Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՆՈՆՑ ՀԱՒԱՏՔԸ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿԵՆՔ | ՄԱՐԻԱՄ

Վիշտը դաշունահարեց իր սիրտը, բայց Մարիամ վերապրեցաւ

Վիշտը դաշունահարեց իր սիրտը, բայց Մարիամ վերապրեցաւ

ՄԱՐԻԱՄ սրտի մորմոքէն ծունկերուն վրայ կ’իյնայ։ Չկան բառեր որոնք կրնան իր խոր վիշտը նկարագրել։ Ականջին մէջ տակաւին կ’արձագանգէ իր տղուն վերջին աղաղակը, երբ ժամերու չարչարանքէ ետք՝ ան կը մահանայ։ Թէեւ կէսօր է, բայց երկինքը արդէն խաւարած է։ Յա՛նկարծ, երկիրը կատաղօրէն կը շարժի (Մատթէոս 27։45, 51)։ Մարիամին այնպէս կը թուի, թէ Եհովան աշխարհին կ’իմացնէ որ Ինք, ոեւէ անձէ աւելի, Յիսուս Քրիստոսի մահուամբ խորապէս վիրաւորուած է։

Մինչ յետմիջօրէին լոյսը Գողգոթայի վրայէն խաւարի ծածկոցը կը վերցնէ, Մարիամ իր տղուն համար կը սգայ (Յովհաննէս 19։17, 25)։ Իր միտքը հաւանաբար կ’ողողուի բազմաթիւ յիշատակներով։ Ան թերեւս կը յիշէ դէպք մը որ պատահած էր մօտ 33 տարի առաջ։ Երբ Յովսէփ եւ ինք իրենց թանկագին մանուկը Երուսաղէմի տաճարը բերած էին, Սիմէոն անունով ծերունի մը ներշնչման ներքեւ մարգարէութիւն ըրաւ։ Ան Յիսուսի մասին մեծ բաներ մարգարէացաւ, բայց աւելցուց, թէ օրին մէկը Մարիամ այնպէս մը պիտի զգար՝ կարծես թէ անոր սրտէն թուր մը պիտի անցնէր (Ղուկաս 2։25-35)։ Միայն հիմա՝ այս մռայլ պահուն, ան լիովին կ’ըմբռնէ այդ խօսքին ճշմարտութիւնը։

Վիշտը դաշունահարեց Մարիամին սիրտը

Կ’ըսուի թէ զաւկի մը մահը ամէնէ՛ն գէշ եւ ցաւալի կորուստն է։ Մահը սոսկալի թշնամի մըն է, որ իւրաքանչիւրս ձեւով մը կը հարուածէ (Հռովմայեցիս 5։12. Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Կարելի՞ է այս տեսակի հարուածէ մը վերապրիլ։ Մինչ նկատի կ’առնենք Մարիամին կեանքը՝ Յիսուսի ծառայութեան սկիզբէն մինչեւ անոր մահը,– եւ անկէ քիչ ետք,– շատ բան պիտի սորվինք իր հաւատքէն, որուն շնորհիւ ան վերապրեցաւ վշտաբեր թուրի մը հարուածէն։

«ԻՆՉ ՈՐ ՁԵԶԻ ԸՍԷ, ԸՐԷ՛Ք»

Երեք ու կէս տարի ետեւ երթանք։ Մարիամ զգաց թէ փոփոխութիւն մը տեղի պիտի ունենար։ Նոյնիսկ Նազարէթ գիւղաքաղաքի բնակիչները կը խօսէին Յովհաննէս Մկրտիչին եւ անոր քարոզած զղջումի զգայացունց պատգամին մասին։ Մարիամ կրցաւ տեսնել, թէ իր անդրանիկ որդին ասիկա նշան մը սեպած էր՝ իր ծառայութեան ձեռնարկելու (Մատթէոս 3։1, 13)։ Բայց Յիսուսի բացակայութիւնը Մարիամին եւ անոր ընտանիքին կեանքին ընթացքը պիտի փոխէր։ Ինչո՞ւ։

Այնպէս կը թուի թէ Մարիամին ամուսինը՝ Յովսէփ, արդէն մահացած էր։ Հետեւաբար Մարիամին համար կորուստը նորութիւն չէր *։ Այժմ Յիսուս ոչ միայն «հիւսնին որդին» կը կոչուէր, այլեւ՝ «հիւսնը»։ Ակնյայտ է որ Յիսուս ստանձնած էր իր հօր գործը ե՛ւ ընտանիքին հոգատարութիւնը, որ կ’ընդգրկէր առնուազն վեց զաւակներ, որոնք իրմէ վերջ ծնան * (Մատթէոս 13։55, 56. Մարկոս 6։3)։ Յիսուս Յակոբոսին,– հաւանաբար զինք յաջորդող եղբօր,– սորվեցուցած ըլլալու էր իրենց հօր արհեստը. բայց ասով հանդերձ, անդրանիկ զաւակին մեկնիլը դիւրին պիտի չըլլար ընտանիքին համար։ Մարիամ արդէն ծանր բեռ մը շալկած էր։ Արդեօք այս փոփոխութիւնը զինք վախցո՞ւց։ Կրնանք միայն կռահել։ Բայց աւելի կարեւոր հարցում մը կը ծագի։ Ի՞նչ պիտի ըլլար Մարիամին հակազդեցութիւնը, երբ Նազովրեցի Յիսուս դառնար Յիսուս Քրիստոսը՝ երկար ժամանակէ խոստացուած Մեսիան։ Աստուածաշնչական դէպք մը այս ուղղութեամբ բան մը կը յայտնէ (Յովհաննէս 2։1-12

Յիսուս Յովհաննէսին քով գնաց մկրտուելու եւ անկէ ետք Աստուծոյ Օծեալը կամ Մեսիան դարձաւ (Ղուկաս 3։21, 22)։ Ապա սկսաւ իր աշակերտները ընտրել։ Իր գործը հրատապ ըլլալով հանդերձ, ան տակաւին իր ընտանիքին եւ բարեկամներուն հետ ուրախ առիթներու ներկայ գտնուեցաւ։ Իր մօր, մարմնաւոր եղբայրներուն եւ աշակերտներուն հետ, Յիսուս հարսանեկան խնճոյքի մը գնաց Կանա, որ ակներեւաբար բլուրի մը գագաթը գտնուող քաղաք մըն էր, Նազարէթէն 13 քմ. անդին։ Խրախճանքին ընթացքին, Մարիամ նկատեց որ խնդիր մը կար։ Ան թերեւս նշմարեց թէ զոյգին ընտանիքի անդամներէն ոմանք խուճապահար նայուածքներ եւ շշուկներ կը փոխանակէին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ գինի՛ն վերջացած էր։ Իրենց մշակոյթին մէջ, այսպիսի աւանդական հիւրասիրութեան մէջ թերանալը ընտանիքը ամօթով պիտի ձգէր՝ խնճոյքին մթնոլորտը խանգարելով։ Անոնց կարեկցելով, Մարիամ Յիսուսին դիմեց։

Ան Յիսուսին ըսաւ. «Գինի չունին»։ Չենք գիտեր թէ Մարիամ ճիշդ ի՛նչ կ’ակնկալէր Յիսուսէն, բայց գիտէր թէ իր տղան մեծ անձնաւորութիւն էր եւ մեծ բաներ պիտի ընէր։ Թերեւս ան կը յուսար որ Յիսուս հիմակուընէ իր գործունէութեան ձեռնարկէր։ Կարծես իր տղուն կ’ըսէր. «Տղա՛ս, բան մը ըրէ»։ Բայց Յիսուսի հետեւեալ պատասխանը թերեւս զինք զարմացուց. «Ո՜վ կին, դուն ինծի հետ ի՞նչ բան ունիս»։ Յիսուսի պատասխանին մէջ անարգանք չկար, թէեւ ոմանք այս սխալ եզրակացութեան հասած են։ Բայց Յիսուս իր այս խօսքով մեղմօրէն ճշդեց իր մայրը, յիշեցնելով որ անոր չէր իյնար իր ծառայութիւնը ուղղել. այդ դերը միայն իր Հօր՝ Եհովայի՛ն կը պատկանէր։

Հասկցող եւ խոնարհ կին մը ըլլալով, Մարիամ իր տղուն ճշդումը ընդունեց։ Ան սպասաւորներուն դառնալով պարզապէս ըսաւ. «Ինչ որ ձեզի ըսէ, ըրէ՛ք»։ Ան հասկցաւ, թէ ա՛լ իրեն չէր իյնար տղուն ուղղութեան տալ. փոխարէն, ինք եւ ուրիշներ Յիսուսէ՛ն ուղղութիւն պէտք է առնէին։ Իսկ Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ իր մօր նման կը կարեկցէր այս նոր ամուսնացած զոյգին։ Ան իր առաջին հրաշքը գործեց՝ ջուրը ընտիր գինիի վերածելով։ Առ ի արդիւնք, «իր աշակերտները հաւատացին իրեն»։ Մարիամ ալ հաւատաց։ Ան Յիսուսը նկատեց ոչ թէ պարզապէս իր տղան, հապա՝ իր Տէրը եւ Փրկիչը։

Ներկայիս, ծնողներ շատ բան կրնան սորվիլ Մարիամի հաւատքէն։ Ճիշդ է որ իրմէ զատ ո՛չ ոք Յիսուսին պէս երեխայ մը մեծցուցած է, բայց պէտք է ի մտի ունենալ, որ ոեւէ զաւակ երբ չափահաս դառնայ, կրնան մարտահրաւէրներ ծագիլ։ Ծնող մը թերեւս շարունակէ իր տղուն կամ աղջկան հետ այնպէս մը վարուիլ կարծես դեռ մանուկ է, բայց այս վերաբերմունքը կրնայ այլեւս տեղին չըլլալ (Ա. Կորնթացիս 13։11)։ Ծնող մը ինչպէ՞ս կրնայ չափահաս զաւակի մը օգնել։ Կերպերէն մէկն է՝ անկեղծ վստահութիւն յայտնել, թէ հաւատարիմ տղան կամ աղջիկը պիտի շարունակէ կիրարկել Աստուածաշունչի ուսուցումները եւ առ ի արդիւնք, պիտի օրհնուի Եհովային կողմէ։ Չափահաս զաւակներ մեծապէս կ’օգտուին երբ իրենց ծնողները խոնարհաբար կ’ըսեն, թէ կը հաւատան եւ կը վստահին իրենց։ Յիսուս անկասկած արժեւորեց Մարիամին աջակցութիւնը՝ յաջորդող տարիներուն ընթացքին։

«ԻՐ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐՆ ԱԼ ՉԷԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐ ԻՐԵՆ»

Երբ Աւետարանները Յիսուսի երեքուկէս տարուան ծառայութեան մասին կը խօսին, Մարիամի մասին շատ բան չեն նշեր։ Սակայն ի մտի ունեցիր, որ ան հաւանաբար որբեւայրի էր,– միայնակ մայր մը, որ թերեւս տակաւին զաւակներու հոգատարութեան պատասխանատուութիւնը ունէր։ Ուստի հասկնալի է, թէ ան կարող չէր Յիսուսին հետեւիլ մինչ կը քարոզէր (Ա. Տիմոթէոս 5։8)։ Այսուհանդերձ, ան շարունակեց Մեսիային մասին իր սորված հոգեւոր բաներուն վրայ խոկալ եւ իր շրջանի ժողովարանը երթալ, ինչպէս որ իր ընտանիքը սովորութիւն ունէր ընելու (Ղուկաս 2։19, 51. 4։16

Ուստի հաւանական է որ Մարիամ ներկաներուն մէջ նստած էր, երբ Յիսուս Նազարէթի ժողովարանին մէջ խօսեցաւ։ Արդեօք ան որքա՜ն խանդավառուեցաւ, երբ լսեց իր որդին կը յայտարարէ, թէ դարաւոր մեսիական մարգարէութիւնը այժմ անոր վրայ կը կատարուէր։ Միւս կողմէ, ան որքա՜ն նեղուեցաւ, երբ իր շրջանի մարդիկը իր որդին չընդունեցին։ Անոնք նոյնիսկ փորձեցին սպաննել Յիսուսը (Ղուկաս 4։17-30

Մարիամին նաեւ կը նեղացնէր Յիսուսի հանդէպ իր միւս որդիներուն վերաբերմունքը։ Յովհաննէս 7։5–ի համաձայն, Յիսուսի չորս եղբայրները իրենց մօր հաւատքը չունէին։ Հոն կ’ըսէ. «Իր եղբայրներն ալ չէին հաւատար իրեն»։ Ինչ կը վերաբերի Յիսուսի քոյրերուն,– որոնք առնուազն երկու հոգի էին,– Աստուածաշունչը բան մը չի նշեր անոնց հակազդեցութեան մասին։ Ամէն պարագայի, Մարիամ կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մը մէջ ապրելու ցաւը զգաց։ Ան ջանք պէտք է թափէր աստուածային ճշմարտութեան հաւատարիմ մնալու, մինչ կը ջանար իր տան անդամներուն սրտերը շահիլ՝ առանց վիճաբանութեան կամ պարտադրանքի։

Առիթով մը, խումբ մը ազգականներ,– որոնց մէջ անկասկած Յիսուսի եղբայրներն ալ կային,– որոշեցին երթալ որ «զինք բռնեն»։ Անոնք իր մասին կ’ըսէին թէ «խելռած» կամ խենթացած է (Մարկոս 3։21, 31)։ Սակայն Մարիամ վստահաբար այդպէս չէր մտածեր, բայց եւ այնպէս իր տղոց հետ ճամբայ ելաւ հաւանաբար այն յոյսով, որ անոնք բան մը պիտի սորվէին որ իրենց հաւատքը պիտի զօրացնէր։ Այդպէս եղա՞ւ։ Թէեւ Յիսուս հրաշքներ կը գործէր եւ հիանալի ճշմարտութիւններ կը սորվեցնէր, բայց Մարիամի միւս որդիները չհաւատացին անոր։ Վհատած ըլլալով Մարիամ հարց տուա՞ւ թէ ճիշդ ի՛նչ բան անոնց սրտին պիտի հասնէր։

Կրօնապէս բաժնուած ընտանիքի մը մէջ կ’ապրի՞ս։ Մարիամի հաւատքէն շա՛տ բան կրնաս սորվիլ։ Ան իր անհաւատ ազգականներուն նկատմամբ յոյսը չկտրեց։ Փոխարէն, ան ուզեց որ անոնք տեսնեն, թէ իր հաւատքը զինք կ’ուրախացնէր եւ մտքի խաղաղութիւն կու տար։ Միւս կողմէ, ան շարունակեց իր հաւատարիմ որդիին աջակցիլ։ Մարիամ բնաւ կարօտցա՞ւ Յիսուսը։ Բնաւ եղա՞ն պահեր, երբ ան փափաքեցաւ որ Յիսուս տակաւին տունը ըլլար իրեն եւ իր ընտանիքին հետ։ Եթէ այո՛, ան իր զգացումները իրեն պահեց։ Ան Յիսուսին աջակցիլն ու քաջալերելը առանձնաշնորհում սեպեց։ Կրնա՞ս նոյն կերպով զաւակներուդ օգնել, որ Աստուած իրենց կեանքին մէջ առաջին տեղը դնեն։

«ՔՈՒ ՍՐՏԷԴ ԱԼ ԹՈՒՐ ՄԸ ՊԻՏԻ ԱՆՑՆԻ»

Մարիամ Յիսուսի հանդէպ իր հաւատքին համար վարձատրուեցա՞ւ։ Եհովան միշտ կը վարձատրէ հաւատքի տէր մարդիկը, եւ Մարիամ վստահաբար բացառութիւն չէր (Եբրայեցիս 11։6)։ Պահ մը երեւակայէ իր ուրախութիւնը, մինչ իր տղուն ուսուցումները անձամբ կը լսէր, կամ երբ Յիսուսին մտիկ ընող անհատներ իրեն կը պատմէին անոր քարոզներուն մասին։

Յիսուսի շատ մը առակները ցոյց կու տան, որ ան մեծապէս ազդուած էր Յովսէփի եւ Մարիամի դաստիարակութենէն

Յիսուսին առակները լսելով, արդեօք Մարիամ մտաբերե՞ց իր տղուն մանկութեան առնչուող կարգ մը դէպքեր։ Երբ Յիսուս կը խօսէր ցորեն աղալու, ճրագ մը վառելու եւ զայն գրուանի մը վրայ դնելու մասին, կամ կնոջ մը մասին որ իր տունը կ’աւլէր՝ կորսուած դրամ մը գտնելու համար, արդեօք Մարիամ յիշե՞ց այն մանչուկը, որ իր քովը կը կենար մինչ ինք համանման առօրեայ գործեր կ’ընէր (Ղուկաս 11։33. 15։8, 9. 17։35)։ Երբ Յիսուս ըսաւ որ իր լուծը քաղցր էր եւ իր բեռը թեթեւ, արդեօք իր մօր միտքը եկա՞ւ այդ անմոռանալի յետմիջօրէն, մինչ իր աչքին առջեւ Յովսէփ պատանի Յիսուսին կը սորվեցնէր ինչպէ՛ս շինել եւ ձեւաւորել այնպիսի լուծ մը, որ անասուն մը կարենար հանգստութեամբ զայն կրել (Մատթէոս 11։30)։ Անկասկած, Մարիամ խոր գոհունակութիւն զգաց՝ խոկալով Եհովային տուած առանձնաշնորհումին մասին,– դաստիարակել եւ հոգ տանիլ զաւակի մը, որ Մեսիան պիտի դառնար։ Որքա՜ն հրճուած ըլլալու էր, մինչ մտիկ կ’ընէր Յիսուսին՝ մարդկային մեծագոյն Ուսուցիչին, որ պարզ առարկաներ եւ տեսարաններ գործածելով՝ ամէնէն խորունկ դասերը կը սորվեցնէր։

Տակաւին Մարիամ խոնարհ մնաց։ Յիսուս բնաւ առիթ չտուաւ որ Մարիամի անտեղի գովասանք տրուէր, ուր մնաց որ մարդիկ զայն պաշտելու աստիճան պատուէին։ Յիսուսի ծառայութեան ընթացքին, կին մը բարձրաձայն ըսաւ, թէ Մարիամ իսկապէս երջանիկ ըլլալու էր որ զինք ծնաւ։ Բայց Յիսուս պատասխանեց. «Մանաւանդ երանի՜ անոնց, որ Աստուծոյ խօսքը կը լսեն ու կը պահեն» (Ղուկաս 11։27, 28)։ Իսկ երբ ժողովուրդին մէջէն ոմանք ըսին թէ Յիսուսի մայրն ու եղբայրները կու գան, ան ըսաւ թէ ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, ան է իր մայրը եւ եղբայրը։ Փոխանակ վիրաւորուելու, Մարիամ վստահաբար Յիսուսի միտք բանին ըմբռնեց,– հոգեւոր կապերը մարմնաւոր կապերէն շա՜տ աւելի կարեւոր են (Մարկոս 3։32-35

Բայց չկան բառեր որոնք կրնան նկարագրել Մարիամի զգացած ցաւը, երբ տեսաւ իր որդիին տառապանքը եւ տանջանքի ցիցին վրայ անոր սոսկալի մահը։ Յովհաննէս առաքեալ, որ մահապատիժին ականատես եղած էր, յետագային այս աչքառու մանրամասնութիւնը աւելցուց. այդ դժուարին կացութեան մէջ, Մարիամ «Յիսուսին խաչին քով կայներ» էր։ Ոչ մէկ բան կրնար արգելք հանդիսանալ այս հաւատարիմ եւ սիրալիր մօր, որ մինչեւ վերջին վայրկեան իր որդիին քով կենար։ Յիսուս անոր նայելով սկսաւ խօսիլ, հակառակ անոր որ իր առած իւրաքանչիւր շունչը իր ցաւը կը սաստկացնէր եւ արտասանած իւրաքանչիւր բառ իր ուժը կը սպառէր։ Ան իր մօր հոգատարութիւնը իր սիրելի Յովհաննէս առաքեալին յանձնեց։ Քանի որ իր մարմնաւոր եղբայրները տակաւին հաւատացեալներ չէին, Յիսուս Մարիամի հոգատարութիւնը անոնցմէ ո՛չ մէկուն վստահեցաւ, հապա՝ միայն իր այս հարազատ հետեւորդին։ Այսպիսով Յիսուս ցոյց տուաւ, թէ որքա՛ն կարեւոր է որ հաւատքի տէր մարդ մը իր ընտանիքին հոգ տանի, մա՛նաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի հոգեւոր կարիքներու (Յովհաննէս 19։25-27

Երբ Յիսուս իր վերջին շունչը փչեց, Մարիամ տարիներ առաջ մարգարէացուած ցաւը զգաց. թուր մը անցաւ իր սրտէն։ Եթէ իր խոր վիշտը երեւակայելը դժուար կը գտնենք, ապա որքա՛ն աւելի դժուար պիտի ըլլայ մտապատկերել այն ուրախութիւնը, որ ինք զգաց երեք օր ետք՝ երբ մեծագոյն հրաշքին մասին տեղեկացաւ,– Յիսուս յարութի՛ւն առած էր։ Մարիամին ուրախութիւնը բազմապատկուեցաւ, երբ Յիսուս իր յարութենէն ետք երեւցաւ իր խորթ եղբօր՝ Յակոբոսին,– անկասկած առանձին (Ա. Կորնթացիս 15։7)։ Այդ հանդիպումը մեծ ազդեցութիւն ձգեց Յակոբոսին, ինչպէս նաեւ Յիսուսի միւս խորթ եղբայրներուն վրայ։ Աստուածաշունչէն կ’իմանանք թէ անոնք սկսան հաւատալ որ Յիսուսը Քրիստոսն է։ Շատ չանցած, անոնք իրենց մօր հետ քրիստոնէական հանդիպումներուն ներկայ կը գտնուէին եւ «միշտ աղօթք ու աղաչանք կ’ընէին» (Գործք 1։14)։ Անոնցմէ երկուքը՝ Յակոբոս եւ Յուդա, յետագային գրեցին նամակներ, որոնք Աստուածաշունչին մէկ մասը դարձան։

Մարիամ հրճուեցաւ տեսնելով որ իր միւս որդիները հաւատարիմ քրիստոնեաներ կը դառնան

Մարիամի մասին վերջին անգամ կը կարդանք որ իր որդիներուն հետ ժողովներու մէջ կ’աղօթէր։ Ի՜նչ գեղեցիկ աւարտ մը Մարիամի պատմութեան եւ ի՜նչ հիանալի օրինակ մը մեզի համար։ Իր հաւատքին շնորհիւ, Մարիամ վշտաբեր «թուր»ին հարուածէն վերապրեցաւ եւ ի վերջոյ՝ փառաւորապէս վարձատրուեցաւ։ Եթէ իր հաւատքը ընդօրինակենք, մե՛նք ալ պիտի վերապրինք որեւէ «թուր»ի հարուածէ, որով այս կարծրասիրտ աշխարհը կը խոցոտէ մեզ, եւ աներեւակայելի վարձատրութիւններ պիտի ստանանք։

^ պարբ. 8 Յովսէփ Աւետարանին մէջ վերջին անգամ կը նշուի, երբ Յիսուս 12 տարեկանին կը կորսուի Երուսաղէմի տաճարին մէջ։ Անկէ ետք, միայն Մարիամը եւ անոր միւս զաւակները կը յիշուին։ Առիթով մը, շատեր Յիսուսը «Մարիամին որդին» կոչեցին, առանց Յովսէփին ակնարկութիւն ընելու (Մարկոս 6։3

^ պարբ. 8 Յովսէփ Յիսուսի մարմնաւոր հայրը չէր. ուստի անոր միւս զաւակները Յիսուսի խորթ եղբայրներն ու քոյրերն էին (Մատթէոս 1։20