Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Համբաւէն աւելի լաւ բան մը գտայ

Համբաւէն աւելի լաւ բան մը գտայ

1984–ին՝ գիշեր մը հռչակաւոր դարձայ, երբ Հոնկ Քոնկի գեղեցկուհին թագադրուեցայ, մինչ մէկ գիշեր առաջ պարզ պատանուհի մըն էի։ Նկարս դրուեցաւ պարբերաթերթերու եւ լրագիրներու առաջին էջին վրայ։ Սկսայ երգել, պարել, ուղերձներ տալ, հեռատեսիլի յայտագիրներու հիւրընկալը ըլլալ, շքեղ հագուստներ հագուիլ եւ կարեւոր մարդոց հետ տեսնուիլ, ինչպէս՝ Հոնկ Քոնկի կառավարիչը։

Յաջորդ տարին սկսայ ֆիլմերու մէջ դերասանութիւն ընել, եւ շատ անգամ գլխաւոր դերը խաղցայ։ Լրագրողները պատմութեանս ետեւէն էին, լուսանկարիչները՝ նկարիս, իսկ մարդոց համար կարեւոր էր ներկայութիւնս կալա–հանդէսներու, ժապաւէն կտրելու, կէսօրուան ճաշերու եւ ընթրիքներու ընթացքին։ Միշտ մարդոց ուշադրութիւնը վրաս կ’ըլլար։

Էքշըն ֆիլմի մը մէջ

Սակայն աստիճանաբար անդրադարձայ, որ բոլոր ասոնք երեւակայածիս չափ գրաւիչ չէին։ Գլխաւորաբար էքշըն ֆիլմերու մէջ կը խաղայի, ինչ որ վտանգաւոր էր։ Հոնկ Քոնկի դերասանները փոխարինող դերասաններ չէին գործածեր որքան որ Հոլիվուտի մէջ կը գործածուէին։ Ուստի ես անձամբ կը խաղայի վտանգաւոր տեսարաններուն մէջ, ինչպէս՝ շարժանիւով անցնիլ ինքնաշարժի մը վրայէն։ Շատ մը ֆիլմեր, որոնց մէջ գլխաւոր դերակատարն էի, անբարոյ եւ վայրագ էին, եւ ոմանք դիւապաշտութիւն կը ցուցադրէին։

1995–ին, ֆիլմարտադրիչի մը հետ ամուսնացայ։ Թէեւ կ’երեւէր որ ամէն բան ունէի որ ուրախ ըլլայի,– համբաւ, հարստութիւն եւ սիրալիր ամուսին մը,– սակայն ընկճուած եւ տխուր էի։ Որոշեցի այլեւս դերասանութիւն չընել։

ՊԶՏԻԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՒԱՏՔՍ ՅԻՇԵՑԻ

Սկսայ յիշել այն հաւատքը որ ունէի երբ պզտիկ էի։ Սիրտս կը լեցուէր երբ յիշէի։ Պզտիկուց՝ ամէն շաբաթ օր, ես ու քոյրս Եհովայի վկայ ընտանիքի մը քով կ’երթայինք։ Հայրը՝ Ճօ ՄքԿրաթ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրէր մեզի եւ իր երեք աղջիկներուն հետ միասնաբար։ Այս ընտանիքը ջերմ եւ սիրալիր ընտանիք մըն էր, եւ «Ճօ քեռի»ն կը յարգէր իր կինն ու զաւակները։ Նաեւ ուրախ կ’ըլլայի երբ իրենց հետ քրիստոնէական ժողովներու կ’երթայի։ Ատեններ մեծ համաժողովներու կ’երթայինք։ Ատոնք ուրախ ժամանակներ էին։ Վկաներուն քով ապահով կը զգայի։

Ասոր հակառակը, տանս մէջ գէշ բաներ կը պատահէին ինծի։ Հօրս ապրելակերպը մեծ ցաւ կը պատճառէր մօրս եւ ան շատ ընկճուեցաւ։ Երբ շուրջ տասը տարեկան էի, մամաս այլեւս չընկերակցեցաւ Եհովայի վկաներուն հետ։ Իսկ ես կիսասիրտ շարունակեցի եւ 17 տարեկանիս մկրտուեցայ։ Բայց շատ չանցած, քրիստոնէավայել չեղող վարք ունեցայ եւ այլեւս ժողովքին մէկ մասը չէի։

ՈՐՈՇԵՑԻ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ

Ամուսնութենէս քիչ ետք, Եհովայի վկաներու տեղական ժողովքէն երկու երէցներ ինծի այցելեցին։ Անոնք ինծի բացատրեցին թէ ինչպէ՛ս կրնամ Եհովա Աստուծոյ վերադառնալ, եւ կարգադրեցին որ Սինտի անունով միսիոնար քոյր մը ինծի օգնէ։ Արդէն իսկ հաւատքս գրեթէ մաշած ըլլալով, իրմէ խնդրեցի որ ինծի փաստէ թէ Աստուածաշունչը իրապէս Աստուծոյ Խօսքն է։ Աստուածաշունչէն մարգարէութիւններու օրինակներ տուաւ ինծի, որոնք կատարուած են։ Ժամանակի ընթացքին մտերիմ բարեկամներ դարձանք եւ ինծի առաջարկեց որ Աստուածաշունչին հիմնական ուսուցումները սորվիմ իրեն հետ։ Առաջարկը ընդունեցի, եւ առաջին անգամ ըլլալով ըմբռնեցի, որ Եհովան սիրոյ Աստուած է եւ կ’ուզէ որ ուրախ ըլլամ։

Երբ դարձեալ սկսայ քրիստոնէական ժողովներու երթալ, անդրադարձայ որ աւելի կ’ախորժէի Եհովայի վկաներուն ընկերակցութենէն, քան՝ ֆիլմաշխարհին պատկանող անհատներուն ընկերակցութենէն։ Բայց պզտիկուց անցուցած բաներուս պատճառով, կը զգայի թէ չեմ կրնար մէկու մը վստահիլ, եւ ինքզինքս չէի սիրեր։ Ժողովքէն քոյր մը ինծի օգնեց, Աստուածաշունչէն ցոյց տալով թէ ինչպէ՛ս կրնամ զգացական խնդիրներուս հետ գլուխ ելլել։ Նաեւ սորվեցայ անկեղծ բարեկամութիւններ հաստատել։

ՀԱՄԲԱՒԷՆ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԲԱՆ ՄԸ

1997–ին, ամուսինս ու ես փոխադրուեցանք Հոլիվուտ, Քալիֆորնիա (ԱՄՆ)։ Հոն աւելի ժամանակ տրամադրեցի, որ մարդոց օգնեմ Աստուծոյ Խօսքին մէջի իմաստութենէն օգտուելու։ Աստուածաշունչը ուրիշներուն սորվեցնելը աւելի գոհունակութիւն տուած է ինծի, քան՝ դերասանութենէն ձեռք ձգած համբաւս։ Օրինակ՝ 2002–ին հանդիպեցայ Չերիին,– Հոնկ Քոնկէն ծանօթ մը։ Շատ մը ձեւերով, մեր կեանքին մէջ նոյն բաներէն անցած էինք։ Ան Հոնկ Քոնկի գեղեցկուհին ելած էր ինձմէ մէկ տարի առաջ։ Ի՛նքն էր որ գլխուս թագ դրաւ երբ գեղեցկուհի ելայ։ Ան նաեւ դերասանուհի եղաւ, ու ետքը՝ ֆիլմարտադրիչ, եւ հռչակաւոր բեմադրիչներու հետ աշխատեցաւ։ Ան ալ Հոլիվուտ փոխադրուած էր։

Սիրտս կտոր–կտոր եղաւ երբ գիտցայ որ իր նշանածը սրտի տագնապով յանկարծամահ եղած էր։ Իր պուտտայական կրօնքին մէջ չէր կրցած մխիթարութիւն գտնել։ Ան ձեռք ձգած էր այն համբաւը, որ ուրիշները կը ցանկան ունենալ, սակայն տխուր էր եւ չէր կրնար ուրիշներուն վստահիլ։ Ճիշդ ինծի պէս։ Սկսայ իրեն ըսել ինչ որ Աստուածաշունչէն սորված էի, բայց իր պուտտայական ենթահողին պատճառով չկրցաւ ըմբռնել։

Բարեկամուհիս Չերին՝ նկարահանման վայրի մը մէջ

Օր մը՝ 2003–ին, Չերին ինծի հեռաձայնեց Վանքուվըրէն (Քանատա), ուր ֆիլմ մը կը պատրաստուէր։ Ան խանդավառօրէն ինծի պատմեց, թէ երբ ինքնաշարժով գիւղական շրջանները կը վայելէր, յանկարծ սկսաւ բարձրաձայն աղօթել. «Ըսէ՛ ինծի, Ո՞վ է ճշմարիտ Աստուածը, Ի՞նչ է քու անունդ»։ Նոյն վայրկեանին անցաւ Թագաւորութեան սրահի մը քովէն եւ Եհովա անունը տեսաւ։ Ան զգաց թէ ասիկա Աստուծոյ պատասխանն էր եւ ուզեց կարելի եղածին չափ շուտ Եհովայի վկաներուն ծանօթանալ։ Կարգադրութիւններ ըրի եւ քանի մը օր ետք, Վանքուվըրի մէջ ժողովի ներկայ գտնուեցաւ չինախօս ժողովքի մը հետ։

Չերին ետքը ինծի ըսաւ. «Այս մարդիկը անկեղծօրէն հետաքրքրուած են ինձմով։ Իրենց կրնամ խօսիլ զգացումներուս մասին»։ Այս լուրը զիս ուրախացուց, քանի որ ֆիլմաշխարհին մէջ Չերին բնա՛ւ բարեկամներ չունէր։ Ան շարունակեց ժողովներու ներկայ գտնուիլ։ Բայց 2005–ին, ան պայմանագիր մը ստորագրեց, որ Չինաստանի մէջ երկու հերոսական ֆիլմ արտադրէ, որուն պատճառով կարեւոր էր որ Հոնկ Քոնկ վերադառնար։ 2006–ին Չերին իր կեանքը Եհովային նուիրեց եւ Հոնկ Քոնկի մէջ Վկաներուն մէկ համաժողովին մկրտուեցաւ։ Թէեւ ան կ’ուզէր Եհովային աւելի ծառայել, սակայն ֆիլմաշխարհին մէջ իր գործը իրեն այս մարզին մէջ չէր օգներ, եւ ան շատ տխուր էր։

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԵԼՈՒ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ

2009–ին, Չերիին կեանքը լման փոխուեցաւ։ Ան որոշեց ֆիլմաշխարհէն քաշուիլ եւ լման ժամանակը տրամադրել Եհովային ծառայելու։ Չերին քրիստոնէական ժողովքին մէջ շատ մը նոր բարեկամութիւններ հաստատեց։ Ան Թագաւորութեան բարի լուրը լիաժամ սկսաւ քարոզել, եւ իսկապէս կ’ուրախանար ուրիշներուն օգնելով որ աւելի լաւ ապրելակերպ մը գտնեն (Մատթէոս 24։14

Ետքը, Չերին որոշեց նեփալերէն սորվիլ, որպէսզի Հոնկ Քոնկի նեփալախօս Վկաներու խումբին օգտակար դառնայ, որ երթալէն կը մեծնար։ Միայն ըսեմ որ Հոնկ Քոնկի մէջ նեփալցիներուն մեծամասնութիւնը անտեսուած կամ նոյնիսկ անարգուած է, քանի որ անգլերէն կամ չինարէն շատ չեն գիտեր եւ իրենց սովորութիւնները տարբեր են։ Չերին ինծի պատմեց թէ շատ հաճոյք կ’առնէր անոնց օգնելով որ Աստուածաշունչը հասկնան։ Օրինակ՝ օր մը երբ ան տունէ տուն կը քարոզէր, հանդիպեցաւ նեփալցի կնոջ մը, որ Յիսուսին մասին քիչ մը գիտէր, բայց ճշմարիտ Աստուծոյ՝ Եհովային մասին բան մը չէր գիտեր։ Չերին Աստուածաշունչը գործածելով իրեն ցուցուց թէ Յիսուս իր Հօր կ’աղօթէր, որ երկինքն է։ Երբ կինը գիտցաւ որ կրնայ աղօթել ճշմարիտ Աստուծոյ, որուն անունը Եհովա է, բարի լուրը ընդունեց։ Շատ չանցած՝ իր ամուսինն ու աղջիկն ալ սկսան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել (Սաղմոս 83։18. Ղուկաս 22։41, 42

Չերին ներկայիս

Երբ տեսայ թէ Չերին շատ հաճոյք կ’առնէր լիաժամ քարոզելով, ես ինծի հարցուցի. «Ի՞նչը զիս կ’արգիլէ նոյնը ընելէ»։ Այդ ժամանակ ես ալ վերադարձած էի Հոնկ Քոնկ։ Որոշեցի կեանքիս մէջ փոփոխութիւններ մտցնել, որպէսզի կարենամ աւելի ժամանակ տրամադրել որ Աստուածաշունչին ճշմարտութիւնը սորվեցնեմ։ Անդրադարձած եմ որ մեծապէս կ’ուրախանամ, երբ մարդոց մտիկ ընեմ եւ իրենց օգնեմ որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնան։

Անդրադարձած եմ որ մեծապէս կ’ուրախանամ, երբ մարդոց օգնեմ որ Աստուծոյ Խօսքը հասկնան

Օրինակ՝ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած եմ վիեթնամցի կնոջ մը հետ, որ միշտ տխուր կ’ըլլար եւ յաճախ աչքերուն մէջ արցունք կը տեսնէի։ Այժմ ան կեանքը պայծառ աչքերով կը դիտէ եւ ժողովքին ընկերակցելէն իսկապէ՛ս հաճոյք կ’առնէ։

Թէ՛ Չերին եւ թէ ես համբաւէն շատ աւելի լաւ բան մը գտանք։ Թէեւ ֆիլմաշխարհին մէջ ըլլալը հաճելի էր եւ մեզի համբաւ բերաւ, սակայն Եհովային մասին սորվեցնելը աւելի գոհունակութիւն կու տայ մեզի, քանի որ Իրե՛ն փառք կը բերէ։ Իսկապէս մեր մորթին վրայ զգացած ենք Յիսուսին խօսքը. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը» (Գործք 20։35