Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը հարցումներուս պատասխանեց

Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը հարցումներուս պատասխանեց
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1987

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ՄԵԾՑԱԾ ԻՍԼԱՄ ՀՕՐ ԵՒ ՀՐԵԱՅ ՄՕՐ ԿՈՂՄԷ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Ծնած եմ Պաքու, Ազրպէյճան։ Երկու զաւակներու մէջ երկրորդն էի։ Հայրս իսլամ էր, իսկ մայրս՝ հրեայ։ Անոնք զիրար կը սիրէին եւ մէկը միւսին հաւատալիքին հետ խնդիր մը չունէր։ Երբ հայրս Ռամատանի ընթացքին ծոմ կը պահէր, մայրս իրեն չէր հակառակեր. իսկ երբ մայրս Պասեքը կը տօնէր, հայրս իրեն չէր հակառակեր։ Տան մէջ ունէինք Քուրան, Թորա եւ Աստուածաշունչ։

Ես իմ անձս իսլամ կը համարէի։ Թէեւ կ’ընդունէի որ Աստուած գոյութիւն ունի, սակայն որոշ նիւթեր զիս կը շփոթեցնէին։ Հարց կու տայի. ‘Աստուած ինչո՞ւ մարդիկը ստեղծեց, եւ ի՞նչ իմաստ ունի որ անհատ մը տառապանքով լեցուն կեանք մը ապրի եւ յետոյ յաւիտեան դժոխքին մէջ չարչարուի’։ Որո՛վհետեւ մարդիկ կ’ըսեն թէ ամէն ինչ որ կը պատահի Աստուծոյ կամքն է, հարց տուի. ‘Աստուած պարզապէս խամաճիկ խաղացո՞ղ մըն է, որ մարդոց տառապանքը տեսնելով հաճոյք կ’առնէ’։

Երբ 12 տարեկան էի, սկսայ նամազ ընել (իսլամներուն ամէնօրեայ ծիսական հինգ աղօթքները)։ Այդ ժամանակ, հայրս զիս ու քոյրս հրէական դպրոց արձանագրեց։ Ուրիշ նիւթերու կողքին, սորվեցանք Թորայի սովորութիւնները եւ եբրայերէն լեզուն։ Առաջ որ դասընթացքները սկսէինք, հարկ էր որ հրէական սովորութեան համաձայն աղօթէինք։ Այսպէս, ամէն առտու տան մէջ նամազ կ’ընէի, ապա դպրոցը հրէական աղօթքներուն կը մասնակցէի։

Շատ կ’ուզէի որ հարցումներս տրամաբանօրէն պատասխանուէին։ Դպրոցը ռաբբիներուն կրկին անգամ կը հարցնէի. «Աստուած ինչո՞ւ մարդիկը ստեղծեց։ Աստուած ինչպէ՞ս կը նկատէ իմ իսլամ հայրս։ Ան բարի մարդ է, լաւ ինչո՞ւ անմաքուր կը սեպուի։ Եւ Աստուած ինչո՞ւ զինք ստեղծեց»։ Քանի մը պատասխաններ ստացայ, որոնք անտրամաբանական էին եւ համոզիչ չէին։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

2002–ին, Աստուծոյ հանդէպ հաւատքս բոլորովին կորսնցուցի։ Տակաւին նոր գաղթած էինք Գերմանիա, երբ միայն մէկ շաբաթ ետք հայրս կաթուած մը ունեցաւ եւ մահաքունի մէջ մտաւ։ Տարիներ շարունակ աղօթած էի ընտանիքիս առողջապահութեան եւ բարօրութեան մասին։ Համոզուած ըլլալով որ միայն Ամենակալը կեանքի եւ մահուան վրայ զօրութիւն ունի, ամէն օր իրեն կ’աղաչէի որ հայրս չմահանայ։ Կը մտածէի. ‘Աղջնակի մը սրտագին փափաքը իրականացնելը Աստուծոյ համար շատ դիւրին է’։ Վստահ էի որ ան իմ խնդրանքս պիտի շնորհէր։ Բայց հայրս մահացաւ։

Խորհելով թէ Աստուած անտարբեր է, թէ՛ զարմացայ, թէ՛ սարսափեցայ եւ թէ ջախջախուած զգացի։ Մտածեցի որ ‘կա՛մ ես սխալ կերպով կ’աղօթեմ, կամ ալ Աստուած գոյութիւն չունի’։ Ապշած էի եւ այլեւս նամազ չէի ըներ։ Ուրիշ կրօնքներ անիմաստ գտայ. ուստի եզրակացուցի թէ Աստուած չկայ։

Վեց ամիս ետք, Եհովայի վկաները մեր դուռը զարկին։ Քանի որ քրիստոնէութիւնը մեծարելի կրօնք մը չէր մեզի համար, ես ու քոյրս ուզեցինք քաղաքավարօրէն իրենց ցոյց տալ թէ իրենք սխալ էին։ Իրենց հարցուցինք. «Քրիստոնեաները ինչպէ՞ս կրնան պաշտել՝ Յիսուսը, խաչը, Մարիամը եւ այլ կուռքեր, երբ այսպիսի պաշտամունք տասը պատուիրաններուն դէմ է»։ Վկաները Աստուածաշունչէն մեզի համոզիչ ապացոյցներ տուին, թէ կուռքերու պաշտամունքը ճշմարիտ քրիստոնեաներուն համար արտօնուած չէ եւ թէ մեր աղօթքները պէտք է ուղղուին միմիայն Աստուծոյ։ Ասիկա զիս ապշեցուց։

Ապա ես ու քոյրս հարցուցինք. «Լաւ ի՞նչ կ’ըսէք Երրորդութեան մասին։ Եթէ Յիսուս Աստուած է, ինչպէ՞ս կարելի է որ ան երկրի վրայ ապրի եւ մարդոց կողմէ սպաննուի»։ Անոնք դարձեալ Աստուածաշունչէն պատասխանեցին եւ բացատրեցին թէ Յիսուս ո՛չ Ամենակալ Աստուածն է ոչ ալ Անոր հաւասար է։ Վկաները բացատրեցին թէ ասոր համար է որ անոնք Երրորդութեան չեն հաւատար։ Ես դարձեալ ապշեցայ եւ մտածեցի. ‘Ասոնք իսկապէս տարօրինակ քրիստոնեաներ են’։

Բայց եւ այնպէս, տակաւին կ’ուզէի գիտնալ թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը մեռնին եւ Աստուած ինչո՛ւ կը թոյլատրէ տառապանքը։ Վկաները ինծի ցոյց տուին Գիտութիւնը որ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ գիրքը *, որուն մէջ լման գլուխներ հարցումներուս կը պատասխանէին։ Անոնք անմիջապէս ինծի հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսան։

Իւրաքանչիւր ուսումնասիրութեան նիստի ընթացքին, հարցումներուս տրամաբանական եւ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած պատասխանները կը ստանայի։ Սորվեցայ թէ Աստուծոյ անունը Եհովա է (Սաղմոս 83։18)։ Իր հիմնական յատկութիւնը անձնազոհ սէրն է (Ա. Յովհաննէս 4։8)։ Ան մարդիկը ստեղծեց, քանի որ ուզեց որ անոնք ալ ունենան կեանքի պարգեւը։ Սկսայ հասկնալ որ թէեւ Աստուած անարդարութիւնը կը թոյլատրէ, բայց ան զայն կ’ատէ եւ շուտով առյաւէտ պիտի վերացնէ։ Սորվեցայ թէ Ադամի ու Եւայի ըմբոստութիւնը մարդկութեան վնաս հասցուցած է (Հռովմայեցիս 5։12)։ Այդ ըմբոստութեան գէշ հետեւանքներէն մէկն է՝ սիրելիներու մահը, ինչպէս՝ հօրս։ Սակայն այս գէշ բաները գոյութիւն պիտի չունենան գալիք նոր աշխարհին մէջ, ուր մեռելները յարութիւն պիտի առնեն (Գործք 24։15

Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը հոգեւոր ծարաւս յագեցուց։ Սկսայ Աստուծոյ դարձեալ հաւատալ։ Երբ սկսայ Եհովայի վկաները աւելի լաւ ճանչնալ, անդրադարձայ թէ անոնք համաշխարհային եղբայրութիւն մըն են։ Իրենց միջեւ եղած միութիւնն ու սէրը զիս տպաւորեցին (Յովհաննէս 13։34, 35)։ Եհովայի մասին սորված բաներս զիս մղեցին որ իրեն ծառայեմ, ուստի որոշեցի Եհովայի վկայ մը դառնալ։ Մկրտուեցայ 8 յունուար 2005–ին։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Աստուածաշունչին տրամաբանական եւ համոզիչ ուսուցումները կեանքի շուրջ ամբողջ հայեցակէտս փոխեցին։ Աստուծոյ Խօսքին վստահելի բացատրութիւնները ինծի ներքին խաղաղութիւն տուին։ Ուրախ եւ մխիթարուած կը զգամ, քանի որ յոյս ունիմ որ հայրս դարձեալ պիտի կարենամ տեսնել, ըստ Աստուածաշունչին խոստացած յարութեան յոյսին (Յովհաննէս 5։28, 29

Վեց տարիէ ի վեր երջանիկ ամուսնութիւն մը կը վայելեմ աստուածավախ ամուսինիս՝ Ճոնաթանի հետ։ Երկուքս ալ սորված ենք թէ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը տրամաբանական եւ պարզ է, բայց միեւնոյն ատեն անգին գանձ է։ Անոր համար մեր հաւատքն ու հոյակապ յոյսը ուրիշներու հետ բաժնելը կը գնահատենք։ Այժմ համոզուած ենք թէ Եհովայի վկաները «տարօրինակ» չեն, հապա ճշմարիտ քրիստոնեաներ են։

^ պարբ. 15 Հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ, բայց ներկայիս՝ սպառած։