Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ

Ռախաբ «գործերով արդարացաւ»

Ռախաբ «գործերով արդարացաւ»

ՄԻՆՉ Երիքով շրջապատող դաշտը արշալոյսը կը դիմաւորէ, Ռախաբ պատուհանին քով կեցած՝ աչքերը դուրս սեւեռած է։ Իսրայէլի զօրքը, որ քաղաքը պիտի ներխուժէ, դաշտին մէջ բանակած է։ Մինչ անոնք կը սկսին քաղաքին շուրջ դառնալ,– ճիշդ ինչպէս որ նախորդ օրերը ըրին,– օդը փոշիով կը լեցուի եւ փողերու ձայնը ամէնուրեք կը լսուի։

Երիքովը Ռախաբի բնակավայրն էր։ Ան գիտէր ատոր ճամբաները, տուները, խճողուած շուկաները եւ խանութները։ Ան տեղացի մարդիկն ալ լաւ կը ճանչնար։ Ան կրնար նկատել թէ ինչպէ՛ս անոնց վախը օրէ օր կը սաստկանար, մինչ իսրայէլացիները օրը անգամ մը քաղաքին շուրջ կը դառնային։ Երբ Երիքովի ճամբաներուն եւ հրապարակներուն մէջ փողերուն ձայնը արձագանգէր, Ռախաբ իր ժողովուրդին նման չէր վախնար, ոչ ալ կը յուսահատէր։

Ռախաբ կը դիտէր, մինչ այս եօթներորդ օրը բանակը կանուխ սկսաւ քալել։ Իսրայէլացի զինուորներուն մէջ ան կը տեսնէր քահանաներ, որոնք փողեր կը հնչէին եւ շալկած էին սուրբ տապանակը, որ կը ներկայացնէր անոնց Աստուծոյն՝ Եհովայի ներկայութիւնը։ Կրնանք երեւակայել թէ Ռախաբ իր ձեռքը դրած էր կարմիր պարանին վրայ, որ իր պատուհանէն կախուած էր։ Այդ պարանը Ռախաբի կը յիշեցնէր, թէ ինք եւ իր ընտանիքը քաղաքին կործանումէն վերապրելու յոյս ունէին։ Ռախաբ դաւաճա՞ն էր։ Եհովային աչքին՝ վստահաբար ո՛չ. ան զինք նկատեց աչքառու հաւատքի տէր կին մը։ Նկատի առնենք Ռախաբի պատմութիւնը սկիզբէն եւ տեսնենք թէ ի՛նչ դասեր կրնանք քաղել։

ՌԱԽԱԲ ՊՈՌՆԻԿԸ

Ռախաբ պոռնիկ էր։ Այս իրողութիւնը անցեալին ա՛յնքան ցնցեց Աստուածաշունչի կարգ մը մեկնաբաններ որ դաւանեցան, թէ ան պարզապէս պանդոկապետ էր։ Բայց Աստուածաշունչը շա՛տ յստակ է եւ իրողութիւնները չի պահեր (Յեսու 2։1. Եբրայեցիս 11։31. Յակոբոս 2։25)։ Քանանական ընկերութեան մէջ, Ռախաբի այս գործը հաւանաբար որոշ չափով յարգելի էր։ Բայց մշակոյթը միշտ չի կրնար ջնջել խղճմտանքը,– ճիշդի ու սխալի ներքին զգացումը՝ որ Եհովան մեզի շնորհած է (Հռովմայեցիս 2։14, 15)։ Ռախաբ թերեւս կ’անդրադառնար թէ իր կենցաղակերպը նուաստացուցիչ էր։ Հաւանաբար, ան կաշկանդուած կը զգար, խորհելով որ իր ընտանիքին հոգ տանելու համար ուրիշ ճար մը չունէր,– ինչպէս որ ներկայիս շատեր, որոնք համանման ենթահող ունին, այդպէս կը զգան։

Անկասկած Ռախաբ աւելի լաւ կենցաղակերպ կ’ուզէր։ Իր հայրենիքը լեցուն էր բռնութեամբ եւ անբարոյութեամբ, ներառեալ՝ ազգապղծութեամբ եւ անասնամոլութեամբ (Ղեւտացւոց 18։3, 6, 21-24)։ Այսպիսի չարիքի համատարած ըլլալը մեծապէս կապ ունէր կրօնքին հետ։ Տաճարները ծիսական պոռնկութիւնը յառաջ կը մղէին, եւ Բահաղի ու Մողոքի նման չաստուածներու պաշտամունքը կը պարփակէր՝ մանուկները ողջ–ողջ կրակէ անցընելով զոհ մատուցանել։

Եհովան շատ լաւ գիտէր Քանանի մէջ ի՛նչ տեղի կ’ունենար։ Իրականութեան մէջ, անոր բնակիչներուն չար արարքներուն պատճառաւ, ան ըսաւ. «Այն երկրին պղծուելովը՝ անոր անզգամութիւնը պիտի պատժեմ ու այն երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ» (Ղեւտացւոց 18։25‘Պատիժը’ ի՞նչ կը պարփակէր։ Ընդհանուր առմամբ, իսրայէլի տրուեցաւ այս աստուածային խոստումը. «Տէր Աստուածդ այն ազգերը քու առջեւէդ կամաց կամաց պիտի վռնտէ» (Բ. Օրինաց 7։22)։ Դարեր առաջ, Եհովան խոստացած էր որ սոյն երկիրը Աբրահամի զարմին պիտի ըլլար, եւ ան «անսուտն Աստուած» է (Տիտոս 1։2. Ծննդոց 12։7

Եհովան նաեւ վճիռ արձակեց, որ որոշ բնակիչներ ամբողջովին պիտի բնաջնջուէին (Բ. Օրինաց 7։1, 2)։ «Երկրի Դատաւորը» ըլլալով, ան իւրաքանչիւր սիրտ կարդացած էր եւ գիտէր թէ որքա՜ն չարութիւնն ու անբարոյութիւնը անոնց մէջ խոր արմատ կապած էին (Ծննդոց 18։25. Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Այսպիսի դատապարտուած քաղաքի մը մէջ ապրելով, Ռախաբ ինչպէ՞ս կը զգար։ Կրնանք երեւակայել անոր վիճակը, երբ իսրայէլի մասին լուրեր հասան ականջին։ Ան իմացաւ թէ իսրայէլի Աստուածը ազատագրեց իր ժողովուրդը,– հարստահարուած ստրուկներու ազգ մը,– եւ Եգիպտոսի բանակը ջախջախեց, որ այդ ատեն աշխարհի ամէնէն զօրեղ բանակն էր։ Եւ այժմ իսրայէլ Երիքովի վրայ պիտի յարձակէր։ Այսուհանդերձ, քաղաքին բնակիչները իրենց չարութեան մէջ կը յարատեւէին. անոր համար Աստուածաշունչը Ռախաբի հայրենակիցներուն մասին կ’ըսէ, թէ «անհնազանդներ» էին (Եբրայեցիս 11։31, ԱԾ

Ռախաբ տարբեր էր։ Երկար տարիներ, ան մտածած ըլլալու էր այն տեղեկագրութիւններուն մասին, որ իսրայէլի եւ անոր Աստուծոյն՝ Եհովայի նկատմամբ լսած էր։ Եհովան որքա՜ն տարբեր էր քանանացի աստուածներէն։ Ան իր ժողովուրդին համար կը պատերազմէ՛ր եւ իր երկրպագուներուն բարոյականութիւնը բա՛րձր կը պահէր։ Ան կիները թանկարժէք կը նկատէր, եւ ոչ թէ պարզապէս սեռային առարկաներ, որոնք կը գնուին, կը ծախուին եւ նուաստացուցիչ պաշտամունքի մէջ կը գործածուին։ Երբ Ռախաբ իմացաւ որ իսրայէլը Յորդանանի մօտ բանակած է եւ Երիքովի վրայ պիտի յարձակի, ան իր ժողովուրդին համար սարսափած ըլլալու էր։ Եհովան Ռախաբը նշմարե՞ց եւ անոր լաւ յատկութիւնները տեսա՞ւ։

Ներկայիս շատեր Ռախաբի նման այնպիսի կենցաղակերպ մը ունին, որ իրենց արժանապատուութիւնը կը ցածցնէ եւ ուրախութիւնը կը խլէ։ Անոնք կը զգան թէ աննշմարելի եւ անարժէք են։ Ռախաբի պարագան մխիթարիչ յիշեցում է, թէ ո՛չ ոք Աստուծոյ աննշմարելի է։ Որքա՛ն ալ ստորին զգանք, ան «մեր ամէն մէկէն ալ հեռու չէ» (Գործք 17։27)։ Ան կը տենչայ յոյս տալ բոլոր անոնց, որոնք իրեն հաւատք կ’ընծայեն։ Արդեօք Ռախաբ այդպէս ըրա՞ւ։

ԱՆ ԼՐՏԵՍՆԵՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ

Օր մը, իսրայէլը Երիքովի շուրջ դառնալէ առաջ, երկու անծանօթներ Ռախաբի դուռը զարկին։ Անոնք կը յուսային որ մէկը զիրենք չտեսնէր։ Բայց քաղաքին մէջ շատեր զգաստ էին, որպէսզի բռնեն ոեւէ իսրայէլացի լրտես։ Ռախաբ դիւրաւ կրցաւ գիտնալ թէ անոնք ո՛վ էին։ Տարօրինակ բան չէր որ երկու օտար տղամարդիկ իր դուռը զարնէին, բայց այս երկուքը միայն իջեւան խնդրեցին եւ ոչ թէ պոռնիկի մը հետ գիշերը անցընել։

Երկու տղամարդիկը իսրայէլացի լրտեսներ էին։ Անոնց առաջնորդը՝ Յեսուն՝ զիրենք ղրկած էր, որպէսզի Երիքովի զօրաւոր եւ տկար կողմերը ստուգեն։ Ասիկա Քանանի առաջին քաղաքն էր, որուն վրայ իսրայէլացիները պիտի յարձակէին, եւ թերեւս ամէնէն զօրաւորն էր։ Յեսուն ուզեց գիտնալ, թէ իրենց ի՛նչ կը սպասէր։ Անկասկած, լրտեսները դիտմամբ ընտրեցին Ռախաբի տունը, քանի որ պոռնիկի մը տան մէջ օտարները կրնան աննկատ մնալ։ Թերեւս անոնք նաեւ յուսացին որեւէ անուշադիր խօսակցութենէ լսել օգտակար տեղեկութիւններ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Ռախաբ «լրտեսները իր տունը հիւրընկալեց» (Յակոբոս 2։25, Անթիլիաս)։ Ան զանոնք իր տան մէջ ընդունեց, եւ թոյլ տուաւ որ մնան, նոյնիսկ եթէ անոնց ո՛վ ըլլալուն կամ ընելիքին մասին կասկածներ ունէր։ Թերեւս ան յուսաց որ աւելի՛ն սորվի անոնց Աստուծոյն՝ Եհովային մասին։

Բայց յանկարծ Երիքովի թագաւորին մարդիկը հասան։ Լուր տարածուած էր որ երկու իսրայէլացի լրտեսներ Ռախաբի տունը եկած էին։ Ռախաբ ի՞նչ պիտի ընէր։ Եթէ ան այդ երկու օտարները կամ թշնամիները պաշտպանէր, ինքզինք եւ իր ամբողջ ընտանիքը վտանգի մատնած պիտի ըլլար. Երիքովի ժողովուրդը կրնար զիրենք ջարդել։ Միւս կողմէ, այժմ Ռախաբ ստոյգ գիտէր թէ այս երկու տղամարդիկը որո՛նք էին։ Ան այս պատեհութիւնը պիտի օգտագործէ՞ր Եհովային կողմը դիրք բռնելու։

Ռախաբ մտածելու շատ ժամանակ չունէր, բայց ան հնարամիտ էր եւ արագօրէն գործի անցաւ։ Ան լրտեսները պահեց վուշի ցօղուններու մէջ, որոնք տանիքին վրայ դիզուած էին։ Ապա թագաւորին մարդոց ըսաւ. «Իրաւ այն մարդիկը ինծի եկան, բայց ուրկէ ըլլալնին չգիտցայ ու դռներուն գոցուելու ատենը, մութին, այն մարդիկը դուրս ելան։ Անոնց ուր երթալը չեմ գիտեր։ Շուտով անոնց ետեւէն գացէք, որպէս զի անոնց հասնիք» (Յեսու 2։4, 5)։ Պահ մը երեւակայէ թէ Ռախաբ ինչպէ՛ս թագաւորին մարդոց դէմքերը կը դիտէր, հարց տալով թէ արդեօք անոնք կը նկատէի՞ն թէ իր սիրտը որքա՛ն արագ կը տրոփէր։

Իր կեանքը վտանգելով, Ռախաբ Եհովայի երկու ծառաները վուշի ցօղուններու մէջ պահեց

Թագաւորին մարդիկը Ռախաբի ըսածին հաւատալով՝ աճապարանօք Յորդանանի անցքերը ուղղուեցան (Յեսու 2։7)։ Ռախաբ վստահաբար երկար շունչ առաւ։ Պարզ ռազմավարութիւն մը գործածելով, ան սխալ ուղղութիւն տուաւ այդ ոճրագործներուն, որոնք իրականութիւնը գիտնալու իրաւասութիւն չունէին, եւ այսպէս Եհովայի անմեղ ծառաները ազատեց։

Ռախաբ արագօրէն տանիք ելաւ եւ երկու լրտեսներուն պատմեց պատահածը։ Ինչպէս նաեւ ան սա կարեւոր իրողութիւնը անոնց յայտնեց. իր ժողովուրդին սիրտը հալած էր եւ յարձակողներուն երեսէն կը վախնային։ Այս բարի լուրը անշուշտ ուրախացուց լրտեսները։ Այդ չար քանանացիները հետզհետէ աւելի՛ կը սարսափէին իսրայէլի Աստուծոյ՝ Եհովայի զօրութենէն։ Յետոյ, Ռախաբ մեզի համար աւելի մեծ կարեւորութիւն ունեցող բան մը յայտնեց։ Ան ըսաւ. «Ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած» (Յեսու 2։11)։ Եհովային մասին լսած իր տեղեկագրութիւնները բաւարար էին, որ գիտնայ թէ իսրայէլի Աստուածը իր վստահութեան արժանի է։ Ան Եհովայի հաւատաց։

Ռախաբ կասկած չունէր թէ Եհովան իր ժողովուրդը յաղթանակի պիտի առաջնորդէր։ Ուստի, ողորմութիւն խնդրեց՝ աղաչելով որ ինք եւ իր ընտանիքը խնայուին։ Լրտեսները համաձայն գտնուեցան, պայման դնելով որ Ռախաբ այս գաղտնիքը ծածուկ պահէ եւ իր տան պատուհանէն կարմիր պարան կախէ, որպէսզի զինուորները զինք եւ իր ընտանիքը պաշտպանեն (Յեսու 2։12-14, 18

Հաւատքի մասին կարեւոր ճշմարտութիւն մը կրնանք սորվիլ Ռախաբէն։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հաւա՛տքը լսելէն է» (Հռովմայեցիս 10։17)։ Ան վստահելի տեղեկագրութիւններ լսեց Եհովա Աստուծոյ զօրութեան եւ արդարութեան մասին, անոր համար Իրեն հաւատք ընծայեց եւ վստահեցաւ։ Ներկայիս, Եհովայի մասին աւելի՛ գիտելիքներ մեզի մատչելի են։ Աստուածաշունչէն մեր սորվածներուն հիման վրայ, կը ջանա՞նք զինք ճանչնալ եւ իրեն հաւատալ։

ՀՍԿԱՅ ՊԱՐԻՍՊ ՄԸ Կ’ԻՅՆԱՅ

Ռախաբի խրատին անսալով, երկու լրտեսները պարիսպէն վար իջան՝ պատուհանէն կախուած պարանի մը միջոցաւ, եւ ապա լեռներուն կողմը ուղղուեցան։ Երիքովի հիւսիսը՝ լեռնակողմը՝ բազմաթիւ քարայրներ կային, ուր լրտեսները մնացին, մինչեւ որ ապահով էր բանակավայր վերադառնալ ու Ռախաբի պատմած բարի լուրերը փոխանցել։

Ռախաբ իսրայէլացիներու Աստուծոյն հաւատք ընծայեց

Յետոյ, Երիքովի բնակիչները վստահաբար սարսափեցան, երբ գիտցան թէ Եհովան հրաշալիօրէն Յորդանանի գետը կեցուց, թոյլ տալով որ իսրայէլ գետին մէկ կողմէն միւսը անցնի (Յեսու 3։14-17)։ Ռախաբի համար սակայն, այս լուրը յաւելեալ փաստ մըն էր, որ Եհովային հաւատք ընծայելը առնելիք լաւագոյն քայլն էր։

Անկէ ետք, իսրայէլ վեց օր,– օրը մէկ անգամ,– Երիքովի շուրջ դարձաւ։ Այժմ եօթներորդ օրն էր եւ այս անգամ ատիկա տարբեր էր։ Ինչպէս որ յօդուածին սկիզբը նշուած է, քաղաքին շուրջ դառնալը արեւածագին սկսաւ, եւ անգամ մը դառնալէ ետք, անոնք շարունակեցին կրկին անգամ դառնալ (Յեսու 6։15)։ Իսրայէլացիները ի՞նչ կ’ընէին։

Ի վերջոյ, եօթը անգամ դառնալէ ետք, բանակը կանգ առաւ։ Փողերուն ձայնն ալ դադարեցաւ։ Լռութիւն կը տիրէր։ Վստահաբար, քաղաքին բնակիչները պրկուած ու ճնշուած կը զգային։ Ապա, Յեսուէն նշան առնելով, իսրայէլի բանակը առաջին անգամ ըլլալով բարձրաձայն աղաղակեց։ Արդեօք Երիքովի պարիսպներուն վրայ գտնուող պահակները ի՞նչ մտածեցին։ Անոնք խորհեցա՞ն որ ասիկա տարօրինակ յարձակում մըն էր,– պարզապէս բացագանչութիւն մը։ Եթէ այո՛, անոնք երկար չմտածեցին։ Յանկարծ պարիսպները սկսան ցնցուելով փուլ գալ։ Սակայն երբ փոշին փարատեցաւ, կարելի եղաւ տեսնել թէ պարիսպին մէկ մասը չէր ինկած։ Ռախաբի տունը անվնաս էր, յուշարձանի մը նման կը վկայէր իր հաւատքին։ Երեւակայէ Ռախաբի զգացումները, երբ տեսաւ թէ Եհովան ինչպէ՛ս զինք պաշտպանեց *։ Իր ընտանիքը ապահո՛վ էր (Յեսու 6։10, 16, 20, 21

Եհովայի ժողովուրդն ալ Ռախաբը յարգեց՝ իր ունեցած հաւատքին պատճառով։ Երբ անոնք տեսան թէ աւերակներուն մէջ միայն մէկ տուն առանձին կանգնած մնաց, գիտցան թէ Եհովան այս կնոջ հետ էր։ Ռախաբ եւ իր ընտանիքը չար քաղաքին հետ չբնաջնջուեցան։ Պատերազմէն ետք, Ռախաբի թոյլատրուեցաւ իսրայէլի բանակավայրին մօտ մնալ։ Ժամանակի ընթացքին, Ռախաբ իսրայէլի ժողովուրդին մաս կազմեց։ Ան Սաղմոն անունով տղամարդու մը հետ ամուսնացաւ։ Անոնց որդին՝ Բոոսը, աչքառու հաւատքի տէր մարդ մը դարձաւ։ Ան ամուսնացաւ մովաբացի Հռութին հետ (Հռութ 4։13, 22) *։ Դաւիթ թագաւոր եւ Մեսիան՝ Յիսուս Քրիստոս, այդ ուշագրաւ ընտանիքին կը պատկանէին (Յեսու 6։22-25. Մատթէոս 1։5, 6, 16

Ռախաբի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեզմէ ո՛չ ոք Եհովայի քով աննշան է։ Ան բոլորս կը տեսնէ, մեր սիրտերը կը կարդայ եւ կ’ուրախանայ երբ տեսնէ այնպիսի հաւատք մը, որ Ռախաբի սրտին մէջ կար եւ զինք գործի մղեց։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, Ռախաբ «գործերով արդարացաւ» (Յակոբոս 2։25)։ Ի՜նչ իմաստութիւն պիտի ըլլայ անոր հաւատքը ընդօրինակել։

^ պարբ. 27 Հետաքրքրական է որ Եհովան յարգեց այն համաձայնութիւնը, որ երկու լրտեսներուն եւ Ռախաբի միջեւ եղաւ։

^ պարբ. 28 Հռութի եւ Բոոսի մասին աւելին գիտնալու համար, տե՛ս Դիտարան–ի 1 յուլիս եւ 1 հոկտեմբեր 2012 թիւերուն «Անոնց հաւատքը ընդօրինակենք» յօդուածները (անգլերէնով)։