նաեւ Նոյին թելադրեց որ որոշ անասուններ ալ իրեն հետ տապան մտցնէ։

Ջրհեղեղը սկսելէն մէկ տարի ետք, Նոյ եւ իր ընտանիքը տապանէն դուրս ելան դէպի մաքրուած նոր աշխարհ։ Բայց «սերունդը» տակաւին չէր յայտնուած։

(Աղբիւր՝ Ծննդոց, գլուխ 1-11. Յուդա 6, 14, 15. Յայտնութիւն 12։9)