Իրապէս կրնա՞նք Աստուած հաճեցնել
Աստուածաշունչին մէջ երբեք կարդացա՞ծ ես գովասանքով նշուած անհատներու մասին եւ դուն քեզի ըսած ես. «Իրենց պէս չեմ կրնար ըլլալ»։ Թերեւս պատճառաբանած ես. «Անմեղադրելի կամ արդար չեմ, եւ վստահաբար միշտ ճիշդը չեմ ըներ»։
Յոբ նահապետը նկարագրուած է որպէս «պարկեշտ [եւ] ուղիղ» (Յոբ 1։1, ԱԾ)։ Ղովտ կոչուած է «արդար» (Բ. Պետրոս 2։8)։ Եւ Դաւիթին մասին ըսուած է՝ Աստուծոյ առջեւ «ուղղութիւն ըն[ող]» (Գ. Թագաւորաց 14։8)։ Սակայն աւելի մօտէն նայինք այս անձնաւորութիւններուն կեանքին։ Այսպիսով պիտի տեսնենք որ 1) անոնք սխալներ ըրին, 2) իրենց օրինակէն շատ բան կրնանք սորվիլ, եւ 3) անկատար մարդիկ իրապէս կրնա՛ն Աստուած հաճեցնել։
ԱՆՈՆՔ ՍԽԱԼՆԵՐ ԸՐԻՆ
Յոբ ետեւ–ետեւի անձնական դժուարութիւններ ունեցաւ, որոնք անարդար թուեցան։ Ան սխալ գաղափար կազմեց, եզրակացնելով որ Աստուծոյ հոգը չէ, թէ ինք իրեն հանդէպ հաւատք պիտի պահէ կամ ոչ (Յոբ 9։20-22)։ Յոբ այնքա՛ն համոզուած էր որ ինք արդար է, որ ուրիշներու աչքին երեւցաւ որ ինքզինք Աստուծմէ աւելի արդար կը կոչէ (Յոբ 32։1, 2. 35։1, 2)։
Ղովտ վարանեցաւ առնելու որոշում մը, որ յստակ եւ պարզ էր։ Ան Սոդոմ ու Գոմորի բնակիչներուն Բ. Պետրոս 2։8)։ Աստուած ըսաւ որ ինք կը մտադրէ այդ չար քաղաքները կործանել, եւ Ղովտին առիթ տուաւ որ իր ընտանիքին հետ ազատի։ Թերեւս երեւակայես որ մտահոգ Ղովտը առաջին փախչողը ըլլայ։ Սակայն այդ վճռական ժամանակին, ան տնտնաց։ Այն հրեշտակները, որոնք զինք եւ իր ընտանիքը ազատելու ղրկուած էին, ստիպուեցան իրենց ձեռքէն բռնել եւ քաղաքէն դուրս հանել (Ծննդոց 19։15, 16)։
անբարոյ ապրելակերպէն այնքա՛ն նեղացաւ, որ «իր արդար հոգին կը տանջուէր անոնց անօրէն վարքովը» (Դաւիթ առիթով մը անժուժկալ գտնուեցաւ եւ ուրիշի մը կնոջ հետ շնութիւն գործեց։ Իսկ իր սխալը ծածկելու համար, ամուսինին սպանութիւնը կարգադրեց (Բ. Թագաւորաց, գլուխ 11)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Դաւիթին ըրածը «Տէրոջը աչքերուն գէշ երեւցաւ» (Բ. Թագաւորաց 11։27)։
Յոբը, Ղովտը եւ Դաւիթը՝ բոլորն ալ սխալներ ըրին, նոյնիսկ կարգ մը լուրջ սխալներ։ Սակայն, ինչպէս որ պիտի տեսնենք, անոնք սրտանց կ’ուզէին Աստուծոյ հնազանդութեամբ ծառայել։ Անոնք յօժար էին իրենց զղջումը յայտնելու եւ իրենց ճամբաները ճշդելու։ Ուստի, Աստուած անոնց հաճեցաւ, եւ Աստուածաշունչը ընդհանուր առմամբ անոնց կ’ակնարկէ որպէս հաւատարիմ մարդիկ։
Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՆՔ ՍՈՐՎԻԼ
Անկատար ըլլալով, չենք կրնար սխալ չընել (Հռովմայեցիս 3։23)։ Բայց երբ սխալ ընենք, պէտք է զղջանք, ապա մեր կարելին ընենք, որ մեր ճամբան ճշդենք։
Յոբ, Ղովտ եւ Դաւիթ ինչպէ՞ս փորձեցին իրենց սխալը սրբագրել։ Յոբ իսկապէս ուղղամիտ մարդ Յոբ 42։6)։ Սոդոմ եւ Գոմորի բնակիչներուն անբարոյ վարքին նկատմամբ Ղովտին տեսակէտը լիովին ներդաշնակ էր Աստուծոյ չափանիշներուն հետ։ Իր ժամանակաւոր պաղ գտնուիլն էր խնդիրը։ Ի վերջոյ ան դատապարտուած քաղաքներէն փախաւ եւ Աստուծոյ դատաստանէն ազատեցաւ։ Ան հնազանդ գտնուելով՝ նոյնիսկ ետեւ չնայեցաւ իր ձգած բաներուն։ Հակառակ որ Դաւիթ Աստուծոյ օրէնքը բեկանելով լուրջ մեղք մը գործեց, իր սրտին մէջինը յայտնեց՝ անկեղծօրէն զղջալով եւ Աստուծմէ ողորմութիւն խնդրելով (Սաղմոս 51)։
մըն էր։ Երբ Աստուած իրեն հետ պատճառաբանեց, ան իր սխալ մտածելակերպը ճշդեց եւ իր խօսքը ետ քաշեց (Աստուած այս տղամարդոց հաճեցաւ, քանի որ անկատար մարդոց նկատմամբ տրամաբանական ակնկալութիւններ ունի։ Ան շատ լաւ «գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։14)։ Ուստի եթէ Աստուած գիտէ թէ մենք չենք կրնար սխալ չընել, մեզմէ ի՞նչ կ’ակնկալէ։
Աստուած շատ լաւ «գիտէ մեր կազմուածքը, կը յիշէ թէ մենք հող ենք» (Սաղմոս 103։14)
ԱՆԿԱՏԱՐ ՄԱՐԴԻԿ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿՐՆԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾ ՀԱՃԵՑՆԵԼ
Դաւիթի խրատը իր տղուն՝ Սողոմոնին, մեզի բանալին կու տայ թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուած հաճեցնել. «Դուն, որդեա՛կ իմ Սողոմոն, քու հօրդ Աստուածը ճանչցի՛ր ու անոր կատարեալ սրտով. . . ծառայութիւն ըրէ՛» (Ա. Մնացորդաց 28։9)։ Ի՞նչ է կատարեալ սիրտը։ Անիկա սիրտ մըն է, որ Աստուած կը սիրէ եւ կ’ուզէ Իր կամքն ու պահանջները գիտնալ ու կատարել։ Անիկա կը տենչայ Աստուծոյ հնազանդ գտնուիլ եւ պատրաստ է սրբագրութիւնը ընդունելու։ Աստուծոյ հանդէպ սէրը եւ իրեն հնազանդ գտնուելու փափաքը, Աստուծոյ աչքին Յոբը «պարկեշտ» դարձուց, Ղովտը՝ «արդար», իսկ Դաւիթը՝ «ուղղութիւն ըն[ող]»։ Սխալներ գործելով հանդերձ, անոնք կրցան Աստուած հաճեցնել։
Կատարեալ սիրտը կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը գիտնալ ու կատարել, եւ զօրաւոր փափաք ունի որ իրեն հնազանդ գտնուի
Թող որ այս օրինակները մեզ քաջալերեն, երբ ունենանք չար խորհուրդներ, որոնք չէինք ուզեր որ մեր մտքէն անցնին, երբ ըսենք բան մը, որմէ կ’ամչնանք, կամ երբ ընենք բաներ եւ յետոյ անդրադառնանք որ սխալ են։ Աստուած գիտէ թէ հիմակուհիմա չենք կրնար կատարեալ ըլլալ, սակայն մեզմէ կ’ակնկալէ որ զինք սիրենք եւ ջանանք հնազանդ ըլլալ։ Եթէ այս առնչութեամբ կատարեալ սիրտ ունենանք, կրնանք վստահ ըլլալ որ մե՛նք ալ կրնանք Աստուած հաճեցնել։