Թոմաս Էմլըն. հայհոյի՞չ կամ ճշմարտութեան ջատագով
ԹՈՄԱՍ ԷՄԼԸՆԸ ո՞վ էր, եւ ի՞նչը զինք մղեց որ ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնէ։ Իր օրինակէն ի՞նչ դաս կրնանք քաղել։
Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, վերադառնանք իր օրերուն։ Ժամանակը՝ 17–րդ դարու աւարտը եւ 18–րդ դարու սկիզբն է։ Վայրը՝ Անգլիա եւ Իրլանտա։ Այդ ատեն, Անկլիքան եկեղեցին մեծ հեղինակութիւն ունէր։ Բողոքական տարբեր խումբեր եւ անհատներ եկեղեցիին ուսուցումներուն եւ սովորութիւններուն հակառակ էին։
Ո՞Վ ԷՐ ԱՆ
Այսպիսի միջավայրի մէջ էր որ Թոմաս Էմլըն ծնաւ՝ 27 մայիս 1663–ին, Անգլիոյ Լինգոնշայր գաւառին Սթէմֆորտ քաղաքին մէջ։ 19 տարեկանին, ան իր առաջին քարոզը տուաւ։ Յետագային, ան Լոնտոնի մէջ ապրող կոմսուհիի մը քահանան դարձաւ, իսկ աւելի ուշ՝ փոխադրուեցաւ Պելֆասթ, Իրլանտա։
Պելֆասթի մէջ, ան ի վերջոյ շրջանի եկեղեցիին մէջ պաշտօնավարեց։ Ժամանակի ընթացքին, Էմլըն որպէս քահանայ ծառայեց զանազան վայրերու մէջ, ներառեալ՝ Տապլըն։
ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԵՑԱՒ ՈՐՊԷՍ ՀԱՅՀՈՅԻՉ
Այդ ատեն, Էմլըն ուշադրութեամբ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր։ Իր ուսումնասիրութիւնները զինք մղեցին, որ Երրորդութեան վարդապետութեան հանդէպ կասկածներ ունենայ. թէեւ սկիզբը ատոր կը հաւատար։ Մինչ Աւետարանները կը պրպտէր, ան համոզուեցաւ թէ ատոնք իր բարելաւուած հասկացողութեան թիկունք կը կանգնէին։
Էմլըն իր պրպտումներուն արդիւնքը անմիջապէս չյայտնեց։ Բայց եւ այնպէս, Տապլինի մէկ եկեղեցիին մէջ, իր տուած քարոզներուն ընթացքին, ոմանք նկատեցին թէ ան Երրորդութեան չէր ակնարկեր։ Գիտնալով որ իր բացայայտումները պիտի չընդունուին, Էմլըն գրեց. «Մէյ մը որ իմ տեսակէտներս յայտնեմ, չեմ կարծեր որ այժմու պաշտօնիս մէջ շարունակեմ»։ Յունիս 1702–ին, իր քարոզներուն մէջ Երրորդութիւնը չնշելուն գծով, Էմլընի եւ իր երկու ընկերակիցներուն միջեւ ընդդիմախօսութիւն եղաւ։ Ան խոստովանեցաւ, որ այլեւս Երրորդութեան չէր հաւատար եւ առաջարկեց իր պաշտօնէն հրաժարիլ։
Քանի մը օրուան մէջ, ան Իրլանտայի Տապլին մայրաքաղաքը ձգելով՝ Անգլիա ուղղուեցաւ։ Բայց 10 շաբաթ ետք Տապլին վերադարձաւ կարգ մը հարցեր լուծելու, որմէ ետք մնայուն կերպով Լոնտոն պիտի փոխադրուէր։ Տապլինի մէջ, յուսալով իր տեսակէտները պաշտպանել, ան հրատարակեց գիրք մը (An Humble Inquiry Into the Scripture-Account of Jesus Christ)։ Այս գրքին մէջ, ան աստուածաշնչական յստակ ապացոյցներ տուաւ, թէ Յիսուս ինչո՛ւ չէր կրնար Գերագոյն Աստուածը ըլլալ։ Ասիկա իր նախկին ծուխի անդամները զայրացուց։ Օրինաւոր գանգատ ներկայացուեցաւ։
14 յունիս 1703–ին, Էմլըն Տապլինի մէջ ձերբակալուեցաւ եւ արքունի ատեանին առջեւ բերուեցաւ։ Իր գրքին մէջ (True Narrative of the Proceedings), կը կարդանք. «Ամբաստանութիւնը գիրք գրելու համար էր։ Ամբաստանագիրը կ’ըսէր, թէ հայհոյեցի, նենգութիւն գործեցի եւ այլն, երբ ըսի թէ Յիսուս Քրիստոս Հօր Աստուծոյ հաւասար չէ»։ Դատը խաղարկութիւն մըն էր։ Իրլանտայի Եկեղեցիին եօթը եպիսկոպոսները
դատաւորներուն հետ ատեանը նստան։ Էմլընի չթոյլատրուեցաւ որ ինքզինք պաշտպանէ։ Համբաւաւոր փաստաբան՝ Ռիչըրտ Լէվընզ՝ Էմլընի ըսաւ, թէ «օրէնքը անոր դէմ ըլլալով՝ ան շան պէս պիտի հալածուէր»։ Դատի աւարտին, Իրլանտայի աւագ դատաւոր՝ Ռիչըրտ Փայն՝ դատական կազմի անդամներուն ըսաւ, որ եթէ ակնկալուած վճիռը չարձակէին, իր «տէրերը՝ եպիսկոպոսները՝ հոն ներկայ էին»։ Թերեւս ան ըսել ուզեց, թէ դատական կազմը պատիժի պիտի ենթարկուէր։«Պատրաստ եմ տառապելու վասն ա՛յն բանին, զոր կը նկատեմ թէ Աստուծոյ եւ անոր փառքին մասին ճշմարտութիւնն է» (Թոմաս Էմլըն)։
Երբ Էմլըն յանցաւոր գտնուեցաւ, ընդհանուր փաստաբանը անոր առաջարկեց, որ իր խօսքը ետ քաշէ։ Էմլըն մերժեց։ Ան տուգանքի ենթարկուեցաւ եւ մէկ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Կարող չըլլալով տուգանքը վճարել, Էմլըն երկու տարի բանտը մնաց, մինչեւ որ բարեկամ մը հեղինակութիւնները համոզեց, որ գումարը նուազեցնեն։ 21 յուլիս 1705–ին, ան ազատ արձակուեցաւ։ Խայտառակութեան ենթարկուիլը զինք մղեց, որ վերոնշեալ խօսքը ըսէ. «Պատրաստ եմ տառապելու վասն ա՛յն բանին, զոր կը նկատեմ թէ Աստուծոյ եւ անոր փառքին մասին ճշմարտութիւնն է»։
Էմլըն փոխադրուեցաւ Լոնտոն, ուր ի վերջոյ ընկերակցեցաւ Ուիլիամ Ուիսթընի։ Ուիլիամ աստուածաշնչագէտ մըն էր, որուն դէմ դատապարտութեան վճիռ արձակուած էր, քանի որ հրատարակած էր այն ինչ որ աստուածաշնչական ճշմարտութիւն կը նկատէր։ Ան Էմլընը կը յարգէր, եւ զինք կը կոչէր «հին քրիստոնէութեան առաջին եւ գլխաւոր դաւանողը»։
ԱՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐԺԵՑ
Ուիլիամ Ուիսթընի եւ ուրիշ յարգարժան ուսումնական Իսահակ Նեւտոնի նման, Էմլըն նկատեց թէ Աստուածաշունչը, առ ի հակապատկեր Աթանասեան հանգանակին, նեցուկ չի կանգնիր Երրորդութեան վարդապետութեան։ Ան բացատրեց. «Լրջօրէն մտածելէ եւ Սուրբ Գրութիւնները ուսումնասիրելէ ետք. . . յստակ պատճառ գտայ. . . Երրորդութեան առնչութեամբ նախապէս կազմած կարծիքս ճշդելու»։ Ան եզրակացուց, թէ «Աստուած՝ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը՝ միակ Գերագոյն Անձն է»։
Ան ինչպէ՞ս այս եզրակացութեան հասաւ։ Էմլըն գտաւ բազմաթիւ համարներ, որոնք Յիսուսի եւ անոր Հօր միջեւ եղած տարբերութիւնները կը մատնանշեն։ Ահաւասիկ կարգ մը օրինակներ (համարներու շուրջ Էմլընի ըրած մեկնաբանութիւնները շեղագիր են)։
-
Յովհաննէս 17։3։ «Բնա՛ւ չէ ըսուած թէ Քրիստոս բացարձակ Աստուածն է»։ Միայն Հայրը կը կոչուի՝ «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»ը։
-
Յովհաննէս 5։30։ «Որդին իր կամքը չէ որ կը կատարէ, այլ՝ իր Հօր»։
-
Յովհաննէս 5։26։ «Հա՛յրն է որ Որդիին կեանք տուած է»։
-
Եփեսացիս 1։3։ «Յաճախ Յիսուս Քրիստոսի կ’ակնարկուի որպէս Աստուծոյ Որդի, բայց բնաւ չենք գտներ համար մը, ուր Հօր կ’ակնարկուի որպէս Աստուծոյ Հայր, թէեւ ան յաճախ կոչուած է՝ մեր Տէր Յիսուսի Հայրը»։
Բոլոր ապացոյցները նկատի առնելէ ետք, Էմլըն շեշտակի նշեց. «Ամբողջ Սուրբ Գիրքին մէջ չկայ որեւէ համար, որ հաստատօրէն կ’ըսէ թէ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին մէկ անձ են»։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ
Ներկայիս, շատեր ետ կը քաշուին Սուրբ Գիրքին սորվեցուցածին կողքին դիրք բռնելէ։ Բայց Էմլըն վճռա՛ծ էր Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը ջատագովել։ Ան հարց տուաւ. «Եթէ մէկը չխոստովանի ամէնէն կարեւոր ճշմարտութիւնները, որոնք կը նկատէ թէ Սուրբ Գիրքին մէջ յստակ ու բացայայտ են, ինչո՞ւ զանիկա կարդայ եւ պրպտէ»։ Ան մերժեց ճշմարտութեան մէջ զիջումներ ընել։
Էմլընի եւ ուրիշներու հանդիսացած օրինակը կրնայ մեզ մղել տեսնելու, թէ արդեօք պատրա՛ստ ենք արհամարհանքի դիմաց ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնելու։ Մենք եւս կրնանք հարց տալ. ‘Ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. համայնքին տուած փառքն ու պատի՞ւը, թէ Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութիւնը վեր բռնելը’։