Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուծոյ Խօսքը ճանչցնել միջնադարեան Սպանիոյ մէջ

Աստուծոյ Խօսքը ճանչցնել միջնադարեան Սպանիոյ մէջ

«Երբ դէպի Սպանիա երթամ կը յուսամ անցնելու ատենս ձեզ տեսնել ու ձեզմէ ճամբուիլ հոն երթալու» (Հռովմայեցիս 15։24

ՊՕՂՈՍ առաքեալ այդ խօսքերը գրեց շուրջ Ք.Ե. 56–ին, Հռոմի մէջ եղող իր հաւատակիցներուն։ Աստուածաշունչը չի նշեր Պօղոսի Սպանիա ճամբորդելը։ Ամէն պարագայի, Պօղոսի կամ ուրիշ քրիստոնեայ միսիոնարներու ջանքերով, Ք.Ե. երկրորդ դարուն, Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին բարի լուրը արդէն իսկ Սպանիա հասած էր։

Շատ չանցած, Սպանիոյ մէջ քրիստոնէական համայնքներ սկսան մէջտեղ գալ եւ զարգանալ։ Ուստի կարիքը եղաւ որ Աստուածաշունչը լատիներէն լեզուով թարգմանուի Սպանիոյ ժողովուրդին համար, քանի որ Սպանիան արդէն իսկ երկար ատենէ ի վեր հռոմէական իշխանութեան ներքեւ ըլլալով՝ լատիներէնը հասարակաց լեզուն դարձած էր։

ԼԱՏԻՆԵՐԷՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԵՐԸ ԿԱՐԻՔԸ ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՆ

Սպանացի նախկին քրիստոնեաները լատիներէն թարգմանութիւններ արտադրեցին, որոնք հաւաքականօրէն կը կոչուին Վէթուս լաթինա հիսբանա։ Այս Աստուածաշունչերը տարիներով Սպանիոյ մէջ գործածուեցան, առաջ որ Յերոնիմոս լրացնէ իր հռչակաւոր լատիներէն Վուլկաթա թարգմանութիւնը, Ք.Ե. հինգերորդ դարուն սկիզբը։

Յերոնիմոսի այս թարգմանութիւնը, որ Պաղեստինի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ լրացուց, շատ շուտով Սպանիա հասաւ։ Երբ Լուսինիոս՝ Աստուածաշունչի հարուստ աշակերտ մը, իմացաւ թէ Յերոնիմոս լատիներէն թարգմանութիւն մը կը պատրաստէ, ուզեց կարելի եղածին չափ շուտ օրինակ մը ունենալ։ Ան վեց դպիրներ Բեթլեհէմ ղրկեց, որպէսզի գրութիւնը ընդօրինակեն եւ իրենց հետ Սպանիա բերեն։ Յաջորդ դարերուն ընթացքին, Վուլկաթա թարգմանութիւնը հետզհետէ Վէթուս լաթինա հիսբանա–ն գերազանցեց։ Այս լատիներէն թարգմանութիւնները թոյլ տուին որ Սպանիոյ ժողովուրդը Աստուածաշունչը կարդայ ու անոր պատգամը հասկնայ։ Սակայն երբ հռոմէական կայսրութիւնը վերջ գտաւ, լեզուական նոր կարիքներ ծագեցան։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՔԱՐԷ ՏԱԽՏԱԿՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Հինգերորդ դարուն, արեւմտեան գոթացիները եւ գերմանական ուրիշ ցեղեր Սպանիա ներխուժեցին, եւ այսպէս սկսաւ գործածուիլ նոր լեզու մը՝ գոթերէն։ Ներխուժողները արիոսականութիւն կոչուած որոշ տեսակի քրիստոնէութեան կը հետեւէին, որ Երրորդութեան վարդապետութիւնը կը մերժէր։ Անոնք նաեւ իրենց հետ բերին Սուրբ Գրութիւններու իրենց անձնական թարգմանութիւնը,– Ուլֆիլասի գոթերէն Աստուածաշունչը։ Այս Աստուածաշունչը Սպանիոյ մէջ կարդացուեցաւ մինչեւ վեցերորդ դարու վերջաւորութեան, երբ Ռեքարտ՝ արեւմտեան գոթացի թագաւորը, արիոսականութենէն հրաժարելով կաթողիկէ եղաւ։ Ան արիոսեան բոլոր գիրքերը հաւաքել տուաւ եւ զանոնք փճացուց, մէջը ըլլալով Ուլֆիլասի Աստուածաշունչը։ Առ ի արդիւնք, Սպանիոյ մէջ բոլոր գոթերէն գրութիւնները անհետացան։

Լատիներէն բարբառով համարներ բովանդակող քարէ տախտակ, Ք.Ե. վեցերորդ դար

Սակայն այդ ատեն Աստուծոյ Խօսքը շարունակեց Սպանիոյ մէջ տարածուիլ։ Գոթերէնէն զատ, Սպանիոյ մէջ տակաւին ընդարձակօրէն կը խօսուէր լատիներէն բարբառ մը, որ յետագային ծնունդ տուաւ Իբերեան թերակղզիին մէջ խօսուող լատինական լեզուներուն *։ Այս լատիներէն բարբառին ամէնէն հին արձանագրութիւնները կը կոչուին Արեւմտագոթական քարէ տախտակներ, քանի որ քարէ տախտակներու վրայ գրուած են։ Անոնք վեցերորդ եւ եօթներորդ դարերուն կը պատկանին, եւ ոմանք Սաղմոսաց գիրքէն եւ Աւետարաններէն հատուածներ կը բովանդակեն։ Օրինակ, քարէ տախտակ մը ամբողջ 16–րդ սաղմոսը կը բովանդակէ։

Պարզ քարէ տախտակներու վրայ Աստուածաշունչի համարներ գտնուիլը ցոյց կու տայ, թէ այդ ժամանակ սովորական մարդիկ Աստուծոյ Խօսքը թէ՛ կը կարդային եւ թէ կ’ընդօրինակէին։ Ըստ երեւոյթին, ուսուցիչներ այս համարները կը գործածէին իրենց աշակերտներուն գրել–կարդալ սորվեցնելու համար։ Քարէ տախտակները աժան էին, բաղդատած այն սուղ մագաղաթներուն, որոնք միջնադարեան վանքերու կողմէ կը գործածուէին, նկարազարդ Աստուածաշունչեր արտադրելու համար։

Չափազանց զարդարուած Լէոնի Աստուածաշունչէն հատուած մը։ Թանկագին ըլլալով հանդերձ, այսպիսի Աստուածաշունչեր շատ չօգնեցին Աստուծոյ պատգամը մարդոց մէջ տարածելու

Նկարազարդ անգին Աստուածաշունչ մը կը գտնուի Սպանիոյ Լէոն քաղաքի Սան Իսիտորօ եկեղեցիին մէջ։ Ք.Ե. 960–ին գրուած այս Աստուածաշունչը ունի 516 թուղթ, երկայնութիւնը 47 սմ, լայնութիւնը 34 սմ, իսկ կշիռը 18 քկ ըլլալով։ Ուրիշ օրինակ մըն է Վատիկանի գրադարանին մէջ գտնուող Ռիփոլի Աստուածաշունչը, գրուած շուրջ Ք.Ե. 1020–ին։ Անիկա Միջին դարերէն մնացած չափազանց զարդարուած Աստուածաշունչերէն մէկն է։ Այս աշխատանքը կը պահանջէր որ վանական մը թերեւս ամբողջ օրը անցընէր էջին առաջին տառը ստեղծելու համար, կամ ալ ամբողջ շաբաթ մը տրամադրէր վերնագրին էջը պատրաստելու համար։ Սակայն այս թանկագին Աստուածաշունչերը շատ չօգնեցին Աստուծոյ Խօսքին պատգամը մարդոց մէջ տարածելու։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԱՐԱԲԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒՈՎ

Ութերորդ դարուն, Սպանիոյ մէջ ուրիշ լեզու մը սկսաւ ծիլ տալ, առ ի արդիւնք իսլամներու կողմէ այդ թերակղզիին ներխուժման։ Իսլամներուն հաստատած գաղութներուն շրջաններուն մէջ, արաբերէն լեզուին գործածութիւնը լատիներէնը գերազանցեց եւ կարիք եղաւ Աստուածաշունչը այս նոր լեզուով ունենալ։

Ք.Ե. հինգերորդ դարէն մինչեւ ութերորդ դարը, լատիներէն եւ արաբերէն լեզուով Աստուածաշունչերը կարելի դարձուցին որ սպանացիները Աստուծոյ Խօսքը կարդան

Անկասկած միջնադարեան Սպանիոյ մէջ Աստուածաշունչի շատ մը արաբերէն թարգմանութիւններ տարածուեցան,– մանաւանդ Աւետարանները։ Ըստ երեւոյթին, ութերորդ դարուն, Խուան՝ Սեւիլիայի եպիսկոպոս մը, ամբողջ Աստուածաշունչը արաբերէն լեզուով թարգմանեց։ Ցաւօք սրտի, այդ արաբերէն թարգմանութիւններուն մեծամասնութիւնը կորսուած է։ Աւետարաններուն արաբերէն թարգմանութիւն մը, որ 10–րդ դարու կէսին կը պատկանի, պահպանուած է Սպանիոյ Լէոն քաղաքի մայր եկեղեցիին մէջ։

Աւետարաններու արաբերէն թարգմանութիւն մը, Ք.Ե. տասներորդ դար

ՍՊԱՆԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՆ

Միջին դարերու վերջաւորութեան, կաստիլերէն կամ սպաներէն լեզուն սկսաւ Իբերեան թերակղզիին մէջ ձեւաւորուիլ։ Այս նոր լեզուն Աստուծոյ Խօսքը տարածելուն մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղար *։ 13–րդ դարու սկիզբը հրատարակուած գիրք մը (Deeds From Across the Seas) կը նկարագրէր դէպի Իսրայէլ կատարուած ճամբորդութիւն մը, եւ կը բովանդակէր սպաներէնի թարգմանուած առաջին աստուածաշնչական հատուածները, որոնք առնուած էին Հնգամատեանէն եւ Եբրայերէն Գրութիւններու այլ գիրքերէ, ինչպէս նաեւ Աւետարաններէն եւ Նամակներէն։

Ալֆոնսօ Ժ. թագաւորը սպաներէն լեզուով Աստուածաշունչի թարգմանութեան թիկունք կանգնեցաւ

Եկեղեցական հեղինակութիւնները այս թարգմանութեան չհաճեցան։ 1234–ին, Դառակոնայի խորհրդաժողովը հրամայեց որ մայրենի լեզուով բոլոր գրքերը, որոնք աստուածաշնչական հատուածներ կը բովանդակեն, կղերականներուն յանձնուին՝ այրուելու համար։ Ուրախ ենք որ այս վճիռը աստուածաշնչական թարգմանութիւնը չկասեցուց։ Ալֆոնսօ Ժ. թագաւորը (1252-1284), սպաներէն արձակագրութեան հիմնադիրը, ուզեց որ Սուրբ Գրութիւնները այս նոր լեզուով թարգմանուին եւ ասոր թիկունք կանգնեցաւ։ Այդ ժամանակաշրջանին պատկանող սպաներէն թարգմանութիւնները կը պարփակեն՝ այդպէս կոչուած Նախա–Ալֆոնսոյի Աստուածաշունչը եւ Ալֆոնսոյի Աստուածաշունչը, որ նախորդէն քիչ ետք լոյս տեսաւ եւ իր ատենուան սպաներէն ամէնէն մեծ թարգմանութիւնն էր։

Էջեր՝ 13–րդ դարու Նախա–Ալֆոնսոյի Աստուածաշունչէն (ձախ) եւ Ալֆոնսոյի Աստուածաշունչէն (աջ)

Այս երկու գիրքերը դեռածին սպաներէն լեզուն հաստատեցին եւ հարստացուցին։ Ուսումնական Թոմաս Մոնթկոմըրի Նախա–Ալֆոնսոյի Աստուածաշունչին նկատմամբ կ’ըսէ. «Թարգմանիչը շատ հիանալի գործ մը կատարեց,– ճշգրիտ թարգմանութիւն եւ շքեղ լեզու մը։ . . .Լեզուն պարզ եւ յստակ է, ճիշդ ինչպէս որ անհրաժեշտ էր Աստուածաշունչի մը համար, որուն կարդացողները լատիներէն լեզուին քաջածանօթ չէին»։

Սակայն, այդ առաջին սպաներէն Աստուածաշունչերը թարգմանուած էին լատիներէն Վուլկաթա –յէն՝ փոխանակ բնագիր լեզուներէն։ 14–րդ դարէն սկսեալ, հրեայ ուսումնականներ Եբրայերէն Գրութիւններու քանի մը սպաներէն թարգմանութիւններ արտադրեցին, որոնք ուղղակի բնագրէն թարգմանուած էին։ Այդ ատեն, Եւրոպայի ամէնէն մեծ հրէական համայնքը Սպանիոյ մէջ կը գտնուէր, եւ հրեայ թարգմանիչներուն մատչելի էին եբրայերէն ճշգրիտ ձեռագիրներ *։

Արտակարգ օրինակ մըն էր Ալպայի Աստուածաշունչը, որ 15–րդ դարուն ամբողջացաւ։ Սպանացի երեւելի ազնուական մը՝ Լուիս տէ Կուսման, ռաբբի Մոյսէս Առախէլին յանձնարարեց որ Աստուածաշունչը կաստիլերէնի թարգմանէ։ Ան երկու պատճառ տուաւ թէ ինչո՛ւ նոր թարգմանութիւն մը կը խնդրէր։ Առաջին, ան ըսաւ. «Ներկայիս լատինական լեզուներով գրուած Աստուածաշունչերը ճշգրիտ չեն», եւ երկրորդ. «Մեզի պէս մարդիկ դժուարահասկնալի հատուածներուն համար, լուսանցքի բացատրութեան մեծ կարիք ունին»։ Իր խնդրանքը կը յայտնէ թէ իր օրուան մարդիկը Աստուածաշունչը կարդալով եւ հասկնալով խորապէս հետաքրքրուած էին։ Անիկա նաեւ ցոյց կու տայ թէ մայրենի լեզուով գրուած Սուրբ Գրութիւնները արդէն իսկ Սպանիոյ մէջ ընդարձակ կերպով տարածուած էին։

Միջնադարեան թարգմանիչներուն եւ ընդօրինակիչներուն շնորհիւ, Սպանիոյ ուսեալ մարդիկը կրնային Աստուածաշունչը իրենց լեզուով դիւրաւ կարդալ։ Առ ի արդիւնք, պատմաբան Խուան Օրդս Կոնզալեզ դիտել տուաւ, թէ «Լուտերի ժամանակէն առաջ, սպանացիները Աստուածաշունչը շա՛տ աւելի լաւ գիտէին, քան գերմանացիները կամ Անգլիայի ժողովուրդը»։

«Լուտերի ժամանակէն առաջ, սպանացիները Աստուածաշունչը շա՛տ աւելի լաւ գիտէին, քան գերմանացիները կամ Անգլիայի ժողովուրդը» (պատմաբան Խուան Օրդս Կոնզալեզ)։

Սակայն 15–րդ դարու աւարտին, Սպանական հաւատաքննութիւնը արգիլեց Աստուածաշունչը որեւէ տեղական լեզուով թարգմանելը եւ զայն ունենալը։ Այս արգիլումը երեք դար տեւեց։ Այդ դժուար ժամանակին, արտասահման քանի մը քաջ թարգմանիչներ սպաներէն նոր թարգմանութիւններ արտադրեցին եւ զանոնք գաղտնօրէն Սպանիա մտցուցին *։

Ինչպէս որ միջնադարեան Սպանիոյ մէջ Աստուածաշունչի այս պատմութիւնը ցոյց կու տայ, հակառակորդներ շատ մը կերպերով ջանացած են Աստուծոյ Խօսքը խափանել։ Այսուհանդերձ, անոնք չեն կրցած Ամենակալին ըսելիքները լռեցնել (Սաղմոս 83։1. 94։20

Ուսումնականներու անխոնջ ջանքերը թոյլ տուին որ Աստուածաշունչը արմատ նետէ եւ տարածուի միջնադարեան Սպանիոյ մէջ։ Անոնք Սուրբ Գրութիւնները լատիներէն, գոթերէն, արաբերէն եւ սպաներէն լեզուներով թարգմանեցին։ Արդի թարգմանիչներ անոնց քայլերուն հետեւելով, ներկայիս սպանախօս միլիոնաւորներ կրնան Աստուծոյ Խօսքը իրենց սրտին դպչող լեզուով կարդալ։

^ պարբ. 10 Այդ լեզուները կը պարփակեն՝ կաստիլերէն, քաթալոներէն, գալիսերէն եւ փորթուգալերէն։

^ պարբ. 17 Ներկայիս, սպաներէնը շուրջ 540 միլիոն մարդոց մայրենի լեզուն է։

^ պարբ. 20 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 դեկտեմբեր 2011 թիւը, էջ 18-21 (անգլերէն)։

^ պարբ. 23 Տե՛ս Դիտարան–ի 1 յունիս 1996 թիւը, էջ 29-30 (անգլերէն)։