Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ

Մեր ծառայութեան պէտք եղած դրամը ուրկէ՞ կ’ապահովուի

Մեր ծառայութեան պէտք եղած դրամը ուրկէ՞ կ’ապահովուի

Ամէն տարի, հարիւր միլիոնաւոր Աստուածաշունչեր եւ սուրբգրային հրատարակութիւններ կը տպենք ու կը բաշխենք։ Աշխարհի չորս կողմը մասնաճիւղեր եւ տպարաններ կը կառուցանենք։ Տասնեակ հազարաւոր ժողովքներ պաշտամունքի համեստ ու գեղեցիկ վայրերու մէջ կը ժողվուին, որոնք Թագաւորութեան սրահ կը կոչուին։ Ո՞վ կը վճարէ բոլոր այս ծախսերը։

Մեր գործը բոլորովին կամաւոր նուիրատուութիւններով կ’ըլլայ (Բ. Կորնթացիս 9։7)։ 1879–ին, այս պարբերաթերթին երկրորդ թիւը ըսաւ. «Կը հաւատանք որ Եհովա թիկունք կը կանգնի ‘Սիօնի դիտարան’ին եւ ա՛յնքան ատեն որ այս է պարագան, անիկա բնա՛ւ պիտի չմուրայ եւ մարդոցմէ օգնութիւն չխնդրէ»։ Տակաւին այս գաղափարին վրայ ենք։

Նուիրատուութիւնները ուղղակի մեր մասնաճիւղերէն մէկուն կը ղրկուին, կամ ալ Թագաւորութեան սրահին մէջ զետեղուած նուիրատուութեան տուփին մէջ կը դրուին։ Մենք բնա՛ւ տասանորդ չենք գանձեր, հանգանակութիւն չենք ըներ, եւ մեր ծառայութեան կամ հրատարակութիւններուն համար վճարում չենք պահանջեր։ Դրամ չենք առներ որպէսզի քարոզենք, ժողովքին մէջ սորվեցնենք կամ պաշտամունքի վայրեր շինենք, քանի որ Յիսուս ըսաւ. «Ձրի առեր էք, ձրի տուէք» (Մատթէոս 10։8)։ Մեր մասնաճիւղերուն մէջ եւ մեր գլխաւոր կեդրոնատեղիին մէջ բոլոր եղողները ամսական չեն առներ, մէջը ըլլալով Եհովայի վկաներու Կառավարիչ մարմինի անդամները։

«Եհովայի վկաներուն բոլոր գործունէութիւններուն կը կիրարկուի հետեւեալը. կամաւորաբար նուիրուած դրամով կ’ապահովուի իրենց հիմնադրամը։ Իւրաքանչիւրը ինք կ’որոշէ իր կրօնական ‘նուիրատուութիւններուն’ գումարը եւ որքա՛ն յաճախ տալը» (Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան, 2011)։

Նուիրատուութիւնները նաեւ կը գործածենք, որպէսզի աղէտէ տուժածներու օգնենք։ Նախկին քրիստոնեաները ուրախութեամբ աղքատներուն օգնեցին (Հռովմայեցիս 15։26)։ Նմանապէս, մենք պէտք ունեցողներուն կ’օգնենք, իրենց տուները եւ պաշտամունքի վայրերը վերաշինելով, ինչպէս նաեւ ուտելիք, հագուելիք եւ բժշկական խնամք տալով։