Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Կենաց հացը ճաշակա՞ծ ես

Կենաց հացը ճաշակա՞ծ ես

ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ անօթի էին։ Վաղեմի Բեթլեհէմի պատմական վայրերը այցելելով անոնց ախորժակը բացուած էր, եւ կ’ուզէին մասնայատուկ բան մը ճաշակել։ Անոնցմէ մէկը նշմարեց ճաշարան մը, որ ֆալաֆել կը հրամցնէր։ Այս համեղ ուտելիքով իրենց ուժը նորոգեցին եւ իրենց շրջագայութիւնը շարունակեցին։

Այս այցելուները չէին գիտեր, թէ ֆալաֆելի այդ պարզ հացը ճաշակելը, այդ օր իրենց ունեցած ամէնէն պատմական փորձառութիւնն էր։ Բեթլեհէմ անունը կը նշանակէ՝ «տուն հացի», եւ այդ շրջանին մէջ հազարաւոր տարիներէ ի վեր հաց կ’եփուի (Հռութ 1։22. 2։14)։ Այցելուներուն կերած հացը ներկայիս Բեթլեհէմի տիպական հացերէն մէկն է։

Գրեթէ չորս հազար տարի առաջ, Բեթլեհէմի հարաւը գտնուող շրջանի մը մէջ, Աբրահամի կինը՝ Սառա թարմ «շօթեր» եփեց, երեք անակնկալ այցելուներ կերակրելու համար (Ծննդոց 18։6)։ Սառայի գործածած «բարակ ալիւր»ը, հաւանաբար երկհատ ցորենէն կամ գարիէն պատրաստուած էր։ Սառան արագօրէն այս հացը պատրաստեց եւ խմորը հաւանաբար տաք քարերու վրայ եփեց (Գ. Թագաւորաց 19։6

Ինչպէս այս արձանագրութիւնը ցոյց կու տայ, Աբրահամի ընտանիքը կը պատրաստէր ու կ’եփէր իր հացը։ Իրենց թափառական կենցաղակերպին պատճառաւ, Սառան եւ իր ծառաները այլեւս չէին կրնար հաց եփել այնպիսի փուռերու մէջ, որոնք սովորաբար Ուր քաղաքին մէջ կը գործածուէին։ Սառան ալիւր կը պատրաստէր տեղական ցորենը գործածելով։ Ասիկա յոգնեցուցիչ գործ մը ըլլալու էր, որ կը պահանջէր գործածել դիւրատար ձեռնաղօրի եւ հաւանաբար սանդ եւ սանդաթակ։

Չորս դար ետք, Մովսիսական օրէնքը նշեց թէ արտօնուած չէր աղօրիքը որպէս գրաւ առնել, քանի որ անիկա «ընկերին կեանքը» կը նշանակէր (Բ. Օրինաց 24։6)։ Աստուած աղօրիքը կարեւոր կը նկատէր, քանի որ առանց անոր՝ ընտանիքը օրուան հացը չէր կրնար պատրաստել (տե՛ս « Աստուածաշնչական ժամանակներուն՝ ամէնօրեայ աղալն ու եփելը» շրջանակը)։

ՀԱՑ՝ ՄԱՐԴՈՒՆ ՍԻՐՏԸ ՀԱՍՏԱՏԵԼՈՒ

Աստուածաշունչը հացին կ’ակնարկէ շուրջ 350 անգամ, եւ Աստուածաշունչի գրողները յաճախ հաց բառը գործածեցին որպէս ուտելիքի հոմանիշ։ Յիսուս ցոյց տուաւ թէ Աստուծոյ ծառայողները կրնա՛ն վստահութեամբ աղօթել. «Մեր ամէն օրուան հացը այսօր ալ մեզի տուր» (Մատթէոս 6։11)։ Հոս, «հաց»ը կ’ակնարկէ ընդհանուր ուտելիքին, եւ այսպիսով Յիսուս ցոյց կու տայ թէ կրնա՛նք Աստուծոյ վստահիլ, որ մեր ամէն օրուան ուտեստը հայթայթէ (Սաղմոս 37։25

Սակայն, հացէն կամ ուտելիքէն աւելի կարեւոր բան մը կայ։ «Ոչ միայն հացով կ’ապրի մարդ, հապա այն ամէն խօսքով՝ որ Աստուծոյ բերնէն կ’ելլէ», ըսաւ Յիսուս (Մատթէոս 4։4)։ Իր խօսքը կ’ակնարկէր այն ատենուան, երբ իսրայէլացիները ամբողջովին Աստուծոյ հայթայթումէն կախեալ էին։ Այս հանգրուանը սկսաւ Եգիպտոսը ձգելէ քիչ ետք։ Իսրայէլացիները շուրջ մէկ ամիս Սինայի անապատը մտած էին, եւ իրենց ուտելիքի պաշարը կը հատնէր։ Վախնալով որ անջրդի անապատին մէջ սովամահ ըլլային, անոնք դառնապէս գանգատեցան. «Եգիպտոսի մէջ. . . կուշտ հաց կ’ուտէինք» (Ելից 16։1-3

Անկասկած, Եգիպտոսի հացը համեղ էր։ Մովսէսի ժամանակ, վարպետ հացագործներ եգիպտացիներուն կ’ապահովէին տեսակաւոր հացեր ու բլիթներ։ Բայց Եհովան միտք չունէր իր ժողովուրդը առանց որեւէ տեսակ հացի ձգել։ «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ», խոստացաւ ան։ Այդպէս ալ եղաւ. երկինքէն եկած այս հացը առաւօտուն երեւցաւ որպէս «մանր թեփաձեւ բան մը», որ ցօղի կը նմանէր։ «Ի՞նչ է այս», հարցուցին իսրայէլացիները, երբ զայն առաջին անգամ տեսան։ «Այս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի ուտելու տուաւ», բացատրեց Մովսէս։ Անոնք զայն «մանանայ» * կոչեցին, եւ այս հացը զանոնք կազդուրեց յաջորդ 40 տարիներուն (Ելից 16։4, 13-15, 31

Հրաշալի մանանան սկիզբը իսրայէլացիները տպաւորած ըլլալու էր։ «Անոր համը մեղրով շինուած գաթայի պէս էր», եւ ամէնուն համար առատ քանակով մատչելի էր (Ելից 16։18)։ Սակայն ժամանակի ընթացքին, անոնք սկսան Եգիպտոսի մէջ իրենց վայելած բազմազան ուտելիքները կարօտնալ։ «Մանանայէն զատ ուրիշ բան մը չկայ աչքերնուս առջեւ», տրտնջացին անոնք (Թուոց 11։6)։ Յետագային, զայրանալով ըսին. «Այս չնչին հացէն մեր սիրտը զզուեր է» (Թուոց 21։5)։ Ի վերջոյ, «երկնքի հացը» անհամ գտան եւ զայն մերժեցին (Սաղմոս 105։40

ԿԵՆԱՑ ՀԱՑԸ

Յստակ է որ հացը, այլ բաներու նման, կրնայ թեթեւի առնուիլ։ Բայց Աստուածաշունչը կը խօսի մասնայատուկ հացի մը մասին, որ պէտք չէ թերագնահատել։ Այս հացը, որ Յիսուս իսրայէլացիներուն մերժած մանանային հետ բաղդատեց, կրնայ յաւիտենական օգուտներ բերել։

Յիսուս իր ունկնդիրներուն ըսաւ. «Ես եմ կենաց հացը։ Ձեր հայրերը անապատին մէջ մանանան կերան ու մեռան։ Այս է այն հացը, որ երկնքէն կ’իջնէ, որպէս զի եթէ մէկը ատկէ ուտէ, չմեռնի։ Ես եմ կենդանի հացը, որ երկնքէն իջայ. եթէ մէկը այս հացէն ուտէ, յաւիտեան պիտի ապրի եւ այն հացը՝ որ ես պիտի տամ՝ իմ մարմինս է, որը ես պիտի տամ աշխարհի կեանքին համար» (Յովհաննէս 6։48-52

Ունկնդիրներէն շատեր չհասկցան «հաց» եւ «մարմին» բառերուն այլաբանական գործածութիւնը։ Այսուհանդերձ, լուսաբանութիւնը շատ տեղին էր։ Բառացի հացը ամէն օր հրեաները կը կազդուրէր, ճիշդ ինչպէս որ մանանան անապատին մէջ 40 տարի իսրայէլացիները ապրեցուց։ Թէեւ մանանան Աստուծմէ պարգեւ էր, յաւիտենական կեանք չտուաւ։ Միւս կողմէ, Յիսուսի զոհագործութիւնը ճիշդ այս պարգեւը մատչելի կը դարձնէ անոնց, որոնք իրեն հաւատք կ’ընծայեն։ Ան իրապէս «կենաց հաց»ն է։

Թերեւս երբ անօթի կը զգաս, կ’ուզես կտոր մը հաց ուտել։ Եւ թերեւս «ամէն օրուան հաց»ին համար Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնես (Մատթէոս 6։11)։ Մինչ համեղ ուտելիք մը կը գնահատենք, բնաւ չմոռնանք արժէքը «կենաց հաց»ին,– Յիսուս Քրիստոս։

Ինչպէ՞ս կրնանք ցոյց տալ, թէ Մովսէսի ժամանակակից ապերախտ իսրայէլացիներուն հակառակը, այս անգին հացը թեթեւի չենք առներ։ «Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրանքներս պահեցէ՛ք», ըսաւ Յիսուս (Յովհաննէս 14։15)։ Յիսուսի պատուիրանները գործադրելով, առյաւէտ ուրախութեամբ հաց ուտելու հեռանկարը ունինք (Բ. Օրինաց 12։7

^ պարբ. 10 «Մանանայ» բառը հաւանաբար ծագում առած է եբրայերէն «ման հու» արտայայտութենէն, որ կը նշանակէ «ի՞նչ է այս»։