Գիտէի՞ր
Ստրուկներուն կեանքը ինչպէ՞ս էր հռոմէական կայսրութեան մէջ։
Հռոմէական կայսրութեան մէջ, բազմաթիւ մարդիկ զինուորական նուաճումներու կամ առեւանգումներու առ ի հետեւանք ստրկացան։ Գերիները եւ պատանդները կը ծախուէին եւ սովորաբար իրենց տունն ու ընտանիքը երբեք չէին տեսներ։
Դաշտի աշխատաւորներուն եւ տան ծառաներուն վիճակը աւելի լաւ էր քան՝ բազմաթիւ ստրուկներու պարագան, որոնք մինչեւ մահ հանքերու մէջ կ’աշխատէին։ Ստրուկ մը թերեւս ստիպուէր վզին դնել երկաթէ մանեակ մը, որուն վրայ փորագրուած կ’ըլլար վարձատրութեան խոստում մը, եթէ փախչելէ ետք իր տիրոջ վերադարձուէր։ Կրկին անգամ փախչիլ փորձող ստրուկներու ճակատին վրայ յաճախ կը դրոշմուէր «F» տառը, որ կ’ակնարկէր fugitivus (փախստական) բառին։
Աստուածաշունչի Փիլիմոն նամակին մէջ, Պօղոս առաքեալ կը քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս փախստական Ոնեսիմոս ծառան իր տիրոջ՝ Փիլիմոնի ետ կը ղրկէ։ Թէեւ Փիլիմոն օրինական իրաւունք ունէր Ոնեսիմոսը խստօրէն պատժելու, բայց Պօղոս իրմէ խնդրեց որ սիրոյ եւ բարեկամութեան հիման վրայ ‘ընդունի զանիկա’ (Փիլիմոն 10, 11, 15-18)։
Վաղեմի Փիւնիկէն ինչո՞ւ հռչակաւոր էր իր ծիրանի ներկով։
Փիւնիկէն, որ մօտաւորապէս կը համապատասխանէ արդի Լիբանանին, հռչակաւոր էր իր տիւրոսեան ծիրանի ներկով, որ Տիւրոս քաղաքին անունով կոչուած էր։ Վաղեմի Իսրայէլի Սողոմոն թագաւորը իր տաճարը զարդարեց «ծիրանեգոյն» բուրդով, որ տիւրացի արհեստաւորի մը կողմէ արտադրուած էր (Բ. Մնացորդաց 2։13, 14)։
Տիւրոսեան ծիրանին ամէնէն արժէքաւոր ներկն էր այդ օրերուն, մեծաւ մասամբ քանի որ զայն արտադրելը շա՛տ աշխատանք կը պահանջէր։ Նախ, ձկնորսները ծովէն հսկայ քանակով զմիւռնեան խեցեմորթ * (murex shellfish) կը հաւաքէին։ (Հանդերձ մը ներկելու համար մինչեւ 12,000 խեցեմորթ կը գործածուէր։) Ապա, այս ծովային խխունջները իրենց պատեանէն կը զատուէին, որպէսզի իրենց ներկատու գեղձերը արտահանուէին։ Ներկ շինողները այս գեղձերը կը խառնէին աղի հետ եւ զայն երեք օր բացօթեայ տեղ մը՝ արեւուն տակ կը ձգէին։ Յետոյ, խառնուրդը կը զետեղէին ծածկուած տակառի մը մէջ եւ զայն ծովուն ջուրով քանի մը օր եւս թեթեւ կրակի վրայ կը տաքցնէին։
Հարիւրաւոր տարիներ շարունակ, առեւտուրով եւ նոր գաղութներ հաստատելով, փիւնիկեցիները թէ՛ տիւրոսեան ծիրանի ներկի շուկան եւ թէ այս ներկը արտադրելու իրենց կարողութիւնը պահպանեցին։ Անոնց ներկի արտադրութեան մնացորդները գտնուած են Միջերկրական ծովուն շուրջ եւ հեռաւոր Քատիզի մէջ, Սպանիա։
^ պարբ. 8 Անոնց պատեանին երկարութիւնը 5-8 սմ. է։