Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ

Պատանի զաւակիդ հետ առանց վիճելու խօսակցէ

Պատանի զաւակիդ հետ առանց վիճելու խօսակցէ

«Երբ աղջիկս 14 տարեկան եղաւ, սկսաւ ինծի հետ անարգանքով խօսիլ։ Երբ իրեն ըսէի, թէ ‘ճաշի ժամանակն է’, ան կը պատասխանէր. ‘Երբ անօթի զգամ, ա՛յն ատեն կը ճաշեմ’։ Երբ հարցնէի թէ իր մանր պարտականութիւնները վերջացուցած է կամ ոչ, ան կ’ըսէր. ‘Կը բաւէ՛ նեղի դնես զիս’։ Շատ անգամ մեր ձայները կը բարձրանային եւ իրարու վրայ կը պոռայինք» (ՄԱՔԻ, ՃԱՓՈՆ) *։

Եթէ պատանի զաւակ ունիս, բախումները կրնան ծնողական հմտութիւնդ եւ համբերութիւնդ փորձի ենթարկել։ Մարիան, որ Պրազիլի մէջ կ’ապրի եւ 14 տարեկան աղջիկ ունի, կ’ըսէ. «Երբ աղջիկս հեղինակութիւնս հարցականի տակ դնէ, ջիղերս կը խանգարուին։ Ա՛յնքան բարկացկոտ կը դառնանք, որ կը սկսինք իրարու վրայ պոռալ–կանչել»։ Իտալիոյ մէջ, Գարմէլան համանման մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ։ Ան կ’ըսէ. «Տղուս հետ միշտ տաք վիճաբանութիւններ կ’ունենամ, եւ վերջաւորութեան ան ինքզինք իր սենեակին մէջ կը բանտարկէ»։

Ինչո՞ւ այնպէս կը թուի, թէ կարգ մը պատանիներ վիճասէր են։ Իրենց ընկերնե՞րն են պատճառը։ Թերեւս։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ անհատին ընկերակիցները կրնան զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ անոր վրայ՝ լաւ թէ գէշ (Առակաց 13։20. Ա. Կորնթացիս 15։33)։ Ասկէ զատ, այժմու ժամանցին մեծ մասը, որ պատանիները կը հրապուրէ, ցցուն կ’ընէ թէ ըմբոստութիւնն ու անարգանքը ընդունելի են։

Բայց նկատի առնելիք ուրիշ ազդակներ կան, որոնց հետ գլուխ ելլելը դժուար բան չէ, մէյ մը որ հասկնաս ինչպէ՛ս կ’ազդեն պատանիիդ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։

ՊԱՏԱՆԻՆ ԻՐ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՑՆԷ

Պօղոս առաքեալ գրեց. «Երբ տղայ էի, տղայի պէս կը խօսէի, տղայի պէս կը խորհէի, տղայի պէս համարում ունէի. բայց երբ այր եղայ, տղայութեան բաները մէկդի ձգեցի» (Ա. Կորնթացիս 13։11)։ Ինչպէս որ Պօղոսի խօսքերը ցոյց կու տան, անչափահասները եւ չափահասները տարբեր կերպերով կը մտածեն։ Ինչպէ՞ս։

Անչափահասները սապէս կը մտածեն. բան մը կրնայ կա՛մ ճերմակ ըլլալ եւ կամ սեւ։ Առ ի հակապատկեր, չափահասները յաճախ աւելի կարող են պատճառաբանել անյստակ կամ մոխրագոյն հարցերու շուրջ եւ երբ եզրակացութիւններու պիտի հասնին կամ որոշումներ պիտի կայացնեն, աւելի խոր կերպով կը մտածեն։ Օրինակի համար, չափահասները նկատի կ’առնեն խնդրի մը բարոյական հարցերը եւ կը մտածեն թէ իրենց արարքները ինչպէ՛ս պիտի ազդեն ուրիշներուն։ Անոնք թերեւս այդպէս մտածելու վարժուած են, մինչդեռ պատանիները այս մէկը նոր–նոր կը սորվին։

Աստուածաշունչը կը քաջալերէ պատանիները որ իրենց խորհելու կարողութիւնը մշակեն (Առակաց 1։4)։ Իրականութեան մէջ, Աստուածաշունչը բոլոր քրիստոնեաները կը յորդորէ, որ իրենց բանականութիւնը գործածեն (Հռովմայեցիս 12։1, 2. Եբրայեցիս 5։14)։ Ատեններ սակայն, պատանիիդ պատճառաբանելու հմտութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ նոյնիսկ աննշան հարցերու համար քեզի հետ վիճաբանի։ Կամ, կրնայ ըլլալ որ ան արտայայտէ տեսակէտ մը, որ յստակ կերպով ցոյց կու տայ թէ լաւ դատողութեան պակաս ունի (Առակաց 14։12)։ Եթէ այսպիսի պարագայ դիմագրաւես, վիճաբանելու տեղ՝ ինչպէ՞ս կրնաս անոր հետ պատճառաբանել։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Նկատի առ թէ պատանի զաւակդ թերեւս պարզապէս կը ջանայ սորվիլ ինչպէ՛ս տրամաբանել, եւ ա՛յնքան ալ իր տեսակէտին կառչած չէ։ Գիտնալու համար, թէ ան իրապէս ի՛նչ կը խորհի, նախ զինք գովէ («Կը սիրե՛մ մտածելակերպդ, թէեւ կարգ մը եզրակացութիւններուդ հետ համաձայն չեմ»)։ Ապա, իրեն օգնէ որ իր մտածելակերպը քննէ («Կը խորհի՞ս որ ըսածդ ամէն պարագայի կրնայ կիրարկուիլ»)։ Պիտի զարմանաս որ զաւակդ ինչպէ՛ս իր անձնական գաղափարները կը վերաքննէ եւ կը զտէ։

Զգո՛յշ եղիր։ Երբ պատանի զաւակիդ հետ կը պատճառաբանես, մի՛ ջանար փաստել թէ դո՛ւն ճիշդ ես։ Նոյնիսկ երբ այնպէս թուի, թէ ան ըսածիդ ականջ չի կախեր, իրականութեան մէջ ան խօսակցութենէն դասեր քաղած պիտի ըլլայ, առանց այս մէկը արտայայտելու։ Մի՛ զարմանար, եթէ քանի մը օր ետք ան քու տեսակէտդ որդեգրէ, նոյնիսկ դաւանելով որ ատիկա ի՛ր տեսակէտն է։

«Ատեններ տղաս եւ ես պզտիկ բաներու շուրջ կը վիճաբանէինք,– օրինակ՝ ժամանակը չվատնել կամ պզտիկ քոյրը չնեղել։ Բայց շատ մը պարագաներուն, այնպէս կը թուէր թէ ան կ’ուզէր հարցնէի թէ ինք ի՛նչ կը մտածէր եւ հասկացողութիւն ցուցաբերէի, ըսելով. ‘Ո՜հ, ուրեմն այդպէս է պարագան’, կամ, ‘Ուրեմն, ա՛յս է ինչ որ կը մտածես’։ Ետեւ նայելով, կը զգամ որ եթէ այդպիսի արտայայտութիւններ ընէի, հաւանաբար շատ մը վիճաբանութիւններէ պիտի խուսափէինք» (Քենճի, Ճափոն)։

ՊԱՏԱՆԻՆ ԻՐ ՀԱՄՈԶՈՒՄՆԵՐԸ Կ’ՈՐՈՇԷ

Իմաստուն ծնողները կը ստեղծեն այնպիսի մթնոլորտ մը, որուն մէջ պատանիները կրնան իրենց համոզումները արտայայտել

Պատանի մը մեծցնելու կարեւոր մէկ մասն է զինք պատրաստել այն օրուան, երբ տունը պիտի ձգէ եւ որպէս պատասխանատու չափահաս կեանք վարէ (Ծննդոց 2։24)։ Ասիկա կը պարփակէ այնպիսի ինքնութիւն մը կազմել, որ իր ո՛վ ըլլալը կը սահմանէ, այսինքն՝ բնաւորութեան գիծեր, հաւատալիքներ եւ արժանիքներ։ Երբ սխալը ընելու ճնշումին տակ գտնուի, զօրաւոր ինքնութեան տէր պատանի մը աւելի՛ն պիտի ընէ, քան՝ հետեւանքներուն մասին մտածել։ Ան նաեւ հարց պիտի տայ. ‘Ես ինչպիսի՞ անձ մըն եմ։ Ինչպիսի՞ արժանիքներ ունիմ։ Այս պարագային մէջ, այդ արժանիքները ունեցող անհատը ի՞նչ պիտի ընէր’ (Բ. Պետրոս 3։11

Աստուածաշունչը կը խօսի Յովսէփին մասին, որ զօրաւոր ինքնութեան տէր պատանի էր։ Օրինակ, երբ Պետափրէսին կինը զինք կը մղէր որ իրեն հետ սեռային յարաբերութիւն ընէ, Յովսէփ պատասխանեց. «Ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ» (Ծննդոց 39։9)։ Թէեւ շնութիւնը արգիլող օրէնք մը տակաւին չէր տրուած իսրայէլացիներուն, Յովսէփ ըմբռնած էր հարցին նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը։ Ասկէ զատ, «ես ի՜նչպէս» արտայայտութիւնը կը յայտնէ, թէ ան Աստուծոյ տեսակէտը որդեգրած էր,– իր ինքնութեան մէկ մասը դարձուցած էր (Եփեսացիս 5։1

Պատանիդ ալ ինքնութիւն կազմելու ընթացքին մէջ է։ Ասիկա լաւ բան է, քանի որ իր համոզումները իրեն պիտի օգնեն, որ հասակակիցներու ճնշումին հետ գլուխ ելլէ եւ դիրք բռնէ (Առակաց 1։10-15)։ Միւս կողմէ, այդ նոյն ինքնութեան զգացումը կրնայ զինք մղել, որ քեզի դէմ դիրք բռնէ։ Եթէ ասիկա պատահի, ի՞նչ կրնաս ընել։

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Փոխանակ վիճելու, պարզապէս իր ըսածը դարձեալ նշէ («Միայն մէկ վայրկեան։ Վստահ ըլլամ որ քեզ կը հասկնամ։ Այսինքն ըսել կ’ուզես. . . »)։ Ապա, հարցումներ ուղղէ («Ի՞նչը քեզ կը մղէ որ այդպէս զգաս», կամ, «Ի՞նչ բան քեզ այդ եզրակացութեան հասցուց»)։ Թոյլ տուր որ պատանիդ ազատօրէն խօսի եւ իր համոզումները յայտնէ։ Եթէ տեսակէտի տարբերութիւնը նախընտրութեան հարց է, եւ սխալի ու ճիշդի հարց չէ, ցոյց տուր պատանիիդ որ իր տեսակէտը կրնաս յարգել,– նոյնիսկ եթէ ատոր հետ համամիտ չես։

Ինքնութիւն զարգացնելը ոչ միայն բնական է, այլեւ՝ օգտակար։ Վերջ ի վերջոյ, քրիստոնեաները պէտք չէ ըլլան դեռատիներու նման, որոնք «երերած ու վարդապետութեան ամէն հովերէ ասդին անդին տարուբերուած» կ’ըլլան (Եփեսացիս 4։14)։ Ուստի, թոյլ տուր եւ նոյնիսկ քաջալերէ պատանիդ, որ ինքնութիւն մշակէ՝ հաստատ համոզումներով մէկտեղ։

«Երբ աղջիկներուս ցոյց տամ, թէ պատրաստ եմ իրենց մտիկ ընելու, աւելի հակամէտ կ’ըլլան տեսակէտս նկատի առնելու, նոյնիսկ եթէ իրենց տեսակէտէն տարբեր է։ Ուշադիր կ’ըլլամ որ իմ մտածելակերպս իրենց չպարտադրեմ, այլ՝ թոյլ տամ անոնց որ իրենց անձնական համոզումները կազմեն» (Իվանա, Չեխիայի Հանրապետութիւն)։

ԾՆՈՂՆԵՐԸ ՊԷՏՔ Է ԸԼԼԱՆ ՀԱՍՏԱՏ ԲԱՅՑ ՏՐԱՄԱԲԱՆՈՂ

Փոքրիկներու նման, կարգ մը պատանիներ սովորութիւն ունին հարց մը կրկին անգամ իրենց ծնողքին առջեւ դնել, մինչեւ որ անոնք զիջին։ Եթէ տանդ մէջ ասիկա յաճախ կը պատահի, ուշադի՛ր եղիր։ Թէեւ տեղի տալը կրնայ քեզի վայրկենական հանգստութիւն տալ, բայց պատանիիդ կը սորվեցնէ, որ վիճիլը կերպ մըն է, որով կրնայ իր ուզածը ձեռք ձգել։ Լուծումը ի՞նչ է։ Յիսուսի յորդորին հետեւէ. «Ձեր խօսքը ըլլայ այոն՝ այո, եւ ոչը՝ ոչ» (Մատթէոս 5։37)։ Պատանին քեզի հետ աւելի քիչ պիտի վիճաբանի, երբ գիտէ որ հաստատ ես։

Միեւնոյն ժամանակ՝ տրամաբանող եղիր։ Օրինակ, թոյլ տուր պատանիիդ որ բացատրէ ինչո՛ւ կը զգայ որ որոշ առիթի մը համար, տուն վերադառնալու սահմանուած ժամանակը պէտք է ճշդուի։ Այսպէս ընելով, ոչ թէ ճնշումի տեղի կու տաս, հապա պարզապէս Աստուածաշունչի յորդորին կը հետեւիս. «Ձեր քաղցրութիւնը [«խոհեմութիւնը», ՆԱ] ամէն մարդու թող յայտնի ըլլայ» (Փիլիպպեցիս 4։5

ՀԵՏԵՒԵԱԼԸ ՓՈՐՁԷ։ Ընտանեօք քննարկեցէք տուն վերադառնալու սահմանուած ժամանակը, ինչպէս նաեւ ա՛յլ կանոններ։ Ցոյց տուր թէ որոշում կայացնելէ առաջ՝ պատրաստ ես լսելու եւ բոլոր ազդակները կշռադատելու։ «Պատանիները պէտք է տեսնեն, թէ իրենց ծնողները պատրաստ են խնդրանքի մը ‘այո՛’ ըսելու, եթէ Աստուածաշունչի սկզբունք մը չի բեկանուիր», կ’ըսէ Ռոպէրթոն, որ Պրազիլի մէջ բնակող հայր մըն է։

Անշուշտ, ո՛չ մէկ ծնող կատարեալ է։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Բոլորս ալ կը սայթաքինք շատ բաներու մէջ» (Յակոբոս 3։2, ԱԾ)։ Եթէ նկատես, որ առնուազն մասամբ դո՛ւն պատասխանատու ես տեղի ունեցած վիճաբանութեան, մի՛ վարանիր ներողութիւն խնդրելու։ Սխալդ ընդունիլը խոնարհութեան լաւ օրինակ կը հանդիսանայ եւ ճամբան պիտի հարթէ որ պատանիդ ալ համանման կերպով վարուի։

«Վիճաբանութենէ մը ետք երբ հանդարտեցայ, պոռթկումիս համար տղայէս ներողութիւն խնդրեցի։ Ասիկա իրեն օգնեց, որ ինք եւս հանդարտի եւ դիւրաւ ինծի մտիկ ընէ» (Քենճի, Ճափոն)։

^ պարբ. 3 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։

ԴՈՒՆ ՔԵԶԻ ՀԱՐՑ ՏՈՒՐ

  • Ի՞նչ կերպերով կրնայ ըլլալ որ պատանիիս հետ վիճաբանութիւն կը հրահրեմ։

  • Ինչպէ՞ս կրնամ այս յօդուածը գործածել պատանիս աւելի լաւ հասկնալու։

  • Ի՞նչ կրնամ ընել, որպէսզի պատանիիս հետ խօսակցիմ առանց վիճելու։