Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | ԿՐՆԱ՛Ս ՀԱՍԿՆԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Հասկնալի գիրք մը

Հասկնալի գիրք մը

Աստուածաշունչը իրապէս շատ հին գիրք մըն է։ Անիկա սկսաւ գրուիլ Միջին Արեւելքի մէջ, շուրջ 3500 տարի առաջ։ Անիկա գրի առնուեցաւ Չինաստանի Շէնկեան հարստութեան օրերուն եւ Հնդկաստանի մէջ պուտտայականութիւնը սկսելէն տասը դար առաջ (տե՛ս « Աստուածաշունչին մասին տուեալներ» շրջանակը)։

Աստուածաշունչը կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխանները կու տայ

Գիրք մը մարդոց օգտակար ուղեցոյց ըլլալու համար, հարկ է որ հասկնալի եւ գործնական ըլլայ։ Աստուածաշունչը այսպիսի գիրք մըն է։ Անիկա կեանքի ամենակարեւոր հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխանները կու տայ։

Օրինակ, երբեք հարց տուա՞ծ ես թէ ինչո՛ւ հոս կը գտնուինք։ Այս հարցումը հազարաւոր տարիներէ ի վեր մարդ արարածը շփոթեցուցած է եւ տակաւին կը շփոթեցնէ։ Բայց անոր պատասխանը կրնանք գտնել Աստուածաշունչին առաջին գիրքին՝ Ծննդոցին առաջին երկու գլուխներուն մէջ։ Հոն, Աստուածաշունչը կը խօսի «սկիզբ»ին մասին, որ միլիառաւոր տարիներ առաջ էր, երբ մեր ֆիզիքական տիեզերքը գոյացաւ, ներառեալ՝ աստղախումբերը, աստղերը եւ երկիրը (Ծննդոց 1։1)։ Ապա անիկա աստիճանաբար կը նկարագրէ թէ երկիրը ինչպէ՛ս բնակելի դարձաւ, կեանքի զանազան տեսակները ինչպէ՛ս գոյացան եւ մարդիկ ինչպէ՛ս երեւան եկան,– ինչպէս նաեւ թէ այս բոլորը ինչո՛ւ գոյացան։

ՀԱՍԿՆԱԼԻ ԿԵՐՊՈՎ ԳՐՈՒԱԾ

Աստուածաշունչը գործնական խրատներ կու տայ՝ մեզի օգնելու համար որ առօրեայ խնդիրները լուծենք։ Խրատները դիւրահասկնալի են երկու մարզերու մէջ։

Առաջին, Աստուածաշունչի լեզուն յստակ, ուղղակի եւ գրաւիչ է։ Փոխանակ շատ մը անհասկնալի կամ խորհրդաւոր արտայայտութիւններ գործածելու, անիկա կը գործածէ բառեր, որոնք հասկնալի են։ Դժուար գաղափարները արտայայտուած են այնպիսի բառերով, որոնք մեր առօրեայ կեանքին մէջ սովորական են։

Օրինակ, Յիսուս գործածեց մարդոց առօրեայ կեանքէն առնուած շատ մը պարզ օրինակներ, որպէսզի անոնց սրտին դպչող դասեր սորվեցնէ։ Այս օրինակներէն շատերը Յիսուսի Լերան քարոզին մէջ նշուած են, որ արձանագրուած է Աստուածաշունչի Մատթէոս գրքին 5-7–րդ գլուխներուն մէջ։ Զայն «գործնական ճառ մը» կոչելով մեկնաբան մը ըսաւ, որ անոր նպատակն է «ո՛չ թէ մեր մտքերը գաղափարներով լեցնել, այլ մեր գործունէութիւնները առաջնորդել եւ կանոնաւորել»։ Այս գլուխները կրնաս կարդալ թերեւս 15-20 վայրկեանուան մէջ, եւ պիտի զարմանաս թէ Յիսուսի խօսքերը որքա՛ն պարզ, բայց միեւնոյն ատեն ազդու են։

Աստուածաշունչը դիւրահասկնալի դարձնող ուրիշ ազդակ մըն է՝ անոր բովանդակութիւնը։ Անիկա դիցաբանութիւններու կամ առասպելներու գիրք մը չէ։ Հապա, ըստ համայնագիտարանի մը, անիկա մեծաւ մասամբ «թէ՛ երեւելի եւ թէ սովորական մարդոց մասին է», ինչպէս նաեւ անոնց «պայքարներուն, յոյսերուն, ձախորդութիւններուն եւ յաղթանակներուն մասին» (The World Book Encyclopedia)։ Իրական մարդոց եւ դէպքերու մասին այս պատմութիւնները կրնանք ըմբռնել, ինչպէս նաեւ անոնց մէջի դասերը կրնանք դիւրութեամբ հասկնալ (Հռովմայեցիս 15։4

ԲՈԼՈՐԻՆ ՄԱՏՉԵԼԻ

Գիրք մը հասկնալու համար, հարկ է որ անիկա գիտցած մէկ լեզուովդ ըլլայ։ Ներկայիս Աստուածաշունչը հաւանաբար քու հասկցած մէկ լեզուովդ մատչելի է, չնայած թէ ո՛ւր կ’ապրիս կամ ո՛ր ազգութեան կը պատկանիս։ Նկատի առ թէ ասիկա ինչպէ՛ս կարելի է։

Թարգմանութիւն։ Աստուածաշունչին բնագիրը գրուեցաւ եբրայերէն, արամերէն եւ յունարէն լեզուներով։ Այդ պատճառով, կարդացողներուն թիւը սահմանափակ էր։ Աստուածաշունչը այլ լեզուներով մատչելի դարձնելու համար, անկեղծ թարգմանիչներ շատ ջանք թափած են զայն թարգմանելու։ Անոնց աշխատանքին շնորհիւ, Աստուածաշունչը ամբողջութեամբ կամ մասամբ թարգմանուած է շուրջ 2700 լեզուներու։ Ասիկա կը նշանակէ, որ մարդկութեան աւելի քան 90 տոկոսը Աստուածաշունչէն առնուազն մաս մը կրնայ իր մայրենի լեզուով կարդալ։

Հրատարակութիւն։ Աստուածաշունչի բնագիրը գրուեցաւ փճացող նիւթերու վրայ, ինչպէս՝ կաշի եւ պապիրոս։ Պատգամը փոխանցելու համար, հարկ էր որ այդ գրութիւնները ուշադրութեամբ ընդօրինակուէին եւ վերստին ընդօրինակուէին։ Այսպիսի օրինակներ սուղ էին եւ քիչեր կրնային զանոնք գնել։ Բայց 550 տարի առաջ հնարուած Կիւթենպերկ տպագրամեքենային շնորհիւ, Աստուածաշունչի շրջաբերութիւնը մեծապէս արագացաւ։ Տուեալի մը համաձայն, Աստուածաշունչի աւելի քան 5 միլիառ օրինակներ բաշխուած են՝ ամբողջութեամբ կամ մասամբ։

Այս մարզերուն մէջ ո՛չ մէկ այլ կրօնական գիրք կարելի է Աստուածաշունչին հետ համեմատել։ Յստակ է որ Աստուածաշունչը հասկնալի գիրք մըն է։ Բայց եւ այնպէս կրնայ ըլլալ որ մարդիկ զայն հասկնալու մէջ դժուարութիւն ունենան։ Սակայն կարելի է օգնութիւն գտնել. ո՞ւր։ Եւ ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։ Նկատի առ յաջորդ յօդուածը։