Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Մարդը վերջնականապէս երկրագունդը պիտի աւերէ՞

Մարդը վերջնականապէս երկրագունդը պիտի աւերէ՞

«Ազգ կ’երթայ եւ ազգ կու գայ, բայց երկիրը միշտ կը կենայ» (ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԱԳԱՒՈՐ, Ք.Ա. 11–ՐԴ ԴԱՐ) *։

Աստուածաշունչի այս գրողին համար, մեծ հակադրութիւն կար մարդուն կեանքին կարճատեւութեան եւ երկրագունդին մշտատեւ ըլլալուն միջեւ։ Իսկապէս, հազարաւոր տարիներէ ի վեր, սերունդներ եկած ու գացած են, սակայն Երկիր մոլորակը հաստատուն կերպով կեանքին թիկունք կանգնած է մինչեւ հիմա։

Բ. Աշխարհամարտին յաջորդող տարիները ոմանց կողմէ նկատուած են որպէս Մեծ արագացումը։ Միայն շուրջ 70 տարուան մէջ, մարդիկ յատկանշական յառաջդիմութիւն տեսած են՝ փոխադրութեան, հաղորդակցութեան եւ այլ արհեստագիտութիւններու մէջ, որոնք տնտեսական աննախընթաց փոփոխութիւններ յառաջ բերած են։ Շատեր այնպիսի կենսամակարդակ ունին, որ նախապէս անկարելի կը թուէր։ Միեւնոյն ժամանակամիջոցին, երկրի բնակչութիւնը գրեթէ եռապատիկ եղած է։

Սակայն այս բոլորը առանց վնասի չեն եղած։ Կ’ըսուի թէ մարդկութեան գործունէութիւնները երկրագունդը այնքան կը վնասեն, որ մօտ ատենէն ա՛լ կարելի պիտի չըլլայ որ անոր բնական շրջանները կեանքը պահպանելու համար պատշաճ կերպով գործեն։ Իրականութեան մէջ, կարգ մը գիտնականներ կ’ըսեն թէ մտած ենք երկրաբանական նոր դարաշրջան մը (Anthropocene), որուն մէջ մարդուն զօրաւոր ազդեցութիւնը Երկիր մոլորակին վրայ հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնայ։

Աստուածաշունչը նախագուշակեց ժամանակ մը, երբ մարդը ‘երկիրը պիտի ապականէր’ (Յայտնութիւն 11։18)։ Ոմանք հարց կու տան թէ արդեօք այսպիսի ժամանակի մէ՛ջ կ’ապրինք։ Երկիրը որքա՞ն եւս պիտի վնասուի։ Վիճակը անյեղաշրջելի պիտի ըլլա՞յ։ Իրապէս մարդը երկիրը վերջնականապէս պիտի աւերէ՞։

ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆՅԵՂԱՇՐՋԵԼԻ՞ Է

Երկրագունդը դէպի անյեղաշրջելի կացութիւն կ’ընթանա՞յ։ Կարգ մը գիտնականներ կը խորհին թէ դժուար է փոփոխութիւններուն ազդեցութիւնը նախատեսել։ Ասոր համար, անոնք մտահոգ են որ թերեւս կը մօտենանք հանգրուանի մը, ուր կլիմայի յանկարծական եւ չնախատեսուած փոփոխութիւններ կրնան աղէտալի արդիւնքներ յառաջ բերել։

Օրինակ՝ նկատի առ Արեւմտեան Անթարքթիքայի սառցակոյտը։ Ոմանք կը խորհին որ եթէ ընդհանրական ջերմացումը շարունակուի, որոշ մէկ հանգրուանին այս սառցակոյտին հալիլը անշրջելի պիտի դառնայ։ Ինչո՞ւ։ Սառոյցը բնականաբար արեւուն ճառագայթը կ’արտացոլէ։ Բայց մինչ սառցակոյտը կը բարակնայ եւ կը պզտիկնայ, անոր տակի ովկիանոսը, որ նուազ արտացոլիչ է, ի վերջոյ ի յայտ կու գայ։ Մութ ովկիանոսի մակերեսը աւելի տաքութիւն կը քաշէ, ինչ որ իր կարգին սառցակոյտը աւելի կը հալեցնէ։ Այս կործանիչ շրջանը անսանձելի դառնալով, հալած սառին ջուրերը ծովու մակերեւոյթը պիտի բարձրացնեն ու հարիւր միլիոնաւոր մարդոց աղէտ պիտի պատճառեն։

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԱՅԻՆ ՊԱՐՏՔԻՆ ԱՒԵԼՆԱԼԸ

Զանազան ռազմավարութիւններ առաջարկուած են, այժմ մեր դիմագրաւած «մոլորակային ստիպողական պարագայ»ին հետ գլուխ ելլելու համար։ Երկար ատենէ ի վեր ի գործ դրուած ռազմավարութիւն մը կոչուած է պաշտպանելի զարգացում, որ կը նշանակէ՝ տնտեսական եւ ընկերային աճում յառաջացնել, երկրագունդին կենսոլորտային սահմանափակումները յարգելով։ Արդիւնքը ի՞նչ եղած է։

Ցաւօք սրտի, համաշխարհային դրամական պարտքերու տագնապին նման, երկրին կենսոլորտային պարտքը կը շարունակէ աւելնալ։ Մարդ արարածը կը շարունակէ մոլորակին միջոցները արագօրէն սպառել, այնպէս մը որ անոնք չեն հասնիր բնականաբար նորոգուելու։ Կարելի՞ է բան մը ընել։ Կենսոլորտագէտ մը անկեղծօրէն ընդունեց. «Առումով մը, երկրագունդը յաջողապէս կառավարելու կերպը չենք գիտեր»։ Պարագան կը յիշեցնէ Աստուածաշունչին խօսքը. «Քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ» (Երեմիա 10։23

Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը մեզ կը հաւաստիացնէ, թէ Ստեղծիչը թոյլ պիտի չտայ որ մարդը երկիրը կենսոլորտային գետնի վրայ սնանկացնէ։ Սաղմոս 115։16–ի մէջ կը կարդանք. «[Աստուած] երկիրը մարդոց որդիներուն տուաւ»։ Այո, Երկիր մոլորակը մեր երկնաւոր Հօրմէն ‘բարի պարգեւ’ մըն է (Յակոբոս 1։17)։ Պիտի ակնկալէի՞նք որ Աստուծոյ պարգեւը ժամանակաւոր ըլլար, կարծես թէ պայմանաժամ ունենար։ Անշուշտ ո՛չ։ Երկրին ծրագրուած կերպը այս մէկը կ’ապացուցանէ։

ՍՏԵՂԾԻՉԻՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը մանրամասնութեամբ կ’ըսէ թէ Աստուած ինչպէ՛ս բծախնդրաբար երկիրը շինեց։ Սկիզբը, երկիրը «անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար»։ Մասնայատուկ կերպով կը նշուի թէ երկրի վրայ «ջուր» կար, ինչ որ կեանքի համար էական է (Ծննդոց 1։2)։ Ապա Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» (Ծննդոց 1։3)։ Բացայայտօրէն արեւուն ճառագայթները մթնոլորտէն ներս թափանցեցին, եւ առաջին անգամ ըլլալով երկրագունդին վրայ լոյս երեւցաւ։ Ապա, արձանագրութիւնը կը խօսի ցամաքին ու ծովուն կազմուելուն մասին (Ծննդոց 1։9, 10)։ Անկէ ետք, «կանանչ խոտ, իր տեսակին պէս սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս սերմ ունեցող պտղաբեր ծառ» երեւցան (Ծննդոց 1։12)։ Այսպէս, կեանքի համար էական եղող ընթացքներու եւ շրջաններու,– ինչպէս՝ լուսակազմութիւն,– անհրաժեշտ տարրերը գոյացան։ Այս հսկայ պատրաստութեան ետին ի՞նչ նպատակ կար։

Եսայի մարգարէն Աստուած նկարագրեց որպէս ան «որ երկիրը կազմեց, զանիկա շինեց եւ հաստատեց, զանիկա պարապ տեղ չստեղծեց, հապա բնակութեան համար կազմեց» (Եսայի 45։18)։ Յստակ է թէ Աստուծոյ նպատակն է, որ երկիրը մարդուն կողմէ յաւիտեան բնակուի։

Ցաւօք սրտի, մարդը Աստուծոյ գեղեցիկ պարգեւին հետ գէշ վարուած է՝ զայն աւերելու աստիճան։ Բայց Ստեղծիչին նպատակը չէ փոխուած։ Վաղեմի անհատ մը ըսաւ. «Աստուած մարդ չէ, որ սուտ խօսի, ո՛չ ալ մարդու որդի, որ զղջայ. ինք ըսաւ ու պիտի չընէ՞» (Թուոց 23։19)։ Արդարեւ, փոխանակ թոյլ տալու որ երկիրը կործանի, ժամանակը արագօրէն կը մօտենայ, երբ Աստուած ‘պիտի ապականէ երկիրը ապականողները’ (Յայտնութիւն 11։18

ԵՐԿԻՐԸ ՄԵՐ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ՏՈՒՆԸ

Յիսուս Քրիստոս իր նշանաւոր Լերան քարոզին մէջ ըսաւ. «Երանի՜ հեզերուն, վասն զի անոնք պիտի ժառանգեն երկիրը» (Մատթէոս 5։5)։ Ետքը, նոյն քարոզին մէջ, Յիսուս յայտնեց թէ երկիրը ինչի՛ միջոցաւ պիտի ազատի ապականուելէ։ Ան իր հետեւորդներուն ըսաւ որ աղօթեն. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։ Այո, Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, կամ կառավարութիւնը, երկրի նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը պիտի իրագործէ (Մատթէոս 6։10

Թագաւորութեան բերելիք յատկանշական փոփոխութիւններուն առնչութեամբ, Աստուած կ’ըսէ. «Ահա ամէն բաները նոր կ’ընեմ» (Յայտնութիւն 21։5)։ Ասիկա կը նշանակէ՞ թէ Աստուած երկիրը պիտի փոխարինէ նոր երկրով մը։ Ո՛չ, քանի որ երկրագունդը ինքնին սկիզբէն իսկ թերութիւն մը չունի։ Աստուած մէջտեղէն պիտի վերցնէ անոնք որոնք այս մոլորակային տագնապին համար պատասխանատու են, «երկիրը ապականողները», այսինքն այժմու մարդկային դրութիւնը իր կառավարական կառոյցով։ Ասոնք պիտի փոխարինուին ‘նոր երկինքով ու նոր երկրով’,– երկնային նոր կառավարութիւն մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որ երկրային նոր ընկերութեան մը վրայ պիտի իշխէ (Յայտնութիւն 21։1

Մարդուն պատճառած կենսոլորտային պարտքը ջնջելու համար, Աստուած կենսոլորտային պիւտճէն վերստին պիտի հաւասարակշռէ, այլաբանօրէն խօսելով։ Նկարագրելով թէ Աստուած ի՛նչ պիտի ընէ, ներշնչման ներքեւ սաղմոսերգուն գրեց. «Երկրին այցելութիւն կ’ընես ու զանիկա կը ջրես, շատ կը հարստացնես զանիկա»։ Հակակշռուած կլիմայ ունենալով եւ ամէնէն կարեւորը՝ Աստուծոյ օրհնութիւնը վայելելով, երկիրը դրախտ պիտի ըլլայ, առատ ուտելիք հայթայթելով (Սաղմոս 65։9-13

Ըստ իր քարտուղարին՝ Փեարելալին, Հնդկաստանի հոգեւոր առաջնորդ՝ Մոհանտէս Կանտի անգամ մը դիտել տուաւ. «Երկիրը բաւական բան կը հայթայթէ գոհացնելու ամէն մարդու կարիքները, բայց ո՛չ՝ ամէն մարդու ագահութիւնը»։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը երկրագունդի խնդիրներուն արմատական պատճառը պիտի լուծէ, մարդոց սրտերուն մէջ փոփոխութիւն մտցնելով։ Եսայի մարգարէն նախագուշակեց թէ Թագաւորութեան իշխանութեան ներքեւ, մարդիկ իրարու կամ երկիրին «պիտի չվնասեն ու չապականեն» (Եսայի 11։9)։ Իրականութեան մէջ, տարբեր ենթահողերէ եկող միլիոնաւոր մարդիկ արդէն իսկ Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն մասին կը սորվին։ Անոնք կը սորվին Աստուած եւ ընկերը սիրել, երախտագէտ ոգի ցուցաբերել, միջավայրին հոգ տանիլ, բնական միջոցները պահպանել եւ Ստեղծիչին նպատակին հետ ներդաշնակ կեանք մը վարել։ Անոնք կը պատրաստուին դրախտային երկրի մը մէջ ապրելու (Ժողովող 12։13. Մատթէոս 22։37-39. Կողոսացիս 3։15

Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ այս հոյակապ երկրագունդը ամբողջովին աւերի

Ծննդոց գիրքի ստեղծագործութեան արձանագրութիւնը կ’եզրափակէ սա խօսքերով. «Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր» (Ծննդոց 1։31)։ Իսկապէս, Աստուած թոյլ պիտի չտայ որ այս հոյակապ երկրագունդը ամբողջովին աւերի։ Կը մխիթարուինք գիտնալով որ մեր մոլորակին ապագան, սիրառատ Ստեղծիչին՝ Եհովա Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ապահով է։ Ան կը խոստանայ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին» (Սաղմոս 37։29)։ Կը մաղթենք որ սեպուիս «արդարներ»ուն մէջ, որոնք երկիրը պիտի կոչեն իրենց յաւիտենական տունը։

^ պարբ. 3 Աստուածաշունչի Ժողովող 1։4 համարը։