ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿԸ ՓԱՓԱՔԻ՞Ս ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ՍԵՐՏԵԼ
Ինչո՞ւ կ’արժէ Աստուածաշունչը սերտել
-
Կեանքին նպատակը ի՞նչ է։
-
Մարդիկ ինչո՞ւ կը տառապին ու կը մեռնին։
-
Ապագան ի՞նչ կը վերապահէ։
-
Աստուած ինձմով հետաքրքրուա՞ծ է։
Երբեք այսպիսի հարցումներ մտքէդ անցա՞ծ են։ Եթէ այո, մինակդ չես։ Համայն աշխարհի մէջ մարդիկ կեանքի կարեւոր հարցումներ կ’ուղղեն։ Կարելի՞ է պատասխանները գտնել։
Միլիոնաւորներ «Այո՛, կարելի է» պիտի ըսեն, որովհետեւ արդէն իսկ գտած են գոհացուցիչ պատասխաններ Աստուածաշունչին ընդմէջէն։ Եթէ դուն ալ կ’ուզես գիտնալ թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ, կրնաս օգտուիլ Աստուածաշունչի այն ձրի ուսումնասիրութենէն, որ Եհովայի վկաները կ’առաջարկեն *։
Ճիշդ է որ ոմանք թերեւս Աստուածաշունչը սերտելու գաղափարին շուրջ ըսեն. «Ժամանակ չունիմ», «Խրթին գիրք մըն է», «Չեմ ուզեր յայտագրի մը կապուիլ», բայց ուրիշներ ա՛յլ կարծիք ունին։ Անոնք գրկաբաց կ’ուզեն գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ։
-
«Յաճախեցի կաթողիկէ եւ բողոքական եկեղեցիներ, գացի սիխական տաճար մը ու պուտտայական վանք մը, եւ աստուածաբանութիւն ուսանեցայ համալսարանին մէջ։ Այսուհանդերձ, հոգեւոր հարցումներէս շատերը անպատասխան մնացին։ Ետքը, Եհովայի վկաներէն մէկը դուռս զարկաւ։ Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած իր պատասխաններով տպաւորուելով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան առաջարկը ընդունեցի» (Ճիլ, Անգլիա)։
-
«Կեանքի շուրջ բազմաթիւ հարցումներ ունէի, բայց եկեղեցիիս հովիւին պատասխանները չգոհացուցին զիս։ Եհովայի վկաներէն մէկը սակայն, իմ հարցումներուս պատասխանեց միմիայն Աստուածաշունչը գործածելով։ Երբ ինծի հարցուց եթէ կ’ուզեմ աւելին գիտնալ, ամենայն սիրով ընդունեցի» (Քըֆի, Պենին)։
-
«Մեռելներուն վիճակով հետաքրքրուած էի։ Կը հաւատայի որ մեռելները կրնան ողջերուն վնաս հասցնել, բայց ուզեցի գիտնալ թէ Սուրբ Գիրքը ինչ կը սորվեցնէ։ Անոր համար սկսայ Վկայ բարեկամի մը հետ սերտել զայն» (Հոսէ, Պրազիլ)։
-
«Փորձեցի՛ Աստուածաշունչը կարդալ, բայց չկրցայ հասկնալ։ Ետքը Եհովայի վկաները եկան ու յստակ բացատրութիւններ տուին Աստուածաշունչի շատ մը մարգարէութիւններու մասին։ Ուզեցի ա՛լ աւելի գիտնալ» (Տենիզ, Մեքսիքա)։
-
«Միշտ կը մտածէի որ Աստուած իրապէս հետաքրքրուա՛ծ է ինձմով կամ ոչ։ Ուստի որոշեցի Աստուածաշունչին Աստուծոյն աղօթել։ Յաջորդ օրը, Վկաները դուռս զարկին եւ Աստուածաշունչի սերտողութիւն մը ընդունեցի» (Էնճու, Նեփալ)։
Այս փորձառութիւնները մեր միտքը կը բերեն Յիսուսին այս խօսքը. «Երջանիկ են անոնք, որոնք գիտակից են իրենց հոգեւոր կարիքներուն» (Մատթէոս 5։3, ՆԱ)։ Այո, մարդիկ ի ծնէ հոգեւոր կարիք ունին։ Միայն Աստուա՛ծ կրնայ այդ կարիքին գոհացում տալ. եւ ասիկա կ’ընէ իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին միջոցով։
Ուստի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ Ինչպէ՞ս կրնաս անկէ օգտուիլ։ Այս հարցումները պիտի պատասխանուին յաջորդ յօդուածին մէջ։
^ պարբ. 8 Ինչպէս որ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ, Աստուծոյ անունը Եհովա է։