Աստուածաշունչին պատասխանները
Ի՞նչը շատերը կը մղէ որ Ստեղծիչի մը գոյութեան հաւատան։
Շուրջ 3000 տարի առաջ, սաղմոսերգուն գրեց. «Ահաւոր ու զարմանալի կերպով ստեղծուեցայ» (Սաղմոս 139։14)։ Երբ պահ մը մտածես թէ մանուկ մը ինչպէ՛ս բջիջէ մը կը կազմուի, երկիւղով չե՞ս լեցուիր։ Շատեր ապրող էակներուն ծրագրուած կերպը կը վերագրեն Ստեղծիչի մը (կարդա՛ Սաղմոս 139։13-17. Եբրայեցիս 3։4)։
Ան որ տիեզերքը ստեղծեց եւ երկիրը բնակելի դարձուց, կեանքն ալ ստեղծեց (Սաղմոս 36։9)։ Ան մարդկութեան հետ հաղորդակցած է եւ Իր մասին տեղեկացուցած է (կարդա՛ Եսայի 45։18)։
Մարդը անասունէ՞ն բարեշրջուած է։
Մեր մարմինը շատ մը բաներու մէջ կը նմանի անասուններու մարմնին։ Բայց պարագան այս է, քանի որ Ստեղծիչը ծրագրեց որ մարդիկն ու անասունները երկրի վրայ ապրին։ Ան առաջին մարդկային զոյգը ստեղծեց ոչ թէ անասունէ մը, հապա՝ հողէն (կարդա՛ Ծննդոց 1։24. 2։7)։
Մարդ արարածը կը տարբերի անասունէն՝ երկու կարեւոր կերպերով։ Առաջին, մարդիկ կարողութիւն ունին Ստեղծիչը ճանչնալու, սիրելու եւ յարգելու։ Երկրորդ, անասունները չստեղծուեցան յաւիտեան ապրելու, մինչդեռ մարդիկ այդ նպատակով ստեղծուեցան։ Բայց այժմ ամէն մարդ մահը կը ժառանգէ, քանի որ առաջին մարդը՝ Ադամ, Ստեղծիչին առաջնորդութիւնը մերժեց (կարդա՛ Ծննդոց 1։27. 2։15-17)։