Աստուածաշունչին պատասխանները
Երբեք պիտի ունենա՞նք ամբողջ աշխարհին համար մէկ կառավարութիւն։
Երեւակայէ թէ համաշխարհային կառավարութիւն մը ինչպէ՛ս կրնայ մարդկութեան օգտել։ Ներկայիս բազմաթիւ ժողովուրդներ կը տառապին, քանի որ շատ աղքատ են, մինչդեռ ուրիշներ շատ հարուստ են։ Բայց կարեկից համաշխարհային կառավարութիւն մը կրնայ բոլորի՛ն կարիքները հոգալ։ Կը խորհի՞ս որ մարդիկ օրին մէկը այսպիսի կառավարութիւն մը մէջտեղ պիտի բերեն (կարդա՛ Երեմիա 10։23)։
Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, կառավարութիւնները շատ մը կերպերով չեն կրցած իրենց հպատակներուն հոգ տանիլ, մանաւանդ՝ աղքատ դասակարգին։ Կառավարութիւններէն ոմանք անգութ են (Ժողովող 4։1. 8։9)։ Բայց Ամենակալ Աստուած խոստացած է հաստատել կառավարութիւն մը, որ բոլոր միւսները պիտի փոխարինէ։ Անոր Կառավարիչը իսկապէս մարդոց հոգ պիտի տանի (կարդա՛ Եսայի 11։4. Դանիէլ 2։44)։
Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՞նչ պիտի իրագործէ։
Աստուած ընտրած է կատարեալ համաշխարհային Կառավարիչ մը,– իր Որդին՝ Յիսուսը (Ղուկաս 1։31-33)։ Երկրի վրայ Յիսուս սրտանց մարդոց օգնեց։ Իսկ որպէս երկնային Թագաւոր, ան բոլոր ազգերէ մարդիկ պիտի միացնէ ու մարդկութիւնը ամէն տառապանքէ զերծ պիտի ընէ (կարդա՛ Սաղմոս 72։8, 12-14)։
Ամէն անհատ Յիսուսը որպէս Կառավարիչ պիտի ընդունի՞։ Ո՛չ։ Բայց Աստուած երկայնամիտ է (Բ. Պետրոս 3։9)։ Ան մարդոց պատեհութիւն կ’ընծայէ, որ Յիսուսը ընդունին իբրեւ Կառավարիչ։ Մօտ օրէն, Յիսուս երկրագունդը գէշ մարդոցմէ պիտի ձերբազատէ եւ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն պիտի հաստատէ (կարդա՛ Միքիա 4։3, 4)։