ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ
Ինչո՞ւ Աստուածաշունչը հասկնալ
«Աստուածաշունչը հանրածանօթ կրօնական գիրք մըն է։ Բայց անիկա չինացիներուն անծանօթ է» (ԼԻՆ, ՉԻՆԱՍՏԱՆ)։
«Եթէ հինտու կրօնքիս առնչուող սուրբ գիրքե՛րը չեմ կրնար հասկնալ, ինչպէ՞ս պիտի կարենամ Աստուածաշո՛ւնչը հասկնալ» (ԱՄԻԹ, ՀՆԴԿԱՍՏԱՆ)։
«Աստուածաշունչը որպէս հին գիրք կը յարգեմ եւ լսած եմ որ անիկա ամենաշատ վաճառուող գիրքերէն է։ Բայց բնա՛ւ անկէ օրինակ մը չեմ տեսած» (ԵՈՒՄԻՔՕ, ՃԱՓՈՆ)։
Աշխարհի տարածքին մարդիկ Աստուածաշունչը մեծապէս կ’արժեւորեն։ Բայց անոնք թերեւս անոր բովանդակութեան մասին քիչ բան գիտեն կամ բնա՛ւ տեղեկութիւն չունին։ Այս է պարագան Ասիոյ մէջ ապրող միլիոնաւորներուն. բայց անիկա նաեւ ճիշդ է այն երկիրներուն մէջ, ուր Աստուածաշունչը մեծապէս տարածուած է։
Սակայն կրնաս հարց տալ. «Ինչո՞ւ պէտք է Աստուածաշունչը հասկնամ»։ Անոր խօսքերը հասկնալը քեզի պիտի օգնէ որ. . .
-
Գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն գտնես
-
Ընտանեկան խնդիրներու հետ գլուխ ելլես
-
Մտահոգութիւններու հետ գլուխ ելլես
-
Անձնական փոխյարաբերութիւններդ բարելաւես
-
Դրամը իմաստութեամբ գործածես
Օրինակ նկատի առ Ճափոնի մէջ՝ Եօշիքոն։ Ան ուզեց գիտնալ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կը պարունակէ եւ որոշեց զայն կարդալ։ Արդիւնքը ի՞նչ եղաւ։ Ան կ’ըսէ. «Աստուածաշունչը օգնած է որ կեանքս նպատակ ունենայ եւ ապագայի նկատմամբ յոյս ունենամ»։ Ան նաեւ կ’աւելցնէ. «Ա՛լ չեմ զգար որ անիմաստ կեանք կը վարեմ»։ Նախապէս նշուած Ամիթը որոշեց Աստուածաշունչը քննել։ «Զարմացայ», կ’ըսէ ան։ «Աստուածաշունչը բոլորին համար գործնական տեղեկութիւններ կը պարունակէ»։
Աստուածաշունչը մեծապէս ազդած է միլիոնաւորներու կեանքին։ Քեզ կը քաջալերենք որ զայն անձամբ քննես եւ տեսնես թէ ինչպէ՛ս կրնայ քեզի օգտել։