Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կրնա՛ս փորձութեան դէմ դնել

Կրնա՛ս փորձութեան դէմ դնել

«Երբեք չէի մտադրեր պոռնկագրութիւն դիտել։ Բայց երբ համացանցը կը գործածէի, յա՛նկարծ ծանուցում մը երեւցաւ։ Չեմ գիտեր ինչո՛ւ բայց պարզապէս անիկա բացի» (ՔՈՏԻ) *։

«Գործին մէջ գրաւիչ աղջիկ մը սկսաւ ինծի հետ անլրջօրէն սիրախօսիլ։ Օր մը, ան առաջարկեց որ պանդոկ երթանք ‘ժամանակ անցընելու’։ Շատ լաւ գիտէի թէ ան ի՛նչ կը մտածէր ընել» (ՏԻԼԸՆ)։

«ԱՄԷՆ բանի կրնամ դէմ դնել, բացի՝ փորձութեան»։ Այս հռչակաւոր հեգնանքը շատ լաւ կը նկարագրէ կարգ մը մարդոց տեսակէտը փորձութեան նկատմամբ, քանի որ խորքին մէջ անոնք կ’ախորժին փորձութիւնը ճաշակելէ։ Միւս կողմէ, ուրիշներ փորձութիւնը մնայուն թշնամի մը կը նկատեն, եւ կը վճռեն յաղթել անոր։ Դո՞ւն ինչ կը կարծես։ Երբ փորձութիւն դիմագրաւես, պէտք է տեղի՞ տաս թէ ոչ դէմ դնես։

Անշուշտ, ոչ բոլոր փորձութիւնները լուրջ խնդիրներու կ’առաջնորդեն։ Օրինակ, ճաշելէ առաջ սեղանին վրայէն տապկուած գետնախնձոր համտեսելը տունդ պիտի չքանդէ։ Բայց ուրիշ հրապոյրներու,– մանաւանդ սեռային անբարոյութեան առաջնորդող հրապոյրներու,– տեղի տալը կրնայ ցաւալի հետեւանքներ ունենալ։ Աստուածաշունչը կը զգուշացնէ. «Շնութիւն ընողին խելքը պակաս է։ Այս բանը ընողը իր հոգին կը կորսնցնէ» (Առակաց 6։32, 33

Եթէ յանկարծ անբարոյ փորձութիւն դիմագրաւես, ինչպէ՞ս պէտք է հակազդես։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Աստուած կը կամենայ որ դուք սուրբ ըլլաք, ետ կենաք պոռնկութենէ. ձեզմէ ամէն մէկը գիտնայ իր մարմինը սրբութիւնով ու պատուով պահել» (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։3, 4)։ Ինչպէ՞ս կրնաս այս մարզին մէջ կամքի տէր ըլլալ։ Նկատի առ երեք օգտակար քայլեր։

Քայլ 1։ Աչքերդ պահպանէ

Տռփագրգիռ նկարներ դիտելը անպատշաճ ցանկութիւններու վրայ միայն պենզին պիտի թափէ։ Տեսնելու եւ ցանկալու միջեւ եղած կապը հաստատելով՝ Յիսուս զգուշացուց. «Ով որ կին մարդու կը նայի անոր ցանկալու համար, ալ անիկա իր սրտին մէջ շնութիւն ըրաւ անոր հետ»։ Վառ չափազանցութիւն գործածելով՝ ան խրատեց. «Արդ եթէ քու աջ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ, հանէ զանիկա ու քեզմէ ձգէ» (Մատթէոս 5։28, 29)։ Ան ի՞նչ ըսել կ’ուզէր։ Փորձութեան դէմ դնելու համար, պէտք է վճռականօրէն գործել եւ տռփագրգիռ նկարներ դիտելէ ետ կենալ։

Երբ տռփագրգիռ նկարներ տեսնես, աչքերդ ուրիշ կողմ դարձուր

Լուսաբանենք. երեւակայէ որ ճամբան քալած ատեն կը նկատես թէ երկաթագործ մը մածոյցի (լեհիմի) մեքենայով կ’աշխատի։ Աչքերդ ատոր արձակած շլացուցիչ լոյսին վրայ կը սեւեռե՞ս, թէ ոչ անմիջապէս զանոնք կը պահպանես։ Համանման կերպով, երբ տռփագրգիռ տեսարան մը տեսնես,– ըլլայ ատիկա տպուած, պաստառի վրայ կամ ուղղակի աչքիդ առջեւ,– շուտով աչքերդ ուրիշ կողմ դարձուր։ Միտքդ մի՛ թունաւորեր։ Խուան, որ նախապէս պոռնկագրութեան մոլի էր, կ’ըսէ. «Երբ գրաւիչ կին մը տեսնեմ, յաճախ կը զգամ թէ երկու–երեք անգամ ալ կ’ուզեմ անոր նայիլ։ Ուստի, աչքերս ուրիշ կողմ կը դարձնեմ, եւ ես ինծի կ’ըսեմ. ‘Եհովային աղօթէ։ Անպայման հիմա՛ պէտք է աղօթես’։ Աղօթելէ ետք, այդ ցանկութեան դրդումը կ’անհետանայ» (Մատթէոս 6։9, 13. Ա. Կորնթացիս 10։13

Նկատի առ նաեւ հաւատարիմ տղամարդուն՝ Յոբի՝ օրինակը։ Ան ըսաւ. «Աչքերուս հետ ուխտ ըրի. ուրեմն ի՞նչպէս կոյսի վրայ մտածեմ» (Յոբ 31։1)։ Դուն ալ կրնա՞ս համանման վճռականութիւն ունենալ։

Հետեւեալը փորձէ։ Եթէ յանկարծ տռփագրգիռ նկար մը տեսնես, անմիջապէս աչքերդ ուրիշ կողմ դարձուր։ Ընդօրինակէ սաղմոսերգուն, որ աղօթեց. «Ե՛տ դարձուր իմ աչքերս, որպէս զի սնոտի բան չտեսնեն» (Սաղմոս 119։37

Քայլ 2։ Մտածումներդ պահպանէ

Քանի որ բոլորս անկատար ենք, երբեմն սխալ ցանկութիւններու դէմ կը պայքարինք։ Աստուածաշունչը կը նշէ. «Ամէն մէկը կը փորձուի՝ իր ցանկութիւններէն հրապուրուած ու խաբուած. անկէ յետոյ ցանկութիւնը յղանալով՝ մեղք կը ծնանի» (Յակոբոս 1։14, 15)։ Ինչպէ՞ս կրնաս այսպիսի ծուղակի մէջ իյնալէ խուսափիլ։

Երբ սխալ մտածումներ ունենաս, կանգ առ եւ աղօթէ

Երբ սխալ ցանկութիւններ ունենաս, յիշէ թէ կրնա՛ս ընտրել ատոնց ինչպէս հակազդել։ Այդ ցանկութիւններուն դէմ պայքարէ։ Ատոնք մտքէդ արմատախիլ ըրէ։ Մերժէ՛ անբարոյ երեւակայութիւններու անձնատուր ըլլալ։ Թրոյ անունով տղամարդ մը, որ առցանց պոռնկագրութեան մոլի էր, կ’ըսէ. «Ամէն ջանք թափեցի սխալ գաղափարներ մտքէս վանելու՝ կեդրոնանալով դրական մտածումներու վրայ։ Ասիկա դիւրին չէր։ Քանի մը անգամ տեղի տուի։ Բայց ի վերջոյ սորվեցայ մտածումներս հակակշռի տակ առնել»։ Էլսա անունով կին մը, որ պատանեկութեան շրջանին անբարոյ ցանկութիւններու դէմ մաքառած էր, կը յիշէ. «Զբաղած մնալով եւ Եհովային աղօթելով, կրցայ սխալ մտածումներս հակակշռի տակ պահել»։

Հետեւեալը փորձէ։ Երբ անբարոյ մտածումներու գերին դառնաս, անմիջապէս կանգ առ եւ աղօթէ։ Սխալ մտածումներ մտքէդ հեռացուր։ Ինչպէ՞ս։ Մտածէ այնպիսի բաներ, որոնք ‘ճշմարտութիւնով, պարկեշտութիւնով, արդարութիւնով, մաքրութիւնով, սիրով, բարի համբաւով, առաքինութիւնով եւ գովութիւն են’ (Փիլիպպեցիս 4։8

Քայլ 3։ Քայլերդ պահպանէ

Երբ ցանկութիւն, փորձութիւն եւ պատեհութիւն միասնաբար զուգադիպին, դիւրաւ կրնաս խնդրի մը առջեւ գտնուիլ (Առակաց 7։6-23)։ Ինչպէ՞ս կրնաս զոհ չերթալ։

«Համացանցը միայն ուրիշներու ներկայութեան կը գործածեմ»

Աստուածաշունչը այս իմաստուն խրատը կու տայ. «Խորագէտը չարիքը կը տեսնէ ու կը զգուշանայ, բայց միամիտները առաջ կ’անցնին ու կը վնասուին» (Առակաց 22։3)։ Ուստի, քայլերդ պահպանէ։ Ակնկալէ այնպիսի պարագաներ, որոնք կրնան խնդիրներ յառաջացնել եւ ատոնցմէ խուսափէ՛ (Առակաց 7։25)։ Ֆիլիփ անունով տղամարդ մը, որ պոռնկագրութեան մոլութենէ ձերբազատուեցաւ, կ’ըսէ. «Համակարգիչը զետեղեցի այնպիսի տեղ մը, ուր ընտանիքիս անդամները զայն կրնային տեսնել. ինչպէս նաեւ տեղադրեցի համացանցը զտող ծրագրակազմ մը (Internet filter software)։ Ասկէ զատ, համացանցը միայն ուրիշներու ներկայութեան կը գործածեմ»։ Նմանապէս, վերոնշեալ Թրոյ կ’ըսէ. «Գրգռիչ ֆիլմեր չեմ դիտեր, ոչ ալ կ’ընկերակցիմ այնպիսի մարդոց հետ, որոնք հասարակ ոճով սեռի մասին կը խօսակցին։ Չեմ ուզեր վտանգաւոր կացութեան մատնուիլ»։

Հետեւեալը փորձէ։ Տկարութիւններդ անկեղծօրէն զատորոշէ, եւ կանխաւ ծրագրէ խուսափիլ պարագաներէ, որոնք կրնան քեզ փորձութեան մատնել (Մատթէոս 6։13

ՄԻ՛ ՅԱՆՁՆՈՒԻՐ

Ի՞նչ կարելի է ըսել, եթէ հակառակ թափած լաւագոյն ջանքերուդ տկարանաս եւ փորձութեան տեղի տաս։ Մի՛ յուսահատիր եւ մի՛ յանձնուիր։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարը թէեւ եօթը անգամ ալ իյնայ՝ պիտի կանգնի» (Առակաց 24։16)։ Արդարեւ, մեր երկնաւոր Հայրը մեզ կը քաջալերէ որ ‘կանգնինք’։ Իր սիրալիր օգնութիւնը պիտի ընդունի՞ս։ Եթէ այո՛, ուրեմն մի՛ ձանձրանար աղօթքով իրեն դիմելէ։ Իր Խօսքը ուսումնասիրելով՝ հաւատքդ կերտէ։ Քրիստոնէական ժողովներու ներկայ գտնուելով՝ վճռականութիւնդ ամրացուր։ Եւ լուրջի առ Աստուծոյ այս խոստումը. «Քեզ պիտի զօրացնեմ ու քեզի օգնութիւն պիտի ընեմ» (Եսայի 41։10

Քոտին, որ բացումին մէջ նշուած է, կ’ըսէ. «Շատ ջանք պահանջեց որ պոռնկագրութիւն դիտելու սովորութենէս ձերբազատուիմ։ Բազմաթիւ դժուարութիւններ դիմագրաւեցի, բայց Աստուծոյ օգնութեամբ՝ ի վերջոյ յաջողեցայ»։ Վերոնշեալ Տիլըն նաեւ կը նշէ. «Դիւրաւ կրնայի գործակիցիս հետ սեռային յարաբերութիւն ունենալ։ Բայց հաստատ դիրք բռնելով՝ անոր առաջարկը մերժեցի։ Մաքուր խղճմտանք ունենալը շա՜տ հաճելի է։ Ամէնէն կարեւորը, գիտեմ թէ Եհովան ինձմով հպարտ է»։

Երբ հաստատ դիրք բռնես եւ փորձութեան դէմ դնես, կրնաս վստահ ըլլալ թէ Աստուած քեզմո՛վ ալ պիտի հպարտանայ (Առակաց 27։11

^ պարբ. 2 Այս յօդուածին մէջ անունները փոխուած են։