ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՓՏԱԾՈՒԹԵՆԷ ԶԵՐԾ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը. փտածութենէ զերծ կառավարութիւն մը
«Կառավարական պաշտօնեաները ի վերջոյ քաղաքացիներ են եւ եթէ քաղաքացիները փտած ըլլան, կառավարական պաշտօնեաներն ալ փտած պիտի ըլլան»։ Այսպէս ըսաւ Նիքարակուայի գլխաւոր հաշուեքննիչը, երբ կը բացատրէր թէ ինչո՛ւ կը խորհէր որ անկարելի է կառավարական փտածութիւնը ոչնչացնել։
Չե՞ս համաձայնիր որ եթէ մարդկային ընկերութիւնը փտած է, որեւէ կառավարութիւն որ անոր մաս կը կազմէ, անխուսափելիօրէն ան ալ փտած պիտի ըլլայ։ Եթէ այս է պարագան, ուրեմն փտածութենէ զերծ կառավարութիւն մը մարդկային ընկերութենէն պէտք չէ ըլլայ։ Աստուածաշունչը կը նկարագրէ այսպիսի կառավարութիւն մը՝ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը, որուն մասին Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց որ աղօթեն (Մատթէոս 6։9, 10)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ երկինքէն կ’իշխէ։ Անիկա բոլոր մարդկային կառավարութիւնները պիտի փոխարինէ (Սաղմոս 2։8, 9. Յայտնութիւն 16։14. 19։19-21)։ Թագաւորութեան բերելիք օրհնութիւններէն մէկն է՝ կառավարութեան մէջ փտածութեան վերջ դնել։ Նկատի առ Թագաւորութեան վեց երեսակներ, որոնք ասիկա կ’երաշխաւորեն։
1. ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ
ԽՆԴԻՐ։ Մարդկային կառավարութիւնները կը ֆինանսաւորուին քաղաքացիներուն կողմէ, շատ յաճախ տուրքերու եւ մաքսերու միջոցաւ։ Պաշտօնեաներէն ոմանք կը մղուին այդ դրամէն գողնալու, մինչ ուրիշներ կաշառք կ’առնեն անհատներէ, որոնք կը խնդրեն որ իրենց տուրքերը կամ կառավարութեան տրուելիք այլ վճարումներ նուազեցնեն։ Վատ կացութիւն մը կը ստեղծուի, քանի որ այսպիսի վնասներ հատուցանելու համար կառավարութիւնը տուրքերը կը շատցնէ, եւ այս մէկը իր կարգին ա՛լ աւելի փտածութիւն կը յառաջացնէ։ Այսպիսի իրավիճակի մէջ, ամէնէն շատ՝ պարկեշտ մարդիկը կը տառապին։
ԼՈՒԾՈՒՄ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը հեղինակութիւն կը ստանայ Ամենակալ Աստուծմէն՝ Եհովայէն (Յայտնութիւն 11։15)։ Գործելու համար, անիկա պէտք չունի տուրքեր հաւաքելու։ Փոխարէն, Աստուծոյ ‘սաստիկ զօրութիւնը’ եւ անձնուրաց առատաձեռնութիւնը կը վստահեցնեն, թէ Թագաւորութիւնը իր բոլոր հպատակներուն կարիքները առատօրէն պիտի հոգայ (Եսայի 40։26. Սաղմոս 145։16)։
2. ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ
ԽՆԴԻՐ։ Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Սուզան Ռոզ–Աքըրմէն կ’ըսէ, թէ փտածութիւնը անհետացնելու ջանքը «պէտք է գլուխէն սկսի»։ Կառավարութիւնները իրենց վստահելիութիւնը կը կորսնցնեն, երբ որ կը ջանան փտածութիւնը արմատախիլ ընել ոստիկանութեան եւ մաքսային պաշտօնեաներուն մէջէն, մինչ զայն կը հանդուրժեն բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մէջ։ Նոյնիսկ ամէնէն պարկեշտ մարդկային կառավարիչը ենթակայ է բնածին անկատարութեան։ Ինչպէս որ Աստուածաշունչը կ’ըսէ, «երկրի վրայ արդար մարդ չկայ, որ աղէկութիւն ընէ ու մեղք չգործէ» (Ժողովող 7։20)։
Յիսուս մերժեց ցարդ մեծագոյն կաշառքը
ԼՈՒԾՈՒՄ։ Անկատար մարդոց հակառակը՝ Յիսուս Քրիստոս, որ Աստուծոյ կողմէ նշանակուած է Թագաւորութեան Կառավարիչը ըլլալու, չի կրնար սխալ բաներ ընելու փորձութեան մէջ իյնալ։ Ան ասիկա ցոյց տուաւ, երբ մերժեց ցարդ մեծագոյն կաշառքը,– «աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները ու անոնց փառքը»։ Աշխարհին իշխանը՝ Բանսարկուն՝ աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները Յիսուսի հրամցուց, պաշտամունքի արարքի մը փոխարէն (Մատթէոս 4։8-10. Յովհաննէս 14։30)։ Նոյնիսկ երբ Յիսուս մինչեւ մահ կը տանջուէր, ան այնքա՛ն վճռած էր իր հաւատարմութիւնը պահպանել, որ մերժեց առնել թմրեցուցիչ մը, որ կրնար իր ցաւը մեղմացնել, բայց միեւնոյն ատեն մտային արթնութիւնը տկարացնել (Մատթէոս 27։34)։ Հիմա որ Աստուծոյ կողմէ դարձեալ իր երկնային կեանքին վերադարձած է, Յիսուս փաստած է թէ կատարելապէս որակեալ է Թագաւորութեան Կառավարիչը ըլլալու (Փիլիպպեցիս 2։8-11)։
3. ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆ
ԽՆԴԻՐ։ Շատ մը երկիրներ կանոնաւորաբար ընտրութիւններ կ’ընեն, ինչ որ տեսականօրէն թոյլ կու տայ փտած պաշտօնեաներ պաշտօնազրկելու։ Սակայն իրականութիւնը այն է, թէ արշաւներն ու ընտրութիւնները ենթակայ են փտածութեան, նոյնիսկ այդպէս կոչուած զարգացած երկիրներու մէջ։ Արշաւներու յատկացուած նուիրատուութիւններու եւ այլ արարքներու միջոցաւ, հարուստ մարդիկ անտեղիօրէն ազդեցութիւն կը բանեցնեն ներկայ եւ ապագայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վրայ։
Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն ատեանի դատաւոր՝ Ճոն Բօլ Սթիվընզ գրեց թէ այսպիսի ազդեցութիւն կը սպառնայ «ոչ միայն կառավարութեան օրինականութեան եւ որակին, այլեւ հանրութեան հաւատքին»։ Ուստի զարմանալի չէ որ աշխարհի տարածքին շատեր կը խորհին, թէ քաղաքական կուսակցութիւնները ամէնէն փտած հաստատութիւններն են։
ԼՈՒԾՈՒՄ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը կայուն եւ մնայուն իշխանութիւն մը ըլլալով, ընտրութիւններու կամ արշաւի մէջ խարդախութիւն ըլլալու կարելիութիւնը կը ջնջէ (Դանիէլ 7։13, 14)։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ո՛չ ընտրութեամբ կը վաւերացուի, ոչ ալ տապալուելու ենթակայ է, քանի որ անոր Կառավարիչը Աստուծոյ կողմէ ընտրուած է։ Անոր կայուն ըլլալը կը վստահեցնէ, թէ իր առած քայլերը միշտ իր ժողովուրդին երկարատեւ շահերուն ի նպաստ են։
4. ՕՐԷՆՔՆԵՐ
ԽՆԴԻՐ։ Սկիզբը թերեւս խորհիս որ նոր օրէնքներ դնելը կրնայ հարցերը բարելաւել։ Սակայն, փորձագէտներ տեսած են թէ շատ մը պարագաներու, օրէնքներ շատցնելը փտածութեան հաւանականութիւնը կ’աւելցնէ։ Ասկէ զատ, այն նոր օրէնքները, որոնք մասնաւորապէս կը միտին փտածութիւնը նուազեցնել, յաճախ սուղի կը նային եւ քիչ բան կ’իրագործեն։
ԼՈՒԾՈՒՄ։ Աստուծոյ Թագաւորութեան օրէնքները մարդկային կառավարութիւններու օրէնքներէն շա՜տ գերադաս են։ Օրինակ, փոխանակ օրէնքներու երկար ցանկ մը դնելու, Յիսուս տուաւ այն ինչ որ յաճախ կը կոչուի Ոսկի կանոնը։ Ան ըսաւ. «Ամէն ինչ որ կ’ուզէք որ մարդիկ ձեզի ընեն, դուք ալ անոնց այնպէս ըրէք» (Մատթէոս 7։12)։ Թերեւս աւելի նշանակալից կերպով, Թագաւորութեան օրէնքները կը կեդրոնանան թէ՛ շարժառիթներու եւ թէ արարքներու վրայ։ Օրինակ, Յիսուս ըսաւ. «Քու ընկերդ սիրես քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22։39)։ Անշուշտ Աստուած, որ կրնայ սրտերը կարդալ, իրականութեան մէջ կրնայ այսպիսի օրէնքներ պարտադրել (Ա. Թագաւորաց 16։7)։
5. ՇԱՐԺԱՌԻԹՆԵՐ
ԽՆԴԻՐ։ Փտածութեան ետին կան ագահութիւն եւ շահասիրութիւն։ Կառավարական պաշտօնեաները եւ քաղաքացիները յաճախ այս գէշ յատկութիւնները կը դրսեւորեն։ Նախորդ յօդուածին մէջ նշուած Սէուլի մէկ վաճառատան խորտակման պարագային, կառավարական պաշտօնեաներ կաշառք ընդունեցին կապալառուներէն, որոնք գիտէին թէ կաշառք տալը նուազ ծախսալից պիտի ըլլար, քան՝ պատշաճ շինարարական նիւթեր եւ շինարարական մեթոտներ գործածելը։
Ուստի փտածութիւնը ոչնչացնելու համար, մարդիկ պէտք է սորվին ինչպէ՛ս յաղթահարել արմատացած շարժառիթներ, ինչպէս՝ ագահութիւն եւ անձնասիրութիւն։ Սակայն, մարդկային կառավարութիւնները թէ՛ չեն ուզեր եւ թէ կարողութիւնը չունին այս տեսակի կրթական յայտագիր ի գործ դնելու։
ԼՈՒԾՈՒՄ։ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը փտածութեան խնդիրը իր արմատէն կը լուծէ, մարդոց սորվեցնելով *։ Այս կրթութիւնը մարդոց կ’օգնէ, որ իրենց «մտքով ու հոգիով նորոգուի[ն]» (Եփեսացիս 4։23)։ Անոնք կը սորվին ագահ եւ անձնասէր ըլլալու փոխարէն, գոհունակ եւ ուրիշներուն շահերը փնտռող ըլլալ (Փիլիպպեցիս 2։4. Ա. Տիմոթէոս 6։6)։
ինչպէ՛ս զայն պատճառող սխալ շարժառիթները յաղթահարել6. ՀՊԱՏԱԿՆԵՐ
ԽՆԴԻՐ։ Նոյնիսկ եթէ մարդիկ ամէնէն լաւ միջավայրին մէջ ապրին եւ բարոյական ամէնէն լաւ կրթութիւնը ունենան, անոնցմէ ոմանք պիտի ընտրեն ըլլալ անպարկեշտ եւ փտած։ Փորձագէտներ կը գիտակցին, թէ այս պատճառով է որ մարդկային կառավարութիւնները չեն կրնար փտածութիւնը ոչնչացնել։ Առաւելագոյնս, կարելի է միայն փտածութեան տարողութիւնն ու աւերիչ ազդեցութիւնները սահմանափակել։
ԼՈՒԾՈՒՄ։ Փտածութեան դէմ դնելու ՄԱԿ–ի պայմանագիրը կը նշէ, թէ փտածութեան դէմ պայքարելու համար, կառավարութիւնները պէտք է յառաջ մղեն «ուղղամտութիւն, պարկեշտութիւն եւ պատասխանատուութիւն»։ Ճիշդ է որ ասիկա վեհ նպատակակէտ մըն է, սակայն Աստուծոյ Թագաւորութիւնը այս յատկութիւնները պարզապէս յառաջ մղելէն աւելին կ’ընէ. անիկա զայն կը պահանջէ իր հպատակներէն։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ «ագահները» եւ «ստախօսներ»ը որակեալ պիտի չըլլան Թագաւորութիւնը ժառանգելու (Ա. Կորնթացիս 6։9-11. Յայտնութիւն 21։8)։
Մարդիկ կրնան բարոյական այս բարձր չափանիշներուն կառչիլ, ինչպէս որ նախկին քրիստոնեաները ըրին։ Օրինակ, երբ Սիմոն անունով աշակերտ մը փորձեց առաքեալներէն սուրբ հոգին գնել, անոնք կաշառքը մերժեցին եւ իրեն ըսին. «Այդ չարութենէդ զեղջի եկուր»։ Երբ Սիմոն իր սխալ ցանկութեան վտանգը նկատեց, ան առաքեալներէն խնդրեց որ իրեն համար աղօթեն, որպէսզի կարենայ զայն յաղթահարել (Գործք 8։18-24)։
ԻՆՉՊԷ՛Ս ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՏԱԿ ՄԸ ԴԱՌՆԱԼ
Ազգային պատկանելիութիւնդ ի՛նչ որ ալ ըլլայ, պատեհութիւնը ունիս Աստուծոյ Թագաւորութեան հպատակ մը դառնալու (Գործք 10։34, 35)։ Թագաւորութեան մատուցած կրթական յայտագիրը,– որ այժմ աշխարհի չորս կողմը մատչելի է,– քեզի ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէ՛ս կրնաս անոր հպատակ դառնալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան քեզի ներկայացնելու Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը, որ կրնայ շաբաթը առնուազն տասը վայրկեան տեւել։ Ուրիշ բաներու կողքին, կրնաս աւելի՛ն սորվիլ ‘Աստուծոյ թագաւորութեան’ մասին, զոր օրինակ թէ անիկա ինչպէ՛ս վերջ պիտի դնէ կառավարութեան մէջ փտածութեան (Ղուկաս 4։44)։ Քեզ կը հրաւիրենք որ շրջանիդ Վկաներուն հետ կապ պահես կամ այցելես մեր կայքը՝ jw.org։
^ պարբ. 22 Օրինակ, տե՛ս «Կարելի՞ է փտած աշխարհի մը մէջ պարկեշտ ըլլալ» յօդուածը, Դիտարան–ի 1 նոյեմբեր 2012 թիւին մէջ։