Աստուածաշունչին պատասխանները
Ինչո՞ւ պէտք է աղօթենք։
Աստուած կ’ուզէ որ ազատ զգանք իրեն հետ միշտ խօսելու մեր մտահոգութիւններուն մասին (Ղուկաս 18։1-7)։ Ան մտիկ կ’ընէ, քանի որ մեզմով հետաքրքրուած է։ Ինչո՞ւ չաղօթենք եթէ մեր երկնաւոր Հայրը ինք ազնուօրէն մեզ կը քաջալերէ որ աղօթենք (կարդա՛ Փիլիպպեցիս 4։6)։
Աղօթքը պարզապէս օգնութիւն խնդրելու կերպ մը չէ։ Փոխարէն, անիկա մեզի կ’օգնէ Աստուծոյ մօտենալու (Սաղմոս 8։3, 4)։ Երբ կանոնաւորաբար մեր զգացումները Աստուծոյ յայտնենք, իրեն հետ սերտ բարեկամութիւն կը հաստատենք (կարդա՛ Յակոբոս 4։8)։
Ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք։
Երբ աղօթենք, Աստուած չ’ուզեր որ պերճաբան խօսքեր ըսենք կամ գոց սորված աղօթքներ արտասանենք։ Ոչ ալ մեզմէ պահանջուած է մարմնի որոշ կեցուածք մը ունենալ։ Աստուած մեզմէ կը խնդրէ որ սրտանց աղօթենք (Մատթէոս 6։7)։ Օրինակ՝ վաղեմի Իսրայէլի մէջ, Աննան ընտանեկան նեղացուցիչ խնդիրի մը մասին աղօթեց։ Ապա, երբ իր տխրութիւնը ուրախութեան վերածուեցաւ, ան սրտանց աղօթելով՝ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեց (կարդա՛ Ա. Թագաւորաց 1։10, 12, 13, 26, 27. 2։1)։
Մենք որքա՜ն հոյակապ առանձնաշնորհում ունինք։ Կրնանք մեր մտահոգութիւնները Ստեղծիչին յայտնել։ Կրնանք նաեւ զինք փառաբանել եւ իրեն շնորհակալութիւն յայտնել իր ըրած բաներուն համար։ Վստահաբար պէտք չէ այսպիսի թանկագին առանձնաշնորհում անտեսենք (կարդա՛ Սաղմոս 145։14-16)։