Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ՄԱՀՈՒԸՆԷ ԵՏՔ ԿԵԱՆՔ ԿԱ՞Յ

Մեռելներուն համար յոյս մը կա՛յ. ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ

Մեռելներուն համար յոյս մը կա՛յ. ինչպէ՞ս կրնաս վստահ ըլլալ

Միամտութի՞ւն է մտածել թէ մեռելները դարձեալ պիտի ապրին։ Պօղոս առաքեալ այդպէս չէր մտածեր։ Ան ներշնչման ներքեւ գրեց. «Եթէ միայն այս կեանքին համար Քրիստոսին յուսացած ենք, մենք բոլոր մարդոցմէն աւելի խղճալի ենք։ Բայց ճշմարիտ է թէ Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առած է, ննջեցեալներուն առաջին պտուղը» (Ա. Կորնթացիս 15։19, 20)։ Պօղոսի համար յարութիւնը ստոյգ բան մըն էր։ Անիկա երաշխաւորուած էր Յիսուսի յարութեամբ (Գործք 17։31) *։ Ատոր համար է որ Պօղոս Յիսուսը կոչեց «առաջին պտուղը»,– ան առաջին անձն էր որ յաւիտենական կեանքի յարուցանուեցաւ։ Եթէ ինք առաջինն էր, ուրեմն տրամաբանական է եզրակացնել թէ ուրիշներ ալ պիտի յարուցանուէին։

Յոբ Աստուծոյ ըսաւ. «Քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս» (Յոբ 14։14, 15, ԱԾ)

Յարութեան յոյսէն վստահ ըլլալու այլ պատճառ մը այն է, թէ Եհովան ճշմարտութեան Աստուած է։ ‘Աստուած անսուտ է’ (Տիտոս 1։2)։ Եհովան բնաւ սուտ չէ խօսած, ո՛չ ալ պիտի խօսի։ Արդեօք ան յարութեան յոյսը պիտի տա՞ր, նոյնիսկ ցոյց տալով որ ինք կրնա՛յ մարդիկ յարուցանել, եւ ապա իր խոստումը չյարգէ։ Ասիկա անկարելի է։

Եհովա Աստուած ինչո՞ւ կարգադրած է որ ապագային յարութիւն ըլլայ։ Քանի որ ան սիրոյ Աստուած է։ «Եթէ մարդը մեռնի, արդեօք դարձեալ պիտի ապրի՞», հարցուց Յոբ։ «Պիտի կանչես, ու ես քեզի պիտի պատասխանեմ. քու ձեռքերուդ գործը պիտի կարօտնաս» (Յոբ 14։14, 15, ԱԾ)։ Ան համոզուած էր, որ իր սիրալիր երկնաւոր հայրը պիտի տենչար զինք յարուցանել։ Աստուած փոխուա՞ծ է։ «Ես Եհովա եմ, չեմ փոխուիր» (Մաղաքիա 3։6)։ Ան տակաւին կը տենչայ մեռելները ողջ–առողջ եւ ուրախ վիճակի մէջ տեսնել։ Ասիկա սիրալիր ծնողքի մը փափաքն է, երբ իր զաւակը մահով կը կորսնցնէ։ Բայց անշուշտ տարբերութիւնը այն է, որ Աստուած զօրութիւնը ունի իր փափաքը իրականացնելու (Սաղմոս 135։6

Մահը սոսկալի խնդիր մըն է, բայց Աստուած կատարեալ լուծում մը ունի

Եհովան իր Որդիին զօրութիւն պիտի տայ, որ անսահման ուրախութիւն բերէ սգաւորներուն։ Իսկ Յիսուս յարութեան նկատմամբ ի՞նչ կը զգայ։ Առաջ որ Ղազարոսը յարուցանէ, Յիսուս անոր քոյրերուն ու բարեկամներուն վիշտը տեսաւ եւ «լացաւ» (Յովհաննէս 11։35)։ Ուրիշ առիթով, Յիսուս հանդիպեցաւ Նային քաղաքին մէջ ապրող որբեւայրիին, որուն տղան մահացած էր։ Յիսուս «խղճաց անոր վրայ ու ըսաւ անոր. ‘Մի՛ լար’»։ Ան անմիջապէս անոր տղան յարուցանեց (Ղուկաս 7։13)։ Ուրեմն կ’եզրակացնենք, թէ Յիսուս շատ լաւ կը հասկնայ մահուան պատճառած վիշտը։ Ան որքա՛ն պիտի հրճուի, երբ սուգը ուրախութեամբ փոխարինէ ամբողջ աշխարհի վրայ։

Երբեք սիրելիներէդ մէկը մահով կորսնցուցա՞ծ ես։ Թերեւս զգաս թէ մահը լուծում չունեցող խնդիր մըն է։ Բայց լուծում մը կայ,– յարութիւնը, որ Աստուած իր Որդիին միջոցաւ պիտի կատարէ։ Յիշէ թէ Աստուած կ’ուզէ որ այդ լուծումը տեսնես։ Ան կ’ուզէ որ հո՛ն ըլլաս եւ սիրելիներդ ողջագուրես։ Երեւակայէ թէ անոնց հետ միասնաբար կը ծրագրես յաւիտենական ապագայի համար, երբ այլեւս իրարու ‘մնաս բարով’ պիտի չըսէք։

Նախապէս նշուած Լայընէլ կ’ըսէ. «Ի վերջոյ յարութեան մասին իմացայ։ Սկիզբը դժուար էր ատոր հաւատալ եւ այս բաները պատմողին չէի վստահեր։ Բայց Աստուածաշունչէն ստուգեցի եւ գիտցայ թէ յարութեան յոյսը իրական է։ Անհամբեր կը սպասեմ որ մեծ հայրս դարձեալ տեսնեմ»։

Կը փափաքի՞ս աւելին գիտնալ։ Եհովայի վկաները ուրախ պիտի ըլլան Աստուածաշունչէդ քեզի ցոյց տալու թէ իրենք ինչո՛ւ համոզուած են որ ապագային յարութիւն պիտի ըլլայ *։

^ պարբ. 3 Յիսուսի յարութեան նկատմամբ ապացոյցներ ձեռք ձգելու համար, տե՛ս Աստուածաշունչը. Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց գիրքը, էջ 78-86, հրատարակուած՝ Եհովայի վկաներուն կողմէ։

^ պարբ. 9 Տե՛ս Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գրքին 7–րդ գլուխը, հրատարակուած Եհովայի վկաներուն կողմէ։