Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Քրիստոսի վերադարձին նպատակը ի՞նչ է։

Ք.Ե. 33–ին երկինք համբառնալէ առաջ, Յիսուս Քրիստոս խոստացաւ վերադառնալ։ Ան ինքզինք նմանցուց ազնուականի մը, որ երկար ժամանակ հեռու երկիր գնաց եւ ապա որպէս թագաւոր վերադարձաւ։ Յիսուսի վերադարձին նպատակն է՝ մարդկութեան լաւ կառավարութիւն մը հայթայթել (կարդա՛ Ղուկաս 19։11, 12

Յիսուս մարդկութեան լաւ կառավարութիւն պիտի բերէ

Քրիստոս ի՞նչ կերպով կը վերադառնայ։ Ան յարութիւն առաւ որպէս անտեսանելի հոգեղէն արարած (Ա. Պետ. 3։18)։ Ապա երկինք գնաց եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստաւ (Սաղմոս 110։1)։ Շատ ժամանակ ետք, Եհովա Աստուած՝ «Հինաւուրց»ը՝ Յիսուսին հեղինակութիւն տուաւ որ մարդկութեան վրայ իշխէ։ Ուստի, Յիսուս կը վերադառնայ ոչ թէ որպէս մարդ, այլ որպէս անտեսանելի Թագաւոր (կարդա՛ Դանիէլ 7։13, 14

Երբ Յիսուս գայ, ի՞նչ պիտի ընէ։

Երբ իր հրեշտակներուն հետ անտեսանելիօրէն գայ, Յիսուս մարդկութիւնը պիտի դատէ։ Ան չարերը պիտի բնաջնջէ, բայց յաւիտենական կեանք պիտի շնորհէ անոնց՝ որոնք զինք որպէս Թագաւոր կ’ընդունին (կարդա՛ Մատթէոս 25։31-33. Առակաց 2։22

Որպէս Թագաւոր իշխելով, Յիսուս երկրագունդը դրախտի պիտի վերածէ։ Ան մեռելները պիտի յարուցանէ, որպէսզի կարենան կեանք վայելել դրախտային երկրի վրայ (կարդա՛ Սաղմոս 37։29. Յովհաննէս 11։25