Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒԴ ՍՈՐՎԵՑՈՒՐ

Յիսուս Քրիստոս. մանկի՞կ մը, թէ ոչ թագաւոր մը

Յիսուս Քրիստոս. մանկի՞կ մը, թէ ոչ թագաւոր մը

Դեկտեմբերին, ամբողջ աշխարհի մէջ մարդիկ կը տեսնեն՝ մսուրի մէջ մանուկ Յիսուսի նկարները։ Բայց արդեօք Յիսուսը պէտք է յիշենք միա՞յն որպէս մանկիկ *։— Նկատի առնենք թէ ո՛ր աւելի կարեւոր կերպով կրնանք զինք յիշել, վերաքաղ ընելով ինչ որ պատահեցաւ կարգ մը հովիւներու, որոնք գիշեր մը, Բեթլեհէմի մօտակայ դաշտին մէջ էին։

Հրեշտակ մը յանկարծ հովիւներուն կ’երեւի եւ անոնց կ’ըսէ. «Այսօր Փրկիչ մը ծնաւ. . . որ Օծեալ Տէր է»։ Հրեշտակը նաեւ անոնց կ’ըսէ, թէ Յիսուսը պիտի գտնեն «խանձարուրով փաթթուած ու մսուրի մէջ պառկած»։ Իսկոյն, ուրիշ բազմաթիւ հրեշտակներ կ’երեւին եւ կը սկսին ‘Աստուած օրհնել’։

Ի՞նչ պիտի զգայիր, եթէ լսէիր հրեշտակները ինչպէ՛ս Աստուած կը փառաբանեն։— Հովիւները ուրա՛խ էին։ «Եկէք մինչեւ Բեթլեհէմ երթանք ու տեսնենք թէ ի՞նչ է այս եղած բանը», ըսին անոնք։ Հոն կը գտնեն «Մարիամը ու Յովսէփը եւ մսուրին մէջ պառկած մանուկը»։

Շատ չանցած, ուրիշներ կու գան Բեթլեհէմ, ուր Մարիամ եւ Յովսէփ կը մնան։ Երբ հովիւները անոնց կը պատմեն պատահածը, բոլորը կը զարմանան։ Այս դէպքը քեզ ալ կ’ուրախացնէ՞։— Բոլորս որ Աստուած կը սիրենք, այս պատմութիւնը լսելով կ’ուրախանանք։ Տեսնենք թէ Յիսուսի ծնունդը ինչո՛ւ այսքան ուրախութիւն կը պատճառէ։ Ուստի, վերադառնանք այն ժամանակին, երբ Մարիամ տակաւին չէր ամուսնացած։

Օր մը, Գաբրիէլ անունով հրեշտակ մը Մարիամին կ’այցելէ։ Ան կը խոստանայ, թէ Մարիամ մանուկ մը պիտի ծնանի, որ «մեծ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի»։ Գաբրիէլ կ’ըսէ, թէ մանուկը «պիտի թագաւորէ» եւ «անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։

Մարիամ կ’ուզէ գիտնալ թէ ասիկա ինչպէ՛ս կրնայ պատահիլ, քանի որ ինք ամուսնացած չէ։ Ուստի, Գաբրիէլ կը բացատրէ. «Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ հովանի պիտի ըլլայ» եւ «քեզմէ ծնանելու սուրբը Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի»։ Աստուծոյ Որդին երկինքէն առնելը եւ անոր կեանքը Մարիամի արգանդին մէջ դնելը, որպէսզի հոն աճի ու մանուկ մը դառնայ, իրապէս մե՜ծ հրաշք մըն էր։

Տեսա՞ծ ես նկարներ, որոնք կը ցուցնեն երեք «մոգեր» հովիւներուն հետ մանուկ Յիսուսին կ’այցելեն։— Ծնունդի տօնին ժամանակ, այդպիսի նկարներ եւ տեսարաններ սովորական է տեսնել։ Բայց ատոնք ճշգրիտ չեն։ Այդ «մոգեր»ը իրականութեան մէջ աստղաբաշխներ էին, եւ Աստուած աստղաբաշխութիւնը կը դատապարտէ։ Տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ երբ անոնք հասան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տունը մտնելով՝ տեսան մանուկը իր մօրը Մարիամին հետ»։ Ուստի, այդ ատեն Յիսուս ա՛լ մսուրի մէջ նորածին մանկիկ մը չէր, հապա քիչ մը մեծցած էր եւ տան մը մէջ կ’ապրէր։

Աստղաբաշխները ինչպէ՞ս Յիսուսի տեղը գտան։— «Աստղ» մը զիրենք առաջնորդեց, ոչ թէ Բեթլեհէմ, այլ՝ նախ Երուսաղէմ, Հերովդէս թագաւորին քով։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ Հերովդէս ուզեց Յիսուսը գտնել, որպէսզի զինք սպաննէ։ Պահ մը մտածէ՛. ո՞վ աստղի մը միջոցաւ աստղաբաշխները բերաւ Հերովդէսին քով։— Ան ճշմարիտ Աստուածը՝ Եհովան չէր, այլ՝ անոր թշնամին Բանսարկու Սատանան։

Այսօր Սատանան մարդիկը կը մղէ Յիսուսի մասին մտածելու որպէս անօգնական մանկիկ։ Բայց Գաբրիէլ հրեշտակը Մարիամին ըսաւ, թէ Յիսուս «պիտի թագաւորէ։ Անոր թագաւորութիւնը վերջ պիտի չունենայ»։ Այժմ Յիսուս երկնքի մէջ կը թագաւորէ եւ շուտով Աստուծոյ բոլոր թշնամիները պիտի ոչնչացնէ։ Ա՛յսպէս է որ պէտք է Յիսուսը յիշենք եւ հարկ է որ ուրիշներուն ալ պատմենք։

^ պարբ. 3 Եթէ պզտիկի մը հետ կը կարդաս, ամէն անգամ որ գծիկը տեսնես, կանգ առ եւ պզտիկը քաջալերէ որ արտայայտուի։