Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Կ’ԱՂՕԹԵ՞Ս

Մարդիկ ինչո՞ւ կ’աղօթեն

Մարդիկ ինչո՞ւ կ’աղօթեն

Սովորաբար կ’աղօթե՞ս։ Շատեր, նոյնիսկ կարգ մը անաստուածներ, կ’աղօթեն։ Բայց ինչո՞ւ։ Ֆրանսայի մէջ կատարուած փորձագիտանքի մը համաձայն, ֆրանսացի քաղաքացիներուն կէսը կ’աղօթէ կամ երբեմն կը խոկայ «պարզապէս աւելի լաւ զգալու համար»։ Անոնք, շատ մը եւրոպացիներու նման, կ’աղօթեն ոչ թէ կրօնական նպատակով, այլ քանի որ կ’ուզեն «աղօթքին յառաջ բերած հանգստութիւնը զգալ»։ Միւս կողմէ, կարգ մը հաւատացեալներ Աստուծոյ կը դիմեն միայն երբ խնդրանքներ ունենան՝ անմիջական պատասխաններ ակնկալելով (Եսայի 26։16

Իսկ ի՞նչ կարելի է ըսել քու մասիդ։ Կը խորհի՞ս որ աղօթքը պարզապէս կերպ մըն է մտածումներդ ամփոփելու։ Եթէ հաւատացեալ մըն ես, կը զգա՞ս որ աղօթելը քեզի կ’օգնէ, թէ ոչ այնպէս կը թուի թէ աղօթքներդ անպատասխան կը մնան։ Աստուածաշունչը կրնայ քեզի օգնել, որ աղօթքը նկատես ոչ թէ հանդարտեցուցիչ դարման, հապա՝ Աստուծոյ մօտենալու օգտակար միջոց։