ԶՐՈՅՑ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱԿԱՆ ՆԻՒԹԻ ՄԸ ՇՈՒՐՋ
Ինչո՞ւ Յիսուսի մահը յիշատակել
Այս նիւթը սովորական զրոյց մըն է, որ Եհովայի վկաները կրնան տանտիրոջ մը հետ ունենալ։ Երեւակայենք որ Մարալ անունով Վկայ մը կ’այցելէ Լարա անունով կնոջ մը։
«ԱՍԻԿԱ ԸՐԷՔ ԶԻՍ ՅԻՇԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
ՄԱՐԱԼ.– Բարեւ, ինչպէ՞ս էք։
ԼԱՐԱ.– Լաւ եմ։ Դուք ինչպէ՞ս էք։
ՄԱՐԱԼ.– Շատ լաւ։ Անցեալ շաբաթ շատ ուրախացայ ձեզ տեսնելով Յիսուս Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնին *։ Ի՞նչ գաղափար կազմեցիք։
ԼԱՐԱ.– Հաճելի էր, բայց պէտք է ըսեմ որ կարգ մը բաներ մտքիս մէջ պղտոր մնացին։ Գիտեմ որ Յիսուսին ծնունդը Կաղանդի շրջանին կը տօնենք, իսկ իր յարութիւնը՝ Զատիկին, բայց բնաւ չեմ լսած որ անհատ մը անոր մահը կը յիշատակէ։
ՄԱՐԱԼ.– Ճիշդ է որ Սուրբ Ծնունդը եւ Զատիկը աշխարհահռչակ տօներ են, բայց Եհովայի վկաները կը խորհին, որ Յիսուսի մահը յիշելը շատ կարեւոր է։ Եթէ քանի մը վայրկեան ունիք, կրնամ հաճոյքով ըսել թէ ինչո՛ւ։
ԼԱՐԱ.– Անշուշտ, ունիմ։
ՄԱՐԱԼ.– Եհովայի վկաները Յիսուսի մահը կը յիշատակեն, գլխաւորաբար քանի որ ի՛նք իր հետեւորդներուն այդպէս պատուիրեց որ ընեն։ Տեսնենք թէ ի՛նչ պատահեցաւ իր մահուան նախորդող գիշերը։ Թերեւս կը յիշէք որ դասախօսութեան մէջ յատուկ ընթրիքի մը մասին խօսուեցաւ, որ Յիսուս եւ իր հաւատարիմ առաքեալները ըրին։
ԼԱՐԱ.– Ըսել կ’ուզէք Վերջին ընթրի՞քը։
ՄԱՐԱԼ.– Այո՛։ Ոմանք Տէրունական ընթրիք ալ կ’ըսեն։ Այդ ընթրիքին, Յիսուս իր հետեւորդներուն յստակ ուղղութիւն տուաւ։ Կը փափաքի՞ք իր խօսքերը կարդալ Ղուկաս 22։19–ի մէջ։
ԼԱՐԱ.– Սիրով։ «Հաց առաւ, գոհացաւ, կտրեց եւ տուաւ անոնց ու ըսաւ. ‘Այս է իմ մարմինս, որ ձեզի համար տրուած է. ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար’»։
ՄԱՐԱԼ.– Շնորհակալ եմ։ Նկատեցի՞ք համարին վերջաւորութեան Յիսուս ի՛նչ պատուիրեց. «Ասիկա ըրէք զիս յիշելու համար»։ Եւ այս պատուէրը տալէն քիչ առաջ, Յիսուս յստակացուց թէ իր հետեւորդները ճիշդ ինչ բան պիտի յիշատակէին։ Ան ըսաւ որ իր կեանքը պիտի զոհէր իր հետեւորդներուն համար։ Նախապէս, ան նոյնանման արտայայտութիւն մը ըրած էր, որ գրուած է Մատթէոս 20։28–ի մէջ։ Ես կարդամ. «Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու»։ Մէկ խօսքով, ա՛յս պատճառով է որ Եհովայի վկաները ամէն տարի Յիսուսի մահուան տարեդարձին կը հաւաքուին իր զոհաբերութիւնը յիշատակելու։ Յիսուսի մահը կեանք կը նշանակէ բոլոր հնազանդ մարդոց համար։
ՓՐԿԱՆՔԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԷՐ
ԼԱՐԱ.– Լսած եմ որ Յիսուս մեռաւ որպէսզի կեանք ունենանք։ Բայց խօսքին բացը, բնաւ չեմ հասկցած թէ ասիկա ինչպէ՛ս կ’ըլլայ։
ՄԱՐԱԼ.– Շատեր այդպէս կ’արտայայտուին։ Իրականութեան մէջ, փրկանքը կամ Յիսուսի զոհաբերութիւնը խորունկ նիւթ մըն է։ Բայց եւ այնպէս,
Աստուածաշունչի ամէնէն գեղեցիկ ճշմարտութիւններէն մէկն է։ Բայց նախ ձեզի հարցնեմ որ քիչ մըն ալ ժամանակ ունի՞ք։ԼԱՐԱ.– Կրնամ քանի մը վայրկեան եւս տրամադրել։
ՄԱՐԱԼ.– Շա՛տ աղէկ։ Դեռ վերջերս փրկանքի մասին կը կարդայի. պիտի փորձեմ պարզ կերպով բացատրել։
ԼԱՐԱ.– Օքէյ։
ՄԱՐԱԼ.– Որպէսզի հասկնանք թէ փրկանքը ինչ է, նա՛խ պէտք է ըմբռնենք թէ Եդեմի պարտէզին մէջ մեղանչելով, Ադամն ու Եւան ինչ վիճակ ստեղծեցին։ Նկատի առնենք Հռովմայեցիս 6։23–ը։ Կը փափաքի՞ք կարդալ։
ԼԱՐԱ.– Անշուշտ։ Կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է, բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։
ՄԱՐԱԼ.– Շնորհակալ եմ։ Պահ մը վերլուծենք այս խօսքերը։ Համարին սկիզբը կ’ըսէ. «Մեղքին վարձքը մահ է», այսինքն՝ մեղքին պատիժը մահ է։ Ասիկա պարզ օրէնք մըն է, որ Աստուած մարդկային պատմութեան սկիզբը դրաւ։ Անշուշտ, սկիզբը մեղաւոր չկար։ Ադամն ու Եւան կատարեալ ստեղծուեցան, եւ անոնց բոլոր զաւակներն ալ կատարեալ պիտի ծնէին։ Ուստի ո՛չ մէկ անհատ պատճառ պիտի ունենար մահանալու։ Ադամը, Եւան եւ իրենց սերունդը առիթը ունէին յաւիտենական ուրախ կեանք մը վայելելու։ Բայց ինչպէս գիտենք, պարագան այդպէս չմնաց, չէ՞ մը։
ԼԱՐԱ.– Այո։ Ադամն ու Եւան արգիլուած պտուղէն կերան։
ՄԱՐԱԼ.– Ճիշդ է։ Եւ երբ կերան, այսինքն՝ երբ ընտրեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ, մեղանչեցին։ Իրականութեան մէջ, անոնք ընտրեցին անկատար ու մեղաւոր ըլլալ։ Բայց այս ընտրութեան հետեւանքները ոչ միայն իրենք պիտի կրէին, այլեւ՝ իրենց ամբողջ սերունդը։
ԼԱՐԱ.– Ի՞նչ ըսել կ’ուզէք։
ՄԱՐԱԼ.– Օրինակով մը բացատրեմ։ Կարկանդակ շինել կը սիրէ՞ք։
ԼԱՐԱ.– Անշո՜ւշտ. շատ կը սիրեմ։
ՄԱՐԱԼ.– Սեպենք թէ կարկանդակի նոր կաղապար մը ունիք։ Բայց նախքան գործածելը, կաղապարը գետին կ’իյնայ ու կը ծռի։ Եթէ այդ կաղապարը գործածէք, կարկանդակները ծուռ պիտի չե՞լլեն։
ԼԱՐԱ.– Անշո՛ւշտ։
ՄԱՐԱԼ.– Նոյն կերպով, երբ Ադամն ու Եւան որոշեցին Աստուծոյ չհնազանդիլ, ձեւով մը «ծռուեցան», այսինքն՝ մեղաւոր եւ անկատար դարձան։ Եւ որովհետեւ մեղանչելէն առաջ զաւակ չէին բերած, իրենց ամբողջ սերունդը «ծուռ» պիտի ծնէր, այսինքն՝ մեղաւոր վիճակի մէջ։ Աստուածաշունչին մէջ «մեղք» բառը ոչ միայն արարքի մը կ’ակնարկէ, այլեւ՝ այն վիճակին որ մենք ժառանգած ենք։ Ուստի թէեւ մենք որեւէ յանցանք չէինք գործած,– ծնած չէինք նոյնիսկ,– Ադամն ու Եւան իրենց մեղանչելովը մեզ եւ ամբողջ մարդկութիւնը դատապարտեցին անկատար ու մեղաւոր կեանքի, որ ի վերջոյ մահուան պիտի առաջնորդէր։ Ճիշդ ինչպէս որ Հռովմայեցիս 6։23–ի մէջ կարդացինք, մեղքին պատիժը մահն է։
ԼԱՐԱ.– Բայց ո՞ւր է արդարութիւնը հոս։ Ինչո՞ւ ամբողջ մարդկութիւնը յաւիտեան պիտի տառապի, Ադամի ու Եւայի գործած մեղքին երեսէն։
ՄԱՐԱԼ.– Իրաւունք ունիք այդպէս ըսելու։ Բայց Աստուած իր կատարեալ արդարութեամբ վճիռ արձակեց, որ Ադամն ու Եւան մեռնին իրենց մեղքին պատճառով. իսկ անոնց սերունդը,– ներառեալ մեզ,– անյոյս չձգեց։ Ան մեր առջեւ ճամբայ բացաւ, որ այս վիճակէն դուրս ելլենք։ Հոս է որ Յիսուսի փրկանքի զոհը գործ կը տեսնէ։ Դարձեալ աչք մը նետենք Հռովմայեցիս 6։23–ին վրայ։ «Մեղքին վարձքը մահ է» խօսքէն ետք, համարը կը շարունակէ ըսել. «Բայց Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Ուստի Յիսուսին մահն է որ մեր առջեւ ճամբան կը բանայ՝ մեղքէն ու մահէն ազատուելու *։
ՓՐԿԱՆՔԸ. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՐԳԵՒԸ
ՄԱՐԱԼ.– Այս համարին մէջ ուրիշ կէտ մըն ալ կայ, որ կ’ուզեմ ձեր ուշադրութեան յանձնել։
ԼԱՐԱ.– Ի՞նչ։
ՄԱՐԱԼ.– Համարը կ’ըսէ. «Աստուծոյ ձրի պարգեւը յաւիտենական կեանք՝ մեր Տէրոջը Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։ Լաւ, եթէ Յիսուսն է որ մեզի համար չարչարուեցաւ ու մահացաւ, մեզի համար իր կեանքը զոհելով, համարը ինչո՞ւ կ’ըսէ «Աստուծոյ ձրի պարգեւը» եւ ոչ թէ «Յիսուսի ձրի պարգեւը» *։
ԼԱՐԱ.– Հըմ. . . չեմ գիտեր։
ՄԱՐԱԼ.– Բացատրեմ։ Աստուա՛ծ ստեղծեց Ադամն ու Եւան, եւ անոնք ի՛ր դէմ մեղանչեցին երբ Եդեմի պարտէզին մէջ անհնազանդ գտնուեցան։ Եհովա Աստուած խորապէս վիրաւորուած ըլլալու էր, երբ իր առաջին մարդկային զաւակները իր դէմ ըմբոստացան։ Բայց ան անմիջապէս լուծումը նշեց *։ Ան մտադրեց որ իր հոգեղէն արարածներէն մէկը երկիր իջնէ, ապրի որպէս կատարեալ մարդ եւ ի վերջոյ կեանքը զոհէ իբրեւ փրկանք։ Ուստի խորքին մէջ, փրկանքի կարգադրութիւնը Աստուծո՛յ պարգեւն է։ Փրկանքը ուրիշ առումով ալ Աստուծոյ պարգեւն է։ Երբեք մտածա՞ծ էք թէ Աստուած ինչ զգացած ըլլալու էր երբ Յիսուս մահուան ենթարկուեցաւ։
ԼԱՐԱ.– Չեմ կարծեր։
ՄԱՐԱԼ.– Կարգ մը խաղալիքներ կը տեսնեմ դրան առջեւ։ Զաւակներ ունենալու էք։
ԼԱՐԱ.– Այո, երկու զաւակ ունիմ,– մէկը աղջիկ, միւսը տղայ։
ՄԱՐԱԼ.– Որպէս ծնող, պահ մը խորհեցէք թէ Յիսուսի երկնաւոր Հայրը՝ Եհովա Աստուած, ի՛նչ զգացած ըլլալու էր այն օրը, երբ Յիսուս մեռաւ։ Այսինքն՝ ան ի՞նչ զգաց երբ երկինքէն տեսաւ թէ ինչպէ՛ս իր Որդին կը ձերբակալուէր, կը ծաղրուէր ու բռունցքով կը զարնուէր։ Ան ի՞նչ զգաց երբ իր Որդին տախտակին վրայ գամուեցաւ ու գամուած մնաց մինչեւ որ տանջալից եւ դանդաղ մահով մը մեռաւ։
ԼԱՐԱ.– Ան շատ գէշ զգացած ըլլալու էր։ Բնաւ այս կողմանէ չէի մտածած։
ՄԱՐԱԼ.– Ճիշդ է որ չենք կրնար ճիփ ու ճիշդ գիտնալ թէ Աստուած ի՛նչ զգաց այդ օրը, բայց կը գիտակցինք որ ան զգացումներ ունի, ինչպէս նաեւ գիտենք, թէ ան ինչո՛ւ արտօնեց որ այդ բանը պատահի։ Գեղեցիկ բացատրութիւն մը տրուած է մեզի այս հռչակաւոր համարին մէջ, Յովհաննէս 3։16։ Կը կարդա՞ք հաճիք։
ԼԱՐԱ.– Այո։ Կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»։
Փրկանքի զոհը մինչեւ օրս մեծագոյն արտայայտութիւնն է սիրոյ
ՄԱՐԱԼ.– Շնորհակալ եմ։ Դարձեալ աչք մը նետենք համարին առաջին բառերուն վրայ։ Կ’ըսէ. «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը»։ Սէ՛րն է բուն բանալին։ Աստուած սէրէ՛ մղուած իր Որդին երկիր ղրկեց որ մեզի համար մեռնի։ Արդարեւ, փրկանքի զոհը մինչեւ օրս մեծագոյն արտայայտութիւնն է սիրոյ։ Եւ Եհովայի վկաները ամէն տարի Յիսուսի մահուան տարեդարձին հաւաքուելով, այս սէրն է որ կը յիշատակեն։ Լաւ, ինչպէ՞ս տեսաք այս վերաքաղը։ Օգտակար գտա՞ք։
ԼԱՐԱ.– Այո՛։ Եւ շնորհակալ եմ որ ձեր ժամանակէն տուիք այս նիւթը ինծի յստակացնելու համար։
Արդեօք կա՞յ աստուածաշնչական նիւթ մը, որուն մասին շատ մտածած ես։ Եհովայի վկաներուն հաւատալիքներով կամ կրօնական սովորութիւններով հետաքրքրուա՞ծ ես։ Եթէ այո՛, կրնաս ոեւէ Վկայի հարցումներ ուղղել։ Ան ուրախ պիտի ըլլայ այսպիսի նիւթեր քեզի հետ քննարկելու։
^ պարբ. 7 Ամէն տարի, Եհովայի վկաները Յիսուսի մահուան տարեդարձին օրը մէկտեղ կը հաւաքուին իր զոհաբերութիւնը յիշատակելու։ Այս տարի, այդ օրը կը զուգադիպի ուրբաթ, ապրիլ 3–ին։
^ պարբ. 34 Յետագային ուրիշ յօդուած մը նկատի պիտի առնէ, թէ Յիսուսի փրկանքի զոհը մեզ ինչպէ՛ս մեղքէ կ’ազատէ, եւ ի՛նչ պէտք է ընենք որպէսզի այդ փրկանքէն օգտուինք։
^ պարբ. 38 Աստուածաշունչին համաձայն, Աստուած եւ Յիսուս երկու զատ անձնաւորութիւններ են։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 4–րդ գլուխը, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։
^ պարբ. 40 Տե՛ս Ծննդոց 3։15։