Գիտէի՞ր
Յիսուսի օրերուն, ինչպէ՞ս կը կատարուէին տաճարի նուիրատուութիւնները։
Տաճարին գանձանակը կը դրուէր Կիներու գաւիթին մէջ։ Գիրք մը կ’ըսէ. «Սիւնաշարք մը կար, որուն մէջ եւ պատին կողքին կային տասներեք սնտուկներ կամ ‘փողեր’, ուր նուիրատուութիւնները կը դրուէին» (The Temple—Its Ministry and Services)։
Սնտուկները կը կոչուէին փողեր, քանի որ ատոնց բերանը նեղ էր, իսկ վարի մասը՝ լայն։ Իւրաքանչիւր սնտուկ որոշ ընծայի համար յատկացուած էր, եւ ատոնց մէջ հաւաքուած գումարը մասնայատուկ գործածութիւններու համար էր։ Յիսուս Կիներու գաւիթին մէջն էր, երբ նշմարեց բազմաթիւ մարդոց ըրած նուիրատուութիւնները, ներառեալ՝ այրի կնոջ նուիրատուութիւնը (Ղուկաս 21։1, 2)։
Երկու սնտուկներ տաճարին տուրքին համար տրամադրուած էին։ Մէկը ընթացիկ տարուան համար, իսկ միւսը անցեալ տարուան համար։ Երեքէն եօթներորդ սնտուկներուն մէջ դրուած գումարներով կ’ապահովէին տատրակներ, աղաւնիներ, տախտակ, խունկ եւ ոսկիէ ամաններ։ Եթէ անհատը նշանակուած գումարէն աւելին մէկ կողմ դրած ըլլար, ապա ան յաւելեալ գումարը մնացեալ սնտուկներէն մէկուն մէջ կը դնէր։ Ութերորդ սնտուկը մեղքի պատարագներէն մնացած դրամին համար էր։ Իննէն տասներկրորդ սնտուկներուն մէջ կը դրուէր այն գումարը որ կ’աւելնար յանցանքի պատարագէն, թռչուններ զոհելէն, ուխտաւորներու ընծաներէն եւ մաքրուած բորոտներու ընծաներէն։ Իսկ 13–րդ սնտուկը կամաւոր նուիրատուութիւններու յատկացուած էր։
Ղուկաս աւետարանագիրը բծախնդի՞ր պատմաբան էր։
Ղուկաս գրեց իր անունը կրող Աւետարանը եւ Գործք Առաքելոց գիրքը։ Ղուկաս կ’ըսէ, թէ «սկիզբէն. . . ամէն բաներուն ճշդութեամբ տեղեկացեր» էր, բայց կարգ մը ուսումնականներ անոր գրածին շուրջ կասկածներ ունին (Ղուկաս 1։3)։ Ուստի, ան որքանո՞վ ճշգրտաբան էր։
Ղուկաս կը ներկայացնէ պատմական իրողութիւններ, որոնք կրնան հաստատուիլ։ Օրինակ, ան հռոմայեցի քաղաքային պաշտօնեաներու յատուկ տիտղոսներ կը գործածէ, ինչպէս՝ Փիլիպպէի զօրագլուխներ, Թեսաղոնիկէի քաղաքապետներ եւ Եփեսոսի ասիապետներ (Գործք 16։20. 17։6. 19։31)։ Ղուկաս Հերովդէս Անթիպասը կը կոչէ՝ չորրորդապետ, իսկ Սերգիոս Պօղոսը՝ Կիպրոսի փոխանորդ բդեշխը (Գործք 13։1, 7)։
Տիտղոսներու ճշգրիտ գործածութիւնը աչքառու է, քանի որ երբ հռոմէական շրջանի մը դիրքը կը փոխուէր, անոր ղեկավարին տիտղոսն ալ կը փոխուէր։ Աստուածաշնչագէտ Պրուս Մէցկըր կը նշէ, թէ «Գործք գրքին այս ակնարկութիւնները կրկին անգամ կը փաստուին ճշգրիտ ըլլալ տուեալ վայրին ու ժամանակին համար»։ Ուսումնական Ուիլիամ Ռէմսէյ Ղուկասը կը կոչէ՝ «գերաստիճան պատմաբան»։