ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ
Անիրաւութեան եւ բռնութեան դէմ անձնական պատերազմ կը մղէի
-
ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ՝ 1960
-
ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ՝ ԼԻԲԱՆԱՆ
-
ՆԱԽԱՊԷՍ՝ ՔՈՆԿ ՖՈՒԻ ՓՈՐՁԱԳԷՏ
ԱՆՑԵԱԼՍ։
Մեծցայ Ռմէյշի մէջ, Իսրայէլի ու Լիբանանի սահմանին մօտակայքը, քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին։ Վառ կերպով կը մտաբերեմ ցամաքի ականներու պայթումներ եւ ձեռքեր–ոտքեր կորսնցուցած անմեղ զոհեր։ Կեանքը դժուար էր, եւ ոճիրն ու բռնութիւնը համատարած էին։
Մեր ընտանիքը կը պատկանէր մարոնի եկեղեցիին, Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներէն մէկը։ Հայրս միշտ զբաղած էր՝ 12 անհատներէ բաղկացած մեր ընտանիքին կարիքները նիւթապէս հոգալով, բայց մայրս վստահ կ’ըլլար որ եկեղեցի երթայինք։ Ժամանակի ընթացքին, սկսայ նկատել թէ եկեղեցին, ինչպէս ընդհանուր առմամբ ընկերութիւնը, չէր կրնար տկարներուն աջակցիլ։
Պատանեկութեան ընթացքին, քոնկ ֆուի հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակեցի։ Խիստ մարզում ստացայ եւ մարտարուեստներու գործիքները գործածելու մէջ եւ ձեռքով ու ոտքով հարուածելու մէջ հմուտ դարձայ։ Ես ինծի ըսի. «Չեմ կրնար պատերազմը կեցնել, բայց առնուազն կրնամ փորձել վայրագ մարդոց դէմ դնել»։ Երբ որ կը տեսնէի երկու հոգի իրարու հետ կը կռուին, անմիջապէս կը միջամտէի։ Բնոյթով դիւրագրգիռ էի, եւ զիս զայրացնելը շատ ջանք չէր պահանջեր։ Լիբանանի հարաւը ապրող մարդիկը ինձմէ կը վախնային, մինչ անիրաւութեան եւ բռնութեան դէմ անձնական պատերազմ կը մղէի։
1980–ին, Պէյրութի մէջ քոնկ ֆուի ակումբի մը անդամակցեցայ։ Թէեւ ամէն օր ռումբեր ու հրթիռներ կ’իյնային, բայց ես կը շարունակէի մարզումի երթալ։ Կեանքս միայն ուտել, խմել ու Պրուս Լիին պէս ապրիլ էր, որ չինացի–ամերիկացի դերասան ու քոնկ ֆուի ախոյեան էր։ Կ’ընդօրինակէի անոր մազի կտրուածքը, քալուածքը եւ պոռալու կերպը, երբ քոնկ ֆու կը խաղար։ Բնա՛ւ չէի ժպտար։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։
Նպատակակէտս էր՝ Չինաստանի մէջ քոնկ ֆուի մասնագէտ ըլլալ։ Երեկոյ մը, մինչ Չինաստան ճամբորդելու ծրագրիս առ ի պատրաստութիւն
ծանր կը մարզուէի, լսեցի դուռին զարկը։ Բարեկամ մըն էր, որ երկու Եհովայի վկայի հետ եկած էր։ Մարզուելու սեւ զգեստ հագած եւ քրտնաթաթախ եղած, իրենց ըսի. «Աստուածաշունչին մասին ոչինչ գիտեմ»։ Չէի գիտեր թէ այդ պահէն սկսեալ կեանքս պիտի փոխուէր։Վկաները Աստուածաշունչէն ինծի ցոյց տուին, թէ մարդիկ ինչո՛ւ անձնապէս բնաւ չեն կրնար անիրաւութիւնն ու բռնութիւնը լիովին անհետացնել։ Անոնք բացատրեցին թէ Բանսարկու Սատանան այսպիսի խնդիրներու իսկական պատճառն է (Յայտնութիւն 12։12)։ Վկաներուն արտացոլած խաղաղութեամբ ու վստահութեամբ տպաւորուեցայ։ Եւ զգացուեցայ երբ ինծի ըսին թէ Աստուած անուն մը ունի (Սաղմոս 83։18)։ Անոնք նաեւ ինծի ցոյց տուին Ա. Տիմոթէոս 4։8–ը, որ կ’ըսէ. «Մարմնին վարժութիւնը քիչ բանի օգտակար է, բայց աստուածպաշտութիւնը ամէն բանի օգտակար է, որ թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ կեանքին խոստումը ունի»։ Այս խօսքերը կեանքիս վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան։
Ցաւօք սրտի, Վկաներուն հետ կրկին հանդիպում չունեցայ, քանի որ ընտանիքս իրենց ըսաւ որ չվերադառնան։ Բայց եւ այնպէս, որոշեցի քոնկ ֆուէն վազ անցնիլ եւ սկսիլ Աստուածաշունչը սերտել։ Եղբայրներս այս գաղափարը չհաւնեցան, բայց վճռած էի Եհովայի վկաները գտնել եւ անոնց հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։
Շարունակեցի Վկաները փնտռել բայց ի զուր։ Մինչ այդ, հօրս յանկարծական մահով եւ ընտանեկան այլ ողբերգութիւններով խորապէս տխրեցայ։ Երբ շինարարական ընկերութեան մը մէջ կ’աշխատէի, օր մը Ատել անունով գործակից մը ինծի հարցուց, թէ ինչո՛ւ շատ տխուր եմ։ Ան սկսաւ յարութեան յոյսին մասին խօսիլ։ Յաջորդ 9 ամիսներուն, այս սիրալիր ու ազնիւ Վկան համբերութեամբ Աստուածաշունչը ինծի հետ սերտեց։
Մինչ ուսումնասիրութեանս մէջ կը յառաջդիմէի, սկսայ տեսնել թէ անձնաւորութեանս մէջ մեծ փոփոխութիւններ պէտք է մտցնեմ։ Ասիկա դիւրին չէր։ Միշտ զայրացկոտ ու դիւրագրգիռ էի։ Աստուածաշունչէն սորվեցայ ինչպէ՛ս ինքնազսպում ունենալ եւ իւրաքանչիւր դրդումի չհակազդել։ Օրինակ, Մատթէոս 5։44–ը կը նշէ Յիսուսի խրատը. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները. . . եւ աղօթք ըրէք անոնց համար որ ձեզ կը չարչարեն ու կը հալածեն»։ Իսկ Հռովմայեցիս 12։19–ն կը զգուշացնէ. «Վրէժխնդրութիւն մի՛ ընէք ձեր անձերուն համար. . . վասն զի գրուած է. ‘Վրէժխնդրութիւնը ի՛մս է, ե՛ս պիտի հատուցանեմ’, կ’ըսէ Տէրը»։ Այս եւ այլ համարներ ինծի օգնեցին որ կամաց–կամաց ներքին խաղաղութիւն ունենամ։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։
Թէեւ ընտանիքս սկիզբը Եհովայի վկաներուն հետ ուսումնասիրելու որոշումիս դէմ կեցաւ, սակայն ժամանակի ընթացքին սկսաւ Վկաները յարգել։ Իրականութեան մէջ, եղբայրներէս մէկը Եհովան պաշտելու մէջ ինծի միացած է, իսկ մայրս մինչեւ իր մահը մեր հաւատքը պաշտպանեց ուրիշներուն առջեւ։
Նաեւ օրհնուած եմ ունենալով հոյակապ, հաւատարիմ կին մը՝ Անիթան։ Մենք միասնաբար լիաժամ ծառայութեան մէջ ենք։ 2000–էն ի վեր, Անիթան ու ես կ’ապրինք Շուէտի Էսքիլսթունէ քաղաքին մէջ, ուր Աստուածաշունչը արաբախօսներու կը սորվեցնենք։
Տակաւին կը ցաւիմ բռնութենէ տառապող մարդոց վրայ։ Բայց բռնութեան իսկական պատճառը գիտնալը,– եւ գիտնալը թէ շուտով Աստուած անոր վերջ պիտի դնէ,– ինծի իսկական ուրախութիւն ու խաղաղութիւն կու տայ (Սաղմոս 37։29)։
Ես ու կինս ծառայութեան մէջ շատ ուրախ ենք։ Կը սիրենք ուրիշներուն Եհովայի մասին սորվեցնել