Գիտէի՞ր
Աստուածաշունչի օրերուն գործածուած հալուէն ի՞նչ էր։
Աստուածաշունչը կ’ըսէ, թէ հալուէն կը գործածուէր զգեստներ եւ անկողիններ անուշահոտելու համար (Սաղմոս 45։8. Առակաց 7։17. Երգ Երգոց 4։14)։ Աստուածաշունչին մէջ նշուած հալուէն հաւանաբար կ’առնէին ագարափայտ ծառէն (Էքուիլերիայի մէկ տեսակը)։ Երբ ծառին փայտը փտէր, մէջէն բուրաւէտ ձէթ եւ խէժ կ’ելլէր։ Փայտը փոշիի կը վերածուէր եւ կը ծախուէր որպէս «հալուէ»։
Աստուածաշունչը իսրայէլի վրանները կը համեմատէ «Տէրոջը տնկած հալուէի ծառերուն» (Թուոց 24։5, 6)։ Ասիկա կրնայ ակնարկել ագարափայտ ծառի տեսքին, որ գրեթէ 30 մեթր հասակ կ’ունենայ եւ իր ճիւղերը դէպի դուրս կ’ընդարձակէ։ Թէպէտ այս ծառէն ա՛լ չի գտնուիր արդի Իսրայէլի մէջ, սակայն Աստուածաշունչի բառարան մը կ’ըսէ, թէ «արգելք հանդիսացող բան մը չկայ այն գաղափարին, թէ ըլլայ ա՛յս թէ ա՛յլ ծառեր, որոնք [շրջանին] անծանօթ են, կը մշակուէին այդ ատենուան հարուստ եւ հանրածանօթ՝ Յորդանանի հովիտին մէջ»։
Ինչպիսի՞ զոհեր կ’ընդունուէին Երուսաղէմի տաճարին մէջ։
Աստուծոյ Օրէնքը նշեց, թէ տաճարին մէջ մատուցանուելիք զոհերը լաւագոյն որակը պէտք էր ունենային։ Աստուած պիտի չընդունէր արատաւոր զոհերը (Ելից 23։19. Ղեւտացւոց 22։21-24)։ Ըստ Ք.Ե. առաջին դարու հրեայ հեղինակ՝ Ֆիլոյի, այդ ժամանակ քահանաները «ոտքէ գլուխ» կը զննէին անասունները, վստահ ըլլալու համար, որ անոնք ամէն կողմանէ առողջ են, «առանց որեւէ ախտի կամ թերութեան»։
Գրագէտ Է. Փ. Սէնտըրզ կ’ըսէ, թէ հաւանաբար տաճարին պաշտօնեաները «զոհերու վստահելի վաճառականներուն արտօնեցին, որ ծախեն միմիայն այն անասուններն ու թռչունները, որոնք նախապէս ստուգուած էին քահանաներուն կողմէ։ Ուստի վաճառականը գնորդին պիտի տար որոշ ստացագիր մը, որ ցոյց կու տար թէ զոհը անարատ էր»։
2011–ին, հնագէտներ ճիշդ այդպիսի ստացագիր մը կամ խորհրդանիշ մը գտան տաճարին մօտակայքը,– մետաղադրամի չափով կաւէ կնիք մը, որուն տարիքը Ք.Ա. առաջին դարէն մինչեւ Ք.Ե. 70–ի միջեւ է։ Կնիքին վրայ փորագրուած երկու արամերէն բառերը թարգմանուած են որպէս «Մաքուր՝ Աստուծոյ համար»։ Կը կարծուի, թէ տաճարին պաշտօնեաները այդպիսի կնիքներ կը դնէին ծիսական ապրանքներու կամ զոհաբերական անասուններու վրայ։