Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

Կեանքս փոխուեցաւ երեք հարցումներով

Կեանքս փոխուեցաւ երեք հարցումներով
  • ԾՆՆԴԵԱՆ ԹՈՒԱԿԱՆ։ 1949

  • ԾՆՆԴԱՎԱՅՐ։ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

  • ՆԱԽԱՊԷՍ։ ԿԵԱՆՔԻՆ ԻՄԱՍՏԸ ԿԸ ՓՆՏՌԷՐ

ԱՆՑԵԱԼՍ։

Մեծցած եմ Նիւ Եորք նահանգի հիւսիսը գտնուող Էնգրըմ գիւղաքաղաքին մէջ, որ մեծաւ մասամբ կաթնատնտեսութեամբ զբաղող ագարակներէ բաղկացած էր։ Հոն կովերը աւելի շատ էին քան մարդիկը։

Ընտանիքս գիւղաքաղաքին միակ եկեղեցին կը յաճախէր։ Ամէն կիրակի առտու, մեծ–հայրս կօշիկներս կը փայլեցնէր եւ մեծ մօրս տուած պզտիկ ճերմակ Աստուածաշունչը առնելով՝ կիրակնօրեայ դպրոց կ’երթայի։ Ես, քոյրս եւ եղբայրս սորվեցանք ծանր աշխատիլ, մեր դրացիները յարգել եւ անոնց օգնել, ինչպէս նաեւ շնորհակալ ըլլալ մեր ունեցած օրհնութիւններուն համար։

Երբ չափահաս եղայ, ընտանիքէս հեռու սկսայ ապրիլ, դպրոցի մը մէջ ուսուցչութիւն ընելով։ Աստուծոյ եւ կեանքի շուրջ բազմաթիւ հարցումներ ունէի։ Աշակերտներէս ոմանք տաղանդաշատ էին, մինչ ուրիշներ՝ շատ ջանասէր բայց անտաղանդ։ Ոմանք ֆիզիքական անկարողութիւններ ունէին, մինչ ուրիշներ ֆիզիքապէս շատ լաւ էին։ Զգացի թէ ասիկա անարդարութիւն էր։ Երբեմն, նուազ ընդունակ աշակերտներուս ծնողները որոշ արտայայտութիւններ կ’ընէին, ինչպէս՝ «Աստուծոյ կամքն է որ զաւակս այսպէս ըլլայ»։ Հարց կու տայի թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ պիտի տայ, որ կարգ մը մանուկներ անկարողութիւններով ծնին։ Վերջ ի վերջոյ, մանուկը սխալ բան չէ ըրած։

Նաեւ հարց կու տայի թէ ինչպէ՛ս կրնամ իմաստալից կեանք մը վարել։ Կը զգայի թէ կեանքս շատ շուտ կ’անցնէր։ Լաւ ընտանիքի մը մէջ մեծցած էի, լաւ դպրոցներ յաճախած էի, եւ գործս կը սիրէի։ Բայց կեանքիս մէջ պարապութիւն կար։ Շատ շատ, պիտի ամուսնանայի, աղուոր տուն մը եւ քանի մը երեխաներ պիտի ունենայի, եւ պիտի շարունակէի աշխատիլ մինչեւ որ հանգստեան կոչուիմ եւ ի վերջոյ խնամատուն պիտի տեղափոխուէի։ Կեանքը միայն ա՞յս էր։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԿԵԱՆՔՍ ՓՈԽԵՑ։

Ատեն մը ամրան եղանակին, ես եւ ուրիշ ուսուցչուհիներ Եւրոպա շրջագայեցանք։ Գացինք Ուէսթմինսթըրի վանքը, Փարիզի Նօթրը–Տամը, Վատիկան, եւ բազմաթիւ ա՛յլ պզտիկ եկեղեցիներ։ Ո՛ւր որ գացի, հարցումներս ներկայացուցի։ Երբ վերադարձայ տուն՝ Սլոթսպըրկ, Նիւ Եորք, կարգ մը եկեղեցիներ այցելեցի։ Բայց ո՛չ ոք կրցաւ գոհացուցիչ պատասխաններ տալ ինծի։

Օր մը, 12 տարեկան աշակերտուհի մը քովս եկաւ եւ ինծի երեք հարցում ուղղեց։ Նախ հարցուց եթէ գիտեմ որ Եհովայի վկայ մըն է։ Այո՛ ըսի։ Երկրորդ, հարցուց եթէ կ’ուզեմ աւելին գիտնալ Եհովայի վկաներու մասին։ Դարձեալ այո՛ ըսի։ Երրորդ, ան հարցուց թէ ո՛ւր կը բնակիմ։ Երբ հասցէս իրեն տուի, անդրադարձանք որ տունս իր տունին շատ մօտ է։ Մտքիս ծայրէն չանցաւ որ պատանուհիի մը այս երեք հարցումները կեանքս պիտի փոխէին։

Շատ չանցած, աղջիկը հեծանիւով իմ տունս եկաւ եւ սկսաւ ինծի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Իրեն ուղղեցի այն հարցումները, որոնք ուղղած էի զանազան կրօնական առաջնորդներու։ Ի տարբերութիւն անոնց, աղջիկը յստակ եւ գոհացուցիչ պատասխաններ ցուցուց իմ իսկ Աստուածաշունչէս,– պատասխաններ, որոնք բնաւ չէի տեսած։

Աստուածաշունչէն սորված կէտերս ինծի ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն տուին։ Տպաւորուեցայ, երբ կարդացի Ա. Յովհաննէս 5։19–ն, որ կ’ըսէ. «Բոլոր աշխարհ չարին մէջ է»։ Միտքս հանգստացաւ, երբ գիտցայ որ մեր չորս կողմի տառապանքին պատճառը Աստուած չէ, հապա Սատանան,– եւ թէ Աստուած վիճակները պիտի շտկէ (Յայտնութիւն 21։3, 4)։ Գիտակցեցայ թէ Աստուածաշունչը տրամաբանական կը հնչէ երբ յստակօրէն բացատրուի։ Թէեւ ինծի հետ սերտող Վկան 12 տարեկան էր, պատճառաբանեցի որ ճշմարտութիւնը կը մնայ ճշմարտութիւն, ո՛վ որ ալ ըլլայ խօսողը։

Ասով հանդերձ, ուզեցի տեսնել թէ արդեօք Վկաները իրենց քարոզածը կը կիրարկեն կամ ոչ։ Օրինակի համար, աղջիկը շեշտեց թէ ճշմարիտ քրիստոնեաները երկայնմտութիւն եւ քաղցրութիւն կը ցուցաբերեն (Գաղատացիս 5։22, 23)։ Որոշեցի փորձել զինք, որ տեսնեմ թէ իրապէս այդ յատկութիւնները ունի կամ ոչ։ Օր մը, դիտմամբ դասիս ուշացայ։ Հարց տուի թէ արդեօք տակաւին ինծի կը սպասէ՞։ Եւ եթէ այո, բարկացա՞ծ է որ ուշացայ։ Երբ ինքնաշարժով տանս մօտեցայ, տեսայ թէ աղջիկը դրանս առջեւ աստիճաններուն վրայ կեցած ինծի կը սպասէր։ Ան անմիջապէս դէպի ինքնաշարժս վազեց եւ ըսաւ. «Քիչ մնաց որ տուն երթայի մամայիս ըսելու, թէ պէտք է հիւանդանոցներուն եւ ոստիկանութեան հեռաձայնենք, որ գիտնանք թէ օքէ՛յ էք կամ ոչ. . . որովհետեւ բնաւ չէ պատահած որ ուշանաք։ Շա՛տ մտահոգուեցայ»։

Ուրիշ առիթով, այնպիսի հարցում մը ուղղեցի, որ ըստ ինծի, դժուար թէ 12 ամեայ աղջիկ մը կարենայ պատասխանել։ Կ’ուզէի գիտնալ, թէ ան իր քովէն պատասխան մը պիտի նետէ՛ր կամ ոչ։ Երբ հարցուցի, շատ լուրջ դէմքով երեսիս նայեցաւ ու ըսաւ. «Ասիկա դժուար հարցում մըն է։ Պիտի գրեմ եւ ծնողներուս հարցնեմ»։ Այդպէս ալ եղաւ. երբ յաջորդ անգամ քովս եկաւ, իրեն հետ բերաւ Դիտարան պարբերաթերթի թիւ մը, որ հարցումիս կը պատասխանէր։ Ասիկա էր որ զիս Վկաներուն քաշեց,– անոնց հրատարակութիւնները իմ բոլոր հարցումներուս պատասխանները Աստուածաշունչէն տուին։ Ուստի շարունակեցի այդ պատանուհիին հետ սերտել, եւ մէկ տարի ետք մկրտուեցայ որպէս Եհովայի վկայ *։

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՕԳՏՈՒԱԾ ԵՄ։

Երբ վերջապէս հարցումներուս գոհացուցիչ պատասխանները ստացայ, ուզեցի զանոնք ամէն մարդու յայտնել (Մատթէոս 12։35)։ Սկիզբը, ընտանիքս հակառակեցաւ նոր հաւատալիքներուս։ Բայց ժամանակի ընթացքին, անոնց սիրտը կակուղցաւ։ Մայրս իր կեանքի վերջաւորութեան սկսաւ Աստուածաշունչը սերտել։ Ճիշդ է որ մկրտուելէ առաջ մահացաւ, բայց ես վստահ եմ որ վճռած էր Եհովային ծառայել։

1978–ին, Էլիաս Քազան անունով Վկայի մը հետ ամուսնացայ։ 1981–ին, երկուքս հրաւիրուեցանք Միացեալ Նահանգներու Բեթէլին մէջ ծառայելու *։ Բայց ցաւօք սրտի, չորս տարի բեթէլական ըլլալէ ետք, Էլիաս մահացաւ։ Այրիացած ըլլալով հանդերձ, շարունակեցի Բեթէլի մէջ ծառայել, եւ ասիկա ինծի օգնեց որ զբաղած մնամ եւ որոշ չափով մխիթարուիմ։

Իսկ 2006–ին, ամուսնացայ Ռիչըրտ Էլտրըտի հետ, որ Բեթէլի ընտանիքէն է։ Ես ու Ռիչըրտը տակաւին Բեթէլի մէջ ծառայելու առանձնաշնորհումը կը վայելենք։ Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը գիտնալէս ետք, ի՛րապէս կը զգամ թէ հարցումներուս պատասխանները գտնելուս կողքին, նաեւ գտած եմ իսկական նպատակ մը կեանքիս մէջ,– եւ այս ամէնը սկիզբ առաւ պատանուհիի մը երեք հարցումներէն։

^ պարբ. 16 Պատանուհին եւ իր եղբայրներն ու քոյրերը օգնեցին հինգ ուսուցիչներու, որ Աստուածաշունչը սերտեն ու սկսին Եհովան պաշտել։

^ պարբ. 18 «Բեթէլ» կը նշանակէ «Աստուծոյ տունը»։ Եհովայի վկաները այս բառը կը գործածեն աշխարհի տարածքին իրենց մասնաճիւղերը նկարագրելու (Ծննդոց 28։17, 19, ստորանիշ)։ Բեթէլականները Եհովայի վկաներու կրթական գործունէութեան թիկունք կանգնող զանազան նշանակումներու հոգ կը տանին։