Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Աստուածաշունչին պատասխանները

Աստուածաշունչին պատասխանները

Ի՞նչ ապագայ մը կը սպասէ մարդկութեան։

Յիսուսի մահը ինչպէ՞ս կարելի կը դարձնէ, որ մարդիկ ամէնուրեք իրարմով հետաքրքրուին

Մարդիկ անկասկած պիտի շարունակեն գիտութեան մէջ յառաջդիմել։ Բայց արդեօք պիտի կարենա՞ն իրենց ուժով մէջտեղ բերել ընկերութիւն մը, ուր մարդիկ իրապէս իրարմով կը հետաքրքրուին։ Ո՛չ։ Այսօր, անձնասիրութիւնն ու ագահութիւնը կը տիրեն աշխարհին վրայ։ Բայց Աստուած աւելի լաւ նպատակ մը ունի մարդկութեան համար (կարդա՛ Բ. Պետրոս 3։13

Աստուածաշունչը կը խօսի ապագայի մը մասին, ուր մարդիկ համայն աշխարհի մէջ մէկզմէկ պիտի սիրեն, ապահովութեամբ պիտի բնակին, եւ ո՛չ ոք անոնց վնաս պիտի հասցնէ (կարդա՛ Միքիա 4։3, 4

Անձնասիրութիւնը ինչպէ՞ս պիտի վերցուի։

Աստուած մարդը առանց անձնասէր հակումի ստեղծեց։ Բայց առաջին մարդը ընտրեց Աստուծոյ չհնազանդիլ եւ իր կատարելութիւնը կորսնցուց։ Իսկ մենք իրմէ անձնասիրութեան հակումը ժառանգեցինք։ Սակայն Աստուած մարդկութիւնը ետ կատարելութեան պիտի հասցնէ Յիսուսին միջոցով (կարդա՛ Հռովմայեցիս 7։21, 24, 25

Աստուծոյ կամքին համաձայն, Յիսուս իր կեանքը զոհեց եւ առաջին մարդուն անհնազանդութեան ազդեցութիւնը վերցուց (Հռովմայեցիս 5։19)։ Այսպիսով, ան կարելի դարձուց որ հիանալի ապագայ մը սպասէ մարդկութեան, ուր ամէն անհատ զերծ պիտի ըլլայ սխալը ընելու անձնասէր հակումէն (կարդա՛ Սաղմոս 37։9-11