ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ, ԵԹԷ ՄՏԱՀՈԳ ԵՍ
Ընտանիքի մասին մտահոգուիլ
Ճանէթ կ’ըսէ. «Հօրս մահէն քիչ ետք, ամուսինս ինծի ըսաւ որ ուրիշ կնոջ մը հետ կը տեսնուէր։ Շատ չանցած, առանց յաւելեալ տեղեկութիւն մը տալու կամ մնաք բարով ըսելու, իր հագուստները հաւաքեց եւ լքեց զիս ու մեր երկու զաւակները»։ Ճանէթ գործ մը գտաւ, բայց վճարումը բաւարար չէր որ տունին պարտքը գոցէ։ Ան դրամական նեղութիւններէն զատ ուրիշ նեղութիւններ ալ քաշեց։ «Այլեւս մինակս պիտի շալկէի բոլոր նոր պատասխանատուութիւնները, եւ ասիկա ինծի մտահոգութիւն պատճառեց ու ջախջախուած զգացի», կը պատմէ ան։ «Յանցաւոր զգացի, քանի որ ուրիշ ծնողներու տուածին չափ չէի կրնար զաւակներուս տալ։ Նոյնիսկ հի՛մա հոգ կ’ընեմ, թէ մարդիկ զիս եւ զաւակներս ինչպէ՛ս կը դիտեն։ Անոնք հարց կու տա՞ն թէ արդեօք ամուսնութիւնս փրկելու համար պէտք եղածը ըրի կամ ոչ»։
Աղօթքը Ճանէթին կ’օգնէ իր զգացումները հակակշռելու եւ Աստուծոյ հետ իր բարեկամութիւնը մշակելու։ «Ամէնէն դժուար ժամանակը իրիկունն է, երբ ամէն բան լուռ է եւ մտահոգիչ մտածումներս կը վխտան։ Աղօթելը եւ Աստուածաշունչ կարդալը կ’օգնեն որ քնանամ։ Փիլիպպեցիս 4։6, 7–ն նախընտրած համարներէս են. ‘Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ’։ Շա՜տ գիշերներ աղօթելով անցուցած եմ, եւ զգացած եմ թէ ինչպէ՛ս Եհովային խաղաղութիւնը զիս հանգստացուցած է»։
Աղօթքին առնչութեամբ ինչ որ Յիսուս Լերան քարոզին մէջ ըսաւ, կը կիրարկուի ամէն տեսակ մտահոգութեան. «Ձեր Հայրը ձեզի պէտք եղածը գիտէ՝ դեռ դուք իրմէ չխնդրած» (Մատթէոս 6։8)։ Եւ մենք պէ՛տք է իրմէ խնդրենք։ Աղօթքը գլխաւոր կերպն է ‘Աստուծոյ մօտենալու’։ Իսկ արդի՞ւնքը. «Անիկա ձեզի պիտի մօտենայ» (Յակոբոս 4։8)։
Աղօթքով մեր մտահոգութիւնը արտայայտելով պարզապէս հանգիստ չենք զգար։ Եհովան՝ «աղօթքի լսող»ը նաեւ կը գործէ ի նպաստ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով զինք կը փնտռեն (Սաղմոս 65։2)։ Ասոր համար Յիսուս իր հետեւորդներուն սորվեցուց, որ «ամէն ատեն աղօթք ընե[ն] ու չձանձրանա[ն]» (Ղուկաս 18։1)։ Պէտք է շարունակ Եհովայէն ուղղութիւն եւ օգնութիւն խնդրենք, վստահ ըլլալով որ մեր հաւատքը պիտի վարձատրէ։ Բնա՛ւ պէտք չէ հարցականի տակ դնենք գործի լծուելու իր փափաքը կամ կարողութիւնը։ Այս ձեւով «անդադար աղօթք [ընելով]», մեր անկեղծ հաւատքը ցոյց կու տանք (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)։
ՀԱՒԱՏՔ ՈՒՆԵՆԱԼԸ ԻՐԱՊԷՍ Ի՛ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ
Իրապէս ի՞նչ է հաւատքը։ Հաւատքը կը պարփակէ Աստուած ‘ճանչնալ’ որպէս Անձ (Յովհաննէս 17։3)։ Աստուած կը ճանչնանք, նախ Աստուածաշունչին միջոցաւ իր մտածումները գիտնալով։ Կ’իմանանք որ ան իւրաքանչիւրս կը նկատէ եւ կ’ուզէ մեզի օգնել։ Սակայն իսկական հաւատքը Աստուծոյ մասին բան մը գիտնալէն աւելին է։ Անիկա նաեւ կը պարփակէ իրեն հետ յարգալից բարեկամութիւն ունենալ։ Մարդկային բարեկամի պարագային նման, չենք կրնար այսպիսի կապ մը մէկ օրէն միւսը հաստատել։ Մեր հաւատքը հետզհետէ ‘կ’աւելնայ’, մինչ Իր մասին աւելի կը սորվինք, Իրեն «հաճելի եղած բաները կ’ընե[նք]», եւ Իր օգնական ձեռքը կը զգանք մեր կեանքին մէջ (Բ. Կորնթացիս 10։15. Յովհաննէս 8։29)։ Այս տեսակի հաւատքը Ճանէթին կ’օգնէ մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու։
«Ամէն մէկ քայլին Եհովային ձեռքը զգալը ի՛րապէս օգնած է հաւատքս մշակելու», կ’ըսէ Ճանէթ։ «Շատ անգամ դիմագրաւեցինք անարդարութիւններ, որոնց հետ գլուխ ելլելը անկարելի կը թուէր։ Շարունակ Եհովային աղօթելով, տեսանք թէ ան միշտ մեզի լուծում մը տուաւ, որ մինակս չէի կրնար գտնել։ Երբ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեմ, կը յիշեմ թէ ինծի համար ինչե՜ր ըրած է։ Ան միշտ մեր օգնութեան հասած է, յաճախ՝ ճիշդ ժամանակին։ Եւ ան ինծի տուած է իսկական բարեկամներ, որոնք անկեղծ քրիստոնեայ տղամարդիկ ու կիներ են։ Անոնք միշտ պատրաստ են ինծի օգնելու, եւ զաւակներուս լաւ օրինակ կը հանդիսանան» *։
«Գիտեմ թէ Եհովան ինչո՛ւ Մաղաքիա 2։16–ի մէջ կ’ըսէ, թէ ‘ինք կ’ատէ կին արձակելը’։ Անմեղ կողակիցին համար ասիկա ամէնէն մեծ դաւաճանութիւնն է։ Ամուսինիս երթալուն վրայ տարիներ անցած են, բայց ատեններ տակաւի՛ն մէջս պարապութիւն կը զգամ։ Երբ այսպէս զգամ, կը փորձեմ մէկու մը ձեւով մը օգտակար դառնալ, ինչ որ միշտ ինծի ալ օգտակար կը դառնայ»։ Ուստի չմեկուսանալով, ինչ որ Աստուածաշունչին մէջ սկզբունք մըն է, Ճանէթ իր մտահոգութիւնը կը թեթեւցնէ (Առակաց 18։1) *։
Աստուած «որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորն» է (Սաղմոս 68։5)
Ճանէթ կ’ըսէ. «Այն գաղափարը թէ Աստուած ‘որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորն է’, զիս ամէն բանէ աւելի կը հանգստացնէ։ Ան ամուսինիս պէս մեզ բնա՛ւ պիտի չլքէ» (Սաղմոս 68։5)։ Ճանէթ գիտէ թէ Աստուած մեզ ‘չար բաներով չի փորձեր’։ Ընդհակառակը, ան «ամենուն առատապէս» իմաստութիւն կու տայ, եւ «զօրութեան առաւելութիւնը»՝ այսինքն սովորականը գերազանցող ուժը կու տայ, որպէսզի մեզի օգնէ մեր մտահոգութիւններուն հետ գլուխ ելլելու (Յակոբոս 1։5, 13. Բ. Կորնթացիս 4։7)։
Բայց ի՞նչ կրնանք ընել եթէ մեր մտահոգութեան պատճառը այն է, որ մեր կեանքը վտանգի մէջ է։
^ պարբ. 10 Մտահոգութեան հետ գլուխ ելլելու առնչութեամբ յաւելեալ կերպեր գիտնալու համար՝ տե՛ս «Կեանքիդ ղեկը ձե՞ռքդ է» յօդուածաշարքը, Զարթի՛ր պարբերաթերթի յուլիս 2015 թիւին մէջ (անգլերէն), որ մատչելի է www.pr418.com կայքին մէջ։