Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Գիտէի՞ր

Գիտէի՞ր

Հնագիտութիւնը Աստուածաշունչի արձանագրութեան թիկունք կը կանգնի՞։

Ասորեստանցի Թագաւոր Սարգոն բ., նշուած՝ Եսայի 20։1–ի մէջ

Biblical Archaeology Review պարբերաթերթի մէկ յօդուածը գրեց, թէ հնագէտներուն յայտնաբերումները այժմ կը հաստատեն «առնուազն 50» անհատներու գոյութիւնը, որոնք Եբրայերէն Գրութիւններուն մէջ նշուած են։ Անոնց մէջ կան Յուդայի ու Իսրայէլի 14 թագաւորներ, ինչպէս՝ հանրածանօթ Դաւիթն ու Եզեկիան եւ քիչ ճանչցուած Մանայեմն ու Փակէէն։ Ցանկը նաեւ կը պարփակէ 5 փարաւոն եւ 19 թագաւոր հետեւեալ երկիրներէն. Ասորեստան, Ասորիք, Բաբելոնիա, Մովաբ եւ Պարսկաստան։ Թագաւորներէն զատ, ցանկը կը նշէ քահանայապետներ, դպիր մը եւ այլ պաշտօնեաներ։

Յօդուածը կ’ըսէ թէ մեծ թիւով ուսումնականներ համամիտ են, որ այդ բոլոր անհատներուն ինքնութիւնը հաստատուած է։ Անշուշտ, Քրիստոնէական Յունարէն Գրութիւնները կ’ակնարկեն այլ պատմական անձնաւորութիւններու, եւ նոյնպէս հնագիտական ապացոյցներ կան, որոնք թիկունք կը կանգնին ոմանց, ինչպէս՝ Հերովդէս, Պոնտացի Պիղատոս, Տիբերիոս, Կայիափա եւ Սերգիոս Պօղոս։

Առիւծները ե՞րբ սուրբգրային երկիրներէն անհետացան։

Ապակիով պատուած քանդակ՝ վաղեմի Բաբելոնէն

Թէեւ այսօր Սուրբ Երկրին ամայի վայրերը առիւծներ չկան, բայց Աստուածաշունչի գրողները այս անասունը լաւ կը ճանչնային. շուրջ 150 անգամ անոր ակնարկած են։ Այս ակնարկութիւններուն մեծամասնութիւնը այլաբանական է. բայց կարգ մը հատուածներ կը նշեն իսկական հանդիպումներ առիւծներու հետ։ Օրինակ՝ կը կարդանք թէ Սամփսոն, Դաւիթ եւ Բանիա սպաննեցին առիւծներ (Դատաւորաց 14։​5, 6. Ա. Թագաւորաց 17։​34, 35. Բ. Թագաւորաց 23։20)։ Իսկ կարգ մը անհատներ առիւծներու կողմէ յօշոտուեցան (Գ. Թագաւորաց 13։24. Դ. Թագաւորաց 17։25

Վաղեմի ժամանակներուն, ասիական առիւծը (Panthera leo persica) կը տեսնուէր Յունաստանէն եւ Փոքր Ասիայէն մինչեւ Պաղեստին, Ասորիք, Միջագետք եւ Հնդկաստանի հիւսիս–⁠արեւմուտքը։ Անիկա վախ ու յարգանք կը ներշնչէր. ուստի զարմանալի չէ որ յաճախ կը ներկայացուի վաղեմի Մերձաւոր Արեւելքի արուեստին մէջ։ Ուշագրաւ փայլուն առիւծներ Բաբելոնի Շքերթի փողոցը կը զարդարէին։

Կ’ըսուի որ 12–⁠րդ դարուն վերջաւորութեան, Պաղեստինի մէջ խաչակիրները առիւծներ կ’որսային։ Այդպէս կ’երեւի որ 1300 թուականէն քիչ ետք, առիւծները շրջանէն անհետացան։ Սակայն անոնք տեսնուած են Միջագետքի ու Սուրիոյ մէջ մինչեւ 19–⁠րդ դար, իսկ Իրանի ու Իրաքի մէջ՝ մինչեւ 20–⁠րդ դարու կիսուն։